Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
PHILIPPIANS
1 2 3 4
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 4
Phil ArmWeste 4:1  Հետեւաբար, սիրելի ու կարօտալի եղբայրնե՛րս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, ա՛յսպէս հաստատուն կեցէք Տէրոջմով, սիրելինե՛րս:
Phil ArmWeste 4:2  Կ՚աղաչե՛մ Եւոդիայի ու կ՚աղաչե՛մ Սիւնտիքի, որ ունենան միեւնոյն մտածումը Տէրոջմով:
Phil ArmWeste 4:3  Եւ կը խնդրեմ քեզմէ՛ ալ, իմ հարազատ լծակիցս, օգնէ՛ ասոնց՝ որ աւետարանին համար մարտնչեցան ինծի հետ, նաեւ Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ են:
Phil ArmWeste 4:4  Ամէ՛ն ատեն ուրախացէք Տէրոջմով. դա՛րձեալ կ՚ըսեմ, ուրախացէ՛ք:
Phil ArmWeste 4:5  Ձեր ազնուութիւնը թող յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց. Տէրը մօտ է:
Phil ArmWeste 4:6  Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ.
Phil ArmWeste 4:7  եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ գերիվեր է, պիտի պահպանէ ձեր սիրտերն ու մտածումները՝ Յիսուս Քրիստոսով:
Phil ArmWeste 4:8  Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք:
Phil ArmWeste 4:9  Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս՝ զանո՛նք ըրէք, եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ:
Phil ArmWeste 4:10  Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ հիմա վերջապէս նորոգուեցաւ իմ վրաս ձեր ունեցած մտածմունքը, ինչպէս կը մտածէիք ալ, սակայն պատեհութիւն չունէիք:
Phil ArmWeste 4:11  Կարօտութեան համար չէ որ կ՚ըսեմ. որովհետեւ ես սորվեցայ ինքնաբաւ ըլլալ իմ եղած վիճակիս մէջ:
Phil ArmWeste 4:12  Թէ՛ գիտեմ նուաստանալ, թէ՛ ալ գիտեմ առատութեան մէջ ըլլալ: Ամէն բանի մէջ՝ ամէն կերպով վարժուած եմ թէ՛ կշտանալ, թէ՛ ալ անօթենալ, թէ՛ առատութեան եւ թէ կարօտութեան մէջ ըլլալ:
Phil ArmWeste 4:13  Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:
Phil ArmWeste 4:14  Սակայն լաւ ըրիք՝ որ հաղորդակից եղաք տառապանքիս:
Phil ArmWeste 4:15  Դո՛ւք ալ գիտէք, Փիլիպպեցինե՛ր, թէ աւետարանին քարոզութեան սկիզբը, երբ մեկնեցայ Մակեդոնիայէն, ո՛չ մէկ եկեղեցի հաղորդակից եղաւ ինծի՝ տալու եւ ընդունելու համար, հապա միայն դո՛ւք.
Phil ArmWeste 4:16  որովհետեւ նոյնիսկ մինչեւ Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք ինծի պէտք եղածը՝ մէկ-երկու անգամ:
Phil ArmWeste 4:17  Ես կը փնտռեմ ո՛չ թէ նուէր, հապա կը փնտռեմ պտուղ, որ աւելնայ ձեր հաշիւին վրայ:
Phil ArmWeste 4:18  Իսկ ես ամէն բան ունիմ, եւ առատօրէն. լիացած եմ՝ ստանալով Եպափրոդիտոսի միջոցով ձեր ղրկածները, որ անուշաբոյր հոտ մըն է, ընդունելի զոհ մը, հաճելի՝ Աստուծոյ:
Phil ArmWeste 4:19  Եւ իմ Աստուածս պիտի լեցնէ ձեր բոլոր կարիքները՝ իր ճոխութեան համեմատ, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով:
Phil ArmWeste 4:20  Ուրեմն փա՜ռք Աստուծոյ ու մեր Հօր՝ դարէ դար՝՝: Ամէն:
Phil ArmWeste 4:21  Բարեւեցէ՛ք բոլոր սուրբերը Յիսուս Քրիստոսով:
Phil ArmWeste 4:22  Կը բարեւեն ձեզ ինծի հետ եղող եղբայրները:
Phil ArmWeste 4:23  Կը բարեւեն ձեզ բոլոր սուրբերը, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ Կայսրին տունէն են: Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: