Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
GALATIANS
1 2 3 4 5 6
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 2
Gala ArmWeste 2:1  Յետոյ, տասնչորս տարի ետք, դարձեալ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ Բառնաբասի հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով:
Gala ArmWeste 2:2  Բարձրացած էի յայտնութեամբ, եւ անոնց ներկայացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոսներուն մէջ կը քարոզեմ. բայց առանձին անոնց՝ որ երեւելիներ էին, որպէսզի ընդունայն չվազեմ կամ վազած չըլլամ:
Gala ArmWeste 2:3  Բայց ո՛չ իսկ ինծի հետ եղող Տիտոսը, որ Յոյն էր, հարկադրուեցաւ թլփատուիլ՝
Gala ArmWeste 2:4  գաղտնի ներս բերուած սուտ եղբայրներուն պատճառով, որոնք ներս սպրդած էին՝ լրտեսելու համար Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը, որպէսզի ստրուկ ընեն մեզ.
Gala ArmWeste 2:5  անոնց տեղի չտուինք՝ նոյնիսկ քիչ մը ատեն՝՝ ենթարկուելով, որպէսզի աւետարանին ճշմարտութիւնը ձեր մէջ մնայ:
Gala ArmWeste 2:6  Իսկ անոնք որ կը կարծուէին բա՛ն մը ըլլալ - ինչ որ էին՝ ատիկա ինծի հարց չէ, քանի որ Աստուած մարդոց աչառութիւն չ՚ըներ -, այնպէս կարծուածները աւելի ոչինչ հաղորդեցին ինծի.
Gala ArmWeste 2:7  հապա՝ ընդհակառակը, երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի վստահուած է, ինչպէս Պետրոսի ալ՝ թլփատուածներունը,
Gala ArmWeste 2:8  (որովհետեւ ա՛ն որ ներգործեց Պետրոսի մէջ՝ թլփատուածներուն առաքելութեան համար, նոյնպէս ներգործեց իմ մէջս՝ հեթանոսներուն հանդէպ,)
Gala ArmWeste 2:9  ու երբ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք սիւներ կարծուած էին, գիտակցեցան ինծի տրուած շնորհքին, իրենց աջ ձեռքը տուին ինծի ու Բառնաբասի՝ իբր նշան հաղորդակցութեան, որպէսզի մենք քարոզենք հեթանոսներուն, իսկ իրենք՝ թլփատուածներուն:
Gala ArmWeste 2:10  Միայն թէ կ՚ուզէին որ աղքատները յիշենք, ինչ որ ես ալ փութացի ընել:
Gala ArmWeste 2:11  Սակայն երբ Պետրոս եկաւ Անտիոք՝ ես դիմադարձեցի անոր, որովհետեւ պարսաւելի էր:
Gala ArmWeste 2:12  Արդարեւ Յակոբոսի քովէն ոմանց գալէն առաջ՝ ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ՚ուտէր. բայց երբ եկան՝ ընկրկեցաւ եւ ինքզինք զատեց, թլփատուածներէն վախնալով:
Gala ArmWeste 2:13  Միւս Հրեաներն ալ նոյնպէս անոր հետ կեղծեցին, ա՛յնքան՝ որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծիքէն տպաւորուեցաւ:
Gala ArmWeste 2:14  Բայց երբ տեսայ թէ ուղիղ չեն ընթանար՝ աւետարանին ճշմարտութեան համաձայն, բոլորին առջեւ Պետրոսի ըսի. «Եթէ դուն՝ որ Հրեայ ես՝ հեթանոսներու պէս կ՚ապրիս, եւ ո՛չ թէ Հրեաներու պէս, ինչո՞ւ կը հարկադրես հեթանոսները՝ որ Հրեաներու պէս ապրին»:
Gala ArmWeste 2:15  Մենք՝ որ բնիկ Հրեաներ ենք, եւ ո՛չ թէ հեթանոս մեղաւորներ,
Gala ArmWeste 2:16  գիտնալով թէ մարդ Օրէնքին գործերով չէ որ կ՚արդարանայ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, մե՛նք ալ հաւատացինք Քրիստոս Յիսուսի՝ որպէսզի արդարանանք Քրիստոսի՛ հաւատքով, ո՛չ թէ Օրէնքին գործերով. որովհետեւ Օրէնքին գործերով ո՛չ մէկը պիտի արդարանայ:
Gala ArmWeste 2:17  Իսկ եթէ մենք ալ՝ Քրիստոսով արդարանալու մեր ջանքին մէջ՝ մեղաւոր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի սպասարկո՞ւ կ՚ըլլայ: Ամե՛նեւին:
Gala ArmWeste 2:18  Քանի որ եթէ իմ քակած բաներս դարձեալ կառուցանեմ, ես զիս օրինազանց կը դարձնեմ:
Gala ArmWeste 2:19  Որովհետեւ ես՝ Օրէնքին միջոցով՝ մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար:
Gala ArmWeste 2:20  Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:
Gala ArmWeste 2:21  Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ ջնջեր. որովհետեւ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ընդունայն մեռաւ: