Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
LUKE
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 8
Luke ArmWeste 8:1  Անկէ ետք, ինք կը քարոզէր՝ քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ շրջելով, եւ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Տասներկուքը իրեն հետ էին,
Luke ArmWeste 8:2  նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բուժուած էին.- Մարիամ՝ որ կը կոչուէր Մագդաղենացի եւ որմէ եօթը դեւ ելեր էր,
Luke ArmWeste 8:3  Յովհաննա, Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը, Շուշան ու շատ ուրիշներ, որոնք կը սպասարկէին անոր իրենց ինչքով:
Luke ArmWeste 8:4  Երբ մեծ բազմութիւն հաւաքուեցաւ եւ ամէն քաղաքէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց.
Luke ArmWeste 8:5  «Սերմնացան մը գնաց իր հունտը ցանելու: Մինչ կը ցանէր, քանի մը հունտեր ինկան ճամբային եզերքը եւ կոխկռտուեցան, ու երկինքի թռչունները լափեցին զանոնք:
Luke ArmWeste 8:6  Ուրիշներ ինկան ժայռի վրայ, եւ հազիւ բուսած՝ չորցան, քանի բուսահող չկար:
Luke ArmWeste 8:7  Ուրիշներ ալ ինկան փուշերու մէջ, ու փուշերը բուսնելով անոնց հետ՝ խեղդեցին զանոնք:
Luke ArmWeste 8:8  Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»: Երբ ըսաւ այս բաները՝ գոչեց. «Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Luke ArmWeste 8:9  Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Ի՞նչ է իմաստը այս առակին»:
Luke ArmWeste 8:10  Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի՛ տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն՝ առակներով կը խօսիմ. որպէսզի նայելով՝ չտեսնեն, ու լսելով՝ չհասկնան»:
Luke ArmWeste 8:11  «Ուրեմն սա՛ է առակին իմաստը. հունտը՝ Աստուծոյ խօսքն է:
Luke ArmWeste 8:12  Ճամբային եզերքը եղողները անոնք են՝ որ կը լսեն. յետոյ Չարախօսը կու գայ եւ կը վերցնէ անոնց սիրտէն խօսքը, որպէսզի չհաւատան ու չփրկուին:
Luke ArmWeste 8:13  Ժայռի վրայինները անոնք են, որ երբ լսեն՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին խօսքը: Բայց արմատ չունին. ատեն մը կը հաւատան, եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան:
Luke ArmWeste 8:14  Փուշերու մէջ ինկածները անոնք են, որ լսելէ ետք՝ կ՚երթան, բայց կը խեղդուին այս կեանքին հոգերով, հարստութեամբ ու հաճոյքներով, եւ պտուղ չեն հասունցներ:
Luke ArmWeste 8:15  Իսկ լաւ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը լսելով՝ պարկեշտ ու բարի սիրտի մը մէջ կը պահեն զայն, եւ համբերութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն»:
Luke ArmWeste 8:16  «Ո՛չ մէկը՝ ճրագ մը վառելէ ետք՝ կը ծածկէ զայն անօթով մը, կամ կը դնէ մահիճի մը ներքեւ. հապա կը դնէ աշտանակի՛ մը վրայ, որպէսզի ներս մտնողները տեսնեն լոյսը:
Luke ArmWeste 8:17  Որովհետեւ չկայ գաղտնիք մը՝ որ բացայայտ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ պահուած բան մը՝ որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ:
Luke ArmWeste 8:18  Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ որ ունի՝ պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը կարծէ թէ ունի»:
Luke ArmWeste 8:19  Անոր մայրն ու եղբայրները եկան իրեն, բայց բազմութենէն չէին կրնար մօտենալ իրեն:
Luke ArmWeste 8:20  Անոր լուր տուին՝ ըսելով. «Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայնած են եւ կ՚ուզեն տեսնել քեզ»:
Luke ArmWeste 8:21  Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անո՛նք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն»:
Luke ArmWeste 8:22  Օր մը՝ ինք նաւ մտաւ իր աշակերտներուն հետ, եւ ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս եզերքը անցնինք»: Մեկնեցան.
Luke ArmWeste 8:23  բայց մինչ կը նաւարկէին՝ ինք քնացաւ: Հովի փոթորիկ մը իջաւ ծովակին վրայ. նաւը կը լեցուէր ջուրով, եւ իրենք վտանգի մէջ էին:
Luke ArmWeste 8:24  Մօտեցան, արթնցուցին զինք ու ըսին. «Վարդապե՛տ, վարդապե՛տ, կը կորսուինք»: Ան ալ ոտքի ելաւ, սաստեց հովն ու ալիքները. եւ անոնք հանդարտեցան ու խաղաղութիւն եղաւ:
Luke ArmWeste 8:25  Ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»: Անոնք՝ վախով համակուած՝ զարմացան, եւ կ՚ըսէին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ կը հրամայէ նոյնիսկ հովերուն ու ջուրին, եւ կը հնազանդին իրեն»:
Luke ArmWeste 8:26  Նաւարկելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլեայի դիմացն է:
Luke ArmWeste 8:27  Երբ ինք ցամաք ելաւ, քաղաքէն մարդ մը հանդիպեցաւ իրեն: Ան դեւեր ունէր ներսը՝ երկար ժամանակէ ի վեր. հանդերձ չէր հագներ, ո՛չ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա՝ գերեզմաններու մէջ:
Luke ArmWeste 8:28  Տեսնելով Յիսուսը՝ աղաղակեց, ինկաւ անոր առջեւ եւ ըսաւ բարձրաձայն. «Դուն ի՞նչ գործ ունիս ինծի հետ, Յիսո՛ւս, Ամենաբա՛րձր Աստուծոյ Որդի. կ՚աղերսե՛մ քեզի, մի՛ տանջեր զիս»:
Luke ArmWeste 8:29  (Որովհետեւ հրամայեց անմաքուր ոգիին՝ որ ելլէ այդ մարդէն. արդարեւ երկար ատեն էր որ գրաւած էր զայն, եւ ան կապուած կը պահուէր՝ շղթաներով ու ոտնակապերով, բայց կը կոտրտէր կապերը եւ դեւէն կը քշուէր անապատը:)
Luke ArmWeste 8:30  Յիսուս հարցուց անոր. «Ի՞նչ է անունդ»: Ան ալ ըսաւ. «Լեգէոն». որովհետեւ շատ դեւեր մտած էին անոր մէջ:
Luke ArmWeste 8:31  Անոնք կ՚աղաչէին իրեն, որ չհրամայէ իրենց՝ անդունդը երթալ:
Luke ArmWeste 8:32  Հոն խոզերու մեծ երամակ մը կար, որ լեռը կ՛արածէր: Աղաչեցին անոր՝ որ արտօնէ իրենց անոնց մէջ մտնել. եւ արտօնեց իրենց:
Luke ArmWeste 8:33  Ուստի դեւերը՝ դուրս ելլելով մարդէն՝ մտան խոզերուն մէջ. ու երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց եւ խեղդուեցաւ:
Luke ArmWeste 8:34  Խոզարածները տեսնելով պատահածը՝ փախան, ու պատմեցին քաղաքը եւ արտերը:
Luke ArmWeste 8:35  Մարդիկ դուրս ելան՝ պատահածը տեսնելու: Եկան Յիսուսի քով, ու գտան այն մարդը՝ որմէ դեւերը ելած էին, նստած Յիսուսի ոտքերուն քով, հագուած եւ սթափած. ու վախցան:
Luke ArmWeste 8:36  Անոնք որ տեսեր էին պատահածը, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչ կերպով դիւահարը բուժուեցաւ:
Luke ArmWeste 8:37  Գադարացիներուն շրջակայքը եղող ամբողջ բազմութիւնը կը թախանձէր անոր՝ որ երթայ իրենցմէ, որովհետեւ մեծ վախով համակուած էին: Ան ալ նաւ մտնելով վերադարձաւ:
Luke ArmWeste 8:38  Մարդը՝ որմէ դեւերը ելած էին, կ՚աղերսէր անոր որ ընկերանայ իրեն: Բայց Յիսուս արձակեց զայն եւ ըսաւ.
Luke ArmWeste 8:39  «Վերադարձի՛ր տունդ, ու պատմէ՛ ամէն ինչ որ Աստուած ըրաւ քեզի»: Ան ալ գնաց, եւ ամբողջ քաղաքին մէջ հրապարակեց ամէն ինչ որ Յիսուս ըրաւ իրեն:
Luke ArmWeste 8:40  Երբ Յիսուս վերադարձաւ, բազմութիւնը ընդունեց զինք, որովհետեւ բոլորը կը սպասէին իրեն:
Luke ArmWeste 8:41  Եւ ահա՛ Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանի պետ էր: Յիսուսի ոտքը իյնալով՝ կ՚աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ,
Luke ArmWeste 8:42  որովհետեւ ունէր մէկ հատիկ աղջիկ մը, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մահամերձ էր: Երբ Յիսուս կ՚երթար, բազմութիւնը կը սեղմէր զինք:
Luke ArmWeste 8:43  Կին մը, որ արիւնահոսութիւն ունէր տասներկու տարիէ ի վեր, եւ իր ամբողջ ունեցածը ծախսած էր բժիշկներուն, բայց ո՛չ մէկէն կրցած էր բուժուիլ,
Luke ArmWeste 8:44  ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ, եւ իր արիւնահոսութիւնը անմի՛ջապէս դադրեցաւ:
Luke ArmWeste 8:45  Ու Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան՝ որ դպաւ ինծի»: Երբ բոլորը կ՚ուրանային, Պետրոս եւ իրեն հետ եղողները ըսին. «Վարդապե՛տ, բազմութիւնը քեզ կը սեղմէ ու կը ճնշէ, եւ կ՚ըսես. “Ո՞վ դպաւ ինծի”»:
Luke ArmWeste 8:46  Յիսուս ըսաւ. «Մէ՛կը դպաւ ինծի, որովհետեւ գիտակցեցայ թէ զօրութիւն մը դուրս ելաւ ինձմէ»:
Luke ArmWeste 8:47  Երբ կինը տեսաւ թէ ըրածը անկէ թաքուն չմնաց, դողալով եկաւ, անոր առջեւ ինկաւ, եւ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ յայտարարեց անոր թէ ի՛նչ պատճառով դպեր էր անոր, եւ թէ ի՛նչպէս անմի՛ջապէս բժշկուեցաւ:
Luke ArmWeste 8:48  Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, աղջի՛կ, հաւատքդ բժշկեց քեզ. գնա՛ խաղաղութեամբ»:
Luke ArmWeste 8:49  Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովարանի պետին տունէն մէկը եկաւ եւ ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ մի՛ անհանգստացներ վարդապետը»:
Luke ArmWeste 8:50  Բայց երբ Յիսուս լսեց ասիկա՝ ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա, ու պիտի ապրի»:
Luke ArmWeste 8:51  Երբ տունը մտաւ, ո՛չ մէկուն թոյլ տուաւ որ մտնէ, բայց միայն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի, եւ աղջիկին հօր ու մօր:
Luke ArmWeste 8:52  Բոլորն ալ կու լային եւ կը հեծեծէին անոր վրայ. բայց ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք. ան մեռած չէ, հապա կը քնանայ»:
Luke ArmWeste 8:53  Անոնք ալ զինք ծաղրեցին, քանի գիտէին թէ մեռաւ:
Luke ArmWeste 8:54  Իսկ ինք բոլորն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց անոր ձեռքէն, ու գոչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ոտքի՛ ելիր»:
Luke ArmWeste 8:55  Անոր հոգին վերադարձաւ, եւ ան անմի՛ջապէս կանգնեցաւ: Յիսուս հրամայեց՝ որ անոր ուտելիք տան:
Luke ArmWeste 8:56  Անոր ծնողները զմայլած մնացին, եւ ինք պատուիրեց անոնց՝ որ պատահածը ո՛չ մէկուն ըսեն: