Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 10
Acts ArmWeste 10:1  Մարդ մը կար Կեսարիայի մէջ՝ Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալական կոչուած գունդին մէջ,
Acts ArmWeste 10:2  բարեպաշտ, եւ աստուածավախ՝ իր ամբողջ տունով. ան շատ ողորմութիւններ կու տար ժողովուրդին ու ամէն ատեն կ՚աղերսէր Աստուծոյ:
Acts ArmWeste 10:3  Գրեթէ օրուան իններորդ ժամուն՝՝ տեսիլքի մէջ ան բացայայտօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ մտաւ իր քով եւ ըսաւ իրեն. «Կոռնելիո՛ս»:
Acts ArmWeste 10:4  Երբ ակնապիշ նայեցաւ անոր՝ վախցած ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»: Իսկ ան ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ ու ողորմութիւններդ բարձրացան Աստուծոյ առջեւ՝ յիշատակի համար:
Acts ArmWeste 10:5  Հիմա մարդի՛կ ղրկէ Յոպպէ, եւ կանչէ՛ Սիմոն անունով մէկը՝ որ Պետրոս մականուանեալ է:
Acts ArmWeste 10:6  Ան հիւրընկալուած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է»:
Acts ArmWeste 10:7  Երբ իրեն հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, կանչեց իր տան ծառաներէն երկուքը, նաեւ իրեն տրամադրուած զինուորներէն բարեպաշտ մէկը՝՝,
Acts ArmWeste 10:8  եւ ամէն բան պատմելով՝ ղրկեց զանոնք Յոպպէ:
Acts ArmWeste 10:9  Հետեւեալ օրը, մինչ անոնք կը ճամբորդէին ու կը մօտենային քաղաքին, Պետրոս՝ վեցերորդ ժամու՝՝ ատենները՝ տանիքը բարձրացաւ աղօթելու:
Acts ArmWeste 10:10  Շատ անօթեցած ըլլալով՝ կ՚ուզէր ճաշակել. մինչ ճաշը կը պատրաստուէր, վերացում ունեցաւ:
Acts ArmWeste 10:11  Տեսաւ երկինքը բացուած, ու չորս ծայրերէն կապուած անօթ մը՝ մեծ լաթի մը պէս՝ որ իջաւ երկրի վրայ.
Acts ArmWeste 10:12  անոր մէջ կային երկրի ամէն տեսակ չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
Acts ArmWeste 10:13  Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ ու կե՛ր»:
Acts ArmWeste 10:14  Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ ես բնա՛ւ չեմ կերեր պիղծ կամ անմաքուր բան»:
Acts ArmWeste 10:15  Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»:
Acts ArmWeste 10:16  Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, յետոյ անօթը դարձեալ վերացաւ երկինք:
Acts ArmWeste 10:17  Մինչ Պետրոս ինքնիրեն կը տարակուսէր թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա՛ Կոռնելիոսէ ղրկուած մարդիկը՝ հարցնելով Սիմոնի տան մասին՝ կայնեցան դրան առջեւ,
Acts ArmWeste 10:18  եւ կանչելով հարցափորձեցին. «Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է, հո՞ս հիւրընկալուած է»:
Acts ArmWeste 10:19  Մինչ Պետրոս կը մտածէր տեսիլքին մասին, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա՛ երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն:
Acts ArmWeste 10:20  Հետեւաբար կանգնէ՛, իջի՛ր, ու գնա՛ անոնց հետ՝ առանց տատամսելու, որովհետեւ ե՛ս ղրկեցի զանոնք»:
Acts ArmWeste 10:21  Պետրոս ալ իջաւ այդ մարդոց քով՝ եւ ըսաւ. «Ահա՛ ես եմ ա՛ն՝ որ կը փնտռէք. ինչո՞ւ եկած էք»:
Acts ArmWeste 10:22  Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար ու աստուածավախ մարդ մը՝ բարի վկայուած ամբողջ Հրեաներու ազգէն, պատգամ ստացաւ սուրբ հրեշտակէ մը՝ որ կանչէ քեզ իր տունը եւ լսէ քու խօսքերդ»:
Acts ArmWeste 10:23  Ուստի ներս կանչեց զանոնք ու հիւրընկալեց: Հետեւեալ օրը՝ Պետրոս ելաւ եւ մեկնեցաւ անոնց հետ. իրեն հետ գացին նաեւ Յոպպէէն եղող քանի մը եղբայրներ:
Acts ArmWeste 10:24  Յաջորդ օրը մտան Կեսարիա. Կոռնելիոս ալ կը սպասէր անոնց՝ հրաւիրած ըլլալով իր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները:
Acts ArmWeste 10:25  Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս դիմաւորեց զայն, եւ անոր ոտքը իյնալով կ՚երկրպագէր:
Acts ArmWeste 10:26  Բայց Պետրոս ոտքի հանեց զայն՝ ըսելով. «Կանգնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»:
Acts ArmWeste 10:27  Ու անոր հետ խօսակցելով՝ ներս մտաւ, շատեր գտաւ՝ համախմբուած,
Acts ArmWeste 10:28  եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ օրինաւոր չէ հրեայ մարդու մը՝ հաղորդակցիլ օտարազգիի մը հետ կամ մօտենալ անոր. բայց Աստուած ցոյց տուաւ ինծի որ մարդոցմէ ո՛չ մէկը պիղծ կամ անմաքուր կոչեմ:
Acts ArmWeste 10:29  Ուստի երբ կանչուեցայ՝ եկայ առանց հակաճառութեան. ուրեմն կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս»:
Acts ArmWeste 10:30  Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ՝ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի, ու իններորդ ժամուն տանս մէջ կ՚աղօթէի. եւ ահա՛ փայլուն տարազով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ.
Acts ArmWeste 10:31  “Կոռնելիո՛ս, քու աղօթքդ ընդունուեցաւ, եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան:
Acts ArmWeste 10:32  Ուրեմն մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է. ան ծովուն մօտ՝ Սիմոն անունով կաշեգործի մը տան մէջ հիւրընկալուած է. երբ գայ՝ պիտի խօսի քեզի”:
Acts ArmWeste 10:33  Ուստի անյապաղ մարդ ղրկեցի քեզի, եւ գոհ եմ՝՝ որ եկար: Ուրեմն հիմա մենք բոլորս ներկայ ենք Աստուծոյ առջեւ՝ լսելու ամէն ինչ որ Աստուծմէ հրամայուած է քեզի»:
Acts ArmWeste 10:34  Պետրոս բացաւ իր բերանը ու ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ՚ըմբռնեմ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ,
Acts ArmWeste 10:35  հապա ամէն ազգի մէջ իրեն ընդունելի է ա՛ն՝ որ իրմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ:
Acts ArmWeste 10:36  Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, (ա՛ն է բոլորին Տէրը,)
Acts ArmWeste 10:37  դուք լաւ գիտէք այդ խօսքը, որ եղաւ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսելով, այն մկրտութենէն ետք՝ որ Յովհաննէս քարոզեց:
Acts ArmWeste 10:38  Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.
Acts ArmWeste 10:39  եւ մենք վկայ ենք այն բոլոր բաներուն՝ որ ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ: Զայն սպաննեցին՝ փայտէն կախելով:
Acts ArmWeste 10:40  Աստուած յարուցանեց զայն երրորդ օրը, եւ բացայայտեց զայն
Acts ArmWeste 10:41  ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, հապա՝ մեզի - նախապէս Աստուծմէ ընտրուածներուս՝ վկայ ըլլալու -, որ կերանք ու խմեցինք իրեն հետ՝ իր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք:
Acts ArmWeste 10:42  Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:
Acts ArmWeste 10:43  Բոլոր մարգարէները կը վկայեն անոր մասին թէ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ պիտի ստանայ մեղքերու ներում անոր անունով»:
Acts ArmWeste 10:44  Մինչ Պետրոս կ՚ըսէր այս խօսքերը, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլոր անոնց վրայ՝ որ կը լսէին խօսքը:
Acts ArmWeste 10:45  Թլփատուածներէն եղող բոլոր հաւատացեալները, որ եկած էին Պետրոսի հետ, զմայլեցան որ հեթանոսներուն վրայ ալ թափուեցաւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը.
Acts ArmWeste 10:46  որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին ուրիշ լեզուներով եւ կը մեծարէին Աստուած:
Acts ArmWeste 10:47  Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել, որ ջուրով մկրտուին ասոնք՝ որոնք ստացան Սուրբ Հոգին մեզի պէս»:
Acts ArmWeste 10:48  Ու հրամայեց որ մկրտուին Տէրոջ անունով: Այն ատեն խնդրեցին իրմէ՝ որ հոն մնայ քանի մը օր: