Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 27
Acts ArmWeste 27:1  Երբ որոշուեցաւ նաւարկել դէպի Իտալիա, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը բանտարկեալներ յանձնեցին հարիւրապետի մը՝ որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն:
Acts ArmWeste 27:2  Մտնելով ադրամինտական նաւ մը՝ մեկնեցանք, եւ պիտի նաւարկէինք Ասիայի ծովեզերքէն. մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին՝ Թեսաղոնիկէէն:
Acts ArmWeste 27:3  Հետեւեալ օրը իջանք Սիդոն. Յուլիոս՝ մարդասիրութեամբ վարուելով Պօղոսի հետ՝ արտօնեց որ երթայ բարեկամներուն եւ վայելէ անոնց խնամքը:
Acts ArmWeste 27:4  Մեկնելով անկէ՝ նաւարկեցինք Կիպրոսի վարի կողմէն, քանի որ հովերը հակառակ էին:
Acts ArmWeste 27:5  Յետոյ՝ նաւարկելով Կիլիկիայի ու Պամփիւլիայի ծովուն մէջէն՝ իջանք Լիկիայի Միւռա քաղաքը:
Acts ArmWeste 27:6  Հարիւրապետը գտաւ հոն աղեքսանդրիական նաւ մը՝ որ կ՚երթար Իտալիա, ու մեզ մտցուց անոր մէջ:
Acts ArmWeste 27:7  Շատ օրեր դանդաղօրէն նաւարկելէ ետք՝ հազիւ հասանք Կնիդոսի դիմաց. քանի հովը չէր թոյլատրեր, Կրետէի վարի կողմէն՝ Սաղմոնայի դիմացէն նաւարկեցինք,
Acts ArmWeste 27:8  եւ դժուարութեամբ անկէ անցնելով՝ եկանք տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեղեցիկ նաւահանգիստ. անոր մօտ էր Ղասեա քաղաքը:
Acts ArmWeste 27:9  Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, ու նաւարկութիւնը արդէն վտանգաւոր էր՝ քանի որ ծոմին ատենն ալ արդէն անցած էր, Պօղոս յորդորեց զանոնք՝
Acts ArmWeste 27:10  ըսելով. «Մարդի՛կ, ես կը նշմարեմ թէ այս նաւարկութիւնը պիտի ըլլայ վնասով ու կորուստով, ո՛չ միայն բեռին եւ նաւուն՝ հապա մեր անձերուն ալ»:
Acts ArmWeste 27:11  Բայց հարիւրապետը կ՚անսար աւելի նաւավարին ու նաւատիրոջ՝ քան Պօղոսի խօսքերուն:
Acts ArmWeste 27:12  Եւ քանի որ այդ նաւահանգիստը անյարմար էր ձմերելու, շատեր կը թելադրէին մեկնիլ անկէ, որպէսզի ջանային հասնիլ Փիւնիկէ, որ Կրետէի մէկ նաւահանգիստն է ու կը նայի դէպի հարաւ-արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք, ու հոն ձմերել:
Acts ArmWeste 27:13  Երբ հարաւային հովը մեղմութեամբ փչեց, կարծելով թէ հասած են իրենց առաջադրութեան՝ թուլցուցին խարիսխը ու նաւարկեցին Կրետէի քովէն:
Acts ArmWeste 27:14  Բայց քիչ ետք՝ անոր դէմ ելաւ մրրկալից հով մը, որ կը կոչուէր Եւրակիկլոն:
Acts ArmWeste 27:15  Երբ նաւը յափշտակուեցաւ եւ չկրցաւ դիմադրել հովին, թողուցինք որ քշուի:
Acts ArmWeste 27:16  Սուրալով Կղօդա կոչուող փոքր կղզիի մը վարի կողմէն՝ հազիւ կրցանք բռնել մակոյկը:
Acts ArmWeste 27:17  Երբ վերցուցին զայն, օգնութեան միջոցներ գործածելով՝ տակէն կապեցին նաւը: Վախնալով որ իյնան յորձանուտը՝ իջեցուցին առագաստը, եւ ա՛յդպէս կը քշուէին:
Acts ArmWeste 27:18  Քանի սաստիկ մրրիկի մէջ էինք, յաջորդ օրը դուրս նետեցին բեռները:
Acts ArmWeste 27:19  Իսկ երրորդ օրը՝ մենք մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք նաւուն գործիքները:
Acts ArmWeste 27:20  Երբ շատ օրեր՝ ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր երեւցան, ու սաստիկ մրրիկ կար մեզի դէմ, ա՛լ փրկուելու ամէն յոյս կտրուեցաւ մեզմէ:
Acts ArmWeste 27:21  Քանի որ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս՝ կայնելով անոնց մէջ՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ, պէտք էր որ մտիկ ընէիք ինծի ու չնաւարկէիք Կրետէէն, եւ չկրէիք այս վնասն ու կորուստը:
Acts ArmWeste 27:22  Իսկ հիմա կը յորդորեմ ձեզ որ ոգեւորուիք, քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն անձը պիտի կորսուի, բայց միայն նաւը:
Acts ArmWeste 27:23  Արդարեւ այս գիշեր քովս կայնեցաւ հրեշտակը այն Աստուծոյն, որուն կը պատկանիմ եւ որ կը պաշտեմ,
Acts ArmWeste 27:24  ու ըսաւ. “Մի՛ վախնար, Պօղո՛ս. դուն պէտք է որ կայսրին ներկայանաս. եւ ահա՛ Աստուած շնորհեց քեզի բոլոր անոնք՝ որ կը նաւարկեն քեզի հետ”:
Acts ArmWeste 27:25  Ուստի, մարդի՛կ, ոգեւորուեցէ՛ք, որովհետեւ ես կը հաւատամ Աստուծոյ. պիտի ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս ըսուեցաւ ինծի:
Acts ArmWeste 27:26  Սակայն պէտք է որ նաւը կղզիի մը առջեւ խրի՝՝»:
Acts ArmWeste 27:27  Երբ տասնչորրորդ գիշերն էր՝ որ կը տարուբերուէինք Ադրիական ծովուն մէջ, կէս գիշերին նաւաստիները ենթադրեցին թէ մօտեցած են ցամաքի մը:
Acts ArmWeste 27:28  Ձգելով խորաչափը՝ գտան քսան գրկաչափ. քիչ մը յառաջ երթալով՝ դարձեալ ձգեցին, ու գտան տասնհինգ գրկաչափ:
Acts ArmWeste 27:29  Վախնալով որ գուցէ զարնուինք խարակներու՝՝, ետեւի կողմէն ձգեցին չորս խարիսխ, եւ կ՚ըղձային որ առտու ըլլայ:
Acts ArmWeste 27:30  Իսկ նաւաստիները կը ջանային փախչիլ նաւէն, ու ծովը իջեցուցին մակոյկը՝ պատրուակելով թէ առջեւի կողմէն ալ պիտի ձգեն խարիսխներ:
Acts ArmWeste 27:31  Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ասոնք չմնան նաւուն մէջ՝ դուք չէք կրնար փրկուիլ»:
Acts ArmWeste 27:32  Այն ատեն զինուորները կտրեցին մակոյկին չուանները, եւ թողուցին որ դուրս իյնայ:
Acts ArmWeste 27:33  Մինչ առտուն կը մօտենար, Պօղոս կ՚աղաչէր բոլորին որ կերակուր ուտեն՝ ըսելով. «Այսօր տասնչորս օր է՝ որ դուք սպասելով անօթի մնացած էք, ու ոչինչ կերած էք:
Acts ArmWeste 27:34  Ուստի կ՚աղաչեմ ձեզի՝ որ կերակուր ուտէք, որովհետեւ ասիկա՛ ալ ձեր փրկութեան համար է. քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն գլուխէն մա՛զ մը պիտի իյնայ»:
Acts ArmWeste 27:35  Այսպէս խօսելէ ետք՝ հաց առաւ, բոլորին առջեւ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ, ու կտրելով սկսաւ ուտել:
Acts ArmWeste 27:36  Բոլորն ալ ոգեւորուեցան, եւ իրենք ալ կերակուր կերան:
Acts ArmWeste 27:37  Նաւուն մէջ՝ բոլորս երկու հարիւր եօթանասունվեց անձ էինք:
Acts ArmWeste 27:38  Երբ կշտացան կերակուրով, թեթեւցուցին նաւը՝ ծովը թափելով ցորենը:
Acts ArmWeste 27:39  Երբ առտու եղաւ՝ չէին ճանչնար ցամաքը. բայց նշմարելով ծոց մը՝ որ ծովեզերք ունէր, ծրագրեցին նաւը խրել անոր մէջ՝ եթէ կարելի ըլլար:
Acts ArmWeste 27:40  Ուստի ծովը թողուցին խարիսխները՝ կտրելով պարանները, թուլցուցին ղեկերուն պարանները, եւ հովին բանալով առագաստը՝ ուղղուեցան դէպի այդ ծովեզերքը:
Acts ArmWeste 27:41  Զարնուելով աւազակոյտի մը՝՝, խրեցին նաւը. առջեւի կողմը մխրճուելով՝ մնաց անշարժ, իսկ ետեւի կողմը կը քակուէր ալիքներուն սաստկութենէն:
Acts ArmWeste 27:42  Զինուորներն ալ ծրագրեցին սպաննել բանտարկեալները, որպէսզի անոնցմէ ո՛չ մէկը լողալով փախչի:
Acts ArmWeste 27:43  Բայց հարիւրապետը, որ կը փափաքէր փրկել Պօղոսը, արգելք եղաւ անոնց ծրագիրին: Հրամայեց որ լողալ գիտցողնե՛րը նախ ծով նետուին ու ցամաք ելլեն.
Acts ArmWeste 27:44  իսկ միւսները հետեւին՝ ոմանք տախտակներով, եւ ոմանք՝ նաւուն ուրիշ բաներով: Այսպէս՝ բոլորը ազատելով ցամաք հասան: