Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
LUKE
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 23
Luke ArmWeste 23:1  Անոնց ամբողջ բազմութիւնը կանգնեցաւ, տարին զայն Պիղատոսի,
Luke ArmWeste 23:2  եւ սկսան ամբաստանել զինք ու ըսել. «Ասիկա գտանք, որ կը խոտորեցնէր մեր ազգը, կ՚արգիլէր կայսրին հարկ տալ, եւ կ՚ըսէր իր մասին թէ ինք Քրիստոսն է՝ թագաւորը»:
Luke ArmWeste 23:3  Պիղատոս հարցուց անոր. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»: Ան ալ պատասխանեց անոր. «Դո՛ւն կ՚ըսես»:
Luke ArmWeste 23:4  Ուստի Պիղատոս ըսաւ քահանայապետներուն եւ բազմութեան. «Ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ այս մարդուն վրայ»:
Luke ArmWeste 23:5  Բայց անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին. «Կը գրգռէ ժողովուրդը, եւ կը սորվեցնէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսած մինչեւ այստեղ»:
Luke ArmWeste 23:6  Պիղատոս՝ լսելով Գալիլեայի մասին՝ հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլեացի՛ է:
Luke ArmWeste 23:7  Երբ գիտցաւ թէ Հերովդէսի իշխանութեան կը պատկանի՝ ղրկեց զայն Հերովդէսի, քանի որ ա՛ն ալ Երուսաղէմ էր այդ օրերը:
Luke ArmWeste 23:8  Երբ Հերովդէս տեսաւ Յիսուսը՝ չափազանց ուրախացաւ, որովհետեւ շատո՛նց կ՚ուզէր տեսնել զայն. քանի որ շատ բաներ լսած էր անոր մասին, ու կը յուսար տեսնել նշան մը՝ կատարուած անով:
Luke ArmWeste 23:9  Շատ խօսքերով հարցաքննեց զայն, բայց ան ոչինչ պատասխանեց անոր:
Luke ArmWeste 23:10  Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցած էին, եւ սաստիկ կ՚ամբաստանէին զինք:
Luke ArmWeste 23:11  Հերովդէս ալ՝ իր զօրականներուն հետ՝ անարգեց զայն, ու ծաղրելէն ետք՝ հագցուց անոր փառահեղ տարազ մը եւ ետ ղրկեց Պիղատոսի:
Luke ArmWeste 23:12  Այդ օրը Պիղատոս ու Հերովդէս բարեկամ եղան իրարու հետ. որովհետեւ նախապէս թշնամութիւն կար իրենց միջեւ:
Luke ArmWeste 23:13  Պիղատոս հաւաքեց քահանայապետները, պետերն ու ժողովուրդը,
Luke ArmWeste 23:14  եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը բերիք առջեւս՝ ժողովուրդը խոտորեցնողի մը պէս, բայց ես՝ ձեր առջեւ հարցաքննելով՝ ձեր ամբաստանութիւններէն ո՛չ մէկ յանցանք գտայ այս մարդուն վրայ,
Luke ArmWeste 23:15  ո՛չ ալ Հերովդէս, որովհետեւ անոր ղրկեցի ձեզ. եւ ահա՛ մահուան արժանի ոչինչ ըրած է:
Luke ArmWeste 23:16  Ուրեմն պատժեմ զայն, ու արձակեմ»:
Luke ArmWeste 23:17  (Արդարեւ տօնին ատենը՝ հարկ էր որ մէկը արձակէր անոնց:)
Luke ArmWeste 23:18  Ամբողջ բազմութիւնը միասին աղաղակեց. «Վերցո՛ւր ասիկա, եւ Բարաբբա՛ն արձակէ մեզի»
Luke ArmWeste 23:19  (որ բանտը նետուած էր՝ քաղաքին մէջ եղած ապստամբութեան մը ու մարդասպանութեան համար):
Luke ArmWeste 23:20  Իսկ Պիղատոս՝ ուզելով Յիսուսը արձակել՝ դարձեալ խօսեցաւ անոնց:
Luke ArmWeste 23:21  Բայց անոնք կը գոչէին. «Խաչէ՛, խաչէ՛ զայն»:
Luke ArmWeste 23:22  Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է. ես մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ գտայ անոր վրայ. ուրեմն պատժեմ զայն եւ արձակեմ»:
Luke ArmWeste 23:23  Իսկ անոնք կը պնդէին բարձրաձայն աղաղակներով ու կը պահանջէին որ խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները յաղթեցին:
Luke ArmWeste 23:24  Ուստի Պիղատոս վճռեց որ անոնց պահանջածը ըլլայ:
Luke ArmWeste 23:25  Արձակեց անոնց՝ իրենց պահանջած մարդը, որ բանտը նետուած էր ապստամբութեան ու մարդասպանութեան համար, իսկ յանձնեց Յիսուսը անոնց կամքին:
Luke ArmWeste 23:26  Երբ կը տանէին զայն, բռնեցին Սիմոն Կիւրենացի կոչուած մէկը՝ որ արտէն կու գար, եւ դրին խաչը անոր վրայ, որպէսզի կրէ Յիսուսի ետեւէն:
Luke ArmWeste 23:27  Ժողովուրդը կը հետեւէր անոր՝ մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ՝ որոնք կը հեծեծէին ու կ՚ողբային անոր վրայ:
Luke ArmWeste 23:28  Յիսուս դարձաւ անոնց եւ ըսաւ. «Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, հապա լացէ՛ք դուք ձեր վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ:
Luke ArmWeste 23:29  Որովհետեւ ահա՛ կու գան օրերը՝ որոնց մէջ պիտի ըսեն. “Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն՝ որոնք չծնան, ու ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին՝՝”:
Luke ArmWeste 23:30  Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. “Ինկէ՛ք մեր վրայ”, ու բլուրներուն. “Ծածկեցէ՛ք մեզ”:
Luke ArmWeste 23:31  Որովհետեւ եթէ ա՛յսպէս կ՚ընեն դալար փայտին, հապա ի՞նչ պիտի ընեն չորին»:
Luke ArmWeste 23:32  Երկու ուրիշներ ալ՝ չարագործներ՝ տարին անոր հետ, որպէսզի մեռցուին:
Luke ArmWeste 23:33  Երբ հասան Գագաթ կոչուած տեղը, հոն խաչեցին զայն եւ այդ չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը:
Luke ArmWeste 23:34  Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն»: Յետոյ անոր հանդերձները բաժնելու ատեն՝ վիճակ ձգեցին:
Luke ArmWeste 23:35  Ժողովուրդը կայնած՝ կը դիտէր. պետերն ալ անոնց հետ կը քամահրէին զայն ու կ՚ըսէին. «Ուրիշները փրկեց, ինքզի՛նքն ալ թող փրկէ, եթէ ի՛նք է Քրիստոսը՝ Աստուծոյ ընտրեալը»:
Luke ArmWeste 23:36  Զինուորներն ալ կը ծաղրէին զայն. կու գային առջեւը, քացախ կը մատուցանէին անոր,
Luke ArmWeste 23:37  ու կ՚ըսէին. «Եթէ դո՛ւն ես Հրեաներուն թագաւորը, փրկէ՛ դուն քեզ»:
Luke ArmWeste 23:38  Եւ գրութիւն մը գրուած էր անոր վրայ՝ յունարէն, լատիներէն ու եբրայերէն գիրերով. «Ա՛յս է Հրեաներուն թագաւորը»:
Luke ArmWeste 23:39  Այդ կախուած չարագործներէն մէկը կը հայհոյէր անոր ու կ՚ըսէր. «Եթէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, փրկէ՛ դուն քեզ, նաեւ մե՛զ»:
Luke ArmWeste 23:40  Իսկ միւսը՝ յանդիմանելով զայն՝ ըսաւ. «Դուն չե՞ս վախնար Աստուծմէ, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես:
Luke ArmWeste 23:41  Մենք՝ իսկապէս արդարաբար, քանի որ ահա՛ կը ստանանք մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը. բայց ասիկա անտեղի ո՛չ մէկ բան ըրաւ»:
Luke ArmWeste 23:42  Եւ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս՝ երբ գաս քու թագաւորութեամբդ»:
Luke ArmWeste 23:43  Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն ա՛յսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ”»:
Luke ArmWeste 23:44  Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր, երբ խաւար եղաւ ամբողջ երկրին վրայ՝ մինչեւ ժամը ինը. արեւը խաւարեցաւ,
Luke ArmWeste 23:45  ու տաճարին վարագոյրը պատռեցաւ մէջտեղէն:
Luke ArmWeste 23:46  Յիսուս բարձրաձայն գոչեց. «Հա՛յր, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս»: Ու երբ ըսաւ ասիկա՝ հոգին տուաւ:
Luke ArmWeste 23:47  Հարիւրապետը՝ տեսնելով պատահածը՝ փառաբանեց Աստուած եւ ըսաւ. «Ի՛րապէս այս մարդը արդար էր»:
Luke ArmWeste 23:48  Այս տեսարանը դիտելու համար հաւաքուած ամբողջ բազմութիւնը՝ պատահածները տեսնելով՝ կը ծեծէր կուրծքը ու կը վերադառնար:
Luke ArmWeste 23:49  Իր բոլոր ծանօթներն ալ հեռուն կայնած էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որ ուղեկցեր էին իրեն Գալիլեայէն, եւ կը տեսնէին այս բաները:
Luke ArmWeste 23:50  Մարդ մը կար՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի եւ արդար մարդ մը,
Luke ArmWeste 23:51  (ասիկա հաւանութիւն տուած չէր անոնց ծրագիրին ու արարքին,) Հրեաներուն Արիմաթեա քաղաքէն. ի՛նք ալ կը սպասէր Աստուծոյ թագաւորութեան:
Luke ArmWeste 23:52  Ասիկա գնաց Պիղատոսի քով եւ խնդրեց Յիսուսի մարմինը:
Luke ArmWeste 23:53  Ու խաչէն իջեցնելով զայն՝ փաթթեց կտաւով եւ դրաւ վիմափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր բնա՛ւ մէկը դրուած չէր:
Luke ArmWeste 23:54  Այդ օրը Ուրբաթ էր, ու Շաբաթը պիտի սկսէր:
Luke ArmWeste 23:55  Այն կիները՝ որ անոր հետ եկեր էին Գալիլեայէն՝ հետեւեցան ու տեսան գերեզմանը, եւ թէ ի՛նչպէս հոն դրուեցաւ անոր մարմինը:
Luke ArmWeste 23:56  Ու վերադառնալով՝ բոյրեր եւ օծանելիքներ պատրաստեցին, ու Շաբաթ օրը հանգչեցան՝ պատուիրանին համաձայն: