Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
II CORINTHIANS
Up
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13
Toggle notes
Chapter 1
II C ArmWeste 1:1  Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
II C ArmWeste 1:2  շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
II C ArmWeste 1:3  Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, արգահատանքի Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը,
II C ArmWeste 1:4  որ կը մխիթարէ մեզ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ, որպէսզի մենք կարենանք մխիթարել անոնք՝ որ որեւէ տառապանքի մէջ են, այն մխիթարութեամբ՝ որով մենք կը մխիթարուինք Աստուծմէ.
II C ArmWeste 1:5  որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի չարչարանքները կ՚առատանան մեր մէջ, նմանապէս մեր մխիթարութիւնն ալ կ՚առատանայ Քրիստոսի միջոցով:
II C ArmWeste 1:6  Եթէ տառապինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է, որ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ՝ համբերելով այն նոյն չարչարանքներուն, որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք. ու եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է:
II C ArmWeste 1:7  Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք:
II C ArmWeste 1:8  Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն:
II C ArmWeste 1:9  Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ:
II C ArmWeste 1:10  Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ, ու կ՚ազատէ.
II C ArmWeste 1:11  եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ: Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած շնորհին համար:
II C ArmWeste 1:12  Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:
II C ArmWeste 1:13  Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,
II C ArmWeste 1:14  ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը:
II C ArmWeste 1:15  Այս վստահութեամբ կը փափաքէի նախ գալ ձեզի, որպէսզի դուք երկրորդ շնորհք մը ընդունիք,
II C ArmWeste 1:16  անցնիլ ձեզմէ դէպի Մակեդոնիա, եւ Մակեդոնիայէն դարձեալ գալ ձեզի, ու ձեզմէ ուղարկուած՝ երթալ Հրէաստան:
II C ArmWeste 1:17  Ուրեմն երբ այսպէս փափաքեցայ, միթէ թեթեւութեա՞մբ վարուեցայ. եւ կամ՝ ինչ որ ես կը ծրագրեմ, մարմնաւորապէ՞ս կը ծրագրեմ, որպէսզի իմ քովս «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, եւ «ո՛չ»ը՝ ո՛չ՝՝:
II C ArmWeste 1:18  Սակայն Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզի հասած մեր խօսքը «այո՛» եւ «ո՛չ» չէր.
II C ArmWeste 1:19  քանի որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ քարոզուեցաւ ձեզի մեր միջոցով, (ինձմով, Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո՛» եւ «ո՛չ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո՛»ն:
II C ArmWeste 1:20  Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր խոստումները՝ իր մէջ «այո՛» են, եւ իր մէջ «ամէ՛ն» են՝ Աստուծոյ փառքին համար մեր միջոցով:
II C ArmWeste 1:21  Ուրեմն ա՛ն որ հաստատեց մեզ Քրիստոսով՝ ձեզի հետ, եւ օծեց մեզ՝ Աստուա՛ծ է,
II C ArmWeste 1:22  որ նաեւ կնքեց մեզ ու տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը՝ մեր սիրտերուն մէջ:
II C ArmWeste 1:23  Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, թէ տակաւին Կորնթոս չեկայ՝ խնայելու համար ձեզի:
II C ArmWeste 1:24  Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք:
Chapter 2
II C ArmWeste 2:2  Որովհետեւ եթէ ես տրտմեցնեմ ձեզ, ա՛լ ո՞վ է որ պիտի ուրախացնէ զիս, եթէ ոչ ան՝ որ տրտմեցաւ ինձմէ:
II C ArmWeste 2:3  Ասիկա գրեցի, որ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը չկրեմ անոնցմէ՝ որ պէտք է ուրախացնեն զիս. քանի որ ձեր բոլորին մասին համոզուած եմ թէ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորինն է:
II C ArmWeste 2:4  Որովհետեւ շատ տառապանքի մէջ եւ սիրտի կսկիծով գրեցի ձեզի՝ շատ արցունքով. ո՛չ թէ՝ որպէսզի տրտմիք, հապա գիտնաք այն յորդառատ սէ՛րը՝ որ ունիմ ձեզի հանդէպ:
II C ArmWeste 2:5  Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝:
II C ArmWeste 2:6  Բաւական է այդպիսի մարդուն այն պատիժը՝ որ տրուեցաւ շատերէ:
II C ArmWeste 2:7  Հետեւաբար՝ ընդհակառակը՝ պէտք է փոխարէնը ներել անոր ու մխիթարել զայն, որպէսզի այնպիսին չյուսալքուի չափազանց տրտմութենէն:
II C ArmWeste 2:8  Ուստի կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ անոր հանդէպ վաւերացնէք ձեր սէրը.
II C ArmWeste 2:9  (քանի որ սա՛ նպատակով ալ գրեցի, որպէսզի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ էք:
II C ArmWeste 2:10  Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի անձով.)
II C ArmWeste 2:11  որպէսզի Սատանան մեզ չկեղեքէ, քանի որ չենք անգիտանար անոր դիտաւորութիւնները:
II C ArmWeste 2:12  Ուրեմն երբ հասայ Տրովադա՝ Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու, թէպէտ Տէրը դուռ մը բացած էր ինծի,
II C ArmWeste 2:13  անդորրութիւն չունեցայ հոգիիս մէջ, որովհետեւ հոն չգտայ եղբայրս՝ Տիտոսը. հապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ՝ մեկնեցայ Մակեդոնիա:
II C ArmWeste 2:14  Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ ամէն ատեն մեզի յաղթութիւն կը պատճառէ Քրիստոսով, ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով կը յայտնաբերէ ամէն տեղ:
II C ArmWeste 2:15  Որովհետեւ մենք՝ Աստուծոյ համար՝ Քրիստոսի անոյշ հոտն ենք, թէ՛ փրկուածներուն եւ թէ կորսուողներուն մէջ:
II C ArmWeste 2:16  Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ, ոմանց ալ՝ կեանքի հոտ դէպի կեանք: Եւ ո՞վ ընդունակ է ընելու այս բաները:
II C ArmWeste 2:17  Քանի որ մենք շատերուն պէս չենք, որոնք կը խարդախեն Աստուծոյ խօսքը. հապա անկեղծութեա՛մբ, Աստուծմէ ղրկուած եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք՝ Քրիստոսով:
Chapter 3
II C ArmWeste 3:1  Սկսի՞նք դարձեալ մենք մեզ յանձնարարել. կամ թէ՝ ոմանց պէս՝ պէ՞տք են մեզի յանձնարարական նամակներ ձեզի, կամ յանձնարարութիւն ձեզմէ:
II C ArmWeste 3:2  Դո՛ւք էք մեր նամակը՝ մեր սիրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած բոլոր մարդոցմէն.
II C ArmWeste 3:3  բացայայտ ըլլալով որ դուք Քրիստոսի նամակն էք՝ մեր սպասարկութեամբ, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա՝ ապրող Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա՝ սիրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ:
II C ArmWeste 3:4  Մենք այսպիսի վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ՝ Քրիստոսի միջոցով:
II C ArmWeste 3:5  Ո՛չ թէ մենք մեզմէ ընդունակ ենք մտածել որեւէ բան՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր ընդունակութիւնը Աստուծմէ է:
II C ArmWeste 3:6  Ան նաեւ ընդունակ ըրաւ մեզ Նոր Կտակարանին սպասարկուներ ըլլալու. ո՛չ թէ գիրին, հապա՝ Հոգիին, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կեանք կու տայ:
II C ArmWeste 3:7  Իսկ եթէ քարերու վրայ փորագրուած մահուան սպասարկութիւնը ա՛յնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար ակնապիշ նայիլ Մովսէսի երեսին՝ անոր դէմքին պայծառութեան պատճառով, որ պիտի ոչնչանար,
II C ArmWeste 3:8  ուրեմն ո՜րքան աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ հոգիին սպասարկութիւնը.
II C ArmWeste 3:9  քանի որ եթէ դատապարտութեան սպասարկութիւնը փառաւոր էր, ո՜րչափ աւելի գերազանց պիտի ըլլայ արդարութեան սպասարկութեան փառքը.
II C ArmWeste 3:10  որովհետեւ ինչ որ փառաւոր եղած էր՝ ա՛լ փառք չունէր այս կապակցութեամբ, զինք գերազանցող փառքին պատճառով:
II C ArmWeste 3:11  Արդարեւ եթէ այն որ պիտի ոչնչանար՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ այն՝ որ մնայուն է:
II C ArmWeste 3:12  Ուրեմն, նկատելով որ ունինք այսպիսի յոյս մը, մեծ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ.
II C ArmWeste 3:13  ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս, որ ծածկոց կը դնէր իր երեսին վրայ՝ որպէսզի Իսրայէլի որդիները ակնապիշ չնայէին ոչնչանալու սահմանուածին վախճանին:
II C ArmWeste 3:14  Սակայն անոնց միտքերը կուրցան. որովհետեւ՝ մինչեւ այսօր՝ նոյն ծածկոցը ձգուած կը մնայ Հին Կտակարանի ընթերցումին վրայ, (ան Քրիստոսով կ՚ոչնչանայ,)
II C ArmWeste 3:15  հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսի գիրքը կը կարդացուի, ծածկոցը դրուած կը մնայ անոնց սիրտին վրայ:
II C ArmWeste 3:16  Բայց երբ Տէրոջ դառնան, ծածկոցը պիտի վերցուի:
II C ArmWeste 3:17  Ուրեմն Տէրը այդ Հոգին է, եւ ուր Տէրոջ Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ:
II C ArmWeste 3:18  Իսկ մենք բոլորս, բաց երեսով Տէրոջ փառքը տեսնելով՝ որպէս թէ հայելիի մէջ, կը փոխուինք նոյն պատկերին՝ փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջ Հոգիին միջոցով:
Chapter 4
II C ArmWeste 4:1  Ուստի, քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար.
II C ArmWeste 4:2  հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:
II C ArmWeste 4:3  Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած է, կորսուածներո՛ւն համար ծածկուած է.
II C ArmWeste 4:4  որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ:
II C ArmWeste 4:5  Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.
II C ArmWeste 4:6  որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:
II C ArmWeste 4:7  Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ:
II C ArmWeste 4:8  Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատած չենք.
II C ArmWeste 4:9  հալածուած ենք, բայց լքուած չենք. խորտակուած ենք, բայց կորսուած չենք:
II C ArmWeste 4:10  Ամէն ատեն Յիսուսի մահը կը կրենք մեր մարմինին մէջ, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մարմինին մէջ:
II C ArmWeste 4:11  Որովհետեւ մենք որ կ՚ապրինք՝ ամէն ատեն Յիսուսի համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ:
II C ArmWeste 4:12  Ուստի՝ մահը կը ներգործէ մե՛ր մէջ, իսկ կեանքը՝ ձե՛ր մէջ:
II C ArmWeste 4:13  Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, ուստի խօսեցայ»: Մե՛նք ալ կը հաւատանք, ուստի կը խօսինք:
II C ArmWeste 4:14  Գիտենք թէ ա՛ն՝ որ յարուցանեց Տէր Յիսուսը, մե՛զ ալ պիտի յարուցանէ Յիսուսի միջոցով, եւ անոր պիտի ներկայացնէ՝ ձեզի հետ:
II C ArmWeste 4:15  Որովհետեւ ամէն բան ձեզի համար է, որպէսզի այն շնորհքը՝ աւելցած շատերու շնորհակալութեամբ՝ ճոխանայ Աստուծոյ փառքին համար:
II C ArmWeste 4:16  Հետեւաբար չենք ձանձրանար. եւ թէպէտ մեր արտաքին մարդը կ՚ապականի, ներքին մարդը օրէ օր կը նորոգուի:
II C ArmWeste 4:17  Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը.
II C ArmWeste 4:18  քանի որ մենք կը նայինք ո՛չ թէ տեսանելի բաներուն, հապա՝ անտեսանելիներուն. որովհետեւ տեսանելի բաները ժամանակաւոր են, իսկ անտեսանելիները՝ յաւիտենական:
Chapter 5
II C ArmWeste 5:1  Արդարեւ գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրային տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռակերտ յաւիտենական տուն մը՝ երկինքի մէջ.
II C ArmWeste 5:2  եւ ի՛րապէս ասոր մէջ կը հառաչենք՝ տենչալով հագնիլ մեր երկնաւոր բնակութիւնը.
II C ArmWeste 5:3  սակայն երբ զայն հագնինք՝ մերկ չգտնուինք:
II C ArmWeste 5:4  Որովհետեւ մենք՝ որ այս վրանին տակն ենք, ծանրութեան տակ կը հառաչենք. ո՛չ թէ կ՚ուզենք հանուիլ, հապա՝ հագնիլ զայն ասոր վրայ, որպէսզի մահկանացութիւնը ընկղմի կեանքին մէջ:
II C ArmWeste 5:5  Ուրեմն ա՛ն՝ որ պատրաստեց մեզ այդ նոյն բանին համար՝ Աստուա՛ծ է, որ նաեւ տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը:
II C ArmWeste 5:6  Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունինք, գիտնալով թէ մինչ մարմինի մէջ ենք՝ հեռու ենք Տէրոջմէն.
II C ArmWeste 5:7  (որովհետեւ հաւատքո՛վ կ՚ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ.)
II C ArmWeste 5:8  վստահութիւն ունինք, եւ առաւելապէս կ՚ուզենք հեռանալ մարմինէն ու մօտ ըլլալ Տէրոջ:
II C ArmWeste 5:9  Ուստի պատիւ կը համարենք ընդունելի ըլլալ անոր, մօտ թէ հեռու:
II C ArmWeste 5:10  Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:
II C ArmWeste 5:11  Ուրեմն՝ գիտնալով Տէրոջ վախը՝ կը համոզենք մարդիկ. սակայն մենք բացայայտ ենք Աստուծոյ առջեւ, եւ կը յուսամ թէ բացայայտ ենք նաեւ ձեր խղճմտանքին մէջ:
II C ArmWeste 5:12  Որովհետեւ մենք մեզ դարձեալ չենք յանձնարարեր ձեզի, հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէսզի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ կը պարծենան երեւոյթով, եւ ո՛չ թէ սիրտով:
II C ArmWeste 5:13  Քանի որ եթէ ցնորած ենք՝ ատիկա Աստուծոյ համար է, ու եթէ խոհեմ ենք՝ ատիկա ձեզի համար է:
II C ArmWeste 5:14  Որովհետեւ Քրիստոսի սէրը կը պարտադրէ մեզ, ու մեր դատումը սա՛ է, թէ եթէ մէկը մեռաւ բոլորին համար, ուրեմն բոլորն ալ մեռան:
II C ArmWeste 5:15  Ան բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի ապրողները այլեւս չապրին իրենք իրենց համար, հապա անո՛ր համար՝ որ մեռաւ իրենց համար, եւ յարութիւն առաւ:
II C ArmWeste 5:16  Հետեւաբար ասկէ ետք մենք ո՛չ մէկը կը ճանչնանք մարմինով. թէպէտ Քրիստոսը ճանչցանք մարմինով, հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար:
II C ArmWeste 5:17  Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած մըն է. նախկին բաները անցան, եւ ահա՛ ամէն բան նոր եղաւ:
II C ArmWeste 5:18  Եւ ամէն բան Աստուծմէ է, որ հաշտեցուց մեզ իրեն հետ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, ու տուաւ մեզի հաշտութեան սպասարկութիւնը.
II C ArmWeste 5:19  այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով հաշտեցուց աշխարհը իրեն հետ՝ անոնց յանցանքները չվերագրելով իրենց, ու յանձնեց մեզի հաշտութեան խօսքը:
II C ArmWeste 5:20  Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:
II C ArmWeste 5:21  Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղաւոր համարեց՝՝ ա՛ն՝ որ մեղք չէր գիտեր, որպէսզի մենք Աստուծոյ արդարութիւնը ըլլանք անով:
Chapter 6
II C ArmWeste 6:2  Որովհետեւ կ՚ըսէ. «Պատեհ ժամանակին պատասխանեցի քեզի, եւ փրկութեան օրը օգնեցի քեզի»: Ահա՛ հիմա է պատեհ ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը:
II C ArmWeste 6:3  Բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի:
II C ArmWeste 6:4  Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու,
II C ArmWeste 6:5  ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,
II C ArmWeste 6:6  մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
II C ArmWeste 6:7  ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է.
II C ArmWeste 6:8  փառքով եւ անպատուութեամբ, վատ համբաւով թէ բարի համբաւով, մոլորեցուցիչներու պէս՝ բայց ճշմարտախօսներ,
II C ArmWeste 6:9  անծանօթներու պէս՝ սակայն լաւ ճանչցուածներ. մահամերձի պէս՝ եւ ահա՛ կ՚ապրինք, պատժուածներու պէս՝ ու չենք մեռցուած.
II C ArmWeste 6:10  տրտմածներու պէս՝ բայց միշտ կ՚ուրախանանք, աղքատներու պէս՝ սակայն կը հարստացնենք շատերը, ոչինչ ունեցողներու պէս՝ մինչդեռ տիրացած ենք ամէն բանի:
II C ArmWeste 6:11  Կորնթացինե՛ր, մեր բերանը բացուած է ձեզի, եւ մեր սիրտը՝ լայնցած:
II C ArmWeste 6:12  Դուք մեր մէջ նեղը ինկած՝՝ չէք, հապա ձեր սիրտին մէջ՝՝ նեղը ինկած էք:
II C ArmWeste 6:13  Ուրեմն, փոխարէնը հատուցանելու համար (կը խօսիմ ձեզի՝ իբր զաւակներուս), դո՛ւք ալ ձեր սիրտը լայնցուցէք՝՝:
II C ArmWeste 6:14  Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից՝՝ մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ,
II C ArmWeste 6:15  եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ,
II C ArmWeste 6:16  եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան:
II C ArmWeste 6:17  Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,- կ՚ըսէ Տէրը:- Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք,
II C ArmWeste 6:18  ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»:
Chapter 7
II C ArmWeste 7:1  Ուրեմն, սիրելինե՛ր, այս խոստումները ունենալով՝ մաքրե՛նք մենք մեզ մարմինի ու հոգիի ամէն տեսակ պղծութենէ, եւ կատարելագործե՛նք սրբացումը Աստուծոյ վախով:
II C ArmWeste 7:2  Ընդունեցէ՛ք մեզ՝՝: Ո՛չ մէկը անիրաւեցինք, ո՛չ մէկը ապականեցինք եւ ո՛չ մէկը կեղեքեցինք:
II C ArmWeste 7:3  Չեմ ըսեր ասիկա՝ դատապարտելու համար ձեզ, որովհետեւ նախապէս ըսեր եմ թէ դուք մեր սիրտին մէջ էք՝ միասին մեռնելու եւ ապրելու:
II C ArmWeste 7:4  Մեծ է խօսքի համարձակութիւնս ձեզի հանդէպ, մեծ է ձեզմով պարծանքս, լեցուած եմ մխիթարութեամբ, չափազանց ուրախ եմ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ:
II C ArmWeste 7:5  Որովհետեւ՝ երբ մենք Մակեդոնիա հասանք՝ մեր մարմինը բնա՛ւ անդորրութիւն չունեցաւ, այլ ամէն կողմէ կը տառապէինք. դուրսէն կռիւներ կային, իսկ ներսէն՝ վախեր:
II C ArmWeste 7:6  Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսի գալուստով:
II C ArmWeste 7:7  Եւ ո՛չ միայն անոր գալուստով, այլ նաեւ այն մխիթարութեամբ՝ որով ինք մխիթարուած էր ձեզմով, երբ պատմեց մեզի ձեր տենչանքը, ձեր կոծը, ինծի հանդէպ ձեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախացայ:
II C ArmWeste 7:8  Որովհետեւ, թէպէտ տրտմեցուցի ձեզ այդ նամակով, չեմ զղջար, (թէպէտ զղջացեր էի,) քանի որ կը նշմարեմ թէ այդ նամակը տրտմեցուց ձեզ, թէպէտ միայն ժամանակ մը:
II C ArmWeste 7:9  Ուրեմն կ՚ուրախանամ, ո՛չ թէ քանի որ տրտմեցաք, հապա՝ որովհետեւ տրտմեցաք ապաշխարութեա՛ն համար. քանի որ տրտմեցաք Աստուծոյ ուզած կերպով, որպէսզի ոչինչ կորսնցուցած ըլլաք մեր միջոցով:
II C ArmWeste 7:10  Արդարեւ Աստուծոյ ուզած տրտմութիւնը կը պատճառէ՝՝ ապաշխարութիւն՝ փրկութեան համար, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը կը պատճառէ մահ:
II C ArmWeste 7:11  Քանի դուք տրտմեցաք Աստուծոյ ուզած կերպով, ահա՛ այդ բանը ձեր մէջ ի՜նչ փութաջանութիւն գոյացուց, նոյնիսկ ջատագովութիւն, ընդվզում, վախ, տենչանք, նախանձախնդրութիւն, վրէժխնդրութիւն. ամէն կերպով դուք ձեզի հաւանութիւն տուիք թէ այդ խնդիրին մէջ անկեղծ էք:
II C ArmWeste 7:12  Ուրեմն ինչ որ գրեցի ձեզի, ո՛չ թէ անիրաւութիւնը ընողին պատճառով էր, եւ ո՛չ ալ անիրաւութիւնը կրողին պատճառով, հապա՝ որպէսզի երեւնայ ձեզի Աստուծոյ առջեւ մեր ունեցած փութաջանութիւնը ձեզի հանդէպ:
II C ArmWeste 7:13  Ուստի ձեր մխիթարութեամբ մե՛նք մխիթարուեցանք. եւ ա՛լ աւելի ուրախացանք Տիտոսի ուրախութեան համար, որովհետեւ անոր հոգին հանգստացած էր բոլորէդ.
II C ArmWeste 7:14  քանի որ ամօթահար չեմ ըլլար՝ ձեզմով որեւէ բանի մէջ պարծենալուս համար անոր առջեւ. հապա, ինչպէս ամէն բան ճշմարտութեամբ խօսեցանք ձեզի, նոյնպէս Տիտոսի առջեւ մեր պարծանքն ալ ճշմարիտ գտնուեցաւ:
II C ArmWeste 7:15  Նաեւ իր գորովը աւելի առատ է ձեզի հանդէպ, մինչ կը վերյիշէ ձեր բոլորին հնազանդութիւնը, թէ ի՛նչպէս ահով ու դողով ընդունեցիք զինք:
II C ArmWeste 7:16  Ուստի կ՚ուրախանամ որ ամէն բանի մէջ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ:
Chapter 8
II C ArmWeste 8:1  Եղբայրնե՛ր, ձեզի կը տեղեկացնենք Աստուծոյ շնորհքին մասին, որ տրուած է Մակեդոնիայի եկեղեցիներուն.
II C ArmWeste 8:2  թէ ի՛նչպէս՝ տառապանքի մեծ փորձի մը մէջ՝ իրենց առատ ուրախութիւնը եւ իրենց ծանր աղքատութիւնը ճոխացան իրենց հարուստ առատաձեռնութեամբ:
II C ArmWeste 8:3  Որովհետեւ ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան համեմատ, ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամ ըլլալով,
II C ArmWeste 8:4  շատ պնդումով կ՚աղերսէին մեզի՝ որ ընդունինք շնորհքը եւ սուրբերուն համար եղած սպասարկութեան հաղորդակցութիւնը:
II C ArmWeste 8:5  Ո՛չ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տէրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով:
II C ArmWeste 8:6  Ա՛յնքան՝ որ աղաչեցինք Տիտոսի, որ ինչպէս ան նախապէս սկսաւ, նոյնպէս նաեւ աւարտէ ձեր մէջ այդ շնորհքն ալ:
II C ArmWeste 8:7  Հետեւաբար, ինչպէս դուք ճոխացած էք ամէն բանով, (հաւատքով, խօսքով, գիտութեամբ, ամբողջ փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր տածած սիրով,) ճոխացէ՛ք նաեւ այս շնորհքով:
II C ArmWeste 8:8  Կը խօսիմ ո՛չ թէ հրամայելով, հապա՝ ուրիշներուն փութաջանութեան առիթով, ու փորձարկելու համար ձեր սիրոյն անկեղծութիւնը:
II C ArmWeste 8:9  Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով:
II C ArmWeste 8:10  Եւ այս մասին կարծիք մը կու տամ, որովհետեւ ասիկա օգտակար է ձեզի, դո՛ւք՝ որ նախապէս սկսաք՝ անցեալ տարուընէ՝ ո՛չ միայն ընել, այլ նաեւ կամենալ:
II C ArmWeste 8:11  Իսկ հիմա ընե՛լն ալ կատարեցէք, որպէսզի՝ ինչպէս յօժարութիւն կար, նոյնպէս ալ կատարում ըլլայ՝ ձեր ունեցածէն:
II C ArmWeste 8:12  Որովհետեւ եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ:
II C ArmWeste 8:13  Քանի որ ես չեմ ուզեր որ ուրիշները անդորր ըլլան ու դուք տառապիք.
II C ArmWeste 8:14  հապա հաւասարութեամբ՝ հիմա, այս ատեն, ձեր լիութիւնը լրացնէ անոնց պակասը, որպէսզի անոնց լիութիւնն ալ օր մը լրացնէ ձե՛ր պակասը, եւ այսպէս հաւասարութիւն ըլլայ:
II C ArmWeste 8:15  Ինչպէս գրուած է. «Անոր որ շատ ժողվեց՝ ոչի՛նչ աւելցաւ, իսկ անոր որ քիչ ժողվեց՝ ոչի՛նչ նուազեցաւ»:
II C ArmWeste 8:16  Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ այս նոյն անձկալից փութաջանութիւնը դրաւ Տիտոսի սիրտին մէջ՝ ձեզի համար:
II C ArmWeste 8:17  Արդարեւ ան ընդունեց մեր յորդորը. բայց աւելի՛ փութաջան ըլլալով՝ իր իսկ համաձայնութեամբ գնաց ձեզի:
II C ArmWeste 8:18  Անոր հետ ղրկեցինք նաեւ այն եղբայրը, որուն գովեստը կ՚ըլլայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ աւետարանին համար:
II C ArmWeste 8:19  Եւ ո՛չ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ իբր մեզի ճամբորդակից՝ այս շնորհքին հետ, որ մենք կը սպասարկենք նոյն Տէրոջ փառքին համար, ու ձեր յօժարութեամբ:
II C ArmWeste 8:20  Կը զգուշանայինք որ ո՛չ մէկը մեզ արատաւորէ այս ճոխութեան մէջ, որ կը սպասարկուի մեր միջոցով.
II C ArmWeste 8:21  քանի որ կը մտադրէինք ո՛չ միայն Տէրոջ առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ ընել ինչ որ պարկեշտ է:
II C ArmWeste 8:22  Անոնց հետ ղրկեցինք մեր եղբայրը, որուն փութաջանութիւնը յաճախ փորձարկած ենք շատ բաներու մէջ, իսկ հիմա ա՛լ աւելի փութաջան է, քանի որ մեծ վստահութիւն ունի ձեր վրայ:
II C ArmWeste 8:23  Ինչ կը վերաբերի Տիտոսի, ան հաղորդակիցս է ու ձեր մօտ իմ գործակիցս. իսկ մեր եղբայրները՝ եկեղեցիներէն ղրկուածներն են, եւ Քրիստոսի փառքը:
II C ArmWeste 8:24  Ուրեմն ատոնց ու եկեղեցիներուն առջեւ ցո՛յց տուէք ձեր սիրոյն եւ ձեզի հանդէպ մեր պարծանքին ապացոյցը:
Chapter 9
II C ArmWeste 9:1  Արդարեւ աւելորդ է որ գրեմ ձեզի՝ սուրբերուն սպասարկութեան մասին,
II C ArmWeste 9:2  քանի գիտեմ ձեր յօժարութիւնը. անոր մասին կը պարծենամ ձեզմով Մակեդոնացիներուն առջեւ, ըսելով թէ Աքայիացիները անցեալ տարուընէ պատրաստուած էին. ու ձեր նախանձախնդրութիւնը դրդեց շատ շատերը:
II C ArmWeste 9:3  Սակայն ղրկեցի եղբայրները, որպէսզի ձեզի հանդէպ մեր պարծանքը ընդունայն չըլլայ այս մասին, հապա՝ ինչպէս ըսեր եմ՝ պատրաստուած ըլլաք.
II C ArmWeste 9:4  որպէսզի՝ երբ Մակեդոնացիները գան ինծի հետ եւ անպատրաստ գտնեն ձեզ՝ մենք (որ չըսենք՝ դո՛ւք) ամօթահար չըլլանք այս նոյն պարծանքին վստահութեան համար:
II C ArmWeste 9:5  Ուրեմն հարկաւոր համարեցի յորդորել եղբայրները, որ նախապէս գան ձեզի ու կանխաւ համախմբեն ձեր նախապէս ծանուցանած առատաձեռնութիւնը, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ իբր առատաձեռնութիւն, ո՛չ թէ իբր ագահութիւն:
II C ArmWeste 9:6  Բայց սա՛ գիտցէք, թէ ա՛ն որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով ալ պիտի հնձէ, եւ ա՛ն որ առատաձեռնութեամբ կը սերմանէ՝ առատաձեռնութեամբ պիտի հնձէ:
II C ArmWeste 9:7  Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:
II C ArmWeste 9:8  Եւ Աստուած կարող է բոլոր շնորհքներով ճոխացնել ձեզ, որպէսզի դուք՝ ամէն բանի մէջ ամէն ատեն լման ինքնաբաւութիւն ունենալով՝ ճոխանաք ամէն բարի գործով,
II C ArmWeste 9:9  ինչպէս գրուած է. «Սփռեց եւ աղքատներուն տուաւ. անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»:
II C ArmWeste 9:10  Ուրեմն ա՛ն՝ որ սերմ կը հայթայթէ սերմնացանին, կերակուրի համար հաց հայթայթէ ձեզի ու բազմացնէ ձեր հունտը՝՝, եւ աճեցնէ ձեր արդարութեան պտուղները:
II C ArmWeste 9:11  Ամէն բանի մէջ հարստացած էք ամէն տեսակ առատաձեռնութեամբ, ինչ որ մեր միջոցով շնորհակալութիւն կը գոյացնէ Աստուծոյ հանդէպ.
II C ArmWeste 9:12  որովհետեւ այս պաշտօնին սպասարկումը ո՛չ միայն կը լրացնէ սուրբերուն պակասը, այլ նաեւ կը ճոխանայ շատ շնորհակալութիւններով՝ ուղղուած Աստուծոյ:
II C ArmWeste 9:13  Այս սպասարկութեան փորձառութեամբ անոնք պիտի փառաւորեն Աստուած՝ Քրիստոսի աւետարանին ձեր դաւանած ենթարկումին համար, նաեւ ձեր առատաձեռն հաղորդակցութեան համար՝ անոնց եւ բոլորին հետ.
II C ArmWeste 9:14  ու պիտի աղերսեն ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է:
II C ArmWeste 9:15  Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար:
Chapter 10
II C ArmWeste 10:1  Ես ինքս՝ Պօղոս՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի Քրիստոսի հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ, ես՝ որ ձեր ներկայութեան մէջ խոնարհ եմ, բայց բացակայ ըլլալով՝ խիզախ եմ ձեզի հանդէպ:
II C ArmWeste 10:2  Կ՚աղերսեմ որ ներկայ եղած ատենս խիզախ չըլլամ այն վստահութեամբ՝ որով կը մտածեմ յանդուգն ըլլալ ոմանց դէմ, որոնք մեր մասին կը մտածեն ա՛յնպէս՝ իբր թէ կ՚ընթանանք մարմնաւորապէս:
II C ArmWeste 10:3  Քանի որ՝ թէպէտ մարմինով կ՚ընթանանք, ո՛չ թէ մարմինին համաձայն կը մարտնչինք.
II C ArmWeste 10:4  որովհետեւ մեր մարտին զէնքերը մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար:
II C ArmWeste 10:5  Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:
II C ArmWeste 10:6  Եւ պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութեան համար, երբ ձեր հնազանդութիւնը լման ըլլայ:
II C ArmWeste 10:7  Բաներու արտաքին երեւոյթի՞ն կը նայիք: Եթէ ոեւէ մէկը կը վստահի ինքնիր վրայ՝ թէ ինք Քրիոտոսինն է, դարձեալ թող մտածէ ինքնիրմէ՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, նոյնպէս ալ՝ մենք:
II C ArmWeste 10:8  Քանի որ նոյնիսկ եթէ աւելի պարծենայի մեր իշխանութեան վրայ, որ Տէրը տուած է մեզի՝ շինութեան համար, եւ ո՛չ թէ ձեր քանդումին համար, պիտի չամչնայի:
II C ArmWeste 10:9  Որպէսզի չթուի թէ ես կ՚ուզեմ զարհուրեցնել ձեզ նամակներով.
II C ArmWeste 10:10  քանի որ կ՚ըսեն. «Անոր նամակները ծանր ու հզօր են, բայց անոր մարմնական ներկայութիւնը տկար է, եւ իր խօսքը՝ անարգ»:
II C ArmWeste 10:11  Այդպիսին թող մտածէ թէ ի՛նչպէս որ ենք խօսքով՝ նամակներուն մէջ, երբ բացակայ ենք, նո՛յնպէս ալ պիտի ըլլանք գործով՝ երբ ներկայ ըլլանք:
II C ArmWeste 10:12  Որովհետեւ մենք չենք յանդգնիր մենք մեզ դասել կամ բաղդատել ոմանց հետ՝ որ իրենք զիրենք կը յանձնարարեն. անոնք չեն հասկնար թէ իրենք իրենցմով կը չափուին եւ իրարու միջեւ կը բաղդատուին.
II C ArmWeste 10:13  իսկ մենք չափէ դուրս պիտի չպարծենանք, հապա չափին համեմատ այն սահմանին՝ որ Աստուած բաշխեց մեզի, որպէսզի հասնինք մինչեւ ձեզ:
II C ArmWeste 10:14  Արդարեւ մենք մեզ չենք ընդարձակեր մեր չափէն աւելի, որպէս թէ հասած չըլլայինք ձեզի. քանի որ ի՛րապէս հասանք մինչեւ ձեզ՝ Քրիստոսի աւետարանով:
II C ArmWeste 10:15  Մեր չափէն դուրս պիտի չպարծենանք՝ ուրիշներուն աշխատանքներով, հապա յոյս ունինք որ՝ երբ ձեր հաւատքը աճի՝ առատօրէն մեծարուինք ձեզմով, մեր սահմանին համեմատ.
II C ArmWeste 10:16  որպէսզի ձեզմէ անդին ալ աւետարանենք, եւ ո՛չ թէ պարծենանք ուրիշի սահմանին մէջ եղած պատրաստ բաներով:
II C ArmWeste 10:17  Բայց ո՛վ որ պարծենայ՝ Տէրոջմո՛վ թող պարծենայ.
II C ArmWeste 10:18  որովհետեւ գնահատելի է ո՛չ թէ ա՛ն՝ որ ինքզինք կը յանձնարարէ, հապա ա՛ն՝ որ Տէ՛րը կը յանձնարարէ:
Chapter 11
II C ArmWeste 11:1  Երանի՜ թէ կարենայիք քիչ մը հանդուրժել իմ անմտութեանս. եւ իսկապէս՝ հանդուրժեցէ՛ք ինծի:
II C ArmWeste 11:2  Որովհետեւ նախանձախնդիր եմ ձեզի հանդէպ՝ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ. քանի որ մէ՛կ ամուսինի նշանեցի ձեզ, որպէսզի Քրիստոսի՛ ներկայացնեմ ձեզ՝ մաքրակենցաղ կոյսի մը պէս:
II C ArmWeste 11:3  Բայց կը վախնամ որ, ինչպէս օձը խաբեց Եւան իր խորամանկութեամբ, նոյնպէս ձեր միտքերը ապականին Քրիստոսի հանդէպ եղած պարզամտութենէն:
II C ArmWeste 11:4  Որովհետեւ եթէ մէկը գար եւ քարոզէր ուրի՛շ Յիսուս մը՝ որ մենք չենք քարոզած, կամ ստանայիք ուրիշ հոգի մը՝ որ չէք ստացած, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ չէք ընդունած, լաւ կը հանդուրժէիք այդպիսիին:
II C ArmWeste 11:5  Քանի որ ես կը սեպեմ թէ ոչինչո՛վ ետ մնացած եմ գերագոյն առաքեալներէն.
II C ArmWeste 11:6  ու թէպէտ անվարժ եմ խօսքի մէջ, բայց ո՛չ՝ գիտութեամբ. սակայն ամէն բանի մէջ մենք մեզ ամբողջովին բացայայտեցինք ձեզի:
II C ArmWeste 11:7  Միթէ սխա՞լ գործած եղայ ես զիս խոնարհեցնելով՝ որպէսզի դո՛ւք բարձրանաք, քանի որ ձրի քարոզեցի ձեզի Աստուծոյ աւետարանը.
II C ArmWeste 11:8  կողոպտեցի ուրիշ եկեղեցիներ՝ թոշակ առնելով անոնցմէ, որպէսզի սպասարկեմ ձեզի:
II C ArmWeste 11:9  Ձեր մէջ ներկայ եղած ատենս՝ երբ կարօտութեան մէջ էի, ձեզմէ ո՛չ մէկուն բեռ եղայ. որովհետեւ Մակեդոնիայէն եկող եղբայրնե՛րը լրացուցին ինչ որ կը պակսէր ինծի. եւ ամէն կերպով զգուշացայ ձեզի ծանրութիւն ըլլալէ, ու դարձեալ պիտի զգուշանամ:
II C ArmWeste 11:10  Քանի որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ մէջս է, ո՛չ մէկը պիտի արգիլէ զիս այս պարծանքէն՝ Աքայիայի շրջանները:
II C ArmWeste 11:11  Ինչո՞ւ. քանի որ չե՞մ սիրեր ձեզ: Աստուա՛ծ գիտէ:
II C ArmWeste 11:12  Բայց ինչ որ ըրի՝ դարձեալ պիտի ընեմ զայն, որպէսզի առիթը զլանամ անոնց՝ որ առիթ կ՚ուզեն, որպէսզի իրենք ալ մեզի պէս գտնուին ինչո՛վ որ կը պարծենան:
II C ArmWeste 11:13  Որովհետեւ այդպիսիները սուտ առաքեալներ են, նենգ գործաւորներ, որ իրենք զիրենք կը կերպարանափոխեն Քրիստոսի առաքեալներու:
II C ArmWeste 11:14  Եւ զարմանալի չէ, որովհետեւ նոյնինքն Սատանան լուսաւոր հրեշտակի կը կերպարանափոխուի:
II C ArmWeste 11:15  Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր սպասարկուներն ալ արդարութեան սպասարկուներու կերպարանափոխուին: Անոնց վախճանը պիտի ըլլայ իրենց գործերուն համեմատ:
II C ArmWeste 11:16  Դարձեալ կ՚ըսեմ, ո՛չ մէկը թող կարծէ թէ ես անմիտ եմ. այլապէս՝ գոնէ անմիտի՛ մը պէս ընդունեցէք զիս, որպէսզի ես ալ քիչ մը պարծենամ ինձմով:
II C ArmWeste 11:17  Ինչ որ կը խօսիմ, կը խօսիմ ո՛չ թէ Տէրոջ կողմէն, հապա՝ որպէս թէ անմտութեամբ, այս պարծանքին վստահութեամբ:
II C ArmWeste 11:18  Քանի շատեր կը պարծենան մարմինի համեմատ, ե՛ս ալ պիտի պարծենամ.
II C ArmWeste 11:19  քանի որ դուք հաճոյքով կը հանդուրժէք անմիտներուն, դուք ձեզ իմաստուն նկատելով:
II C ArmWeste 11:20  Որովհետեւ կը հանդուրժէք, եթէ մէկը ստրուկ ընէ ձեզ, եթէ մէկը լափէ ձեր ստացուածքը, եթէ մէկը բան մը առնէ ձեզմէ, եթէ մէկը պանծացնէ ինքզինք, եթէ մէկը զարնէ ձեր երեսին:
II C ArmWeste 11:21  Կը խօսիմ որպէս անպատուութիւն, իբր թէ մենք տկար եղած ըլլայինք. բայց ի՛նչ բանի մէջ որ մէկը յանդուգն է, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ յանդուգն եմ:
II C ArmWeste 11:22  Անոնք Եբրայեցի՞ են. ե՛ս ալ: Իսրայելացի՞ են. ե՛ս ալ:
II C ArmWeste 11:23  Աբրահամի զարմէ՞ն են. ե՛ս ալ: Քրիստոսի սպասարկունե՞ր են. (անմտութեամբ կը խօսիմ) ա՛լ աւելի ես: Աշխատանքներով՝ աւելի՛ շատ, ծեծերով՝ չափէ՛ն աւելի, բանտերու մէջ՝ աւելի՛ շատ, մահուան վտանգներով՝ յաճախ:
II C ArmWeste 11:24  Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ ստացայ:
II C ArmWeste 11:25  Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ. մէկ անգամ քարկոծուեցայ. երեք անգամ նաւաբեկութիւն կրեցի. գիշեր մը ու ցերեկ մը մնացի ծովու անդունդին մէջ:
II C ArmWeste 11:26  Յաճախ չարչարուեցայ ճամբորդութիւններու մէջ. կրեցի վտանգներ գետերէն, վտանգներ աւազակներէն. վտանգներ իմ ցեղէս, վտանգներ հեթանոսներէն. վտանգներ քաղաքի մէջ, վտանգներ անապատի մէջ. վտանգներ ծովու վրայ, վտանգներ սուտ եղբայրներու մէջ:
II C ArmWeste 11:27  Աշխատանքի ու տաժանքի մէջ էի, յաճախ՝ հսկումներու մէջ, անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, շատ անգամ՝ ծոմապահութեան, ցուրտի ու մերկութեան մէջ:
II C ArmWeste 11:28  Բացի այդ արտաքին բաներէն, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը կը բարդուէր վրաս ամէն օր:
II C ArmWeste 11:29  Ո՞վ տկար է, ու ես ալ տկար չեմ. ո՞վ կը գայթակղի, եւ իմ սիրտս չի վառիր:
II C ArmWeste 11:30  Եթէ պէտք ըլլայ պարծենալ, պիտի պարծենամ իմ տկարութիւններուս վերաբերեալ բաներով:
II C ArmWeste 11:31  Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը եւ Հայրը, որ յաւիտեան օրհնեա՜լ է, գիտէ թէ չեմ ստեր:
II C ArmWeste 11:32  Դամասկոսի մէջ, Արետա թագաւորին ազգապետը՝ Դամասկոսցիներուն քաղաքը կը պահպանէր պահակազօրքով, ուզելով ձերբակալել զիս:
II C ArmWeste 11:33  Բայց պարիսպէն վար իջեցուցին զիս՝ պատուհանէ մը, զամբիւղի մը մէջ, ու խուսափեցայ անոր ձեռքերէն:
Chapter 12
II C ArmWeste 12:1  Պարծենալ՝ ի՛րապէս օգտակար չէ ինծի. սակայն պիտի գամ Տէրոջ տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն:
II C ArmWeste 12:2  Կը ճանչնամ մարդ մը Քրիստոսով՝ աւելի քան տասնչորս տարի առաջ. (արդեօք մարմինո՞վ էր, չեմ գիտեր. արդեօք մարմինէն դո՞ւրս էր, չեմ գիտեր. Աստուա՛ծ գիտէ.) այդպիսի մէկը յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը:
II C ArmWeste 12:3  Եւ գիտեմ թէ այդպիսի մարդ մը, (արդեօք մարմինո՞վ էր թէ մարմինէն դուրս էր, չեմ գիտեր, Աստուա՛ծ գիտէ,)
II C ArmWeste 12:4  յափշտակուեցաւ դրախտը ու լսեց անճառելի խօսքեր, որոնց մասին մարդու մը համար արտօնուած չէ խօսիլ:
II C ArmWeste 12:5  Ես պիտի պարծենամ այդպիսի մէկով. սակայն պիտի չպարծենամ ես ինձմով, բայց միայն իմ տկարութիւններովս:
II C ArmWeste 12:6  Որովհետեւ՝ նոյնիսկ եթէ ուզեմ պարծենալ՝ անմիտ պիտի չըլլամ, քանի որ պիտի ըսեմ ճշմարտութիւնը. բայց կը խնայեմ խօսքս՝ որ ո՛չ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան ինչ որ կը տեսնէ իմ վրաս կամ կը լսէ իմ մասիս:
II C ArmWeste 12:7  Եւ որպէսզի չափէն աւելի չպանծամ յայտնութիւններուն գերազանցութեամբ, մարմինի փուշ մը տրուեցաւ ինծի, Սատանայի պատգամաւոր մը՝ կռփահարելու համար զիս, որպէսզի չպանծամ չափէն աւելի:
II C ArmWeste 12:8  Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջ, որ հեռանայ ինձմէ:
II C ArmWeste 12:9  Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:
II C ArmWeste 12:10  Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:
II C ArmWeste 12:11  Ես անմիտ եղայ պարծենալով. դո՛ւք հարկադրեցիք զիս. որովհետեւ ե՛ս պարտաւոր էի յանձնարարուած ըլլալ ձեզմէ, քանի որ ոչինչո՛վ ետ կը մնամ գերագոյն առաքեալներէն, թէպէտ ես ոչինչ եմ:
II C ArmWeste 12:12  Ի՛րապէս առաքեալի մը նշանները գործուեցան ձեր մէջ՝ ամբողջ համբերութեամբ, նշաններով, սքանչելիքներով եւ հրաշքներով:
II C ArmWeste 12:13  Որովհետեւ ինչո՞վ ետ մնացիք միւս եկեղեցիներէն, բացի անով՝ որ ես բեռ չեղայ ձեզի: Ներեցէ՛ք ինծի այս անիրաւութիւնը:
II C ArmWeste 12:14  Ահա՛ այս երրորդ անգամն է որ պատրաստ եմ գալու ձեզի. բայց բեռ պիտի չըլլամ ձեզի, որովհետեւ կը փնտռեմ ո՛չ թէ ձեր ունեցածը, հապա՝ ձե՛զ: Քանի որ զաւակները պարտաւոր չեն գանձ դիզել ծնողներուն համար, հապա ծնողնե՛րը՝ զաւակներուն համար:
II C ArmWeste 12:15  Ու ես մեծ հաճոյքով պիտի ծախսեմ եւ ծախսուիմ ալ ձեզի համար, թէեւ նուազ սիրուիմ ձեզմէ՝ մինչ շա՛տ աւելի կը սիրեմ ձեզ:
II C ArmWeste 12:16  Սակայն ա՛յդպէս թող ըլլայ, ես ձեզ չծանրաբեռնեցի. բայց թերեւս մէկը ըսէ թէ խորամանկ ըլլալով՝ նենգութեամբ բռնեցի ձեզ:
II C ArmWeste 12:17  Միթէ ձեզ կեղեքեցի՞ ոեւէ մէկուն միջոցով՝ որ ղրկեցի ձեզի:
II C ArmWeste 12:18  Աղաչեցի Տիտոսի, ու եղբայր մը ղրկեցի անոր հետ. միթէ Տիտոս կեղեքե՞ց ձեզ: Մենք նոյն հոգիով չընթացա՞նք, նոյն հետքերով չքալեցի՞նք:
II C ArmWeste 12:19  Դարձեալ՝ կը կարծէ՞ք թէ մենք մեզ կը ջատագովենք ձեր առջեւ: Մենք Քրիստոսո՛վ կը խօսինք՝ Աստուծո՛յ առջեւ. բայց ամէն բան կ՚ընենք, սիրելիներ, ձեր շինութեան համար:
II C ArmWeste 12:20  Որովհետեւ կը վախնամ որ երբ գամ՝ գուցէ չգտնեմ ձեզ ուզածիս պէս, ու ես ալ՝ ձեզի համար՝ գտնուիմ ձեր չուզածին պէս. թերեւս ձեր մէջ ըլլան հակամարտութիւններ, նախանձներ, զայրոյթներ, հակառակութիւններ, բամբասանքներ, բանսարկութիւններ, յոխորտանքներ, խառնակութիւններ:
II C ArmWeste 12:21  Թերեւս երբ դարձեալ գամ՝ իմ Աստուածս նուաստացնէ զիս ձեր քով, ու սգամ շատերուն համար՝ որ նախապէս մեղանչած են բայց ապաշխարած չեն իրենց գործած անմաքրութենէն, պոռնկութենէն ու ցոփութենէն:
Chapter 13
II C ArmWeste 13:1  Այս երրորդ անգամն է որ կու գամ ձեզի. ամէն խօսք պիտի հաստատուի երկու կամ երեք վկաներու բերանով:
II C ArmWeste 13:2  Նախապէս ըսի, ու երկրորդ անգամ կանխաւ կ՚ըսեմ (որպէս թէ ներկայ ըլլամ). թէպէտ հիմա բացակայ եմ, կը գրեմ առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ դարձեալ գամ՝ պիտի չխնայեմ.
II C ArmWeste 13:3  որովհետեւ ապացոյց կը փնտռէք թէ Քրիստոս կը խօսի ինձմով: Ան տկար չէ ձեզի հանդէպ, հապա հզօր է ձեր մէջ.
II C ArmWeste 13:4  քանի որ՝ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութեամբ՝ կ՚ապրի Աստուծոյ զօրութեամբ. մե՛նք ալ տկար ենք անով, բայց պիտի ապրինք անոր հետ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, ձեզի սպասարկելու համար:
II C ArmWeste 13:5  Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ՝ թէ հաւատքին մէ՛ջն էք. քննեցէ՛ք դուք ձեզ: Չէ՞ք գիտեր դուք ձեզմէ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, եթէ խոտելի չըլլաք:
II C ArmWeste 13:6  Բայց կը յուսամ թէ պիտի գիտնաք՝ թէ մենք խոտելի չենք:
II C ArmWeste 13:7  Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ՝ որ դուք ո՛չ մէկ չարիք ընէք. ո՛չ թէ՝ որպէսզի մենք գնահատելի երեւինք, հապա՝ որպէսզի դուք ընէք ինչ որ պարկեշտ է, թէեւ մենք խոտելի թուինք:
II C ArmWeste 13:8  Որովհետեւ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա՝ ճշմարտութեան համար:
II C ArmWeste 13:9  Քանի որ կ՚ուրախանանք՝ երբ մենք տկար ենք, իսկ դուք՝ զօրաւոր էք. սա՛ կ՚ըղձանք նաեւ - ձեր կատարելութիւնը:
II C ArmWeste 13:10  Ուստի կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ բացակայ ըլլալով, որպէսզի երբ ներկայ ըլլամ՝ սաստկութեամբ չվարուիմ այն իրաւասութեան համեմատ, որ Տէրը տուաւ ինծի՝ շինելու, եւ ո՛չ թէ քանդելու համար:
II C ArmWeste 13:11  Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք: Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
II C ArmWeste 13:12  Բարեւեցէ՛ք զիրար սուրբ համբոյրով. բոլոր սուրբերը կը բարեւեն ձեզ:
II C ArmWeste 13:13  Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: