Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
GALATIANS
1 2 3 4 5 6
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 3
Gala ArmWeste 3:1  Ո՛վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հմայեց, մինչդեռ ձեր մէջ, ձեր աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս նախապէս նկարագրուեցաւ՝ խաչուած:
Gala ArmWeste 3:2  Սա՛ միայն կ՚ուզեմ սորվիլ ձեզմէ.- դուք Հոգին ստացաք Օրէնքին գործերո՞վ թէ հաւատքին հնազանդելով:
Gala ArmWeste 3:3  Այդքան անմի՞տ էք. Հոգիով սկսաք, եւ հիմա մարմինո՞վ կ՚աւարտէք:
Gala ArmWeste 3:4  Զո՞ւր տեղը այդքան չարչարուեցաք (եթէ զուր տեղն ալ ըլլար):
Gala ArmWeste 3:5  Ուրեմն ա՛ն՝ որ ձեզի Հոգին կը հայթայթէ ու ձեր մէջ հրաշքներ կը գործէ, միթէ ձեր կատարած Օրէնքի գործերո՞ւն համար կ՚ընէ, թէ հաւատքի հնազանդութեան համար.
Gala ArmWeste 3:6  ինչպէս Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ ատիկա արդարութիւն սեպուեցաւ անոր:
Gala ArmWeste 3:7  Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անո՛նք են Աբրահամի որդիները:
Gala ArmWeste 3:8  Գիրքը, նախատեսելով թէ Աստուած հեթանոսները պիտի արդարացնէ հաւատքի միջոցով, նախապէս աւետեց Աբրահամի՝ ըսելով. «Քեզմո՛վ պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»:
Gala ArmWeste 3:9  Ուստի անոնք որ հաւատքէն են՝ կ՚օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամի հետ:
Gala ArmWeste 3:10  Որովհետեւ բոլոր անոնք որ Օրէնքին գործերէն են՝ անէծքի տակ են, քանի որ գրուած է. «Անիծեա՛լ ըլլայ ո՛վ որ չի յարատեւեր Օրէնքի գիրքին բոլոր գրուածներուն մէջ՝ զանոնք գործադրելու համար»:
Gala ArmWeste 3:11  Իսկ բացայայտ է թէ ո՛չ մէկը կ՚արդարանայ Աստուծոյ առջեւ Օրէնքով, քանի որ “արդարը հաւատքո՛վ պիտի ապրի”:
Gala ArmWeste 3:12  Բայց Օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա՝ “այն մարդը որ կը գործադրէ զանոնք՝ պիտի ապրի անոնցմով”:
Gala ArmWeste 3:13  Քրիստոս փրկանքով գնեց մեզ Օրէնքի անէծքէն՝ մեզի համար անիծուելով, (որովհետեւ գրուած է. «Անիծեա՛լ է ո՛վ որ փայտէն կը կախուի»)
Gala ArmWeste 3:14  որպէսզի Աբրահամի օրհնութիւնը գայ հեթանոսներուն վրայ՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով. որպէսզի մե՛նք ալ ստանանք Հոգիին խոստումը՝ հաւատքի միջոցով:
Gala ArmWeste 3:15  Մարդոց սովորութեան համաձայն կը խօսիմ, եղբայրնե՛ր: Նոյնիսկ մարդո՛ւ մը վաւերացուցած կտակը ո՛չ մէկը կը ջնջէ, կամ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ՚աւելցնէ:
Gala ArmWeste 3:16  Ուրեմն խոստումները եղան Աբրահամի՛ եւ անոր զարմին: Չ՚ըսեր. «Եւ քու զարմերուդ», այսինքն՝ շատերո՛ւ: Հապա կը խօսի մէ՛կ զարմի մասին. «Եւ քու զարմիդ», որ Քրիստո՛ս է:
Gala ArmWeste 3:17  Բայց սա՛ կ՚ըսեմ. այն ուխտը՝ որ նախապէս Աստուծմէ վաւերացուեցաւ Քրիստոսով, չի կրնար չորս հարիւր երեսուն տարի ետք անվաւեր դառնալ Օրէնքէն՝ խոստումը ոչնչացնելով:
Gala ArmWeste 3:18  Որովհետեւ եթէ ժառանգութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չէ. բայց Աստուած խոստումո՛վ շնորհեց զայն Աբրահամի:
Gala ArmWeste 3:19  Հապա ինչո՞ւ տրուեցաւ Օրէնքը: Ան աւելցաւ՝ օրինազանցութիւնները յայտնելու համար, (մինչեւ որ գար այն զարմը՝ որուն եղած էր խոստումը,) եւ հրեշտակներու կողմէ պատուիրուեցաւ միջնորդի մը ձեռքով:
Gala ArmWeste 3:20  Իսկ միջնորդը՝ միայն մէ՛կ անձի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է:
Gala ArmWeste 3:21  Ուրեմն Օրէնքը հակառա՞կ է Աստուծոյ խոստումներուն: Ամե՛նեւին. քանի որ եթէ տրուած ըլլար այնպիսի Օրէնք մը՝ որ կարենար կեանք տալ, այն ատեն ի՛րապէս արդարութիւնը Օրէնքով կ՚ըլլար:
Gala ArmWeste 3:22  Բայց Գիրքը բոլորը փակեց մեղքի տակ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով եղած խոստումը տրուի հաւատացեալներուն:
Gala ArmWeste 3:23  Բայց հաւատքին գալէն առաջ՝ Օրէնքին տակ պահպանուած էինք, փակուած այն հաւատքէն՝ որ յետագային պիտի յայտնուէր:
Gala ArmWeste 3:24  Հետեւաբար Օրէնքը եղաւ մեր դաստիարա՛կը՝ մեզ առաջնորդելու Քրիստոսի, որպէսզի մենք հաւատքո՛վ արդարանանք:
Gala ArmWeste 3:25  Բայց հաւատքին գալէն ետք՝ այլեւս դաստիարակի տակ չենք,
Gala ArmWeste 3:26  որովհետեւ դուք բոլորդ Աստուծոյ որդիներ էք՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով.
Gala ArmWeste 3:27  քանի որ դուք բոլորդ՝ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստո՛սը հագաք:
Gala ArmWeste 3:28  Ա՛լ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ Յոյն. ո՛չ ստրուկ կայ, ո՛չ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ էգ. որովհետեւ դուք բոլորդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով:
Gala ArmWeste 3:29  Իսկ եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամի զարմն էք, եւ խոստումին համաձայն՝ ժառանգորդներ: