Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 4
Acts ArmWeste 4:1  Երբ անոնք կը խօսէին ժողովուրդին, քահանաները, տաճարին մեծաւորն ու Սադուկեցիները հասան անոնց վրայ,
Acts ArmWeste 4:2  նեղանալով որ անոնք կը սորվեցնէին ժողովուրդին եւ կը հռչակէին Յիսուսի միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը:
Acts ArmWeste 4:3  Ձեռք բարձրացուցին անոնց վրայ ու արգելարան դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր:
Acts ArmWeste 4:4  Բայց այդ խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին, եւ մարդոց թիւը հասաւ գրեթէ հինգ հազարի:
Acts ArmWeste 4:5  Հետեւեալ օրը՝ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան անոնց պետերը, երէցներն ու դպիրները,
Acts ArmWeste 4:6  նաեւ Աննա քահանայապետը եւ Կայիափա, Յովհաննէս ու Աղեքսանդրոս, եւ բոլոր անոնք՝ որ քահանայապետի ընտանիքներէ էին:
Acts ArmWeste 4:7  Զանոնք մէջտեղ կայնեցուցած՝ կը հարցաքննէին. «Ի՞նչ զօրութեամբ կամ ի՞նչ անունով ըրիք այս բանը»:
Acts ArmWeste 4:8  Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ժողովուրդի պետե՛ր եւ Իսրայէլի երէցնե՛ր,
Acts ArmWeste 4:9  եթէ մենք կը հարցաքննուինք այսօր՝ տկար մարդու մը եղած բարիքին համար, թէ ի՛նչ կերպով բժշկուեցաւ,
Acts ArmWeste 4:10  գիտցէ՛ք դուք բոլորդ եւ ամբողջ Իսրայէլի ժողովուրդը, թէ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա՛ անո՛վ ասիկա բժշկուած կեցած է հոս՝ ձեր առջեւ:
Acts ArmWeste 4:11  Ա՛յս է այն քարը, ձեզմէ՝ կառուցանողներէդ անարգուած, որ անկիւնաքարը եղաւ:
Acts ArmWeste 4:12  Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»:
Acts ArmWeste 4:13  Իսկ անոնք, նայելով Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութեան, եւ ըմբռնելով թէ անուս ու տգէտ մարդիկ են՝ զարմացան, եւ գիտցան թէ անոնք Յիսուսի հետ էին:
Acts ArmWeste 4:14  Տեսնելով այդ բուժուած մարդը՝ որ կայնած էր անոնց հետ, ոչինչ կրցան խօսիլ անոնց դէմ:
Acts ArmWeste 4:15  Ուստի հրամայելով անոնց՝ որ դուրս ելլեն ատեանէն, խորհրդակցեցան իրարու հետ
Acts ArmWeste 4:16  եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. որովհետեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն բացայայտ է թէ իսկապէս երեւելի նշան մը կատարուեցաւ ասոնց միջոցով, ու մենք չենք կրնար ուրանալ:
Acts ArmWeste 4:17  Սակայն՝ որպէսզի ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուի՝ սաստիկ սպառնանք անոնց, որ այլեւս ո՛չ մէկուն խօսին այդ անունով»:
Acts ArmWeste 4:18  Ապա կանչելով զանոնք՝ պատուիրեցին անոնց որ ամե՛նեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսի անունով:
Acts ArmWeste 4:19  Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխանեցին անոնց. «Եթէ Աստուծոյ առջեւ իրաւացի՛ է՝ որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք .
Acts ArmWeste 4:20  որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»:
Acts ArmWeste 4:21  Իսկ անոնք դարձեալ սպառնալէ ետք՝ արձակեցին զանոնք, առանց զիրենք պատուհասելու կերպ մը գտնելու, ժողովուրդին պատճառով, քանի որ բոլորն ալ կը փառաբանէին Աստուած կատարուածին համար.
Acts ArmWeste 4:22  որովհետեւ այն մարդը՝ որուն վրայ այս բժշկութեան նշանը եղաւ՝ քառասուն տարեկանէն աւելի էր:
Acts ArmWeste 4:23  Երբ արձակուեցան՝ գացին իրենց խումբին քով, ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ երէցները ըսած էին իրենց:
Acts ArmWeste 4:24  Անոնք ալ, երբ լսեցին, միաբանութեամբ իրենց ձայնը բարձրացուցին Աստուծոյ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, դո՛ւն ես այն Աստուածը՝ որ ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ բոլոր անոնց մէջ եղածները,
Acts ArmWeste 4:25  որ ըսիր քու ծառայիդ՝ Դաւիթի բերանով. “Ինչո՞ւ հեթանոսները մոլեգնեցան ու ժողովուրդները ունայն բաներ խոկացին.
Acts ArmWeste 4:26  երկրի թագաւորները իրարու քով կայնեցան ու պետերը հաւաքուեցան՝ Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ”:
Acts ArmWeste 4:27  Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,
Acts ArmWeste 4:28  ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:
Acts ArmWeste 4:29  Եւ հիմա, Տէ՛ր, նայէ՛ անոնց սպառնալիքներուն, ու շնորհէ՛ քու ծառաներուդ՝ որպէսզի լման համարձակութեամբ քարոզենք քու խօսքդ,
Acts ArmWeste 4:30  երկարելով քու ձեռքդ՝ որ բժշկութիւններ, նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով»:
Acts ArmWeste 4:31  Երբ անոնք աղերսեցին, սարսեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին, ու բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ համարձակութեամբ կը քարոզէին Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 4:32  Հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր: Անոնցմէ ո՛չ մէկը կ՚ըսէր իր որեւէ ստացուածքին համար թէ “իրն է”. հապա իրենց բոլոր բաները հասարակաց կը սեպէին:
Acts ArmWeste 4:33  Առաքեալները մեծ զօրութեամբ կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան մասին, եւ մեծ շնորհք կար անոնց բոլորին վրայ:
Acts ArmWeste 4:34  Անոնց մէջ ո՛չ մէկ կարօտեալ կար. որովհետեւ անոնք որ տէր էին արտերու կամ տուներու՝ կը ծախէին, կը բերէին ծախուածներուն հասոյթները
Acts ArmWeste 4:35  ու կը դնէին առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝, եւ իւրաքանչիւրին կը բաշխուէր իր կարիքին համեմատ:
Acts ArmWeste 4:36  Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի՝ Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով՝ Կիպրացի,
Acts ArmWeste 4:37  ագարակ մը ունենալով՝ ծախեց, բերաւ դրամը ու դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ: