II CORINTHIANS
Chapter 4
II C | ArmWeste | 4:2 | հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ: | |
II C | ArmWeste | 4:4 | որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ: | |
II C | ArmWeste | 4:5 | Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար. | |
II C | ArmWeste | 4:6 | որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ: | |
II C | ArmWeste | 4:7 | Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ: | |
II C | ArmWeste | 4:8 | Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատած չենք. | |
II C | ArmWeste | 4:10 | Ամէն ատեն Յիսուսի մահը կը կրենք մեր մարմինին մէջ, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մարմինին մէջ: | |
II C | ArmWeste | 4:11 | Որովհետեւ մենք որ կ՚ապրինք՝ ամէն ատեն Յիսուսի համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ: | |
II C | ArmWeste | 4:13 | Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, ուստի խօսեցայ»: Մե՛նք ալ կը հաւատանք, ուստի կը խօսինք: | |
II C | ArmWeste | 4:14 | Գիտենք թէ ա՛ն՝ որ յարուցանեց Տէր Յիսուսը, մե՛զ ալ պիտի յարուցանէ Յիսուսի միջոցով, եւ անոր պիտի ներկայացնէ՝ ձեզի հետ: | |
II C | ArmWeste | 4:15 | Որովհետեւ ամէն բան ձեզի համար է, որպէսզի այն շնորհքը՝ աւելցած շատերու շնորհակալութեամբ՝ ճոխանայ Աստուծոյ փառքին համար: | |
II C | ArmWeste | 4:16 | Հետեւաբար չենք ձանձրանար. եւ թէպէտ մեր արտաքին մարդը կ՚ապականի, ներքին մարդը օրէ օր կը նորոգուի: | |
II C | ArmWeste | 4:17 | Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը. | |