Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
GALATIANS
Up
1 2 3 4 5 6
Toggle notes
Chapter 1
Gala ArmWeste 1:1  Պօղոս, առաքեալ եղած՝ ո՛չ մարդոցմէ, ո՛չ ալ մարդու միջոցով, հապա Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, եւ Հայր Աստուծոյ՝ որ մեռելներէն յարուցանեց զայն,
Gala ArmWeste 1:2  ու բոլոր եղբայրները՝ որ ինծի հետ են, Գաղատիայի եկեղեցիներուն.
Gala ArmWeste 1:3  շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հայր Աստուծմէ, ու մեր Տէրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ,
Gala ArmWeste 1:4  որ ընծայեց ինքզինք մեր մեղքերուն համար, որպէսզի ազատէ մեզ այս ներկայ չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօր կամքին համաձայն,
Gala ArmWeste 1:5  որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:
Gala ArmWeste 1:6  Կը զարմանամ որ ա՛յդչափ շուտ անցած էք այն աւետարանէն՝ որ կանչեց ձեզ Քրիստոսի շնորհքին, ուրիշ աւետարանի մը.
Gala ArmWeste 1:7  ան ուրիշ աւետարան մը չէ, այլ կան ոմանք՝ որ կը վրդովեն ձեզ, ու կ՚ուզեն խեղաթիւրել Քրիստոսի աւետարանը:
Gala ArmWeste 1:8  Բայց նոյնիսկ եթէ մենք, կամ երկինքէն հրեշտակ մը, քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ մենք քարոզեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ:
Gala ArmWeste 1:9  Ինչպէս նախապէս ըսինք, հիմա ալ ես դարձեալ կ՚ըսեմ. «Եթէ մէ՛կը քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ դուք ընդունեցիք, նզովեա՛լ ըլլայ»:
Gala ArmWeste 1:10  Որովհետեւ հիմա մարդի՞կ կը համոզեմ՝ թէ Աստուած. կամ մարդի՞կ կը ջանամ հաճեցնել: Քանի որ եթէ ես տակաւին մարդիկ հաճեցնէի, ա՛լ Քրիստոսի ծառայ չէի ըլլար:
Gala ArmWeste 1:11  Բայց ձեզի կը ծանուցանեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ինձմէ քարոզուած աւետարանը՝ մարդու համաձայն չէ:
Gala ArmWeste 1:12  Որովհետեւ ես զայն ո՛չ մարդէ ընդունեցի, ո՛չ ալ մէկէ մը սորվեցայ, հապա՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան միջոցով:
Gala ArmWeste 1:13  Քանի որ դուք լսած էք իմ նախկին վարքիս մասին՝ հրէութեան մէջ, թէ ի՛նչպէս չափէն աւելի կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին, ու կը տապալէի զայն:
Gala ArmWeste 1:14  Եւ հրէութեան մէջ կը յառաջդիմէի՝ աւելի քան իմ ցեղիս մէջ եղած շատ մը հասակակիցներս, գերազանցօրէն աւելի նախանձախնդիր ըլլալով հայրերուս աւանդութիւններուն:
Gala ArmWeste 1:15  Բայց երբ Աստուած, (որ զատեց զիս մօրս որովայնէն եւ կանչեց իր շնորհքին միջոցով,)
Gala ArmWeste 1:16  բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի, որպէսզի աւետեմ զայն հեթանոսներուն մէջ, իսկոյն՝ մարմինին եւ արիւնին հետ չխորհրդակցեցայ,
Gala ArmWeste 1:17  ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ՝ ինձմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի, ապա դարձեալ Դամասկոս վերադարձայ:
Gala ArmWeste 1:18  Յետոյ՝ երեք տարի ետք՝ Երուսաղէմ ելայ Պետրոսը տեսնելու, եւ տասնհինգ օր անոր հետ կեցայ:
Gala ArmWeste 1:19  Սակայն առաքեալներէն ուրիշ ո՛չ մէկը տեսայ, այլ միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջ եղբայրը:
Gala ArmWeste 1:20  Ինչ որ կը գրեմ ձեզի, ահա՛ Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, թէ չեմ ստեր:
Gala ArmWeste 1:21  Ապա գացի Սուրիայի ու Կիլիկիայի շրջանները:
Gala ArmWeste 1:22  Ես դէմքով անծանօթ էի Հրէաստանի մէջ եղած Քրիստոսի եկեղեցիներուն.
Gala ArmWeste 1:23  անոնք միայն լսած էին թէ “ա՛ն որ ժամանակին կը հալածէր մեզ, հիմա կ՚աւետէ այն հաւատքը՝ որ ատենօք կը տապալէր”,
Gala ArmWeste 1:24  եւ ինձմով կը փառաւորէին Աստուած:
Chapter 2
Gala ArmWeste 2:1  Յետոյ, տասնչորս տարի ետք, դարձեալ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ Բառնաբասի հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով:
Gala ArmWeste 2:2  Բարձրացած էի յայտնութեամբ, եւ անոնց ներկայացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոսներուն մէջ կը քարոզեմ. բայց առանձին անոնց՝ որ երեւելիներ էին, որպէսզի ընդունայն չվազեմ կամ վազած չըլլամ:
Gala ArmWeste 2:3  Բայց ո՛չ իսկ ինծի հետ եղող Տիտոսը, որ Յոյն էր, հարկադրուեցաւ թլփատուիլ՝
Gala ArmWeste 2:4  գաղտնի ներս բերուած սուտ եղբայրներուն պատճառով, որոնք ներս սպրդած էին՝ լրտեսելու համար Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը, որպէսզի ստրուկ ընեն մեզ.
Gala ArmWeste 2:5  անոնց տեղի չտուինք՝ նոյնիսկ քիչ մը ատեն՝՝ ենթարկուելով, որպէսզի աւետարանին ճշմարտութիւնը ձեր մէջ մնայ:
Gala ArmWeste 2:6  Իսկ անոնք որ կը կարծուէին բա՛ն մը ըլլալ - ինչ որ էին՝ ատիկա ինծի հարց չէ, քանի որ Աստուած մարդոց աչառութիւն չ՚ըներ -, այնպէս կարծուածները աւելի ոչինչ հաղորդեցին ինծի.
Gala ArmWeste 2:7  հապա՝ ընդհակառակը, երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի վստահուած է, ինչպէս Պետրոսի ալ՝ թլփատուածներունը,
Gala ArmWeste 2:8  (որովհետեւ ա՛ն որ ներգործեց Պետրոսի մէջ՝ թլփատուածներուն առաքելութեան համար, նոյնպէս ներգործեց իմ մէջս՝ հեթանոսներուն հանդէպ,)
Gala ArmWeste 2:9  ու երբ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք սիւներ կարծուած էին, գիտակցեցան ինծի տրուած շնորհքին, իրենց աջ ձեռքը տուին ինծի ու Բառնաբասի՝ իբր նշան հաղորդակցութեան, որպէսզի մենք քարոզենք հեթանոսներուն, իսկ իրենք՝ թլփատուածներուն:
Gala ArmWeste 2:10  Միայն թէ կ՚ուզէին որ աղքատները յիշենք, ինչ որ ես ալ փութացի ընել:
Gala ArmWeste 2:11  Սակայն երբ Պետրոս եկաւ Անտիոք՝ ես դիմադարձեցի անոր, որովհետեւ պարսաւելի էր:
Gala ArmWeste 2:12  Արդարեւ Յակոբոսի քովէն ոմանց գալէն առաջ՝ ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ՚ուտէր. բայց երբ եկան՝ ընկրկեցաւ եւ ինքզինք զատեց, թլփատուածներէն վախնալով:
Gala ArmWeste 2:13  Միւս Հրեաներն ալ նոյնպէս անոր հետ կեղծեցին, ա՛յնքան՝ որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծիքէն տպաւորուեցաւ:
Gala ArmWeste 2:14  Բայց երբ տեսայ թէ ուղիղ չեն ընթանար՝ աւետարանին ճշմարտութեան համաձայն, բոլորին առջեւ Պետրոսի ըսի. «Եթէ դուն՝ որ Հրեայ ես՝ հեթանոսներու պէս կ՚ապրիս, եւ ո՛չ թէ Հրեաներու պէս, ինչո՞ւ կը հարկադրես հեթանոսները՝ որ Հրեաներու պէս ապրին»:
Gala ArmWeste 2:15  Մենք՝ որ բնիկ Հրեաներ ենք, եւ ո՛չ թէ հեթանոս մեղաւորներ,
Gala ArmWeste 2:16  գիտնալով թէ մարդ Օրէնքին գործերով չէ որ կ՚արդարանայ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, մե՛նք ալ հաւատացինք Քրիստոս Յիսուսի՝ որպէսզի արդարանանք Քրիստոսի՛ հաւատքով, ո՛չ թէ Օրէնքին գործերով. որովհետեւ Օրէնքին գործերով ո՛չ մէկը պիտի արդարանայ:
Gala ArmWeste 2:17  Իսկ եթէ մենք ալ՝ Քրիստոսով արդարանալու մեր ջանքին մէջ՝ մեղաւոր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի սպասարկո՞ւ կ՚ըլլայ: Ամե՛նեւին:
Gala ArmWeste 2:18  Քանի որ եթէ իմ քակած բաներս դարձեալ կառուցանեմ, ես զիս օրինազանց կը դարձնեմ:
Gala ArmWeste 2:19  Որովհետեւ ես՝ Օրէնքին միջոցով՝ մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար:
Gala ArmWeste 2:20  Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:
Gala ArmWeste 2:21  Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ ջնջեր. որովհետեւ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ընդունայն մեռաւ:
Chapter 3
Gala ArmWeste 3:1  Ո՛վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հմայեց, մինչդեռ ձեր մէջ, ձեր աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս նախապէս նկարագրուեցաւ՝ խաչուած:
Gala ArmWeste 3:2  Սա՛ միայն կ՚ուզեմ սորվիլ ձեզմէ.- դուք Հոգին ստացաք Օրէնքին գործերո՞վ թէ հաւատքին հնազանդելով:
Gala ArmWeste 3:3  Այդքան անմի՞տ էք. Հոգիով սկսաք, եւ հիմա մարմինո՞վ կ՚աւարտէք:
Gala ArmWeste 3:4  Զո՞ւր տեղը այդքան չարչարուեցաք (եթէ զուր տեղն ալ ըլլար):
Gala ArmWeste 3:5  Ուրեմն ա՛ն՝ որ ձեզի Հոգին կը հայթայթէ ու ձեր մէջ հրաշքներ կը գործէ, միթէ ձեր կատարած Օրէնքի գործերո՞ւն համար կ՚ընէ, թէ հաւատքի հնազանդութեան համար.
Gala ArmWeste 3:6  ինչպէս Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ ատիկա արդարութիւն սեպուեցաւ անոր:
Gala ArmWeste 3:7  Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անո՛նք են Աբրահամի որդիները:
Gala ArmWeste 3:8  Գիրքը, նախատեսելով թէ Աստուած հեթանոսները պիտի արդարացնէ հաւատքի միջոցով, նախապէս աւետեց Աբրահամի՝ ըսելով. «Քեզմո՛վ պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»:
Gala ArmWeste 3:9  Ուստի անոնք որ հաւատքէն են՝ կ՚օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամի հետ:
Gala ArmWeste 3:10  Որովհետեւ բոլոր անոնք որ Օրէնքին գործերէն են՝ անէծքի տակ են, քանի որ գրուած է. «Անիծեա՛լ ըլլայ ո՛վ որ չի յարատեւեր Օրէնքի գիրքին բոլոր գրուածներուն մէջ՝ զանոնք գործադրելու համար»:
Gala ArmWeste 3:11  Իսկ բացայայտ է թէ ո՛չ մէկը կ՚արդարանայ Աստուծոյ առջեւ Օրէնքով, քանի որ “արդարը հաւատքո՛վ պիտի ապրի”:
Gala ArmWeste 3:12  Բայց Օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա՝ “այն մարդը որ կը գործադրէ զանոնք՝ պիտի ապրի անոնցմով”:
Gala ArmWeste 3:13  Քրիստոս փրկանքով գնեց մեզ Օրէնքի անէծքէն՝ մեզի համար անիծուելով, (որովհետեւ գրուած է. «Անիծեա՛լ է ո՛վ որ փայտէն կը կախուի»)
Gala ArmWeste 3:14  որպէսզի Աբրահամի օրհնութիւնը գայ հեթանոսներուն վրայ՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով. որպէսզի մե՛նք ալ ստանանք Հոգիին խոստումը՝ հաւատքի միջոցով:
Gala ArmWeste 3:15  Մարդոց սովորութեան համաձայն կը խօսիմ, եղբայրնե՛ր: Նոյնիսկ մարդո՛ւ մը վաւերացուցած կտակը ո՛չ մէկը կը ջնջէ, կամ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ՚աւելցնէ:
Gala ArmWeste 3:16  Ուրեմն խոստումները եղան Աբրահամի՛ եւ անոր զարմին: Չ՚ըսեր. «Եւ քու զարմերուդ», այսինքն՝ շատերո՛ւ: Հապա կը խօսի մէ՛կ զարմի մասին. «Եւ քու զարմիդ», որ Քրիստո՛ս է:
Gala ArmWeste 3:17  Բայց սա՛ կ՚ըսեմ. այն ուխտը՝ որ նախապէս Աստուծմէ վաւերացուեցաւ Քրիստոսով, չի կրնար չորս հարիւր երեսուն տարի ետք անվաւեր դառնալ Օրէնքէն՝ խոստումը ոչնչացնելով:
Gala ArmWeste 3:18  Որովհետեւ եթէ ժառանգութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չէ. բայց Աստուած խոստումո՛վ շնորհեց զայն Աբրահամի:
Gala ArmWeste 3:19  Հապա ինչո՞ւ տրուեցաւ Օրէնքը: Ան աւելցաւ՝ օրինազանցութիւնները յայտնելու համար, (մինչեւ որ գար այն զարմը՝ որուն եղած էր խոստումը,) եւ հրեշտակներու կողմէ պատուիրուեցաւ միջնորդի մը ձեռքով:
Gala ArmWeste 3:20  Իսկ միջնորդը՝ միայն մէ՛կ անձի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է:
Gala ArmWeste 3:21  Ուրեմն Օրէնքը հակառա՞կ է Աստուծոյ խոստումներուն: Ամե՛նեւին. քանի որ եթէ տրուած ըլլար այնպիսի Օրէնք մը՝ որ կարենար կեանք տալ, այն ատեն ի՛րապէս արդարութիւնը Օրէնքով կ՚ըլլար:
Gala ArmWeste 3:22  Բայց Գիրքը բոլորը փակեց մեղքի տակ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով եղած խոստումը տրուի հաւատացեալներուն:
Gala ArmWeste 3:23  Բայց հաւատքին գալէն առաջ՝ Օրէնքին տակ պահպանուած էինք, փակուած այն հաւատքէն՝ որ յետագային պիտի յայտնուէր:
Gala ArmWeste 3:24  Հետեւաբար Օրէնքը եղաւ մեր դաստիարա՛կը՝ մեզ առաջնորդելու Քրիստոսի, որպէսզի մենք հաւատքո՛վ արդարանանք:
Gala ArmWeste 3:25  Բայց հաւատքին գալէն ետք՝ այլեւս դաստիարակի տակ չենք,
Gala ArmWeste 3:26  որովհետեւ դուք բոլորդ Աստուծոյ որդիներ էք՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով.
Gala ArmWeste 3:27  քանի որ դուք բոլորդ՝ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստո՛սը հագաք:
Gala ArmWeste 3:28  Ա՛լ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ Յոյն. ո՛չ ստրուկ կայ, ո՛չ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ էգ. որովհետեւ դուք բոլորդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով:
Gala ArmWeste 3:29  Իսկ եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամի զարմն էք, եւ խոստումին համաձայն՝ ժառանգորդներ:
Chapter 4
Gala ArmWeste 4:1  Բայց այնքան ատեն որ ժառանգորդը մանուկ է, կ՚ըսեմ թէ ոչինչով կը տարբերի ստրուկէ մը, թէպէտ բոլորին տէրն է.
Gala ArmWeste 4:2  հապա խնամակալներու եւ հոգատարներու հեղինակութեան տակ է՝ մինչեւ հօրը ճշդած պայմանաժամը:
Gala ArmWeste 4:3  Նոյնպէս ալ մենք, երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ստրուկ էինք:
Gala ArmWeste 4:4  Բայց երբ ժամանակը լրումին հասաւ, Աստուած ղրկեց իր Որդին՝ որ կնոջմէ ծնաւ եւ Օրէնքին տակ մտաւ,
Gala ArmWeste 4:5  որպէսզի փրկանքով գնէ Օրէնքին տակ եղողները. որպէսզի մենք որդեգրութի՛ւնը ստանանք:
Gala ArmWeste 4:6  Եւ քանի որ դուք որդիներ էք, Աստուած ձեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ. «Աբբա՛, Հա՛յր»:
Gala ArmWeste 4:7  Հետեւաբար ա՛լ ստրուկ չես, հապա՝ որդի. ու եթէ որդի, ուրեմն՝ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսի միջոցով:
Gala ArmWeste 4:8  Ուրեմն այն ատեն երբ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որ բնութեամբ աստուածներ չէին:
Gala ArmWeste 4:9  Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, կամ մա՛նաւանդ՝ ճանչցուեցաք Աստուծմէ, ի՞նչպէս կը վերադառնաք այն տկար եւ աղքատ սկզբունքներուն, որոնց դարձեալ կ՚ուզէք ստրուկ ըլլալ:
Gala ArmWeste 4:10  Կը պահէք օրերը, ամիսները, ժամանակներն ու տարիները.
Gala ArmWeste 4:11  կը վախնամ ձեզի համար, որ գուցէ զուր տեղը աշխատած ըլլամ ձեր վրայ:
Gala ArmWeste 4:12  Եղբայրնե՛ր, կ՚աղերսե՛մ ձեզի, ինծի՛ պէս եղէք, որովհետեւ ես ալ ձեզի պէս եղայ. դուք բնա՛ւ վնասած չէք ինծի:
Gala ArmWeste 4:13  Դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս՝ մարմինիս տկարութեամբ՝ աւետարանեցի ձեզի առաջին անգամ.
Gala ArmWeste 4:14  բայց մարմինիս վրայ կրած փորձութիւնս չանարգեցիք, ո՛չ ալ պժգացիք. հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս ընդունեցիք զիս, Քրիստոս Յիսուսի պէս:
Gala ArmWeste 4:15  Ուստի ո՞ւր է՝՝ ձեր այդ ատենուան երանութիւնը. քանի որ ես կը վկայեմ ձեզի թէ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքե՛րը պիտի խլէիք եւ զանոնք ինծի տայիք:
Gala ArmWeste 4:16  Միթէ ձեր թշնամի՞ն եղայ՝ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսելով:
Gala ArmWeste 4:17  Անոնք նախանձախնդիր են ձեզի հանդէպ, բայց ո՛չ բարի նպատակով. նոյնիսկ կ՚ուզեն մեզ վտարել, որպէսզի նախանձախնդիր ըլլաք իրե՛նց հանդէպ:
Gala ArmWeste 4:18  Սակայն լաւ է նախանձախնդիր ըլլալ բարիին հանդէպ՝ ամէ՛ն ատեն, եւ ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ներկայ եմ:
Gala ArmWeste 4:19  Որդեակնե՛րս, ձեզի համար դարձեալ երկունքի ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ որ Քրիստոս ձեր մէջ կերպաւորուի:
Gala ArmWeste 4:20  Կ՚ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու շեշտս փոխել, որովհետեւ ձեր մասին վարանումի մէջ եմ:
Gala ArmWeste 4:21  Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ կ՚ուզէք Օրէնքին տակ ըլլալ, Օրէնքը չէ՞ք լսեր.
Gala ArmWeste 4:22  որովհետեւ գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն, միւսը՝ ազատ կնոջմէն:
Gala ArmWeste 4:23  Բայց ա՛ն որ աղախինէն էր՝ մարմինին համեմատ ծնած էր, իսկ ա՛ն որ ազատ կնոջմէն էր՝ խոստումով:
Gala ArmWeste 4:24  Ասոնց մեկնութիւնը այլաբանօրէն կ՚ըլլայ, քանի որ ասոնք երկու Ուխտերն են. մէկը՝ Սինա լեռնէն, որ Հագա՛րն է, ստրկութեա՛ն համար կը ծնանի.
Gala ArmWeste 4:25  որովհետեւ Հագար՝ Սինա լեռն է, Արաբիայի մէջ, ու կը համապատասխանէ այժմու Երուսաղէմին, եւ ստրկութեան մէջ է իր զաւակներուն հետ:
Gala ArmWeste 4:26  Բայց վերին Երուսաղէմը, որ մեր բոլորին մայրն է, ազատ է:
Gala ArmWeste 4:27  Արդարեւ գրուած է. «Ուրախացի՛ր, չծնանող ամո՛ւլ. պոռթկա՛ ցնծութեամբ եւ գոչէ՛, երկունքի ցաւ չքաշո՛ղ. որովհետեւ լքեալին զաւակները շա՛տ աւելի են՝ քան ամուսին ունեցողին զաւակները»:
Gala ArmWeste 4:28  Ուրեմն մենք, եղբայրնե՛ր, Իսահակի պէս խոստումի զաւակներ ենք:
Gala ArmWeste 4:29  Բայց ինչպէս այն ատեն մարմինին համեմատ ծնածը կը հալածէր ան՝ որ Հոգիին համեմատ ծնած էր, նոյնպէս ալ հիմա:
Gala ArmWeste 4:30  Սակայն ի՞նչ կ՚ըսէ Գիրքը. «Վտարէ՛ այդ աղախինը եւ անոր որդին, քանի որ աղախինին որդին ժառանգորդ պիտի չըլլայ ազատ կնոջ որդիին հետ»:
Gala ArmWeste 4:31  Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատ կնոջ:
Chapter 5
Gala ArmWeste 5:1  Ուստի հաստատո՛ւն կեցէք այն ազատութեամբ՝ որով Քրիստոս ազատեց մեզ, եւ դարձեալ ստրկութեան լուծին տակ մի՛ կաշկանդուիք:
Gala ArmWeste 5:2  Ահա՛ ես՝ Պօղոս, ձեզի կ՚ըսեմ. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ ձեզի»:
Gala ArmWeste 5:3  Եւ ամէն թլփատուող մարդու դարձեալ կը վկայեմ թէ պարտաւոր է գործադրել ամբո՛ղջ Օրէնքը:
Gala ArmWeste 5:4  Քրիստոս ոչինչ դարձած է ձեզի համար, այսինքն ձեզմէ բոլոր անոնց՝ որ Օրէնքո՛վ արդարանալ կ՚ուզեն: Դուք շնորհքէն ինկած էք,
Gala ArmWeste 5:5  որովհետեւ մենք Հոգիին միջոցով կը սպասենք հաւատքո՛վ եղած արդարութեան յոյսին:
Gala ArmWeste 5:6  Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:
Gala ArmWeste 5:7  Դուք լաւ կը վազէիք. ո՞վ կասեցուց ձեզ՝ որ ճշմարտութեան չանսաք:
Gala ArmWeste 5:8  Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց:
Gala ArmWeste 5:9  Քիչ մը խմորը ամբո՛ղջ զանգուածը կը խմորէ:
Gala ArmWeste 5:10  Բայց ես ձեր մասին համոզուած եմ Տէրոջմով, թէ բնա՛ւ ուրիշ կերպ պիտի չմտածէք: Իսկ ա՛ն որ ձեզ կը վրդովէ՝ ո՛վ որ ըլլայ՝ պիտի կրէ իր դատապարտութիւնը:
Gala ArmWeste 5:11  Սակայն, եղբայրնե՛ր, ա՛լ ինչո՞ւ կը հալածուիմ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ. ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը ոչնչացա՞ծ է:
Gala ArmWeste 5:12  Երանի՜ թէ նոյնիսկ կտրուէին անո՛նք՝ որ ձեզ տակնուվրայ կ՚ընեն:
Gala ArmWeste 5:13  Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք:
Gala ArmWeste 5:14  Քանի որ ամբողջ Օրէնքը սա՛ մէկ խօսքին մէջ կը գործադրուի. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:
Gala ArmWeste 5:15  Բայց եթէ զիրար խածնէք եւ լափէք, զգուշացէ՛ք որ իրարմէ չսպառիք:
Gala ArmWeste 5:16  Ուստի սա՛ կ՚ըսեմ. «Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»:
Gala ArmWeste 5:17  Որովհետեւ մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ, ու Հոգին՝ մարմինին հակառակ. եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որպէսզի չընէք ի՛նչ որ ուզէք:
Gala ArmWeste 5:18  Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ Օրէնքին տակ չէք ըլլար:
Gala ArmWeste 5:19  Մարմինին գործերը բացայայտ են. անոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անմաքրութիւն, ցոփութիւն,
Gala ArmWeste 5:20  կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ,
Gala ArmWeste 5:21  չար նախանձներ, մարդասպանութիւններ, արբեցութիւններ, զեխութիւններ եւ ինչ որ ասոնց նման է. որոնց մասին կանխաւ կ՚ըսեմ ձեզի, ինչպէս ժամանակին ալ ըսած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
Gala ArmWeste 5:22  Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,
Gala ArmWeste 5:23  քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ:
Gala ArmWeste 5:24  Անոնք որ Քրիստոսիններն են, իրենց մարմինը խաչեցին՝ բնական կիրքերուն ու ցանկութիւններուն հետ:
Gala ArmWeste 5:25  Եթէ Հոգիով կ՚ապրինք՝ նաեւ ընթանա՛նք Հոգիին համաձայն:
Gala ArmWeste 5:26  Սնափառ չըլլա՛նք՝ զիրար գրգռելով եւ իրարու նախանձելով:
Chapter 6
Gala ArmWeste 6:1  Եղբայրնե՛ր, եթէ մարդ մը որեւէ յանցանքի մէջ բռնուի, դուք որ հոգեւոր էք՝ այդպիսին հեզութեա՛ն հոգիով ուղղեցէք. ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի, որ դո՛ւն ալ չփորձուիս:
Gala ArmWeste 6:2  Կրեցէ՛ք իրարու ծանրութիւնները, եւ ա՛յդպէս գործադրեցէք Քրիստոսի օրէնքը:
Gala ArmWeste 6:3  Արդարեւ եթէ մէկը՝ որ ոչի՛նչ է՝ կարծէ թէ ինք բա՛ն մըն է, ինքզինք կը խաբէ:
Gala ArmWeste 6:4  Բայց իւրաքանչիւրը թող քննէ իր գործը, եւ ա՛յն ատեն պարծենայ՝ միայն ինքնիր վրայ, ո՛չ թէ ուրիշի վրայ.
Gala ArmWeste 6:5  որովհետեւ իւրաքանչիւրը պիտի կրէ ի՛ր բեռը:
Gala ArmWeste 6:6  Խօսքին աշակերտը հաղորդակից թող ընէ իր վարդապետը ամէն բարի բանի:
Gala ArmWeste 6:7  Մի՛ խաբուիք, Աստուած չի ծաղրուիր.
Gala ArmWeste 6:8  որովհետեւ ի՛նչ որ մարդ կը սերմանէ, զա՛յն ալ պիտի հնձէ: Ա՛ն որ իր մարմինին համար կը սերմանէ, այդ մարմինէն ապականութիւն պիտի հնձէ. իսկ ա՛ն որ Հոգիին համար կը սերմանէ, այդ Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ:
Gala ArmWeste 6:9  Ուստի բարիք գործելէ չձանձրանա՛նք, քանի որ յատուկ ատենին պիտի հնձենք՝ եթէ չպարտասինք:
Gala ArmWeste 6:10  Ուրեմն, քանի պատեհութիւն ունինք, բարի՛ք ընենք բոլորին, մա՛նաւանդ՝ հաւատքի ընտանիքէն եղողներուն:
Gala ArmWeste 6:11  Նայեցէ՛ք, ո՛րքան մեծ գիրերով գրեցի ձեզի՝ ի՛մ ձեռքովս:
Gala ArmWeste 6:12  Բոլոր անոնք՝ որ կ՚ուզեն մարմինին համեմատ լաւ երեւնալ, կը հարկադրեն ձեզ որ թլփատուիք, միայն՝ որպէսզի չհալածուին Քրիստոսի խաչին համար:
Gala ArmWeste 6:13  Արդարեւ ո՛չ իսկ իրե՛նք՝ թլփատուածները կը պահեն Օրէնքը. բայց կ՚ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէսզի պարծենան ձեր մարմինով:
Gala ArmWeste 6:14  Բայց ես ամե՛նեւին պիտի չպարծենամ, այլ միայն մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչով. անով աշխարհը խաչուած է ինծի համար, ես ալ՝ աշխարհի:
Gala ArmWeste 6:15  Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ անթլփատութիւնը, հապա՝ նոր արարած ըլլալը:
Gala ArmWeste 6:16  Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ:
Gala ArmWeste 6:17  Ասկէ ետք ո՛չ մէկը թող անհանգստացնէ զիս. որովհետեւ ես մարմինիս վրայ կը կրեմ Տէր Յիսուսի վէրքին սպիները:
Gala ArmWeste 6:18  Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն: