Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
I CORINTHIANS
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16
Prev Up Next Toggle notes
Chapter 7
I Co ArmWeste 7:1  Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի այն բաներուն՝ որոնց մասին գրեցիք ինծի, լաւ է մարդուն համար՝ որ կնոջ չմերձենայ:
I Co ArmWeste 7:2  Բայց պոռնկութենէն խուսափելու համար՝ իւրաքանչիւրը թող ունենայ իր կինը, եւ ամէն կին թող ունենայ իր ամուսինը:
I Co ArmWeste 7:3  Ամուսինը թող հատուցանէ կնոջ ինչ որ կը պարտի, նմանապէս կինն ալ՝ իր ամուսինին:
I Co ArmWeste 7:4  Կինը իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ ամուսինը. նմանապէս ամուսինն ալ իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ կինը:
I Co ArmWeste 7:5  Մի՛ զրկէք զիրար, բայց միայն համաձայնութեամբ՝ ատենի մը համար, որ դուք ձեզ աղօթքի յատկացնէք ու դարձեալ գաք իրարու քով, որպէսզի Սատանան չփորձէ ձեզ՝ ձեր անժուժկալութեան համար:
I Co ArmWeste 7:6  Ասիկա կ՚ըսեմ՝ արտօնելով, ո՛չ թէ հրամայելով:
I Co ArmWeste 7:7  Որովհետեւ կ՚ուզէի որ բոլոր մարդիկ ըլլային ինծի պէս. բայց իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ շնորհը Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս, իսկ միւսը՝ այնպէս:
I Co ArmWeste 7:8  Ուստի կ՚ըսեմ ամուրիներուն եւ այրիներուն. «Լաւ կ՚ըլլայ անոնց համար՝ եթէ մնան ինծի պէս»:
I Co ArmWeste 7:9  Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան. որովհետեւ աւելի լաւ է ամուսնանալ՝ քան բորբոքիլ:
I Co ArmWeste 7:10  Իսկ ամուսնացածներուն կը հրամայեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը. «Կինը թող չզատուի իր ամուսինէն,
I Co ArmWeste 7:11  (իսկ եթէ զատուի ալ՝ թող մնայ անամուսին, կամ հաշտուի իր ամուսինին հետ,) եւ ամուսինը թող չձգէ իր կինը»:
I Co ArmWeste 7:12  Բայց միւսներուն ե՛ս կ՚ըսեմ, ո՛չ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը ունենայ անհաւատ կին մը եւ անոր հաճելի ըլլայ բնակիլ իրեն հետ, թող չձգէ զայն:
I Co ArmWeste 7:13  Եւ կին մը որ ունի անհաւատ ամուսին մը, եթէ անոր հաճելի ըլլայ բնակիլ իրեն հետ, թող չձգէ զայն»:
I Co ArmWeste 7:14  Որովհետեւ անհաւատ ամուսինը սրբացած է կնոջմով, եւ անհաւատ կինը սրբացած է ամուսինով: Այլապէս՝ ձեր զաւակները անմաքուր պիտի ըլլային. բայց հիմա սուրբ են:
I Co ArmWeste 7:15  Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի: Եղբայր մը կամ քոյր մը ստրուկ չէ այդպիսի պարագաներու մէջ. սակայն Աստուած կանչեց մեզ խաղաղութեան:
I Co ArmWeste 7:16  Որովհետեւ դուն ի՞նչ գիտես, կի՛ն. թերեւս պիտի փրկես ամուսինդ: Կամ դուն ի՞նչ գիտես, մա՛րդ. թերեւս պիտի փրկես կինդ:
I Co ArmWeste 7:17  Այլապէս՝ ի՛նչպէս Տէրը բաշխեց իւրաքանչիւրին, ի՛նչպէս Աստուած կանչեց իւրաքանչիւրը, ա՛յնպէս թող ընթանայ: Ես ա՛յսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
I Co ArmWeste 7:18  Եթէ թլփատուած մէկը կանչուեցաւ հաւատքի, թող անթլփատ չդառնայ: Եթէ մէկը կանչուեցաւ անթլփատութեան մէջ, թող չթլփատուի:
I Co ArmWeste 7:19  Որովհետեւ թլփատութիւնը բան մը չէ, եւ անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ, հապա Աստուծոյ պատուիրաններուն պահպանումն է էականը:
I Co ArmWeste 7:20  Իւրաքանչիւրը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող մնայ անոր մէջ:
I Co ArmWeste 7:21  Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ այդ մասին. բայց եթէ կրնաս ազատագրուիլ, առաւելապէս օգտուէ՛ առիթէն:
I Co ArmWeste 7:22  Որովհետեւ ո՛վ որ կանչուած է Տէրոջմով՝ ստրուկ ըլլալով, Տէրոջ ազատագրեալն է. նմանապէս ո՛վ որ կանչուած է՝ ազատ ըլլալով, Քրիստոսի ստրուկն է:
I Co ArmWeste 7:23  Դուք գնուեցաք մեծ գինով մը. մի՛ ըլլաք մարդոց ստրուկ:
I Co ArmWeste 7:24  Եղբայրնե՛ր, իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ որ կանչուեցաւ, թող մնայ անոր մէջ՝ Աստուծոյ հետ:
I Co ArmWeste 7:25  Կոյսերուն մասին Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ. սակայն կը յայտնեմ իմ դատումս, իբր մէկը՝ որ ողորմութիւն գտած է Տէրոջմէն՝ հաւատարիմ ըլլալու:
I Co ArmWeste 7:26  Ուրեմն ես կը կարծեմ թէ սա՛ լաւ է ներկայ հարկադրանքին պատճառով, այսինքն լաւ է մարդու մը՝ որ մնայ ինչպէս որ է՝՝:
I Co ArmWeste 7:27  Կապուա՞ծ ես կնոջ. մի՛ ջանար արձակուիլ: Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ մը. մի՛ փնտռեր կին:
I Co ArmWeste 7:28  Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր. ու եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր: Բայց այդպիսիները մարմինի մէջ տառապանք պիտի ունենան. իսկ ես կ՚ուզեմ խնայել ձեզի:
I Co ArmWeste 7:29  Բայց սա՛ կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ժամանակը կարճ է: Ա՛լ անոնք որ կին ունին, այնպէս ըլլան՝ որպէս թէ չունին.
I Co ArmWeste 7:30  անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար. անոնք որ կ՚ուրախանան՝ որպէս թէ չեն ուրախանար. անոնք որ կը գնեն՝ որպէս թէ ո՛չ մէկ բանի տիրացած են.
I Co ArmWeste 7:31  եւ անոնք որ այս աշխարհը կ՚օգտագործեն՝ որպէս թէ չեն չարաշահեր. որովհետեւ այս աշխարհի կերպարը կ՚անցնի:
I Co ArmWeste 7:32  Բայց ես կ՚ուզէի որ դուք անհոգ ըլլաք. որովհետեւ ամուրին կը հոգայ Տէրոջ բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ Տէրը:
I Co ArmWeste 7:33  Իսկ ամուսնացածը կը հոգայ աշխարհի բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ իր կինը:
I Co ArmWeste 7:34  Նոյնպէս տարբերութիւն կայ ամուսնացած կնոջ եւ կոյսին միջեւ. չամուսնացած կինը կը հոգայ Տէրոջ բաները, որպէսզի ինք սուրբ ըլլայ մարմինով ու հոգիով. իսկ ամուսնացած կինը կը հոգայ աշխարհի բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ իր ամուսինը:
I Co ArmWeste 7:35  Ասիկա կ՚ըսեմ ձեր օգուտին համար. ո՛չ թէ ծուղակ ձգելու ձեր վրայ՝ հապա վայելչութեան համար, որպէսզի ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք Տէրոջ՝ առանց մտացիր ըլլալու:
I Co ArmWeste 7:36  Իսկ եթէ մէկը կը կարծէ թէ անվայելչութեամբ կը վերաբերի իր կոյսին հանդէպ, եթէ անցնի անոր ամուսնութեան տարիքը, եւ պարտաւոր է, թող ընէ ինչ որ կ՚ուզէ, չի մեղանչեր. թող ամուսնանան:
I Co ArmWeste 7:37  Սակայն ա՛ն որ հաստատ կը կենայ իր սիրտին մէջ ու հարկադրանք չունի, հապա կ՚իշխէ ինքնիր կամքին վրայ եւ վճռած է իր սիրտին մէջ՝ որ պահէ իր կոյսը, լա՛ւ կ՚ընէ:
I Co ArmWeste 7:38  Ուստի ա՛ն որ կ՚ամուսնացնէ իր կոյսը՝՝, լաւ կ՚ընէ. իսկ ա՛ն որ չ՚ամուսնացներ, աւելի՛ լաւ կ՚ընէ:
I Co ArmWeste 7:39  Կինը կապուած է այնքան ատեն որ իր ամուսինը կ՚ապրի. բայց եթէ իր ամուսինը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու՝ որո՛ւ հետ որ ուզէ, միայն թէ՝ Տէրոջմով:
I Co ArmWeste 7:40  Սակայն իմ դատումովս՝ ան աւելի երջանիկ կ՚ըլլայ եթէ մնայ այդպէս. եւ կը կարծեմ թէ ե՛ս ալ ունիմ Աստուծոյ Հոգին: