Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
JAMES
Up
1 2 3 4 5
Toggle notes
Chapter 1
Jame ArmWeste 1:1  Յակոբոս, Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, տասներկու տոհմերուն՝ որ ցրուած են ամէն կողմ. ողջո՜յն:
Jame ArmWeste 1:2  Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք,
Jame ArmWeste 1:3  գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ՚իրագործէ:
Jame ArmWeste 1:4  Բայց համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի:
Jame ArmWeste 1:5  Իսկ եթէ իմաստութիւն կը պակսի ձեզմէ մէկուն, թող խնդրէ Աստուծմէ՝ որ բոլորին կու տայ առատապէս՝ առանց կշտամբելու, եւ պիտի տրուի անոր:
Jame ArmWeste 1:6  Բայց հաւատքո՛վ թող խնդրէ, առանց տատամսելու. որովհետեւ ա՛ն որ կը տատամսի՝ նման է ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն:
Jame ArmWeste 1:7  Այդ մարդը թող չկարծէ թէ որեւէ բան պիտի ստանայ Տէրոջմէն.
Jame ArmWeste 1:8  երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ:
Jame ArmWeste 1:9  Նուաստ եղբայրը թող պարծենայ իր բարձրացումով,
Jame ArmWeste 1:10  իսկ հարուստը՝ իր նուաստացումով, որովհետեւ ինք պիտի անցնի խոտի ծաղիկին պէս.
Jame ArmWeste 1:11  քանի որ արեւը կը ծագի այրող տաքութեամբ ու կը չորցնէ խոտը, անոր ծաղիկը կը թափի, եւ անոր տեսքին վայելչութիւնն ալ կը կորսուի: Այդպէս ալ հարուստը պիտի թառամի իր ճամբաներուն մէջ:
Jame ArmWeste 1:12  Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը, որ Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն:
Jame ArmWeste 1:13  Ո՛չ մէկը թող ըսէ՝ երբ կը փորձուի. «Աստուծմէ՛ կը փորձուիմ». որովհետեւ Աստուած չարէն չի փորձուիր, ո՛չ ալ ի՛նք կը փորձէ ոեւէ մէկը:
Jame ArmWeste 1:14  Սակայն իւրաքանչիւրը կը փորձուի՝ հրապուրուած ու խաբուած իր ցանկութենէն.
Jame ArmWeste 1:15  Յետոյ՝ ցանկութիւնը յղանալով մեղք կը ծնանի, իսկ երբ մեղքը կատարուի՝ մահ կը ծնանի:
Jame ArmWeste 1:16  Մի՛ մոլորիք, սիրելի՛ եղբայրներս.
Jame ArmWeste 1:17  ամէն բարի նուէր եւ ամէն կատարեալ պարգեւ՝ վերէն է, ու կ՚իջնէ լոյսի Հօրմէն, որուն մէջ բնա՛ւ փոփոխութիւն չկայ, ո՛չ ալ դառնալու շուք:
Jame ArmWeste 1:18  Ան ի՛ր փափաքով ծնաւ մեզ՝ ճշմարտութեան խօսքով, որպէսզի մենք երախայրիք մը ըլլանք իր արարածներուն:
Jame ArmWeste 1:19  Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ՝ լսելու մէջ, դանդաղ՝ խօսելու մէջ, դանդաղ՝ բարկանալու մէջ.
Jame ArmWeste 1:20  որովհետեւ մարդուն բարկութիւնը չ՚իրագործեր Աստուծոյ արդարութիւնը:
Jame ArmWeste 1:21  Ուստի, թօթափելով ամէն աղտեղութիւն ու չարամտութեան աւելցուք, հեզութեա՛մբ ընդունեցէք ձեր մէջ տնկուած խօսքը, որ կարող է փրկել ձեր անձերը:
Jame ArmWeste 1:22  Սակայն խօսքը գործադրողնե՛ր եղէ՛ք, եւ ո՛չ թէ միայն լսողներ՝ դուք ձեզ խաբելով:
Jame ArmWeste 1:23  Արդարեւ, եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չգործադրէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ կը դիտէ իր բնական երեսը,
Jame ArmWeste 1:24  որովհետեւ կը դիտէ ինքզինք ու կ՚երթայ, եւ իսկոյն կը մոռնայ թէ ի՛նչպէս էր:
Jame ArmWeste 1:25  Բայց ա՛ն որ ակնկառոյց կը նայի ազատութեան կատարեալ Օրէնքին ու կը կենայ անոր մէջ,- ո՛չ թէ մոռացկոտ լսող մը ըլլալով, հապա՝ գործը կատարող մը,- երանելի պիտի ըլլայ իր ըրածին մէջ:
Jame ArmWeste 1:26  Եթէ մէկը կը կարծէ կրօնասէր ըլլալ ու չի սանձեր իր լեզուն, այլ կը խաբէ իր սիրտը, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է:
Jame ArmWeste 1:27  Աստուծոյ եւ Հօրը առջեւ՝ մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը սա՛ է.- այցելել որբերուն եւ այրիներուն՝ իրենց տառապանքին մէջ, ու ինքզինք անբիծ պահել աշխարհէն:
Chapter 2
Jame ArmWeste 2:1  Եղբայրնե՛րս, առանց աչառութեան թող ըլլայ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ փառքի Տէրոջ հաւատքը:
Jame ArmWeste 2:2  Արդարեւ եթէ ձեր ժողովարանին մէջ մտնէ մարդ մը՝ ոսկիէ մատանիով ու փայլուն տարազով, եւ մտնէ նաեւ աղքատ մը՝ աղտոտ տարազով,
Jame ArmWeste 2:3  ու նայիք անոր՝ որ փայլուն տարազ կը կրէ, եւ ըսէք. «Հո՛ս նստէ՝ պատիւով», իսկ աղքատին ըսէք. «Հո՛ն ոտքի կայնէ, կամ հո՛ս նստէ՝ պատուանդանիս քով»,
Jame ArmWeste 2:4  միթէ ձեր մէջ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար, ու չար մտածումներու դատաւոր եղած:
Jame ArmWeste 2:5  Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս. միթէ Աստուած չընտրե՞ց այս աշխարհի աղքատները՝ որոնք հարուստ են հաւատքով, ու ժառանգորդ արքայութեան՝ որ խոստացաւ զինք սիրողներուն:
Jame ArmWeste 2:6  Բայց դուք անպատուեցիք աղքատները: Հարուստները չե՞ն՝ որ կը հարստահարեն ձեզ ու դատարանները կը քաշեն:
Jame ArmWeste 2:7  Անոնք չե՞ն որ կը հայհոյեն այն բարի անունը՝ որով կոչուած էք:
Jame ArmWeste 2:8  Ուրեմն՝ եթէ դուք կը գործադրէք արքայական Օրէնքը՝ Գիրքին ըսածին համաձայն. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս», լա՛ւ կ՚ընէք:
Jame ArmWeste 2:9  Բայց եթէ աչառութիւն կ՚ընէք՝ մե՛ղք կը գործէք, եւ կը կշտամբուիք Օրէնքէն՝ օրինազանցներու պէս.
Jame ArmWeste 2:10  քանի որ ո՛վ որ պահէ ամբողջ Օրէնքը սակայն սայթաքի մէ՛կ բանի մէջ, պարտապան կ՚ըլլայ բոլորին:
Jame ArmWeste 2:11  Արդարեւ ա՛ն որ ըսաւ. «Շնութիւն մի՛ ըներ», ըսաւ նաեւ. «Մի՛ սպաններ»: Ուստի եթէ շնութիւն չընես բայց սպաննես, օրինազանց կ՚ըլլաս:
Jame ArmWeste 2:12  Ա՛յնպէս խօսեցէք եւ ա՛յնպէս գործեցէք՝ որպէս թէ պիտի դատուիք ազատութեան Օրէնքով:
Jame ArmWeste 2:13  Որովհետեւ դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր՝ որ չէ ողորմած. սակայն ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց:
Jame ArmWeste 2:14  Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրնե՛րս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի սակայն գործեր չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զինք:
Jame ArmWeste 2:15  Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ եւ օրուան կերակուրին կարօտ,
Jame ArmWeste 2:16  ու ձեզմէ մէկը ըսէ անոնց. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք եւ կշտացէ՛ք», բայց մարմինին հարկաւոր բաները չտայ անոնց, ի՞նչ օգուտ ունի:
Jame ArmWeste 2:17  Ա՛յդպէս ալ հաւատքը՝ եթէ գործեր չունենայ իրեն հետ՝ մեռած է ինքնիր մէջ:
Jame ArmWeste 2:18  Նոյնիսկ մէկը կրնայ ըսել. «Դուն հաւա՛տք ունիս, ես ալ գործե՛ր ունիմ. ցո՛յց տուր ինծի քու հաւատքդ՝ առանց գործերու, իսկ ես ցոյց պիտի տամ քեզի իմ հաւատքս՝ գործերո՛վս”:
Jame ArmWeste 2:19  Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է. լա՛ւ կ՚ընես: Դեւե՛րն ալ կը հաւատան ու կը սարսռան:
Jame ArmWeste 2:20  Բայց կ՚ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ, թէ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:
Jame ArmWeste 2:21  Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին՝ Իսահակը մատուցանեց զոհասեղանին վրայ:
Jame ArmWeste 2:22  Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը գործակից եղաւ անոր գործերուն, ու գործերո՛վ հաւատքը կատարեալ եղաւ,
Jame ArmWeste 2:23  եւ իրագործուեցաւ Գիրքին խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, ու ատիկա արդարութիւն սեպուեցաւ անոր, եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»:
Jame ArmWeste 2:24  Կը նկատէ՞ք թէ մարդ կ՚արդարանայ գործերո՛վ, ու ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով:
Jame ArmWeste 2:25  Նմանապէս Ռախաբ պոռնիկն ալ չարդարացա՞ւ գործերով, երբ ընդունեց պատգամաւորները եւ ուրիշ ճամբայով ուղարկեց զանոնք:
Jame ArmWeste 2:26  Արդարեւ ինչպէս մարմինը մեռած է առանց հոգիի, այդպէս ալ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:
Chapter 3
Jame ArmWeste 3:1  Եղբայրնե՛րս, ձեր մէջ շատ վարդապետներ թող չըլլան, գիտնալով թէ աւելի խստութեամբ պիտի դատուինք՝՝:
Jame ArmWeste 3:2  Որովհետեւ բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ. եթէ մէկը չի սայթաքիր խօսքով՝ կատարեալ մարդ է, կարող՝ սանձելու նաեւ ամբողջ մարմինը:
Jame ArmWeste 3:3  Ահա՛ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի հնազանդին մեզի, եւ կը կառավարենք անոնց ամբողջ մարմինը:
Jame ArmWeste 3:4  Ահա՛ նաւերն ալ, որ ա՛յդչափ մեծ են ու կը քշուին սաստիկ հովերէն, կը կառավարուին ամենափոքր ղեկով մը՝ ի՛նչպէս նաւուղիղը փափաքի:
Jame ArmWeste 3:5  Այդպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց կը պարծենայ մեծ բաներով: Ահա՛ ո՜րչափ նիւթ կը վառուի քիչ մը կրակով:
Jame ArmWeste 3:6  Լեզո՛ւն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան աշխարհ մը: Լեզուն ա՛յնպէս դրուած է մեր անդամներուն մէջ, որ կ՚ապականէ ամբողջ մարմինը ու կը բռնկեցնէ բնութեան շրջանը, իսկ ինք կը բռնկի գեհենէն:
Jame ArmWeste 3:7  Գազաններու, թռչուններու, սողուններու եւ ծովային արարածներու ամէն բնութիւն՝ կը նուաճուի ու նուաճուած է մարդկային բնութենէն:
Jame ArmWeste 3:8  Բայց ո՛չ մէկը կրնայ նուաճել լեզուն. ան անզուսպ չար է, լի մահաբեր թոյնով:
Jame ArmWeste 3:9  Անո՛վ կ՚օրհնաբանենք Աստուած ու Հայրը, եւ անո՛վ կ՚անիծենք մարդիկ՝ որ ստեղծուած են Աստուծոյ նմանութեամբ:
Jame ArmWeste 3:10  Միեւնոյն բերանէն կ՚ելլեն օրհնաբանութիւն եւ անէծք: Եղբայրնե՛րս, պէտք չէ որ այս ա՛յսպէս ըլլայ:
Jame ArmWeste 3:11  Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն կը բխեցնէ՞ անոյշ ու դառն ջուր:
Jame ArmWeste 3:12  Եղբայրնե՛րս, թզենին կրնա՞յ ձիթապտուղ տալ, կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս՝ ո՛չ մէկ աղբիւր կրնայ տալ թէ՛ աղի, թէ՛ անոյշ ջուր:
Jame ArmWeste 3:13  Ո՛վ որ իմաստուն ու խելացի է ձեր մէջ, բարի վարքո՛վ թող ցոյց տայ իր գործերը՝ իմաստութեան հեզութեամբ:
Jame ArmWeste 3:14  Բայց եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք ձեր սիրտերուն մէջ, ճշմարտութեան դէմ մի՛ պարծենաք ու մի՛ ստէք:
Jame ArmWeste 3:15  Այս իմաստութիւնը չ՚իջներ վերէն, հապա՝ երկրային, շնչաւոր եւ դիւական է:
Jame ArmWeste 3:16  Որովհետեւ ո՛ւր կայ նախանձ ու հակառակութիւն, հո՛ն կայ խառնակութիւն եւ ամէն տեսակ չար բան:
Jame ArmWeste 3:17  Բայց վերէն եղող իմաստութիւնը՝ նախ անկեղծ է, յետոյ՝ խաղաղարար, ազնիւ, հլու, լի ողորմութեամբ ու բարի պտուղներով, անկողմնակալ եւ անկեղծ:
Jame ArmWeste 3:18  Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց միջոցով՝ որ խաղաղութիւն կ՚ընեն:
Chapter 4
Jame ArmWeste 4:1  Ուրկէ՞ կը ծագին պատերազմներն ու կռիւները ձեր մէջ: Միթէ չե՞ն ծագիր ձեր կիրքերէն, որոնք կը մարտնչին ձեր անդամներուն մէջ:
Jame ArmWeste 4:2  Կը ցանկաք, բայց չունիք. կը սպաննէք ու կը նախանձիք, սակայն չէք կրնար հասնիլ ձեր ուզածին: Կը կռուիք եւ կը պատերազմիք, բայց չունիք՝ որովհետեւ չէք խնդրեր:
Jame ArmWeste 4:3  Կը խնդրէք՝ սակայն չէք ստանար, որովհետեւ կը խնդրէք չարամտօրէն՝ որպէսզի վատնէք ձեր կիրքերուն համար:
Jame ArmWeste 4:4  Շնացողնե՛ր, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհի բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուրեմն ո՛վ որ կը փափաքի բարեկամ ըլլալ աշխարհի, ինքզինք թշնամի կ՚ընէ Աստուծոյ:
Jame ArmWeste 4:5  Կամ կը կարծէք թէ Գիրքը ընդունա՞յն կ՚ըսէ. «Նախանձի կը տենչայ մեր մէջ բնակող հոգին»՝՝:
Jame ArmWeste 4:6  Սակայն աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ, ուստի կ՚ըսէ. «Աստուած կ՚ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն»:
Jame ArmWeste 4:7  Ուրեմն հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ: Դիմադրեցէ՛ք Չարախօսին, եւ ան պիտի փախչի ձեզմէ:
Jame ArmWeste 4:8  Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ ան պիտի մօտենայ ձեզի: Մաքրեցէ՛ք ձեր ձեռքերը, մեղաւորնե՛ր, ու սրբացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, երկմիտնե՛ր:
Jame ArmWeste 4:9  Զգացէ՛ք ձեր թշուառութիւնը, սգացէ՛ք եւ լացէ՛ք. ձեր խնդուքը թող փոխուի սուգի, ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան:
Jame ArmWeste 4:10  Խոնարհեցէ՛ք Տէրոջ առջեւ, եւ ան պիտի բարձրացնէ ձեզ:
Jame ArmWeste 4:11  Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր: Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը: Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր:
Jame ArmWeste 4:12  Միայն մէ՛կ Օրէնսդիր (ու Դատաւոր) կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել: Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշը:
Jame ArmWeste 4:13  Հիմա գա՛նք ձեզի՝ որ կ՚ըսէք. «Այսօր կամ վաղը պիտի երթանք այսինչ քաղաքը, հոն տարի մը պիտի կենանք, առեւտուր պիտի ընենք ու պիտի շահինք»:
Jame ArmWeste 4:14  (Դո՛ւք՝ որ չէք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վաղը:
Jame ArmWeste 4:15  Քանի որ ի՞նչ է ձեր կեանքը. արդարեւ շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ՚երեւնայ, յետոյ կ՚աներեւութանայ:) Փոխարէնը ըսելու էիք. «Եթէ Տէրը կամենայ, պիտի ապրինք եւ պիտի ընենք այս կամ այն բանը»:
Jame ArmWeste 4:16  Բայց հիմա կը պարծենաք ձեր պոռոտախօսութեամբ. այդպիսի ամէն պարծանք չար է:
Jame ArmWeste 4:17  Ուրեմն ո՛վ որ գիտէ բարին ընել՝ բայց չ՚ըներ, ատիկա մեղք է իրեն համար:
Chapter 5
Jame ArmWeste 5:1  Հիմա գա՛նք ձեզի՝ հարուստնե՛ր. լացէ՛ք եւ վայեցէ՛ք այն թշուառութիւններուն համար՝ որ պիտի պատահին ձեզի՝՝:
Jame ArmWeste 5:2  Ձեր հարստութիւնը փտած է, ու ձեր հանդերձները ցեցի կեր եղած են:
Jame ArmWeste 5:3  Ձեր ոսկին եւ արծաթը ժանգոտած են. անոնց ժանգը վկայ պիտի ըլլայ ձեզի դէմ ու կրակի պէս պիտի ուտէ ձեր մարմինը: Գանձ դիզեցիք վերջին օրերուն համար.
Jame ArmWeste 5:4  սակայն ահա՛ ձեր արտերը քաղող գործաւորներուն վարձքը՝ որմէ զրկեցիք զանոնք՝ կ՚աղաղակէ, եւ հնձուորներուն կանչը հասաւ զօրքերու Տէրոջ ականջներուն:
Jame ArmWeste 5:5  Հեշտանքով ու ցոփութեամբ ապրեցաք երկրի վրայ, կերակրեցիք ձեր սիրտերը՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար:
Jame ArmWeste 5:6  Դատապարտեցի՛ք, սպաննեցի՛ք արդարը՝ որ չէր ընդդիմանար ձեզի:
Jame ArmWeste 5:7  Ուրեմն համբերատա՛ր եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տէրոջ գալուստը: Ահա՛ մշակը կը սպասէ երկրի պատուական պտուղին՝ համբերատար ըլլալով անոր համար, մինչեւ որ ստանայ առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը:
Jame ArmWeste 5:8  Դո՛ւք ալ համբերատար եղէք եւ ամրացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, որովհետեւ Տէրոջ գալուստը կը մօտենայ:
Jame ArmWeste 5:9  Մի՛ հառաչէք իրարու դէմ, եղբայրնե՛ր, որպէսզի չդատապարտուիք: Ահա՛ Դատաւորը կայնած է դրան առջեւ:
Jame ArmWeste 5:10  Եղբայրնե՛րս, չարչարանքներու եւ համբերատարութեան համար օրինա՛կ առէք մարգարէներէն, որոնք խօսեցան Տէրոջ անունով:
Jame ArmWeste 5:11  Ահա՛ երանելի կը կոչենք տոկացողները: Դուք լսեցի՛ք Յոբի համբերութեան մասին, եւ տեսա՛ք Տէրոջ անոր շնորհած վախճանը, որովհետեւ Տէրը բազմագութ է, եւ արգահատող:
Jame ArmWeste 5:12  Բայց ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ. ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ երդում: Հապա ձեր «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, ու «ո՛չ»ը՝ ո՛չ, որպէսզի չիյնաք դատապարտութեան տակ:
Jame ArmWeste 5:13  Ձեզմէ մէկը կը չարչարուի՞. թող աղօթէ: Մէկը ոգեւորուա՞ծ է. թող սաղմոս երգէ:
Jame ArmWeste 5:14  Ձեզմէ մէկը հիւա՞նդ է. թող կանչէ եկեղեցիին երէցները, եւ անոնք թող աղօթեն իր վրայ՝ իւղով օծելով զինք Տէրոջ անունով:
Jame ArmWeste 5:15  Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը, եւ Տէրը ոտքի պիտի հանէ զայն. ու եթէ մեղք ալ գործած է, պիտի ներուի անոր:
Jame ArmWeste 5:16  Խոստովանեցէ՛ք իրարու ձեր յանցանքները, եւ աղօթեցէ՛ք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք: Արդարին ներգործող աղերսանքը շատ ազդեցիկ է:
Jame ArmWeste 5:17  Եղիա կիրքերու ենթակայ մարդ մըն էր՝ մեզի նման: Ան աղօթեց որ անձրեւ չտեղայ, ու երկրի վրայ անձրեւ չտեղաց երեք տարի եւ վեց ամիս:
Jame ArmWeste 5:18  Ապա դարձեալ աղօթեց, ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր ծաղկեցուց իր պտուղը:
Jame ArmWeste 5:19  Եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը մոլորի ճշմարտութենէն, ու մէկը վերադարձնէ զայն,
Jame ArmWeste 5:20  թող գիտնայ թէ ա՛ն՝ որ կը վերադարձնէ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն, կը փրկէ անձ մը մահէն, ու կը ծածկէ մեղքերու բազմութիւն մը: