Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
PHILIPPIANS
1 2 3 4
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 2
Phil ArmWeste 2:1  Ուրեմն՝ եթէ մխիթարութիւն կայ Քրիստոսով, եթէ կան սիրոյ սփոփանք, Հոգիի հաղորդութիւն, գութ ու կարեկցութիւն,
Phil ArmWeste 2:2  լիացուցէ՛ք իմ ուրախութիւնս՝ ըլլալով համախոհ եւ ունենալով միեւնոյն սէրը, մէ՛կ անձ ու մէ՛կ մտածում:
Phil ArmWeste 2:3  Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝:
Phil ArmWeste 2:4  Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը:
Phil ArmWeste 2:5  Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր.
Phil ArmWeste 2:6  Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,
Phil ArmWeste 2:7  հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝
Phil ArmWeste 2:8  խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը:
Phil ArmWeste 2:9  Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է,
Phil ArmWeste 2:10  որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,
Phil ArmWeste 2:11  եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:
Phil ArmWeste 2:12  Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդեցաք, ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս մէջ, հապա ա՛լ աւելի հիմա՝ իմ բացակայութեանս ատեն, գործադրեցէ՛ք ձեր փրկութիւնը՝ ահով ու դողով.
Phil ArmWeste 2:13  որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ թէ՛ կամենալը եւ թէ ընելը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն:
Phil ArmWeste 2:14  Ըրէ՛ք ամէն ինչ՝ առանց տրտունջներու եւ առարկութիւններու,
Phil ArmWeste 2:15  որպէսզի ըլլաք անմեղադրելի ու աննենգ, Աստուծոյ անարատ զաւակներ՝ կամակոր եւ խոտորեալ սերունդի մը մէջ: Դուք կը փայլիք անոնց մէջ՝ որպէս լուսաւորներ աշխարհի մէջ,
Phil ArmWeste 2:16  ամուր բռնելով կեանքին խօսքը, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսի օրը՝ թէ ընդունայն չեմ վազած, ո՛չ ալ ընդունայն աշխատած:
Phil ArmWeste 2:17  Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին:
Phil ArmWeste 2:18  Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք եւ ուրախակի՛ց եղէք ինծի:
Phil ArmWeste 2:19  Տէր Յիսուսով կը յուսամ շուտով ձեզի ղրկել Տիմոթէոսը, որպէսզի իմ սիրտս ալ հանգչի՝ երբ գիտնամ ձեր վիճակը:
Phil ArmWeste 2:20  Որովհետեւ անոր նման ո՛չ մէկ սրտակից ունիմ, որ անկեղծաբար հոգայ ձեզ.
Phil ArmWeste 2:21  քանի որ բոլորը կը փնտռեն իրե՛նց շահը, ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը:
Phil ArmWeste 2:22  Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ան ծառայեց աւետարանին ինծի հետ՝ ինչպէս զաւակ մը հօրը հետ:
Phil ArmWeste 2:23  Ուստի կը յուսամ ձեզի ղրկել զինք անյապաղ, երբ տեսնեմ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վիճակս:
Phil ArmWeste 2:24  Սակայն վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով՝ թէ ե՛ս ալ շուտով պիտի գամ:
Phil ArmWeste 2:25  Բայց հարկաւոր համարեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոսը, իմ եղբայրս, գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իբր կարիքներուս պաշտօնեան:
Phil ArmWeste 2:26  Որովհետեւ ինք ալ կարօտցած է բոլորդ, եւ կը վշտանար որ լսեր էիք թէ հիւանդացեր էր:
Phil ArmWeste 2:27  Արդարեւ ինք հիւանդացաւ ու շատ մօտեցաւ մահուան, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէսզի չունենամ տրտմութիւն տրտմութեան վրայ:
Phil ArmWeste 2:28  Ուստի աւելի փութաջանութեամբ ղրկեցի, որպէսզի՝ տեսնելով զայն՝ դարձեալ ուրախանաք ու ես նուազ տրտմիմ:
Phil ArmWeste 2:29  Ուրեմն ընդունեցէ՛ք զայն Տէրոջմով՝ բոլորովին ուրախութեամբ, եւ պատուեցէ՛ք այդպիսիները.
Phil ArmWeste 2:30  քանի որ մահուան մօտեցաւ Քրիստոսի գործին համար՝ վտանգելով իր անձը, որպէսզի լրացնէ ինչ որ կը պակսէր ձեր կատարելիք պաշտօնին՝ ինծի հանդէպ: