Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 11
Acts ArmWeste 11:1  Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ ընդունած են Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 11:2  Երբ Պետրոս Երուսաղէմ բարձրացաւ, թլփատուածները կը վիճէին անոր հետ
Acts ArmWeste 11:3  ու կ՚ըսէին. «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»:
Acts ArmWeste 11:4  Պետրոս ալ սկսաւ դէպքը կարգով բացատրել անոնց՝ ըսելով.
Acts ArmWeste 11:5  «Ես կ՚աղօթէի Յոպպէ քաղաքը, երբ՝ վերացումի մէջ՝ տեսայ տեսիլք մը. անօթ մը՝ մեծ լաթի պէս, չորս ծայրերէն կախուած, իջաւ երկինքէն ու հասաւ մինչեւ ինծի:
Acts ArmWeste 11:6  Մինչ կը դիտէի՝ աչքերս սեւեռած անոր վրայ, տեսայ երկրի չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
Acts ArmWeste 11:7  Ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. “Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ եւ կե՛ր”:
Acts ArmWeste 11:8  Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”:
Acts ArmWeste 11:9  Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”:
Acts ArmWeste 11:10  Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, ու ամէն ինչ դարձեալ վեր քաշուեցաւ՝ դէպի երկինք:
Acts ArmWeste 11:11  Եւ ահա՛ անյապաղ երեք մարդիկ՝ Կեսարիայէն ղրկուած ինծի՝ եկան ու կեցան այն տան առջեւ, ուր հիւրընկալուած էի:
Acts ArmWeste 11:12  Հոգին ալ ըսաւ ինծի՝ որ երթամ անոնց հետ առանց տատամսելու: Այս վեց եղբայրներն ալ գացին ինծի հետ, ու մտանք այդ մարդուն տունը:
Acts ArmWeste 11:13  Ան ալ պատմեց մեզի թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ կայնած էր եւ կ՚ըսէր իրեն. “Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է:
Acts ArmWeste 11:14  Ան խօսքեր պիտի ըսէ քեզի, որպէսզի փրկուիք՝ դուն եւ ամբողջ տունդ”:
Acts ArmWeste 11:15  Երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ:
Acts ArmWeste 11:16  Եւ յիշեցի Տէրոջ ըսած խօսքը. “Արդարեւ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով”:
Acts ArmWeste 11:17  Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»:
Acts ArmWeste 11:18  Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»:
Acts ArmWeste 11:19  Ստեփանոսի մահէն ետք եղած հալածանքէն ցրուածները՝ հասան նաեւ մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, քարոզելով Աստուծոյ խօսքը ո՛չ մէկուն՝ բայց միայն Հրեաներուն:
Acts ArmWeste 11:20  Անոնցմէ ոմանք կիպրացի ու կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ մտան Անտիոք՝ կը խօսէին Հելլենացիներուն հետ, աւետելով Տէր Յիսուսը:
Acts ArmWeste 11:21  Տէրոջ ձեռքը անոնց հետ էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին ու դարձան Տէրոջ:
Acts ArmWeste 11:22  Այս բաներուն լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը, եւ ճամբեցին Բառնաբասը՝ որ երթայ մինչեւ Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:23  Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝.
Acts ArmWeste 11:24  (քանի որ ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով ու հաւատքով լեցուն.) եւ մեծ բազմութիւն մը աւելցաւ Տէրոջ եկեղեցիին թիւին վրայ:
Acts ArmWeste 11:25  Յետոյ Բառնաբաս մեկնեցաւ Տարսոն՝ փնտռելու Սօղոսը, ու գտնելով զայն՝ բերաւ Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:26  Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ հաւաքուելով՝ մեծ բազմութեան մը սորվեցուցին, եւ Անտիոքի՛ մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ կոչուեցան առաջին անգամ:
Acts ArmWeste 11:27  Այդ օրերը՝ Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:28  Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, կանգնեցաւ եւ մատնանշեց Հոգիին զօրութեամբ՝ թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ ամբողջ երկրագունդին մէջ. ան ի՛րապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը:
Acts ArmWeste 11:29  Ուստի աշակերտները որոշեցին օգնութիւն ղրկել Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն, իւրաքանչիւրը իր եկամուտին համեմատ:
Acts ArmWeste 11:30  Այդպէս ալ ըրին, ղրկելով զայն երէցներուն՝ Բառնաբասի ու Սօղոսի ձեռքով: