Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
HEBREWS
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 11
Hebr ArmWeste 11:1  Իսկ հաւատքը՝ յուսացուած բաներուն խարիսխն է, եւ անտեսանելի բաներուն ապացոյցը.
Hebr ArmWeste 11:2  որովհետեւ անո՛վ նախնիքները ընդունեցին բարի վկայութիւն մը:
Hebr ArmWeste 11:3  Հաւատքո՛վ կ՚ըմբռնենք թէ տիեզերքը կազմուեցաւ Աստուծոյ խօսքով, այնպէս որ տեսանելի բաները գոյացան աներեւոյթ բաներէն:
Hebr ArmWeste 11:4  Հաւատքո՛վ Աբէլ աւելի լաւ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ՝ քան Կայէն, որով վկայուեցաւ թէ արդար էր, քանի որ Աստուած վկայեց իր ընծաներուն մասին. եւ անով՝ թէպէտ մեռաւ՝ տակաւին կը խօսի:
Hebr ArmWeste 11:5  Հաւատքո՛վ Ենովք փոխադրուեցաւ երկրէն՝ որպէսզի մահ չտեսնէ, ու ո՛չ մէկ տեղ կը գտնուէր, որովհետեւ Աստուած փոխադրեց զայն, քանի որ անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ հաճելի էր Աստուծոյ:
Hebr ArmWeste 11:6  Սակայն առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. որովհետեւ ա՛ն՝ որ կը մօտենայ Աստուծոյ, պէտք է հաւատայ թէ Աստուած կայ, եւ կը վարձատրէ անոնք՝ որ կը փնտռեն զինք:
Hebr ArmWeste 11:7  Հաւատքո՛վ Նոյ, պատգամ ստանալով Աստուծմէ՝ տակաւին անտեսանելի բաներու մասին, երկիւղածութեամբ կերտեց տապան մը՝ իր ընտանիքին փրկութեան համար, որով դատապարտեց աշխարհը եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեան՝ որ կ՚ըլլայ հաւատքով:
Hebr ArmWeste 11:8  Հաւատքո՛վ Աբրահամ հնազանդեցաւ, երբ կանչուեցաւ մեկնելու տեղ մը՝ որ պիտի ստանար իբր ժառանգութիւն, ու մեկնեցաւ՝ առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ՚երթար:
Hebr ArmWeste 11:9  Հաւատքո՛վ պանդխտացաւ խոստացուած երկրին մէջ՝ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակելով Իսահակի եւ Յակոբի հետ, որոնք ժառանգակիցներն էին նոյն խոստումին.
Hebr ArmWeste 11:10  որովհետեւ ինք կը սպասէր հիմեր ունեցող քաղաքի մը, որուն ճարտարապետն ու կառուցանողը Աստուած է:
Hebr ArmWeste 11:11  Հաւատքո՛վ Սառա ի՛նք ալ կարողութիւն ստացաւ սերնդագործելու, ու հասունութեան մէջ զաւակ ծնաւ, քանի որ հաւատարիմ համարեց ա՛ն՝ որ խոստացած էր:
Hebr ArmWeste 11:12  Ուստի այդ մէկէն - որ մեռածի պէս էր - ծնան ա՛յնքան բազմաթիւ՝ որքան երկինքի աստղերը, եւ անհամար՝ ինչպէս ծովեզերքի աւազը:
Hebr ArmWeste 11:13  Ասոնք բոլորն ալ մեռան հաւատքով՝ առանց ստացած ըլլալու խոստումները, բայց հեռուէն տեսան զանոնք եւ բարեւեցին, ընդունելով թէ իրենք օտարականներ ու գաղթականներ են երկրի վրայ.
Hebr ArmWeste 11:14  որովհետեւ անոնք որ կը խօսին այսպիսի բաներ, կը յայտնեն թէ կը փնտռեն բնագաւառ մը:
Hebr ArmWeste 11:15  Արդարեւ, եթէ յիշէին այն հայրենիքը՝ ուրկէ դուրս ելած էին, պատեհութիւն կ՛ունենային հոն վերադառնալու:
Hebr ArmWeste 11:16  Իսկ հիմա կը բաղձան լաւագոյն հայրենիքի մը, այսինքն՝ երկնայինին. ուստի Աստուած ամօթ չի սեպեր անոնց Աստուածը կոչուիլ, որովհետեւ ինք քաղաք մը պատրաստեց անոնց:
Hebr ArmWeste 11:17  Հաւատքո՛վ Աբրահամ, երբ կը փորձուէր, Իսահակը զոհ մատուցանեց: Ի՛նք՝ որ ընդունած էր խոստումները՝ մատուցանեց իր մէկ հատիկ որդին,-
Hebr ArmWeste 11:18  որուն համար ըսուած էր. «Իսահակի՛ անունով պիտի կոչուի քու զարմդ»,-
Hebr ArmWeste 11:19  որովհետեւ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է յարուցանել զայն, նոյնիսկ մեռելներէն. ուրկէ ալ ստացաւ զայն՝ որպէս նախատիպար:
Hebr ArmWeste 11:20  Հաւատքո՛վ Իսահակ, մարգարէանալով գալիք բաներուն մասին, օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը:
Hebr ArmWeste 11:21  Հաւատքո՛վ Յակոբ, երբ մահամերձ էր, օրհնեց Յովսէփի որդիներէն իւրաքանչիւրը, ու երկրպագեց՝ յենելով իր գաւազանին ծայրին վրայ:
Hebr ArmWeste 11:22  Հաւատքո՛վ Յովսէփ, երբ կը վախճանէր, յիշեց Իսրայէլի որդիներուն մեկնումը Եգիպտոսէն, ու պատուէր տուաւ իր ոսկորներուն համար:
Hebr ArmWeste 11:23  Հաւատքո՛վ Մովսէս, երբ ծնաւ, երեք ամիս պահուեցաւ իր ծնողներուն կողմէ, որովհետեւ տեսան գեղեցիկ մանուկը, ու չվախցան թագաւորին հրամանէն:
Hebr ArmWeste 11:24  Հաւատքո՛վ Մովսէս, երբ մեծցաւ, մերժեց Փարաւոնի աղջիկին որդի կոչուիլ,
Hebr ArmWeste 11:25  նախընտրելով չարչարուիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ՝ քան վայելել մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը:
Hebr ArmWeste 11:26  Աւելի մեծ հարստութիւն համարեց Քրիստոսի նախատինքը՝ քան Եգիպտոսի գանձերը, որովհետեւ կը դիտէր վարձատրութիւնը:
Hebr ArmWeste 11:27  Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին:
Hebr ArmWeste 11:28  Հաւատքո՛վ կատարեց զատիկը եւ արիւնին հեղումը, որպէսզի անդրանիկները բնաջնջողը չդպչի իրենց:
Hebr ArmWeste 11:29  Հաւատքո՛վ Կարմիր ծովէն անցան՝ որպէս թէ ցամաքէ, ինչ որ Եգիպտացիները փորձեցին՝ սակայն ընկղմեցան:
Hebr ArmWeste 11:30  Հաւատքո՛վ Երիքովի պարիսպները ինկան, երբ Իսրայելացիները եօթը օր դարձան անոնց շուրջը:
Hebr ArmWeste 11:31  Հաւատքո՛վ Ռախաբ պոռնիկը չկորսուեցաւ անհնազանդներուն հետ, խաղաղութեամբ ընդունած ըլլալով լրտեսները:
Hebr ArmWeste 11:32  Եւ ա՛լ ի՞նչ ըսեմ. որովհետեւ ժամանակը պիտի պակսի՝ պատմելու Գեդէոնի, Բարակի, Սամփսոնի, Յեփթայէի, Դաւիթի, Սամուէլի եւ ուրիշ մարգարէներու մասին,
Hebr ArmWeste 11:33  որոնք հաւատքո՛վ պայքարեցան թագաւորութիւններու դէմ, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու երախներ գոցեցին,
Hebr ArmWeste 11:34  կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերանէ խուսափեցան, տկարութենէ զօրացան, պատերազմի մէջ ուժեղացան, օտարներու բանակներ ընկճեցին:
Hebr ArmWeste 11:35  Կիներ ընդունեցին իրենց մեռելները՝ յարութիւն առած. իսկ ուրիշներ գանակոծուեցան՝ չընդունելով ազատագրութիւնը, որպէսզի հասնին լաւագոյն յարութեան մը:
Hebr ArmWeste 11:36  Ուրիշներ ալ փորձառութիւնը ունեցան ծաղրանքի եւ խարազանի, նաեւ կապերու ու բանտերու.
Hebr ArmWeste 11:37  քարկոծուեցան, սղոցուեցան, տանջուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի մորթերով եւ այծի մորթերով շրջեցան, զրկուելով, տառապելով, չարչարուելով,
Hebr ArmWeste 11:38  (որոնց արժանի չէր աշխարհը,) մոլորելով անապատներու, լեռներու, քարայրներու եւ երկրի խոռոչներուն մէջ:
Hebr ArmWeste 11:39  Ասոնք բոլորն ալ ընդունեցին բարի վկայութիւն մը իրենց հաւատքին համար, սակայն խոստումը չստացան,
Hebr ArmWeste 11:40  քանի որ Աստուած մեզի համար նախատեսած էր աւելի լաւ բան մը, որպէսզի անոնք չհասնին խոստումին իրագործումին՝՝ առանց մեզի: