Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
II CORINTHIANS
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 3
II C ArmWeste 3:1  Սկսի՞նք դարձեալ մենք մեզ յանձնարարել. կամ թէ՝ ոմանց պէս՝ պէ՞տք են մեզի յանձնարարական նամակներ ձեզի, կամ յանձնարարութիւն ձեզմէ:
II C ArmWeste 3:2  Դո՛ւք էք մեր նամակը՝ մեր սիրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած բոլոր մարդոցմէն.
II C ArmWeste 3:3  բացայայտ ըլլալով որ դուք Քրիստոսի նամակն էք՝ մեր սպասարկութեամբ, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա՝ ապրող Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա՝ սիրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ:
II C ArmWeste 3:4  Մենք այսպիսի վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ՝ Քրիստոսի միջոցով:
II C ArmWeste 3:5  Ո՛չ թէ մենք մեզմէ ընդունակ ենք մտածել որեւէ բան՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր ընդունակութիւնը Աստուծմէ է:
II C ArmWeste 3:6  Ան նաեւ ընդունակ ըրաւ մեզ Նոր Կտակարանին սպասարկուներ ըլլալու. ո՛չ թէ գիրին, հապա՝ Հոգիին, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կեանք կու տայ:
II C ArmWeste 3:7  Իսկ եթէ քարերու վրայ փորագրուած մահուան սպասարկութիւնը ա՛յնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար ակնապիշ նայիլ Մովսէսի երեսին՝ անոր դէմքին պայծառութեան պատճառով, որ պիտի ոչնչանար,
II C ArmWeste 3:8  ուրեմն ո՜րքան աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ հոգիին սպասարկութիւնը.
II C ArmWeste 3:9  քանի որ եթէ դատապարտութեան սպասարկութիւնը փառաւոր էր, ո՜րչափ աւելի գերազանց պիտի ըլլայ արդարութեան սպասարկութեան փառքը.
II C ArmWeste 3:10  որովհետեւ ինչ որ փառաւոր եղած էր՝ ա՛լ փառք չունէր այս կապակցութեամբ, զինք գերազանցող փառքին պատճառով:
II C ArmWeste 3:11  Արդարեւ եթէ այն որ պիտի ոչնչանար՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ այն՝ որ մնայուն է:
II C ArmWeste 3:12  Ուրեմն, նկատելով որ ունինք այսպիսի յոյս մը, մեծ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ.
II C ArmWeste 3:13  ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս, որ ծածկոց կը դնէր իր երեսին վրայ՝ որպէսզի Իսրայէլի որդիները ակնապիշ չնայէին ոչնչանալու սահմանուածին վախճանին:
II C ArmWeste 3:14  Սակայն անոնց միտքերը կուրցան. որովհետեւ՝ մինչեւ այսօր՝ նոյն ծածկոցը ձգուած կը մնայ Հին Կտակարանի ընթերցումին վրայ, (ան Քրիստոսով կ՚ոչնչանայ,)
II C ArmWeste 3:15  հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսի գիրքը կը կարդացուի, ծածկոցը դրուած կը մնայ անոնց սիրտին վրայ:
II C ArmWeste 3:16  Բայց երբ Տէրոջ դառնան, ծածկոցը պիտի վերցուի:
II C ArmWeste 3:17  Ուրեմն Տէրը այդ Հոգին է, եւ ուր Տէրոջ Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ:
II C ArmWeste 3:18  Իսկ մենք բոլորս, բաց երեսով Տէրոջ փառքը տեսնելով՝ որպէս թէ հայելիի մէջ, կը փոխուինք նոյն պատկերին՝ փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջ Հոգիին միջոցով: