Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 23
Acts ArmWeste 23:1  Պօղոս՝ ակնապիշ նայելով ատեանին՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես մինչեւ այսօր բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ»:
Acts ArmWeste 23:2  Անանիա քահանայապետն ալ հրամայեց իր քով կայնողներուն՝ որ զարնեն անոր բերանին:
Acts ArmWeste 23:3  Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուա՛ծ պիտի զարնէ քեզի, ծեփուա՛ծ պատ: Դուն բազմած ես՝ դատելու զիս Օրէնքին համաձայն, եւ կը հրամայե՞ս Օրէնքին հակառակ՝ որ զարնեն ինծի»:
Acts ArmWeste 23:4  Շուրջը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը հեգնես»:
Acts ArmWeste 23:5  Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբայրնե՛ր, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է, որովհետեւ գրուած է. “Քու ժողովուրդիդ պետին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ”»:
Acts ArmWeste 23:6  Երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մէկ մասը Սադուկեցիներ էին, ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, աղաղակեց ատեանին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. կը դատուիմ մեռելներու յարութեան յոյսի՛ն համար»:
Acts ArmWeste 23:7  Երբ ըսաւ ասիկա, ընդվզում մը ծագեցաւ Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն միջեւ, ու բազմութիւնը բաժնուեցաւ.
Acts ArmWeste 23:8  քանի որ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ ո՛չ յարութիւն կայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի, իսկ Փարիսեցիները կը դաւանին երկուքն ալ:
Acts ArmWeste 23:9  Հզօր գոչիւն մը բարձրացաւ, եւ Փարիսեցիներու կողմէն եղող դպիրները կանգնեցան ու մաքառեցան՝ ըսելով. «Մենք ո՛չ մէկ չարութիւն կը գտնենք այս մարդուն վրայ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը խօսած է անոր, ի՞նչ կրնանք ընել՝՝»:
Acts ArmWeste 23:10  Երբ աղմուկը սաստկացաւ՝՝, հազարապետը՝ վախնալով որ Պօղոս բզքտուի անոնցմէ՝ հրամայեց զօրքերուն որ իջնեն, յափշտակեն զայն անոնց մէջէն ու բերեն բերդը:
Acts ArmWeste 23:11  Հետեւեալ գիշերը Տէրը կայնեցաւ անոր քով եւ ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, Պօղո՛ս, որովհետեւ ի՛նչպէս վկայեցիր ինծի համար Երուսաղէմի մէջ, ա՛յնպէս ալ պէտք է վկայես Հռոմի մէջ»:
Acts ArmWeste 23:12  Երբ առտու եղաւ, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան եւ նզովեցին իրենք զիրենք, ըսելով թէ ո՛չ պիտի ուտեն, ո՛չ ալ խմեն՝ մինչեւ որ սպաննեն Պօղոսը:
Acts ArmWeste 23:13  Այս երդումը ընողները՝ քառասունէ աւելի էին:
Acts ArmWeste 23:14  Անոնք գացին քահանայապետներուն ու երէցներուն, եւ ըսին. «Սաստիկ նզովեցինք մենք մեզ, որ ո՛չ մէկ բան ճաշակենք՝ մինչեւ որ սպաննենք Պօղոսը:
Acts ArmWeste 23:15  Ուստի դուք հիմա՝ ատեանին հետ՝ խնդրա՛նք յայտնեցէք հազարապետին, որ վաղը իջեցնէ զայն ձեզի, իբր թէ կ՚ուզէք աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենալ անոր մասին. իսկ մենք՝ անոր մօտենալէն առաջ՝ պատրաստ ենք սպաննել զայն»:
Acts ArmWeste 23:16  Բայց Պօղոսի քրոջ որդին՝ լսելով այս դարանակալութիւնը՝ գնաց, մտաւ բերդը, ու պատմեց Պօղոսի:
Acts ArmWeste 23:17  Պօղոս ալ կանչեց հարիւրապետներէն մէկը եւ ըսաւ. «Տա՛ր այս երիտասարդը հազարապետին, որովհետեւ լուր մը ունի՝ տալու անոր»:
Acts ArmWeste 23:18  Ան ալ առաւ զայն, տարաւ հազարապետին եւ ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը կանչեց զիս ու խնդրեց՝ որ բերեմ քեզի այս երիտասարդը, քանի որ ըսելիք ունի քեզի»:
Acts ArmWeste 23:19  Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի քաշուեցաւ եւ հարցուց. «Ի՞նչ լուր ունիս՝ տալու ինծի»:
Acts ArmWeste 23:20  Ան ալ ըսաւ. «Հրեաները միաձայնեցան թախանձել քեզի՝ որ վաղը ատեանին առջեւ իջեցնես Պօղոսը, որպէս թէ կ՚ուզեն աւելի ճշգրտութեամբ հարցաքննել զայն:
Acts ArmWeste 23:21  Բայց դուն մտիկ մի՛ ըներ անոնց, որովհետեւ անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարան մտած են անոր համար, եւ իրենք զիրենք նզոված՝ որ ո՛չ ուտեն, ո՛չ ալ խմեն, մինչեւ որ սպաննեն զայն. ու հիմա պատրաստ են, եւ կը սպասեն քու խոստումիդ»:
Acts ArmWeste 23:22  Հետեւաբար հազարապետը արձակեց երիտասարդը՝ պատուիրելով անոր. «Ո՛չ մէկուն ըսէ թէ այս բաները յայտնեցիր ինծի»:
Acts ArmWeste 23:23  Ապա կանչելով հարիւրապետներէն երկուքը՝ ըսաւ. «Պատրաստեցէ՛ք երկու հարիւր զինուոր, եօթանասուն ձիաւոր ու երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէսզի երթան մինչեւ Կեսարիա՝ գիշերուան երրորդ ժամուն՝՝.
Acts ArmWeste 23:24  նաեւ հայթայթեցէ՛ք գրաստներ, որպէսզի հեծցնեն Պօղոսը եւ ապահովութեամբ տանին Փելիքս կառավարիչին»:
Acts ArmWeste 23:25  Նամակ մըն ալ գրեց՝ սա՛ տիպարին համաձայն.
Acts ArmWeste 23:26  «Կղօդիոս Լիւսիաս՝ պատուական Փելիքս կառավարիչին. ողջո՜յն:
Acts ArmWeste 23:27  Այս մարդը բռնուած էր Հրեաներէն եւ պիտի սպաննուէր անոնցմէ. իսկ ես վրայ հասայ զօրքերով եւ ազատեցի զայն, հասկնալով որ Հռոմայեցի է:
Acts ArmWeste 23:28  Ուզելով գիտնալ պատճառը՝ որուն համար կ՚ամբաստանէին զինք, տարի զինք անոնց ատեանին առջեւ,
Acts ArmWeste 23:29  եւ գտայ թէ ամբաստանուած էր իրենց Օրէնքին վերաբերեալ հարցերու համար, բայց մահուան կամ կապերու արժանի ո՛չ մէկ յանցանք ունէր:
Acts ArmWeste 23:30  Երբ տեղեկացայ թէ Հրեաները կը դաւադրեն այդ մարդուն դէմ, անյապաղ ղրկեցի քեզի, պատուիրելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ խօսին քու առջեւդ անոր դէմ: Ո՛ղջ եղիր»:
Acts ArmWeste 23:31  Զինուորներն ալ առին Պօղոսը եւ գիշերուան մէջ տարին Անտիպատրոս, իրենց հրամայուածին համաձայն:
Acts ArmWeste 23:32  Հետեւեալ օրը՝ թողուցին ձիաւորները որ երթան անոր հետ, իսկ իրենք վերադարձան բերդը:
Acts ArmWeste 23:33  Անոնք ալ մտան Կեսարիա, տուին նամակը կառավարիչին ու ներկայացուցին Պօղոսը անոր:
Acts ArmWeste 23:34  Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՛ր գաւառէն է, եւ հասկնալով թէ Կիլիկիայէն է՝
Acts ArmWeste 23:35  ըսաւ. «Մտիկ պիտի ընեմ քեզի՝ երբ գան քեզ ամբաստանողներն ալ»: Ու հրամայեց որ պահեն զայն Հերովդէսի պալատին մէջ: