Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ROMANS
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 11
Roma ArmWeste 11:1  Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ Աստուած վանե՞ց իր ժողովուրդը»: Ամե՛նեւին. որովհետեւ ե՛ս ալ Իսրայելացի եմ, Աբրահամի զարմէն, Բենիամինի տոհմէն:
Roma ArmWeste 11:2  Աստուած չվանեց իր ժողովուրդը, որ նախապէս ճանչցած էր: Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Գիրքը ի՛նչ կ՚ըսէ Եղիայի մասին, թէ ի՛նչպէս ան կը գանգատէր Աստուծոյ՝ Իսրայէլի դէմ, ըսելով.
Roma ArmWeste 11:3  «Տէ՛ր, քու մարգարէներդ սպաննեցին ու քու զոհասեղաններդ փլցուցին. ես մինակ մնացած եմ, եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»:
Roma ArmWeste 11:4  Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ անոր Աստուծոյ պատգամը. «Ինծի պահեցի եօթը հազար մարդ, որոնք Բահաղի չծնրադրեցին»:
Roma ArmWeste 11:5  Նոյնպէս ալ այս ներկայ ատենը մնացորդ մը կայ՝ շնորհքի ընտրութեան համաձայն:
Roma ArmWeste 11:6  Եւ եթէ շնորհքով է, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. այլապէս՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չ՚ըլլար: Իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. այլապէս՝ գործը ա՛լ գործ չ՚ըլլար:՝՝
Roma ArmWeste 11:7  Ուրեմն ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին՝ որ կը փնտռէր. սակայն ընտրուածնե՛րը հասան անոր, իսկ միւսները կուրցան
Roma ArmWeste 11:8  (ինչպէս գրուած է. «Աստուած անոնց տուաւ թմրութեան ոգի. աչքեր՝ որ չտեսնեն, եւ ականջներ՝ որ չլսեն».) մինչեւ այսօր:
Roma ArmWeste 11:9  Ու Դաւիթ կ՚ըսէ. «Անոնց սեղանը վարմ, որոգայթ, գայթակղութիւն եւ հատուցում թող ըլլայ իրենց:
Roma ArmWeste 11:10  Անոնց աչքերը թող խաւարին՝ որպէսզի չտեսնեն, եւ անոնց կռնակը ամէ՛ն ատեն վար ծռէ»:
Roma ArmWeste 11:11  Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ անոնք սայթաքեցան՝ որպէսզի իյնա՞ն»: Ամե՛նեւին: Հապա՝ փրկութիւնը հասաւ հեթանոսներուն անոնց անկումով, որպէսզի գրգռէ անոնց նախանձը:
Roma ArmWeste 11:12  Ուստի եթէ անոնց անկումը աշխարհի հարստութիւն եղաւ, եւ անոնց նուաստացումը՝ հեթանոսներուն հարստութիւն, ա՛լ ո՜րչափ աւելի՝ անոնց լիութիւնը:
Roma ArmWeste 11:13  Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ. «Քանի որ հեթանոսներուն առաքեալն եմ՝ կը փառաւորեմ իմ սպասարկութիւնս,
Roma ArmWeste 11:14  յուսալով բարի նախանձը գրգռել իմ մարմինէս եղողներուն, եւ փրկել անոնցմէ ոմանք»:
Roma ArmWeste 11:15  Որովհետեւ եթէ անոնց մեկուսացուիլը աշխարհի հաշտութիւն եղաւ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերստին ընդունուիլը, եթէ ոչ՝ կեանք մեռելներէն:
Roma ArmWeste 11:16  Ուրեմն՝ եթէ երախայրիքը սուրբ է, նոյնն է նաեւ զանգուածը. ու եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ:
Roma ArmWeste 11:17  Եթէ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, ու դո՛ւն՝ որ վայրի ձիթենի էիր, պատուաստուեցար անոնց մէջտեղ եւ հաղորդակից եղար անոնց հետ ձիթենիին արմատին ու պարարտութեան,
Roma ArmWeste 11:18  մի՛ պարծենար ճիւղերուն դէմ: Իսկ եթէ պարծենաս, գիտցի՛ր թէ դո՛ւն չես որ կը կրես արմատը, հապա արմա՛տը՝ քեզ:
Roma ArmWeste 11:19  Ուրեմն պիտի ըսես. «Ճիւղերը կտրուեցան՝ որպէսզի ես պատուաստուիմ»:
Roma ArmWeste 11:20  Լա՛ւ. անոնք կտրուեցան անհաւատութեան պատճառով, ու դուն հաստատ մնացած ես հաւատքով: Մեծամիտ մի՛ ըլլար, հապա վախցի՛ր.
Roma ArmWeste 11:21  որովհետեւ եթէ Աստուած չխնայեց բնական ճիւղերուն, գուցէ չխնայէ նաեւ քեզի:
Roma ArmWeste 11:22  Ուրեմն տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը. խստութիւն՝ ինկածներուն հանդէպ, իսկ բարութիւն՝ քեզի հանդէպ, եթէ յարատեւես անոր քաղցրութեան մէջ. այլապէս՝ դո՛ւն ալ պիտի կտրուիս:
Roma ArmWeste 11:23  Իսկ անոնք ալ պիտի պատուաստուին՝ եթէ չմնան իրենց անհաւատութեան մէջ, որովհետեւ Աստուած կարող է դարձեալ պատուաստել զանոնք:
Roma ArmWeste 11:24  Քանի որ եթէ դուն կտրուեցար այն ձիթենիէն՝ որ բնութեամբ վայրի էր, եւ հակառակ բնութեան՝ պատուաստուեցար լաւ ձիթենիի մը վրայ, ա՛լ ո՜րչափ աւելի ասոնք՝ որ բնական ճիւղերն են, պիտի պատուաստուին իրենց սեփական ձիթենիին վրայ:
Roma ArmWeste 11:25  Որովհետեւ չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք սա՛ խորհուրդին, (որպէսզի դուք ձեզ իմաստուն չսեպէք,) թէ մասնակի կուրութիւն պատահեցաւ Իսրայէլի, մինչեւ որ ներս մտնէ հեթանոսներուն լիութիւնը:
Roma ArmWeste 11:26  Եւ այսպէս՝ ամբողջ Իսրայէլը պիտի փրկուի, ինչպէս գրուած է. «Ազատարարը Սիոնէն պիտի գայ, ու Յակոբէն պիտի հեռացնէ ամբարշտութիւնը:
Roma ArmWeste 11:27  Եւ ա՛յս է իմ ուխտս անոնց հետ, երբ քաւեմ անոնց մեղքերը»:
Roma ArmWeste 11:28  Աւետարանին համաձայն՝ անոնք թշնամիներ են ձեր պատճառով. բայց ընտրութեան համաձայն՝ սիրելի են իրենց հայրերուն պատճառով,
Roma ArmWeste 11:29  քանի որ Աստուծոյ շնորհներն ու կոչումը անդառնալի են:
Roma ArmWeste 11:30  Որովհետեւ ինչպէս ժամանակին դուք ալ չէիք հնազանդեր Աստուծոյ, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհնազանդութեամբ,
Roma ArmWeste 11:31  նոյնպէս անոնք ալ հիմա չհնազանդեցան, որպէսզի անոնք ալ ողորմութիւն գտնեն ձեր գտած ողորմութեամբ՝՝:
Roma ArmWeste 11:32  Որովհետեւ Աստուած ներփակեց բոլորը անհնազանդութեան մէջ, որպէսզի ողորմի բոլորին:
Roma ArmWeste 11:33  «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:
Roma ArmWeste 11:34  Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդատու եղաւ:
Roma ArmWeste 11:35  Կամ ո՞վ նախապէս անոր տուաւ բան մը, որ հատուցանուի իրեն»:
Roma ArmWeste 11:36  Որովհետեւ անկէ, անով եւ անորն են բոլոր բաները, որուն փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն: