Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
I JOHN
1 2 3 4 5
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 4
I Jo ArmWeste 4:1  Սիրելինե՛ր, մի՛ հաւատաք ամէն հոգիի, հապա քննեցէ՛ք հոգիները՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՛ են. որովհետեւ շատ սուտ մարգարէներ երեւան ելած են աշխարհի մէջ:
I Jo ArmWeste 4:2  Սա՛պէս կը ճանչնաք Աստուծոյ Հոգին.- ամէն հոգի որ կը դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ, Աստուծմէ է.
I Jo ArmWeste 4:3  իսկ ամէն հոգի որ չի դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ, Աստուծմէ չէ. եւ ա՛յս է Նեռի հոգին, որուն մասին լսեցիք թէ պիտի գայ, ու արդէն աշխարհի մէջ է:
I Jo ArmWeste 4:4  Դուք Աստուծմէ էք, որդեակնե՛ր, եւ յաղթեցիք անոնց. որովհետեւ ա՛ն որ ձեր մէջ է՝ աւելի մեծ է, քան ա՛ն՝ որ աշխարհի մէջ է:
I Jo ArmWeste 4:5  Անոնք աշխարհէն են. ուստի կը խօսին աշխարհի մասին, եւ աշխարհը մտիկ կ՚ընէ անոնց:
I Jo ArmWeste 4:6  Իսկ մենք Աստուծմէ ենք. ա՛ն որ կը ճանչնայ Աստուած՝ մտիկ կ՚ընէ մեզի, ա՛ն որ Աստուծմէ չէ՝ մտիկ չ՚ըներ մեզի: Ասո՛վ կը գիտնանք ճշմարտութեան Հոգին ու մոլորութեան հոգին:
I Jo ArmWeste 4:7  Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք զիրար, քանի որ սէրը Աստուծմէ է: Ո՛վ որ կը սիրէ՝ ծնած է Աստուծմէ ու կը ճանչնայ Աստուած:
I Jo ArmWeste 4:8  Ա՛ն որ չի սիրեր՝ չի ճանչնար Աստուած, որովհետեւ Աստուած սէր է:
I Jo ArmWeste 4:9  Աստուծոյ սէրը սա՛պէս բացայայտուեցաւ մեզի հանդէպ. Աստուած աշխարհ ղրկեց իր միածին Որդին, որպէսզի ապրինք անոր միջոցով:
I Jo ArmWeste 4:10  Սէրը ասո՛ր մէջ է. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա ա՛ն սիրեց մեզ եւ ղրկեց իր Որդին՝ իբր քաւութիւն մեր մեղքերուն:
I Jo ArmWeste 4:11  Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած ա՛յսպէս սիրեց մեզ, մենք ալ պարտաւոր ենք սիրել զիրար:
I Jo ArmWeste 4:12  Ո՛չ մէկը երբեք տեսած է Աստուած: Եթէ սիրենք զիրար, Աստուած կը բնակի մեր մէջ ու անոր սէրը կատարեալ է:
I Jo ArmWeste 4:13  Ան իր Հոգիէն տուաւ մեզի. ասո՛վ գիտենք թէ մենք կը բնակինք անոր մէջ, ան ալ՝ մեր մէջ:
I Jo ArmWeste 4:14  Ու մենք տեսանք եւ կը վկայենք թէ Հայրը ղրկեց իր Որդին իբր աշխարհի Փրկիչ:
I Jo ArmWeste 4:15  Ո՛վ որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած կը բնակի անոր մէջ, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ:
I Jo ArmWeste 4:16  Մենք գիտցանք Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սէրը, ու հաւատացինք: Աստուած սէր է. ա՛ն որ կը բնակի սիրոյ մէջ՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ, եւ Աստուած՝ անոր մէջ:
I Jo ArmWeste 4:17  Ինչպէս ի՛նք է, նոյնպէս մե՛նք ենք այս աշխարհի մէջ. ասո՛վ մեր սէրը կատարեալ է, որպէսզի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը:
I Jo ArmWeste 4:18  Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը կը վտարէ վախը. որովհետեւ վախը կ՚ենթադրէ պատուհաս: Ուստի ո՛վ որ կը վախնայ՝ կատարեալ չէ սիրոյ մէջ:
I Jo ArmWeste 4:19  Մենք կը սիրենք զայն, որովհետեւ նախ ա՛ն սիրեց մեզ:
I Jo ArmWeste 4:20  Եթէ մէկը ըսէ. «Ես կը սիրեմ Աստուած», եւ ատէ իր եղբայրը, ստախօս է. որովհետեւ ա՛ն որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել Աստուած՝ որ չի տեսներ:
I Jo ArmWeste 4:21  Եւ սա՛ պատուիրանը ունինք անկէ. «Ո՛վ որ կը սիրէ Աստուած, թող սիրէ նաեւ իր եղբայրը»: