Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
II PETER
1 2 3
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 3
II P ArmWeste 3:1  Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ նամակն է որ կը գրեմ ձեզի: Երկուքին մէջ ալ՝ յիշեցնելով արթուն կը պահեմ ձեր անկեղծ միտքը,
II P ArmWeste 3:2  որպէսզի յիշէք սուրբ մարգարէներուն նախապէս ըսած խօսքերը, նաեւ մեր՝ այսինքն Տէրոջ ու Փրկիչին առաքեալներուն պատուէրը:
II P ArmWeste 3:3  Նախ սա՛ գիտցէք՝ թէ վերջին օրերը պիտի գան ծաղրողներ, որոնք պիտի ընթանան իրենց սեփական ցանկութիւններուն համաձայն
II P ArmWeste 3:4  եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուստին խոստումը, որովհետեւ հայրերուն ննջելէն ի վեր՝ ամէն բան կը մնայ ա՛յնպէս, ինչպէս որ էր արարչութեան սկիզբը»:
II P ArmWeste 3:5  Քանի որ անոնք կ՚ուզեն սա՛ թաքուն պահել, թէ երկինք վաղուց կար Աստուծոյ խօսքով, ու երկիր միասին կանգուն էր՝ ջուրերէն եւ ջուրերուն մէջտեղ:
II P ArmWeste 3:6  Անո՛վ կորսուեցաւ այն ատենուան աշխարհը՝ ջրհեղեղով:
II P ArmWeste 3:7  Իսկ երկինքն ու երկիրը որ կան հիմա՝ պահեստի դրուած են նո՛յն խօսքով, վերապահուած կրակի համար՝ մինչեւ դատաստանին եւ ամբարիշտ մարդոց կորուստին օրը:
II P ArmWeste 3:8  Բայց, սիրելինե՛ր, սա՛ մէ՛կ բանը թող թաքուն չմնայ ձեզմէ, թէ Տէրոջ քով՝ մէկ օրը հազար տարուան պէս է, ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս:
II P ArmWeste 3:9  Տէրը չի յապաղիր իր խոստումը գործադրելու մէջ, ինչպէս ոմանք յապաղած կը համարեն, հապա՝ համբերատար է մեզի հանդէպ. որովհետեւ կը փափաքի որ ո՛չ մէկը կորսուի, հապա՝ բոլորը ընդունին ապաշխարութիւնը:
II P ArmWeste 3:10  Սակայն Տէրոջ օրը պիտի գայ գողի պէս: Այդ ատեն երկինքը պիտի անցնի շառաչիւնով, տարրերը բռնկելով պիտի անջատուին, իսկ երկիրը եւ անոր մէջ եղող գործերը պիտի այրուին:
II P ArmWeste 3:11  Ուրեմն, քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ինչպիսի՞ մարդիկ պէտք է ըլլաք՝ սուրբ վարքով ու բարեպաշտութեամբ,
II P ArmWeste 3:12  սպասելով եւ փութալով Աստուծոյ օրուան գալուստին, երբ հրավառ երկինքը պիտի լուծուի, ու տարրերը բռնկելով պիտի հալին:
II P ArmWeste 3:13  Սակայն մենք՝ իր խոստումին համաձայն՝ կը սպասենք նոր երկինքի մը եւ նոր երկրի մը, որոնց մէջ արդարութի՛ւնը կը բնակի:
II P ArmWeste 3:14  Ուստի, սիրելինե՛ր, սպասելով ասոնց՝ փութացէ՛ք որ ան գտնէ ձեզ խաղաղութեան մէջ, անբիծ եւ անարատ.
II P ArmWeste 3:15  փրկութի՛ւն համարեցէք մեր Տէրոջ համբերատարութիւնը, ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, իրեն տրուած իմաստութեամբ:
II P ArmWeste 3:16  Բոլոր նամակներուն մէջ ալ կը խօսի այս բաներուն մասին. անոնց մէջ կան քանի մը դժուարիմաց խօսքեր, որ տգէտներն ու անհաստատները կը խեղաթիւրեն՝ ինչպէս միւս Գիրքերն ալ՝ իրենց սեփական կորուստին համար:
II P ArmWeste 3:17  Ուրեմն դո՛ւք, սիրելինե՛ր, կանխաւ գիտնալով այս բաները, զգուշացէ՛ք որ չիյնաք ձեր ամրութենէն՝ տարուած անօրէններուն մոլորութենէն:
II P ArmWeste 3:18  Հապա աճեցէ՛ք շնորհքով, եւ մեր Տէրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի գիտութեամբ: Անոր փա՜ռք թէ՛ հիմա, թէ՛ մինչեւ յաւիտենական օրը: Ամէն: