Site uses cookies to provide basic functionality.

OK
ACTS
Up
Toggle notes
Chapter 1
Acts ArmWeste 1:1  Առաջին պատմութիւնը գրեցի, ո՛վ Թէոփիլոս, ամէն ինչի մասին՝ որ Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել,
Acts ArmWeste 1:2  մինչեւ այն օրը՝ երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէրներ տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն, ու համբարձաւ:
Acts ArmWeste 1:3  Նաեւ ինքզինք ողջ ցոյց տուաւ անոնց իր չարչարանքներէն ետք՝ շատ ապացոյցներով, քառասուն օր տեսնուելով անոնցմէ եւ խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին:
Acts ArmWeste 1:4  Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ.
Acts ArmWeste 1:5  «որովհետեւ իրաւ է թէ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք՝ շատ օրեր չանցած՝ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիո՛վ»:
Acts ArmWeste 1:6  Անոնք ալ համախմբուելով՝ հարցուցին իրեն. «Տէ՛ր, այս ժամանակի՞ն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թագաւորութիւնը»:
Acts ArmWeste 1:7  Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակներն ու ատենները, որ Հայրը իր իշխանութեան մէջ դրաւ.
Acts ArmWeste 1:8  բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:
Acts ArmWeste 1:9  Երբ խօսեցաւ այս բաները, մինչ կը նայէին՝ համբարձաւ, եւ ամպ մը վերցուց զայն անոնց աչքերէն:
Acts ArmWeste 1:10  Մինչ ակնապիշ կը նայէին դէպի երկինք՝ երբ ան վեր կ՚ելլէր, ահա՛ երկու մարդիկ՝ ճերմակ տարազով՝ կայնեցան իրենց քով
Acts ArmWeste 1:11  եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»:
Acts ArmWeste 1:12  Այն ատեն Երուսաղէմ վերադարձան Ձիթենիներու կոչուած լեռնէն, որ Շաբաթ օրուան ճամբայի չափ մօտ է Երուսաղէմի:
Acts ArmWeste 1:13  Երբ մտան քաղաքը՝ բարձրացան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոս ու Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս, Փիլիպպոս ու Թովմաս, Բարթողոմէոս եւ Մատթէոս, Յակոբոս Ալփէոսեան ու Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա Յակոբեան:
Acts ArmWeste 1:14  Ասոնք բոլորը միաբանութեամբ կը յարատեւէին աղօթքի եւ աղերսանքի մէջ՝ կիներուն հետ, ու Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ:
Acts ArmWeste 1:15  Այդ օրերը՝ Պետրոս կանգնեցաւ աշակերտներուն մէջ, (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր,) եւ ըսաւ.
Acts ArmWeste 1:16  «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէ՛տք էր որ իրագործուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին ըսեր էր Դաւիթի բերանով՝ Յուդայի մասին, որ առաջնորդ եղաւ Յիսուսը բռնողներուն.
Acts ArmWeste 1:17  որովհետեւ ան մեզի հետ՝ մեր համրանքէն էր, եւ բաժին վիճակուած էր անոր այս սպասարկութենէն:
Acts ArmWeste 1:18  Ուրեմն ասիկա տիրացաւ ագարակի մը՝ անիրաւութեան վարձքով, ու գլխիվայր իյնալով՝ մէջտեղէն ճեղքուեցաւ, եւ իր բոլոր աղիքները դուրս թափեցան:
Acts ArmWeste 1:19  Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտցան այս բանը, այնպէս որ այդ ագարակը կոչուեցաւ իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արիւնի ագարակ:
Acts ArmWeste 1:20  Որովհետեւ գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ. “Անոր բնակարանը ամայի թող ըլլայ, եւ անոր մէջ ո՛չ մէկը բնակի”, նաեւ. “Անոր պաշտօնը ուրի՛շը առնէ”:
Acts ArmWeste 1:21  Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն ամբողջ ժամանակը, երբ Տէր Յիսուս մտաւ ու ելաւ մեր մէջ,
Acts ArmWeste 1:22  Յովհաննէսի մկրտութենէն սկսեալ մինչեւ այն օրը՝ երբ համբարձաւ մեզմէ, ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեան»:
Acts ArmWeste 1:23  Ուստի երկու հոգի կայնեցուցին, Յովսէփը՝ որ Բարսաբա կը կոչուէր եւ Յուստոս մականուանուեցաւ, ու Մատաթիան,
Acts ArmWeste 1:24  եւ աղօթելով՝ ըսին. «Տէ՛ր, դուն որ կը ճանչնաս բոլորին սիրտերը, յայտնէ՛ մեզի թէ ո՛ր մէկը ընտրեցիր այս երկուքէն.
Acts ArmWeste 1:25  որպէսզի բաժին առնէ այս սպասարկութենէն ու առաքելութենէն, որմէ Յուդա ինկաւ՝ երթալու համար իր տեղը»:
Acts ArmWeste 1:26  Եւ անոնց համար վիճակ ձգեցին, ու վիճակը ելաւ Մատաթիայի. եւ ան համրուեցաւ տասնմէկ առաքեալներուն հետ:
Chapter 2
Acts ArmWeste 2:1  Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:
Acts ArmWeste 2:2  Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին:
Acts ArmWeste 2:3  Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ:
Acts ArmWeste 2:4  Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:
Acts ArmWeste 2:5  Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ:
Acts ArmWeste 2:6  Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով:
Acts ArmWeste 2:7  Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն:
Acts ArmWeste 2:8  Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.
Acts ArmWeste 2:9  Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի,
Acts ArmWeste 2:10  Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ,
Acts ArmWeste 2:11  Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»:
Acts ArmWeste 2:12  Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»:
Acts ArmWeste 2:13  Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»:
Acts ArmWeste 2:14  Բայց Պետրոս կանգնեցաւ տասնմէկին հետ, բարձրացուց ձայնը եւ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Հրէաստանցիներ, ու դուք բոլորդ՝ որ կը բնակիք Երուսաղէմ, սա՛ գիտցէ՛ք եւ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս.
Acts ArmWeste 2:15  որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚ենթադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է,
Acts ArmWeste 2:16  հապա ասիկա ա՛յն է՝ որ ըսուեցաւ Յովէլ մարգարէին միջոցով.
Acts ArmWeste 2:17  “Վերջին օրերը,- կ՚ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Acts ArmWeste 2:18  Իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ ալ այդ օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ, ու պիտի մարգարէանան:
Acts ArmWeste 2:19  Վերը՝ երկինքը՝ սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ, եւ վարը՝ երկիրը՝ նշաններ, արիւն, կրակ ու ծուխի մառախուղ.
Acts ArmWeste 2:20  արեւը պիտի փոխուի խաւարի, եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջ մեծ ու երեւելի օրը չեկած:
Acts ArmWeste 2:21  Եւ ո՛վ որ կանչէ Տէրոջ անունը՝ պիտի փրկուի”:
Acts ArmWeste 2:22  Իսրայելացի՛ մարդիկ, լսեցէ՛ք սա՛ խօսքերը. Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցոյց տրուած մարդ մը՝ հրաշքներով, սքանչելիքներով ու նշաններով - որ Աստուած անոր միջոցով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք -,
Acts ArmWeste 2:23  Աստուծոյ որոշած ծրագիրով եւ կանխագիտութեամբ մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ սպաննեցիք անօրէններու ձեռքով՝ փայտի վրայ գամելով:
Acts ArmWeste 2:24  Բայց Աստուած յարուցանեց զայն՝ քակելով մահուան ցաւերը, քանի որ կարելի չէր որ ան բռնուէր անկէ:
Acts ArmWeste 2:25  Որովհետեւ Դաւիթ կ՚ըսէ անոր մասին. “Ամէն ատեն կը տեսնեմ Տէրը իմ առջեւս, քանի որ իմ աջ կողմս է՝ որպէսզի չսասանիմ:
Acts ArmWeste 2:26  Ուստի իմ սիրտս ուրախացաւ եւ իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ պիտի հանգստանայ յոյսով.
Acts ArmWeste 2:27  որովհետեւ իմ անձս պիտի չթողուս դժոխքին մէջ, ու պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ:
Acts ArmWeste 2:28  Կեանքի ճամբաները գիտցուցիր ինծի. քու երեսիդ ուրախութեամբ պիտի լեցնես զիս”:
Acts ArmWeste 2:29  Մարդի՛կ եղբայրներ, արտօնուած է ինծի համարձակութեամբ խօսիլ ձեզի Դաւիթ նահապետին մասին, որ վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ, եւ անոր գերեզմանը մինչեւ այսօր մեր մէջ է:
Acts ArmWeste 2:30  Ուրեմն, որովհետեւ ան մարգարէ էր,- եւ գիտէր թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ, թէ պիտի յարուցանէ մարմինի համեմատ իր մէջքին պտուղէն եղող Քրիստոսը՝ որ բազմի իր գահին վրայ,-
Acts ArmWeste 2:31  ինք կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, թէ անոր անձը դժոխքը չմնաց եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ:
Acts ArmWeste 2:32  Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք բոլորս ալ վկայ ենք:
Acts ArmWeste 2:33  Ուստի Աստուծոյ աջ ձեռքով բարձրանալով ու Հօրմէն ստանալով Սուրբ Հոգիին խոստումը՝ թափեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք:
Acts ArmWeste 2:34  Որովհետեւ Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ՚ըսէ. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս,
Acts ArmWeste 2:35  մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:
Acts ArmWeste 2:36  Ուրեմն Իսրայէլի ամբողջ տունը ստուգապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զայն Տէ՛ր ալ ըրաւ, Օծեա՛լ ալ, այդ Յիսուսը՝ որ դուք խաչեցիք»:
Acts ArmWeste 2:37  Երբ լսեցին ասիկա, զղջացին իրենց սիրտին մէջ եւ ըսին Պետրոսի ու միւս առաքեալներուն. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»:
Acts ArmWeste 2:38  Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ մեղքերու ներումին համար, եւ պիտի ստանաք Սուրբ Հոգիին պարգեւը:
Acts ArmWeste 2:39  Որովհետեւ խոստումը ձեզի համար է, նաեւ ձեր զաւակներուն, ու բոլոր հեռու եղողներուն, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի կանչէ»:
Acts ArmWeste 2:40  Եւ ուրիշ շատ խօսքերով կը վկայէր, կը յորդորէր զանոնք ու կ՚ըսէր. «Ազատեցէ՛ք դուք ձեզ այս կամակոր սերունդէն»:
Acts ArmWeste 2:41  Ուստի անոնք՝ որ սիրայօժար ընդունեցին անոր խօսքերը՝ մկրտուեցան. եւ այդ օրը երեք հազար անձի չափ աւելցան եկեղեցիին թիւին վրայ:
Acts ArmWeste 2:42  Անոնք միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ:
Acts ArmWeste 2:43  Վախը համակեց ամէն անձ՝՝, եւ շատ սքանչելիքներ ու նշաններ կատարուեցան առաքեալներուն միջոցով:
Acts ArmWeste 2:44  Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:
Acts ArmWeste 2:45  Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար:
Acts ArmWeste 2:46  Ամէն օր կը յարատեւէին միաբանութեամբ տաճարը երթալու մէջ, եւ հաց կտրելով իրենց տուներուն մէջ՝ իրենց կերակուրը կ՚ուտէին ցնծութեամբ ու պարզամտութեամբ:
Acts ArmWeste 2:47  Աստուած կը գովաբանէին եւ շնորհք կը գտնէին ամբողջ ժողովուրդին առջեւ. ու Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ՚աւելցնէր եկեղեցիին թիւին վրայ:
Chapter 3
Acts ArmWeste 3:1  Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու՝՝ աղօթքին ատենը միասին տաճարը կը բարձրանային:
Acts ArmWeste 3:2  Իր մօր որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերուէր եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրան քով կը դրուէր, որպէսզի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ:
Acts ArmWeste 3:3  Ան, տեսնելով Պետրոսն ու Յովհաննէսը՝ որոնք տաճարը պիտի մտնէին, ողորմութիւն խնդրեց:
Acts ArmWeste 3:4  Իսկ Պետրոս՝ Յովհաննէսի հետ աչքերը անոր վրայ սեւեռելով՝ ըսաւ. «Նայէ՛ մեզի»:
Acts ArmWeste 3:5  Ան ալ ուշադրութիւն դարձուց անոնց, եւ կ՚ակնկալէր բան մը ստանալ անոնցմէ:
Acts ArmWeste 3:6  Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն կու տամ քեզի. Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛»:
Acts ArmWeste 3:7  Եւ բռնելով անոր աջ ձեռքէն՝ ոտքի հանեց զայն: Անմի՛ջապէս անոր ոտքերուն ներբաններն ու կոճերը ամրացան,
Acts ArmWeste 3:8  եւ վեր ցատկելով՝ կայնեցաւ, քալեց ու անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով, ցատկելով եւ Աստուած գովաբանելով:
Acts ArmWeste 3:9  Ամբողջ ժողովուրդը տեսաւ զայն՝ որ կը քալէր ու Աստուած կը գովաբանէր:
Acts ArmWeste 3:10  Գիտէին թէ ան կը նստէր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրան քով՝ ողորմութեան համար. ուստի այլայլեցան եւ հիացումով լեցուեցան անոր պատահածին համար:
Acts ArmWeste 3:11  Քանի որ ան կառչած էր Պետրոսի ու Յովհաննէսի, ամբողջ ժողովուրդը՝ այլայլած՝ միասին վազեց անոնց քով, Սողոմոնի կոչուած սրահը:
Acts ArmWeste 3:12  Պետրոս՝ տեսնելով ասիկա՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացած էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ այդպէս ակնապիշ կը նայիք մեզի, իբր թէ մենք մեր զօրութեամբ կամ բարեպաշտութեամբ քալել տուինք ատոր:
Acts ArmWeste 3:13  Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին՝ Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսի առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ:
Acts ArmWeste 3:14  Բայց դուք ուրացաք այդ Սուրբը եւ Արդարը, ու խնդրեցիք որ մարդասպան մը շնորհուի ձեզի,
Acts ArmWeste 3:15  եւ սպաննեցիք կեանքի Ռահվիրան: Իսկ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն, ու մենք վկայ ենք ատոր:
Acts ArmWeste 3:16  Անոր անունին հաւատքով՝ անոր անո՛ւնը ամրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք եւ կը ճանչնաք: Անով եղած հաւա՛տքն է՝ որ առողջացուց զայն ձեր բոլորին առջեւ:
Acts ArmWeste 3:17  Եւ հիմա, եղբայրնե՛ր, գիտեմ թէ անգիտութեամբ ըրիք, ինչպէս ձեր պետերն ալ:
Acts ArmWeste 3:18  Բայց ինչ որ Աստուած նախապէս՝ իր բոլոր մարգարէներուն բերանով՝ ծանուցանած էր Քրիստոսի չարչարուելուն մասին, այսպէս իրագործեց:
Acts ArmWeste 3:19  Ուրեմն ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջուին.
Acts ArmWeste 3:20  որպէսզի կազդուրումի ատենները գան Տէրոջ ներկայութենէն, եւ ղրկէ նախապէս ձեզի քարոզուած՝՝ Յիսուս Քրիստոսը:
Acts ArmWeste 3:21  Երկինքը պէտք է ընդունի զայն մինչեւ այն ժամանակները՝ երբ բոլոր բաները վերահաստատուին, որոնց մասին Աստուած խօսած է իր սուրբ մարգարէներուն բերանով՝ դարերու սկիզբէն ի վեր:
Acts ArmWeste 3:22  Մովսէս ըսաւ մեր հայրերուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. անո՛ր մտիկ ըրէք՝ ամէն ինչ որ խօսի ձեզի:
Acts ArmWeste 3:23  Եւ ամէն անձ որ մտիկ չընէ այդ մարգարէին՝ պիտի բնաջնջուի ժողովուրդին մէջէն”:
Acts ArmWeste 3:24  Ու բոլոր մարգարէները, բոլոր անոնք որ յաջորդաբար խօսեցան Սամուէլէ սկսեալ, նախապէս ծանուցանեցին այս օրերն ալ:
Acts ArmWeste 3:25  Դո՛ւք էք որդիները մարգարէներուն եւ այն ուխտին՝ որ Աստուած հաստատեց մեր հայրերուն հետ ու ըսաւ Աբրահամի. “Քու զարմո՛վդ պիտի օրհնուին երկրի բոլոր գերդաստանները”:
Acts ArmWeste 3:26  Աստուած իր Որդին յարուցանելով՝ նախ ձեզի՛ ղրկեց զայն, որպէսզի օրհնէ ձեզ, իւրաքանչիւրդ դարձնելով ձեր չարութիւններէն»:
Chapter 4
Acts ArmWeste 4:1  Երբ անոնք կը խօսէին ժողովուրդին, քահանաները, տաճարին մեծաւորն ու Սադուկեցիները հասան անոնց վրայ,
Acts ArmWeste 4:2  նեղանալով որ անոնք կը սորվեցնէին ժողովուրդին եւ կը հռչակէին Յիսուսի միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը:
Acts ArmWeste 4:3  Ձեռք բարձրացուցին անոնց վրայ ու արգելարան դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր:
Acts ArmWeste 4:4  Բայց այդ խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին, եւ մարդոց թիւը հասաւ գրեթէ հինգ հազարի:
Acts ArmWeste 4:5  Հետեւեալ օրը՝ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան անոնց պետերը, երէցներն ու դպիրները,
Acts ArmWeste 4:6  նաեւ Աննա քահանայապետը եւ Կայիափա, Յովհաննէս ու Աղեքսանդրոս, եւ բոլոր անոնք՝ որ քահանայապետի ընտանիքներէ էին:
Acts ArmWeste 4:7  Զանոնք մէջտեղ կայնեցուցած՝ կը հարցաքննէին. «Ի՞նչ զօրութեամբ կամ ի՞նչ անունով ըրիք այս բանը»:
Acts ArmWeste 4:8  Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ժողովուրդի պետե՛ր եւ Իսրայէլի երէցնե՛ր,
Acts ArmWeste 4:9  եթէ մենք կը հարցաքննուինք այսօր՝ տկար մարդու մը եղած բարիքին համար, թէ ի՛նչ կերպով բժշկուեցաւ,
Acts ArmWeste 4:10  գիտցէ՛ք դուք բոլորդ եւ ամբողջ Իսրայէլի ժողովուրդը, թէ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա՛ անո՛վ ասիկա բժշկուած կեցած է հոս՝ ձեր առջեւ:
Acts ArmWeste 4:11  Ա՛յս է այն քարը, ձեզմէ՝ կառուցանողներէդ անարգուած, որ անկիւնաքարը եղաւ:
Acts ArmWeste 4:12  Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»:
Acts ArmWeste 4:13  Իսկ անոնք, նայելով Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութեան, եւ ըմբռնելով թէ անուս ու տգէտ մարդիկ են՝ զարմացան, եւ գիտցան թէ անոնք Յիսուսի հետ էին:
Acts ArmWeste 4:14  Տեսնելով այդ բուժուած մարդը՝ որ կայնած էր անոնց հետ, ոչինչ կրցան խօսիլ անոնց դէմ:
Acts ArmWeste 4:15  Ուստի հրամայելով անոնց՝ որ դուրս ելլեն ատեանէն, խորհրդակցեցան իրարու հետ
Acts ArmWeste 4:16  եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. որովհետեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն բացայայտ է թէ իսկապէս երեւելի նշան մը կատարուեցաւ ասոնց միջոցով, ու մենք չենք կրնար ուրանալ:
Acts ArmWeste 4:17  Սակայն՝ որպէսզի ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուի՝ սաստիկ սպառնանք անոնց, որ այլեւս ո՛չ մէկուն խօսին այդ անունով»:
Acts ArmWeste 4:18  Ապա կանչելով զանոնք՝ պատուիրեցին անոնց որ ամե՛նեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսի անունով:
Acts ArmWeste 4:19  Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխանեցին անոնց. «Եթէ Աստուծոյ առջեւ իրաւացի՛ է՝ որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք .
Acts ArmWeste 4:20  որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»:
Acts ArmWeste 4:21  Իսկ անոնք դարձեալ սպառնալէ ետք՝ արձակեցին զանոնք, առանց զիրենք պատուհասելու կերպ մը գտնելու, ժողովուրդին պատճառով, քանի որ բոլորն ալ կը փառաբանէին Աստուած կատարուածին համար.
Acts ArmWeste 4:22  որովհետեւ այն մարդը՝ որուն վրայ այս բժշկութեան նշանը եղաւ՝ քառասուն տարեկանէն աւելի էր:
Acts ArmWeste 4:23  Երբ արձակուեցան՝ գացին իրենց խումբին քով, ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ երէցները ըսած էին իրենց:
Acts ArmWeste 4:24  Անոնք ալ, երբ լսեցին, միաբանութեամբ իրենց ձայնը բարձրացուցին Աստուծոյ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, դո՛ւն ես այն Աստուածը՝ որ ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ բոլոր անոնց մէջ եղածները,
Acts ArmWeste 4:25  որ ըսիր քու ծառայիդ՝ Դաւիթի բերանով. “Ինչո՞ւ հեթանոսները մոլեգնեցան ու ժողովուրդները ունայն բաներ խոկացին.
Acts ArmWeste 4:26  երկրի թագաւորները իրարու քով կայնեցան ու պետերը հաւաքուեցան՝ Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ”:
Acts ArmWeste 4:27  Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,
Acts ArmWeste 4:28  ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:
Acts ArmWeste 4:29  Եւ հիմա, Տէ՛ր, նայէ՛ անոնց սպառնալիքներուն, ու շնորհէ՛ քու ծառաներուդ՝ որպէսզի լման համարձակութեամբ քարոզենք քու խօսքդ,
Acts ArmWeste 4:30  երկարելով քու ձեռքդ՝ որ բժշկութիւններ, նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով»:
Acts ArmWeste 4:31  Երբ անոնք աղերսեցին, սարսեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին, ու բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ համարձակութեամբ կը քարոզէին Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 4:32  Հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր: Անոնցմէ ո՛չ մէկը կ՚ըսէր իր որեւէ ստացուածքին համար թէ “իրն է”. հապա իրենց բոլոր բաները հասարակաց կը սեպէին:
Acts ArmWeste 4:33  Առաքեալները մեծ զօրութեամբ կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան մասին, եւ մեծ շնորհք կար անոնց բոլորին վրայ:
Acts ArmWeste 4:34  Անոնց մէջ ո՛չ մէկ կարօտեալ կար. որովհետեւ անոնք որ տէր էին արտերու կամ տուներու՝ կը ծախէին, կը բերէին ծախուածներուն հասոյթները
Acts ArmWeste 4:35  ու կը դնէին առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝, եւ իւրաքանչիւրին կը բաշխուէր իր կարիքին համեմատ:
Acts ArmWeste 4:36  Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի՝ Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով՝ Կիպրացի,
Acts ArmWeste 4:37  ագարակ մը ունենալով՝ ծախեց, բերաւ դրամը ու դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ:
Chapter 5
Acts ArmWeste 5:1  Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով, իր կնոջ՝ Սափիրայի հետ ստացուածք մը ծախեց,
Acts ArmWeste 5:2  անոր հասոյթէն խորեց իր կնոջ գիտակցութեամբ, ու մաս մը բերելով՝ դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝:
Acts ArmWeste 5:3  Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան լեցուց սիրտդ, որ ստես Սուրբ Հոգիին եւ խորես արտին հասոյթէն:
Acts ArmWeste 5:4  Քուկդ չէ՞ր ան՝ քանի կեցած էր, ու ծախուած ալ՝ իշխանութեանդ տակ էր: Ինչո՞ւ այս բանը դրիր սիրտիդ մէջ. դուն ստեցիր ո՛չ թէ մարդոց, հապա՝ Աստուծոյ»:
Acts ArmWeste 5:5  Անանիա՝ լսելով այս խօսքերը՝ ինկաւ եւ շունչը փչեց. ու մեծ վախ համակեց բոլոր անոնք՝՝ որ լսեցին ասիկա:
Acts ArmWeste 5:6  Երիտասարդները կանգնեցան, պատանքով փաթթեցին զայն, եւ դուրս հանելով թաղեցին:
Acts ArmWeste 5:7  Գրեթէ երեք ժամ ետք՝ անոր կինը ներս մտաւ, չգիտնալով պատահածը:
Acts ArmWeste 5:8  Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, արտը ա՞յդ գինով ծախեցիք»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, ա՛յդ գինով»:
Acts ArmWeste 5:9  Ուստի Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է, որ դուք համաձայնեցաք՝ Տէրոջ Հոգին փորձելու. ահա՛ ամուսինդ թաղողներուն ոտքերը դրան քով են, քե՛զ ալ պիտի հանեն դուրս»:
Acts ArmWeste 5:10  Եւ անմի՛ջապէս կինը ինկաւ անոր ոտքերուն քով ու շունչը փչեց: Երիտասարդները՝ ներս մտնելով՝ մեռած գտան զայն, եւ դուրս հանելով՝ թաղեցին իր ամուսինին քով:
Acts ArmWeste 5:11  Մեծ վախ մը համակեց ամբողջ եկեղեցին, ու բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս բաները:
Acts ArmWeste 5:12  Շատ նշաններ եւ սքանչելիքներ կը գործուէին առաքեալներուն ձեռքով՝ ժողովուրդին մէջ, ու բոլորը միաբանութեամբ Սողոմոնի սրահին մէջ էին:
Acts ArmWeste 5:13  Ուրիշներէն ո՛չ մէկը կը յանդգնէր յարիլ անոնց, բայց ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք:
Acts ArmWeste 5:14  Տէրոջ հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այր մարդիկ ու կիներ՝ բազմութեամբ.
Acts ArmWeste 5:15  այնպէս որ հիւանդները կը հանէին հրապարակները եւ կը դնէին պատգարակներով ու մահիճներով, որպէսզի Պետրոսի անցնելու ատեն՝ գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ:
Acts ArmWeste 5:16  Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը համախմբուէր՝ հիւանդներ եւ անմաքուր ոգիներէ տանջուողներ բերելով, որոնք բոլորն ալ կը բուժուէին:
Acts ArmWeste 5:17  Իսկ քահանայապետն ու բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, կանգնեցան՝ նախանձով լեցուած,
Acts ArmWeste 5:18  ձեռք բարձրացուցին առաքեալներուն վրայ եւ դրին զանոնք հանրային արգելարանը:
Acts ArmWeste 5:19  Բայց Տէրոջ հրեշտակը գիշերուան մէջ բացաւ բանտին դռները, ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ.
Acts ArmWeste 5:20  «Գացէ՛ք, եւ տաճարին մէջ կայնելով՝ ժողովուրդին քարոզեցէ՛ք այս կեանքին բոլոր խօսքերը»:
Acts ArmWeste 5:21  Երբ լսեցին ասիկա, տաճարը մտան առտուն կանուխ, եւ կը սորվեցնէին: Իսկ քահանայապետը եկաւ, նաեւ իրեն հետ եղողները, ժողովի կանչեցին ատեանը եւ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ ծերակոյտը, ու մարդ ղրկեցին բանտը՝ որպէսզի բերեն զանոնք:
Acts ArmWeste 5:22  Երբ սպասաւորները գացին, չգտնելով զանոնք բանտին մէջ՝ վերադարձան, պատմեցին
Acts ArmWeste 5:23  եւ ըսին. «Իրաւ է թէ գտանք բանտը՝ ամէն ապահովութեամբ գոցուած, ու պահապանները՝ դռներուն առջեւ կայնած. բայց բանալով՝ ո՛չ մէկը գտանք ներսը»:
Acts ArmWeste 5:24  Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին մեծաւորն ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը տարակուսէին թէ ի՛նչ եղած էր անոնց:
Acts ArmWeste 5:25  Մէկը եկաւ եւ պատմեց իրենց. «Ահա՛ այն մարդիկը՝ որ բանտը դրած էիք, տաճարը կայնած են ու ժողովուրդին կը սորվեցնեն»:
Acts ArmWeste 5:26  Այն ատեն մեծաւորը գնաց սպասաւորներուն հետ եւ բերաւ զանոնք առանց բռնութեան, որովհետեւ կը վախնային ժողովուրդէն՝ որ չքարկոծուին:
Acts ArmWeste 5:27  Երբ բերին զանոնք՝ ներկայացուցին ատեանին, ու քահանայապետը հարցուց անոնց.
Acts ArmWeste 5:28  «Սաստիկ չպատուիրեցի՞նք ձեզի, որ չսորվեցնէք այդ անունով. բայց դուք Երուսաղէմը լեցուցիք ձեր ուսուցումով, եւ կը փափաքիք մեր վրայ բերել այն մարդուն արիւնը»:
Acts ArmWeste 5:29  Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիլ՝ փոխանակ մարդոց:
Acts ArmWeste 5:30  Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, որ դուք սպաննեցիք՝ փայտէն կախելով:
Acts ArmWeste 5:31  Աստուած իր աջ ձեռքով բարձրացուց զայն՝ իբր Ռահվիրայ ու Փրկիչ, որպէսզի ապաշխարութիւն ու մեղքերու ներում տայ Իսրայէլի:
Acts ArmWeste 5:32  Եւ մենք անոր վկաներն ենք՝ այս բաներուն համար, նաեւ Սուրբ Հոգին՝ որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդ եղողներուն»:
Acts ArmWeste 5:33  Իսկ անոնք լսելով ասիկա՝ սաստիկ գրգռուեցան, ու խորհրդակցեցան որ սպաննեն զանոնք:
Acts ArmWeste 5:34  Բայց փարիսեցի մը՝ որուն անունը Գամաղիէլ էր, Օրէնքի վարդապետ մը, պատուաւոր մէկը՝ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ, կանգնեցաւ ատեանին մէջ, եւ հրամայեց որ առաքեալները կարճ պահ մը դուրս հանեն.
Acts ArmWeste 5:35  ապա ըսաւ. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, դուք ձեզի ուշադի՛ր եղէք թէ ի՛նչ պիտի ընէք այս մարդոց հանդէպ:
Acts ArmWeste 5:36  Քանի որ այս օրերէն առաջ Թեւդաս ելաւ, իր մասին ըսելով թէ երեւելի մէկն է, ու թիւով չորս հարիւրի չափ մարդիկ յարեցան իրեն. ինք սպաննուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ անսացին իրեն՝ ցրուեցան ու ոչնչացան:
Acts ArmWeste 5:37  Անկէ ետք Յուդա Գալիլեացին ելաւ՝ աշխարհագիր եղած օրերը, եւ շատ ժողովուրդ քաշեց իր ետեւէն. ի՛նք ալ կորսուեցաւ, ու բոլոր անոնք որ անսացին իրեն՝ ցրուեցան:
Acts ArmWeste 5:38  Եւ հիմա կ՚ըսեմ ձեզի. “Հեռո՛ւ մնացէք՝՝ այդ մարդոցմէն, ու թողուցէ՛ք զանոնք. որովհետեւ եթէ այդ ծրագիրը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քանդուի,
Acts ArmWeste 5:39  իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար քանդել ատիկա. որպէսզի Աստուծոյ դէմ իսկ կռուող չգտնուիք”»:
Acts ArmWeste 5:40  Անոնք ալ անսացին անոր. եւ առաքեալները կանչելով՝ ծեծեցին, ու պատուիրելով որ այլեւս Յիսուսի անունով չխօսին՝ արձակեցին զանոնք:
Acts ArmWeste 5:41  Իրենք ալ մեկնեցան ատեանին առջեւէն, ուրախանալով որ արժանացան Տէրոջ անունին համար անպատուուելու:
Acts ArmWeste 5:42  Ու ամէն օր տաճարը եւ տուներուն մէջ չէին դադրեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը աւետելէ:
Chapter 6
Acts ArmWeste 6:1  Այդ օրերը, երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներուն կողմէն տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ. որովհետեւ իրենց այրիները կ՚անտեսուէին ամէն օրուան ողորմութեան սպասարկութեան ատեն:
Acts ArmWeste 6:2  Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը եւ ըսին. «Մեզի չի վայլեր ձգել Աստուծոյ խօսքը, եւ սպասարկել սեղաններու:
Acts ArmWeste 6:3  Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, փնտռեցէ՛ք ձեր մէջ եօթը հոգի՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով ու իմաստութեամբ լեցուն, որպէսզի նշանակենք զանոնք այս զբաղումին համար,
Acts ArmWeste 6:4  իսկ մենք յարատեւենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին սպասարկութեան մէջ»:
Acts ArmWeste 6:5  Այս խօսքը հաճեցուց ամբողջ բազմութիւնը. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին:
Acts ArmWeste 6:6  Ասոնք ներկայացուցին առաքեալներուն. անոնք ալ աղօթելով՝ իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ:
Acts ArmWeste 6:7  Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին:
Acts ArmWeste 6:8  Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ՚ընէր ժողովուրդին մէջ:
Acts ArmWeste 6:9  Բայց ոմանք, այն ժողովարանէն՝ որ կը կոչուէր Ազատագրուածներուն, Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարանը, եւ ոմանք՝ որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, կանգնեցան եւ կը վիճաբանէին Ստեփանոսի հետ.
Acts ArmWeste 6:10  բայց կարող չէին դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր:
Acts ArmWeste 6:11  Այն ատեն կաշառեցին քանի մը մարդիկ, որպէսզի ըսեն. «Մենք լսեցինք թէ ան հայհոյական խօսքեր կ՚արտասանէր Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ»:
Acts ArmWeste 6:12  Այսպէս՝ գրգռեցին ժողովուրդը, երէցներն ու դպիրները, եւ հասնելով անոր վրայ՝ յափշտակեցին զինք ու տարին ատեանին առջեւ:
Acts ArmWeste 6:13  Սուտ վկաներ ներկայացուցին, որոնք կ՚ըսէին. «Այս մարդը չի դադրիր հայհոյական խօսքեր արտասանելէ այս սուրբ տեղին եւ Օրէնքին դէմ:
Acts ArmWeste 6:14  Որովհետեւ լսեցինք իրմէ, որ կ՚ըսէր թէ “այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը, ու պիտի փոխէ Մովսէսի մեզի աւանդած սովորութիւնները”»:
Acts ArmWeste 6:15  Բոլոր ատեանին մէջ բազմողները երբ ակնապիշ նայեցան անոր, անոր երեսը տեսան՝ հրեշտակի երեսի պէս:
Chapter 7
Acts ArmWeste 7:1  Քահանայապետը ըսաւ. «Այդ բաները ա՞յդպէս են ի՛րապէս»:
Acts ArmWeste 7:2  Ան ալ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. փառքի Աստուածը երեւցաւ մեր հօր՝ Աբրահամի, երբ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած, եւ ըսաւ անոր.
Acts ArmWeste 7:3  “Ելի՛ր քու երկրէդ ու ազգականներէդ, եւ գնա՛ այն երկիրը՝ որ ես պիտի ցուցնեմ քեզի”:
Acts ArmWeste 7:4  Այն ատեն՝ ելլելով Քաղդէացիներու երկրէն՝ բնակեցաւ Խառանի մէջ, եւ անոր հօր մեռնելէն ետք՝ անկէ փոխադրեց զայն այս երկիրը, ուր դուք կը բնակիք հիմա:
Acts ArmWeste 7:5  Ո՛չ մէկ ժառանգութիւն տուաւ անոր այս երկրին մէջ, ո՛չ իսկ ոտքի քայլի մը չափ տեղ. բայց խոստացաւ ասիկա իբր կալուած տալ իրեն, եւ իրմէ ետք՝ իր զարմին, երբ դեռ ինք զաւակ չունէր:
Acts ArmWeste 7:6  Աստուած սա՛պէս խօսեցաւ. “Անոր զարմը պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ, ու զայն ստրուկ պիտի ընեն եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի:
Acts ArmWeste 7:7  Բայց ե՛ս պիտի դատեմ այն ազգը՝ որուն ստրուկ պիտի ըլլան,- ըսաւ Աստուած,- եւ անկէ ետք պիտի ելլեն ու այս տեղին մէջ պիտի պաշտեն զիս”:
Acts ArmWeste 7:8  Անոր տուաւ թլփատութեան ուխտը, եւ յետոյ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, ու թլփատեց զայն ութերորդ օրը: Իսահակ ծնաւ Յակոբը, Յակոբ ալ՝ տասներկու նահապետները:
Acts ArmWeste 7:9  «Նահապետները՝ նախանձելով Յովսէփի՝ ծախեցին զայն Եգիպտոս տարուելու համար. բայց Աստուած անոր հետ էր,
Acts ArmWeste 7:10  ու ազատեց զայն իր բոլոր տառապանքներէն: Շնորհք եւ իմաստութիւն տուաւ անոր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ. ան ալ կառավարիչ նշանակեց զայն Եգիպտոսի ու իր ամբողջ տան վրայ:
Acts ArmWeste 7:11  Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի ամբողջ երկրին մէջ սով եղաւ, ու մեծ տառապանք, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ:
Acts ArmWeste 7:12  Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ ճամբեց մեր հայրերը:
Acts ArmWeste 7:13  Երկրորդ անգամ՝ Յովսէփ ճանչցուց ինքզինք իր եղբայրներուն, եւ Յովսէփի ցեղը յայտնի եղաւ Փարաւոնի:
Acts ArmWeste 7:14  Յովսէփ մարդ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը՝ Յակոբը, եւ բոլոր ազգականները՝ եօթանասունհինգ անձ:
Acts ArmWeste 7:15  Յակոբ իջաւ Եգիպտոս, ուր վախճանեցան ինք ու մեր հայրերը,
Acts ArmWeste 7:16  եւ փոխադրուելով Սիւքէմ՝ դրուեցան այն գերեզմանին մէջ, որ Աբրահամ արծաթով գնած էր Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի որդիներէն:
Acts ArmWeste 7:17  Երբ մօտեցաւ ժամանակը խոստումին՝ որուն համար Աստուած երդում ըրած էր Աբրահամի, ժողովուրդը աճեցաւ ու բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ՝
Acts ArmWeste 7:18  մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ չէր ճանչնար Յովսէփը:
Acts ArmWeste 7:19  Ան խորամանկութեամբ վարուեցաւ մեր ցեղին դէմ եւ չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց երախաները դուրս նետել տալով, որպէսզի չապրեցնէ:
Acts ArmWeste 7:20  «Այդ ատեն Մովսէս ալ ծնաւ, որ գեղեցիկ էր Աստուծոյ առջեւ, ու երեք ամիս մեծցաւ իր հօր տունը:
Acts ArmWeste 7:21  Երբ ան դուրս դրուեցաւ, Փարաւոնի աղջիկը տարաւ զայն եւ մեծցուց իբր իր որդին:
Acts ArmWeste 7:22  Մովսէս կրթուեցաւ Եգիպտացիներուն ամբողջ իմաստութեամբ, ու զօրաւոր էր իր խօսքերով եւ գործերով:
Acts ArmWeste 7:23  Երբ լման քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը փափաքեցաւ այցելել իր եղբայրներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն:
Acts ArmWeste 7:24  Անիրաւուած տեսնելով Իսրայելացիներէն մէկը՝ պաշտպանեց զայն, եւ ընկճուածին վրէժը առաւ՝ զարնելով Եգիպտացին:
Acts ArmWeste 7:25  Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի հասկնային թէ Աստուած իրենց փրկութիւն պիտի տար իր ձեռքով. բայց անոնք չհասկցան:
Acts ArmWeste 7:26  Հետեւեալ օրը հանդիպեցաւ անոնց՝ երբ կը կռուէին, եւ ուզեց հաշտեցնել զանոնք՝ ըսելով. “Մարդի՛կ, դուք եղբայրնե՛ր էք. ինչո՞ւ կ՚անիրաւէք զիրար”:
Acts ArmWeste 7:27  Բայց ան որ կ՚անիրաւէր ընկերը՝ վանեց զինք ու ըսաւ. “Ո՞վ քեզ պետ եւ իրաւարար նշանակեց մեր վրայ:
Acts ArmWeste 7:28  Զի՞ս ալ կ՚ուզես սպաննել, ինչպէս երէկ սպաննեցիր Եգիպտացին”:
Acts ArmWeste 7:29  Այս խօսքէն ետք Մովսէս փախաւ ու պանդխտացաւ Մադիամի երկրին մէջ, ուր ծնաւ երկու որդի:
Acts ArmWeste 7:30  Երբ քառասուն տարին լրացաւ, Տէրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոր Սինա լերան անապատին մէջ՝ մորենիի կրակի բոցով:
Acts ArmWeste 7:31  Մովսէս ալ՝ երբ նշմարեց՝ զարմացաւ այդ տեսիլքին վրայ, ու երբ մօտեցաւ դիտելու՝ Տէրոջ ձայնը եկաւ անոր, որ կ՚ըսէր.
Acts ArmWeste 7:32  “Ե՛ս եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Մովսէս ալ՝ վախէն դողալով՝ չէր յանդգներ դիտել:
Acts ArmWeste 7:33  Տէրը ըսաւ անոր. “Հանէ՛ ոտքերուդ կօշիկները, որովհետեւ սուրբ երկիր է այն տեղը՝ ուր կայնած ես:
Acts ArmWeste 7:34  Ի՛րապէս տեսայ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը, լսեցի անոնց հառաչանքը, եւ իջայ զանոնք ազատելու. ու հիմա եկո՛ւր, քեզ ղրկեմ Եգիպտոս”:
Acts ArmWeste 7:35  «Այս Մովսէսը, որ ուրացան՝ ըսելով. “Ո՞վ պետ եւ իրաւարար նշանակեց քեզ”, զա՛յն ղրկեց Աստուած իբր պետ եւ ազատարար՝ այն հրեշտակին ձեռքով, որ երեւցաւ անոր մորենիին մէջ:
Acts ArmWeste 7:36  Անիկա՛ դուրս հանեց զանոնք, սքանչելիքներ ու նշաններ ցոյց տալով Եգիպտոսի երկրին եւ Կարմիր ծովուն, ու քառասուն տարի՝ անապատին մէջ:
Acts ArmWeste 7:37  Այս Մովսէսն է որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. մտի՛կ ըրէք անոր”:
Acts ArmWeste 7:38  Ասիկա ա՛ն է որ համախմբումին մէջ էր՝ անապատը, Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին եւ մեր հայրերուն հետ: Ան կենարար պատգամներ ընդունեց՝ մեզի տալու.
Acts ArmWeste 7:39  բայց մեր հայրերը չուզեցին անոր հնազանդիլ, հապա զայն վանեցին իրենցմէ ու Եգիպտոս դարձան իրենց սիրտին մէջ՝
Acts ArmWeste 7:40  ըսելով Ահարոնի. “Աստուածնե՛ր շինէ մեզի, որպէսզի երթան մեր առջեւէն. որովհետեւ այդ Մովսէսը՝ որ հանեց մեզ Եգիպտոսի երկրէն, չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ անոր”:
Acts ArmWeste 7:41  Այն օրերը շինեցին հորթ մը, զոհ մատուցանեցին կուռքին, եւ կ՚ուրախանային իրենց ձեռքերուն գործերով:
Acts ArmWeste 7:42  Աստուած ալ երես դարձուց ու մատնեց զանոնք պաշտելու երկինքի աստղերը, ինչպէս գրուած է Մարգարէներու գիրքին մէջ. “Միթէ ինծի՞ մատուցանեցիք մորթուած անասուններ եւ զոհեր՝ քառասուն տարի անապատին մէջ, ո՛վ Իսրայէլի տունը:
Acts ArmWeste 7:43  Հապա կրեցիք Մողոքի վրանը ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, ձեր կերտած պատկերները՝ անոնց երկրպագելու համար: Ես ալ պիտի տարագրեմ ձեզ Բաբելոնի միւս կողմը”:
Acts ArmWeste 7:44  «Անապատին մէջ՝ մեր հայրերը ունէին վկայութեան խորանը, ինչպէս Մովսէսի հետ խօսողը պատուիրած էր որ շինէ զայն՝ տեսած տիպարին պէս:
Acts ArmWeste 7:45  Անոնց յաջորդող մեր հայրերն ալ՝ զայն ստանալով՝ Յեսուի հետ մտցուցին կալուածը այն հեթանոսներուն, որ Աստուած վանեց մեր հայրերուն առջեւէն: Հոն մնաց մինչեւ Դաւիթի օրերը,
Acts ArmWeste 7:46  որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց բնակարան մը կառուցանել Յակոբի Աստուծոյն.
Acts ArmWeste 7:47  բայց Սողոմո՛ն տուն մը կառուցանեց անոր:
Acts ArmWeste 7:48  Սակայն Ամենաբարձրը չի բնակիր ձեռակերտ տաճարներու մէջ, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ.
Acts ArmWeste 7:49  “Երկինքը իմ գահս է, ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. ինչպիսի՞ տուն պիտի կառուցանէք ինծի,- կ՚ըսէ Տէրը,- կամ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրիս տեղը.
Acts ArmWeste 7:50  միթէ իմ ձեռքս չէ՞ շիներ այս բոլորը”:
Acts ArmWeste 7:51  «Խստապարանոցնե՛ր ու սիրտով եւ ականջով անթլփատնե՛ր, դուք միշտ կ՚ընդդիմանաք Սուրբ Հոգիին, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք:
Acts ArmWeste 7:52  Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը, ու չսպաննեցին անոնք՝ որ նախապէս ծանուցանեցին այն Արդարին գալուստը: Անոր մատնիչները եւ սպաննողները եղաք հիմա,
Acts ArmWeste 7:53  դո՛ւք՝ որ ստացաք Օրէնքը հրեշտակներու կարգադրութեամբ, բայց չպահեցիք զայն»:
Acts ArmWeste 7:54  Այս բաները լսելով՝ անոնք կը մոլեգնէին իրենց սիրտերուն մէջ եւ կը կրճտէին իրենց ակռաները անոր դէմ:
Acts ArmWeste 7:55  Բայց ան՝ լեցուած Սուրբ Հոգիով՝ ակնապիշ նայեցաւ դէպի երկինք, տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ՝ որ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած էր, եւ ըսաւ. «Ահա՛ կը տեսնեմ երկինքը բացուած, ու մարդու Որդին՝ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»:
Acts ArmWeste 7:56  Իսկ անոնք բարձրաձայն աղաղակելով՝ գոցեցին իրենց ականջները, եւ բոլորը միաբանութեամբ խուժեցին անոր վրայ,
Acts ArmWeste 7:57  ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զայն. եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ կը կոչուէր Սօղոս:
Acts ArmWeste 7:58  Ու կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ կը գոչէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս»:
Acts ArmWeste 7:59  Եւ ծնրադրելով՝ բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց»: Ասիկա ըսելով՝ ննջեց: Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն: Եւ ծնրադրելով՝ բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց»: Ասիկա ըսելով՝ ննջեց: Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն:
Chapter 8
Acts ArmWeste 8:1  Այդ օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ: Առաքեալներէն զատ՝ բոլորն ալ ցրուեցան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկրամասերուն մէջ:
Acts ArmWeste 8:2  Բարեպաշտ մարդիկ վերցուցին Ստեփանոսը, եւ մեծապէս հեծեծեցին անոր վրայ:
Acts ArmWeste 8:3  Իսկ Սօղոս կ՚աւերէր եկեղեցին. կը մտնէր տուները, կը քաշկռտէր այր մարդիկ ու կիներ, եւ կը մատնէր զանոնք՝ բանտ նետուելու:
Acts ArmWeste 8:4  Ուրեմն անոնք որ ցրուած էին՝ կը շրջէին խօսքը աւետելով:
Acts ArmWeste 8:5  Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց:
Acts ArmWeste 8:6  Եւ բազմութիւնը՝ միաբան՝ ուշադիր էր Փիլիպպոսի ըսածներուն, լսելով ու տեսնելով անոր ըրած նշանները:
Acts ArmWeste 8:7  Որովհետեւ անմաքուր ոգիները բարձրաձայն գոռալով դուրս կ՚ելլէին բազմաթիւ դիւահարներէ,
Acts ArmWeste 8:8  եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բուժուէին:
Acts ArmWeste 8:9  Ուստի մեծ ուրախութիւն եղաւ այդ քաղաքին մէջ: Բայց մարդ մը կար՝ Սիմոն անունով, որ նախապէս մոգութիւն կ՚ընէր այդ քաղաքին մէջ եւ կը շշմեցնէր Սամարիայի ազգը, իր մասին ըսելով թէ մեծ մէկն է:
Acts ArmWeste 8:10  Բոլորն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծը, ուշադիր էին անոր ու կ՚ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ (կոչուած) զօրութիւնն է»:
Acts ArmWeste 8:11  Ուշադրութիւն կը դարձնէին իրեն, որովհետեւ կը շշմեցնէր զիրենք մոգութիւններով՝ երկար ժամանակէ ի վեր:
Acts ArmWeste 8:12  Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի՝ որ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութեան ու Յիսուս Քրիստոսի անունին մասին, մկրտուեցան թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ:
Acts ArmWeste 8:13  Սիմոն ինք ալ հաւատաց, ու մկրտուելով՝ չէր թողուր Փիլիպպոսը՝՝, եւ կը զմայլէր՝ տեսնելով կատարուած հրաշքներն ու մեծ նշանները:
Acts ArmWeste 8:14  Երբ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները լսեցին թէ Սամարացիները ընդունած են Աստուծոյ խօսքը, ղրկեցին անոնց Պետրոսն ու Յովհաննէսը,
Acts ArmWeste 8:15  որոնք հոն հասնելով՝ աղօթեցին անոնց համար, որպէսզի ստանան Սուրբ Հոգին:
Acts ArmWeste 8:16  (Որովհետեւ դեռ անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն մկրտուած էին Տէր Յիսուսի անունով:)
Acts ArmWeste 8:17  Այն ատեն իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, ու կը ստանային Սուրբ Հոգին:
Acts ArmWeste 8:18  Սիմոն, տեսնելով թէ Սուրբ Հոգին կը տրուի՝ առաքեալներուն ձեռնադրութեամբ, դրամ մատուցանեց անոնց եւ ըսաւ.
Acts ArmWeste 8:19  «Ինծի՛ ալ տուէք այս իշխանութիւնը, որպէսզի որո՛ւ վրայ որ ձեռք դնեմ՝ ստանայ Սուրբ Հոգին»:
Acts ArmWeste 8:20  Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ թող կորսուի քեզի հետ, որովհետեւ կարծեցիր թէ Աստուծոյ պարգեւը կը ստացուի դրամով:
Acts ArmWeste 8:21  Դուն մաս ու բաժին չունիս այդ բանին մէջ, որովհետեւ սիրտդ ուղիղ չէ Աստուծոյ առջեւ:
Acts ArmWeste 8:22  Ուրեմն զղջա՛ այդ չարամտութենէդ եւ աղերսէ՛ Աստուծոյ. թերեւս ներուի քեզի սիրտիդ չար մտածումը:
Acts ArmWeste 8:23  Որովհետեւ կը տեսնեմ քեզ մաղձի դառնութեան եւ անիրաւութեան կապին մէջ»:
Acts ArmWeste 8:24  Սիմոն պատասխանեց. «Դո՛ւք աղերսեցէք Տէրոջ ինծի համար, որպէսզի այդ ձեր ըսածներէն ոչինչ պատահի ինծի՝՝»:
Acts ArmWeste 8:25  Անոնք ալ՝ վկայելէ ու Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, աւետարանելով Սամարացիներու բազմաթիւ գիւղերուն մէջ:
Acts ArmWeste 8:26  Տէրոջ հրեշտակը խօսեցաւ Փիլիպպոսի՝ ըսելով. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան՝ որ կ՚իջնէ Երուսաղէմէն դէպի Գազա եւ ամայի է»:
Acts ArmWeste 8:27  Ան ալ կանգնեցաւ ու գնաց: Եւ ահա՛ եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պալատականը,- որ անոր բոլոր գանձերուն վերակացուն էր ու Երուսաղէմ եկած էր երկրպագելու,-
Acts ArmWeste 8:28  կը վերադառնար եւ իր կառքը նստած՝ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը:
Acts ArmWeste 8:29  Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսի. «Մօտեցի՛ր ու գնա՛ այդ կառքին քով»:
Acts ArmWeste 8:30  Փիլիպպոս ալ վազելով գնաց մօտը, լսեց թէ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը,
Acts ArmWeste 8:31  եւ ըսաւ. «Արդեօք կը հասկնա՞ս կարդացածդ»: Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը չառաջնորդէ զիս». եւ աղաչեց Փիլիպպոսի՝ որ ելլէ իր քով նստի:
Acts ArmWeste 8:32  Գիրքին մէջ կարդացած հատուածը սա՛ էր. «Ոչխարի պէս սպանդանոց տարուեցաւ, ու զինք խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառի պէս՝ իր բերանը չբացաւ:
Acts ArmWeste 8:33  Իր նուաստացումին մէջ՝ իր իրաւունքը առնուեցաւ, եւ ո՞վ պիտի պատմէ անոր սերունդին մասին. որովհետեւ անոր կեանքը երկրէն վերցուած է»:
Acts ArmWeste 8:34  Ներքինին հարցուց Փիլիպպոսի. «Կ՚աղերսե՛մ քեզի, մարգարէն որո՞ւ համար կ՚ըսէ ասիկա. ինքնիրե՞ն համար՝ թէ ուրիշի մը համար»:
Acts ArmWeste 8:35  Ուստի Փիլիպպոս բացաւ իր բերանը, եւ սկսելով Գիրքին այդ խօսքէն՝ Յիսուսը աւետեց անոր:
Acts ArmWeste 8:36  Մինչ կ՚երթային իրենց ճամբան, եկան ջուրի մը քով: Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ա՛լ ի՞նչ կ՚արգիլէ զիս մկրտուելէ»:
Acts ArmWeste 8:37  (Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ կը հաւատաս ամբողջ սիրտովդ՝ արտօնուած է»: Ան ալ պատասխանեց. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին է»:)
Acts ArmWeste 8:38  Ու հրամայեց որ կայնեցնեն կառքը: Երկուքն ալ իջան ջուրը, թէ՛ Փիլիպպոս, թէ՛ ներքինին. ու մկրտեց զայն:
Acts ArmWeste 8:39  Երբ դուրս ելան ջուրէն, Տէրոջ Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը. ներքինին ա՛լ չտեսաւ զայն, եւ գնաց իր ճամբան ուրախութեամբ:
Acts ArmWeste 8:40  Իսկ Փիլիպպոս գտնուեցաւ Ազովտոսի մէջ, ու շրջելով աւետարանեց բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ մինչեւ որ հասաւ Կեսարիա:
Chapter 9
Acts ArmWeste 9:1  Բայց Սօղոս տակաւին սպառնալիք եւ սպանութիւն կը փչէր Տէրոջ աշակերտներուն դէմ: Քահանայապետին քով գնաց
Acts ArmWeste 9:2  ու նամակներ ուզեց անկէ՝ Դամասկոսի ժողովարանները տանելու, որպէսզի՝ եթէ գտնէ այդ ճամբային հետեւողներ՝ այր մարդիկ կամ կիներ, կապած բերէ Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 9:3  Երբ կ՚երթար ու մօտեցաւ Դամասկոսի, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջը,
Acts ArmWeste 9:4  եւ ինք գետին իյնալով՝ լսեց ձայն մը որ կ՚ըսէր իրեն. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»:
Acts ArmWeste 9:5  Ան ալ ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ու Տէրը ըսաւ. «Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես. տաժանելի է քեզի՝ աքացել խթանի դէմ»:
Acts ArmWeste 9:6  Ան ալ՝ դողալով եւ այլայլած՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ»:
Acts ArmWeste 9:7  Տէրը ըսաւ անոր՝՝ . «Կանգնէ՛ ու մտի՛ր քաղաքը, եւ պիտի ըսուի քեզի թէ ի՛նչ պէտք է ընես»: Այն մարդիկը՝ որ իրեն կ՚ուղեկցէին՝ անխօս կեցած էին. միայն ձա՛յնը կը լսէին, բայց ո՛չ մէկը կը տեսնէին:
Acts ArmWeste 9:8  Սօղոս գետինէն ոտքի ելաւ, սակայն ո՛չ մէկը կը տեսնէր բաց աչքերով. ուստի բռնեցին անոր ձեռքէն ու մտցուցին Դամասկոս:
Acts ArmWeste 9:9  Երեք օր կեցաւ՝ առանց տեսնելու. ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց:
Acts ArmWeste 9:10  Աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ՝ Անանիա անունով: Տէրը ըսաւ անոր տեսիլքի մէջ. «Անանիա՛»: Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա՛ հոս եմ»:
Acts ArmWeste 9:11  Տէրը ըսաւ անոր. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ այն փողոցը՝ որ Ուղիղ կը կոչուի, եւ հոն՝ Յուդայի տան մէջ փնտռէ՛ Սօղոս անունով Տարսոնցի մը. որովհետեւ ահա՛ ան կ՚աղօթէ,
Acts ArmWeste 9:12  ու տեսիլքի մէջ տեսաւ մարդ մը՝ Անանիա անունով, քովը մտած եւ ձեռքը դրած իր վրայ՝ որպէսզի վերստին տեսնէ»:
Acts ArmWeste 9:13  Անանիա ալ պատասխանեց. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այդ մարդուն մասին թէ ո՛րչափ չարիք ըրաւ քու սուրբերուդ՝ Երուսաղէմի մէջ.
Acts ArmWeste 9:14  եւ հո՛ս ալ քահանայապետներէն իրաւասութիւն ունի կապելու բոլոր անոնք՝ որ կը կանչեն քու անունդ»:
Acts ArmWeste 9:15  Տէրը ըսաւ անոր. «Դուն գնա՛, որովհետեւ ան ինձմէ ընտրուած անօթ մըն է՝ իմ անունս կրելու հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ,
Acts ArmWeste 9:16  ու ես ցոյց պիտի տամ անոր թէ ո՜րչափ պէտք է չարչարուի իմ անունիս համար»:
Acts ArmWeste 9:17  Ուստի Անանիա գնաց, մտաւ այդ տունը, եւ դնելով ձեռքերը անոր վրայ՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը ղրկեց զիս, այն Յիսո՛ւսը՝ որ ճամբան երեւցաւ քեզի երբ կու գայիր, որպէսզի վերստին տեսնես ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»:
Acts ArmWeste 9:18  Իսկոյն թեփերու պէս բաներ ինկան անոր աչքերէն, եւ անմի՛ջապէս տեսողութիւնը վերստացաւ. կանգնեցաւ, մկրտուեցաւ,
Acts ArmWeste 9:19  ու կերակուր ուտելով՝ զօրացաւ, եւ քանի մը օր կեցաւ Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ:
Acts ArmWeste 9:20  Իսկոյն ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ ա՛ն է Աստուծոյ Որդին:
Acts ArmWeste 9:21  Բոլոր լսողները մեծապէս զմայլած էին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա չէ՞ ան՝ որ Երուսաղէմի մէջ կը տապալէր այս անունը կանչողները. հոս ալ եկած էր ասոր համար, որպէսզի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»:
Acts ArmWeste 9:22  Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ կը շփոթեցնէր Դամասկոս բնակող Հրեաները, ապացուցանելով թէ ա՛յս է Քրիստոսը:
Acts ArmWeste 9:23  Շատ օրեր անցնելէն ետք՝ Հրեաները խորհրդակցեցան որ սպաննեն զայն.
Acts ArmWeste 9:24  բայց Սօղոսի յայտնուեցաւ անոնց դաւադրութիւնը: Ցերեկ ու գիշեր կը հսկէին դռները, որպէսզի սպաննեն զայն:
Acts ArmWeste 9:25  Իսկ աշակերտները գիշերուան մէջ առին զայն եւ պարիսպէն վար իջեցուցին՝ զամբիւղի մը մէջ:
Acts ArmWeste 9:26  Երբ Սօղոս եկաւ Երուսաղէմ՝ կը ձգտէր միանալ աշակերտներուն. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ ան աշակերտ էր:
Acts ArmWeste 9:27  Բայց Բառնաբաս՝ առնելով զայն՝ տարաւ առաքեալներուն ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբան տեսաւ Տէրը՝ որ խօսեցաւ իրեն հետ, եւ թէ ի՛նչպէս համարձակութեամբ քարոզեց Յիսուսի անունով՝ Դամասկոսի մէջ:
Acts ArmWeste 9:28  Ուստի կը մտնէր ու կ՚ելլէր անոնց հետ Երուսաղէմի մէջ, համարձակութեամբ քարոզելով Տէր Յիսուսի անունով:
Acts ArmWeste 9:29  Նաեւ կը խօսէր եւ կը վիճաբանէր Հելլենացիներուն հետ. անոնք ալ կը ձգտէին սպաննել զինք:
Acts ArmWeste 9:30  Իսկ եղբայրները՝ ասիկա գիտնալով՝ զինք իջեցուցին Կեսարիա, եւ անկէ ճամբեցին Տարսոն:
Acts ArmWeste 9:31  Ուրեմն եկեղեցիները խաղաղութիւն ունեցան ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի ու Սամարիայի մէջ, եւ կը շինուէին ու կը բազմանային՝ ընթանալով Տէրոջ վախով եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեամբ:
Acts ArmWeste 9:32  Քանի Պետրոս ամէն կողմ կը շրջէր, Լիւդդեա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ:
Acts ArmWeste 9:33  Հոն գտաւ մարդ մը՝ Ենեա անունով, որ մահիճը պառկած էր ութ տարիէ ի վեր՝ անդամալոյծ ըլլալով:
Acts ArmWeste 9:34  Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենեա՛, Յիսուս Քրիստոս կը բժշկէ քեզ. կանգնէ՛ եւ շտկէ՛ անկողինդ»: Ան ալ իսկոյն կանգնեցաւ:
Acts ArmWeste 9:35  Լիւդդեայի ու Սարոնի բոլոր բնակիչները տեսան զայն, եւ դարձան Տէրոջ:
Acts ArmWeste 9:36  Աշակերտ եղած կին մը կար Յոպպէի մէջ՝ Տաբիթա անունով, որ թարգմանութեամբ Այծեմնիկ կը կոչուի. ասիկա լեցուած էր իր ըրած բարի գործերով եւ ողորմութիւններով:
Acts ArmWeste 9:37  Այդ օրերը հիւանդացաւ ու մեռաւ: Լուացին զինք, եւ դրին վերնատուն մը:
Acts ArmWeste 9:38  Լիւդդեա մօտ էր Յոպպէի. ուստի աշակերտները՝ լսելով թէ Պետրոս հո՛ն է՝ ղրկեցին անոր երկու մարդ, աղաչելով որ չյամենայ եւ գայ իրենց քով:
Acts ArmWeste 9:39  Պետրոս ալ կանգնեցաւ ու գնաց անոնց հետ: Երբ հասաւ, հանեցին զինք վերնատունը: Բոլոր այրիները կայնեցան անոր շուրջ, կու լային եւ կը ցուցնէին այն բաճկոններն ու հանդերձները, որ Այծեմնիկ կը շինէր՝ երբ իրենց հետ էր:
Acts ArmWeste 9:40  Պետրոս ալ՝ դուրս հանելով բոլորը՝ ծնրադրեց, աղօթեց, եւ դառնալով դէպի մարմինը՝ ըսաւ. «Տաբիթա՛, կանգնէ՛»: Ան ալ բացաւ իր աչքերը, ու տեսնելով Պետրոսը՝ ուղիղ նստաւ:
Acts ArmWeste 9:41  Ինք ալ ձեռքը տուաւ անոր, կանգնեցուց զայն, եւ կանչելով սուրբերն ու այրիները՝ ողջ ներկայացուց զայն անոնց առջեւ:
Acts ArmWeste 9:42  Այս բանը գիտցուեցաւ ամբողջ Յոպպէի մէջ, ու շատեր հաւատացին Տէրոջ:
Acts ArmWeste 9:43  Եւ ինք շատ օրեր մնաց Յոպպէ՝ Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով:
Chapter 10
Acts ArmWeste 10:1  Մարդ մը կար Կեսարիայի մէջ՝ Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալական կոչուած գունդին մէջ,
Acts ArmWeste 10:2  բարեպաշտ, եւ աստուածավախ՝ իր ամբողջ տունով. ան շատ ողորմութիւններ կու տար ժողովուրդին ու ամէն ատեն կ՚աղերսէր Աստուծոյ:
Acts ArmWeste 10:3  Գրեթէ օրուան իններորդ ժամուն՝՝ տեսիլքի մէջ ան բացայայտօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ մտաւ իր քով եւ ըսաւ իրեն. «Կոռնելիո՛ս»:
Acts ArmWeste 10:4  Երբ ակնապիշ նայեցաւ անոր՝ վախցած ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»: Իսկ ան ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ ու ողորմութիւններդ բարձրացան Աստուծոյ առջեւ՝ յիշատակի համար:
Acts ArmWeste 10:5  Հիմա մարդի՛կ ղրկէ Յոպպէ, եւ կանչէ՛ Սիմոն անունով մէկը՝ որ Պետրոս մականուանեալ է:
Acts ArmWeste 10:6  Ան հիւրընկալուած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է»:
Acts ArmWeste 10:7  Երբ իրեն հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, կանչեց իր տան ծառաներէն երկուքը, նաեւ իրեն տրամադրուած զինուորներէն բարեպաշտ մէկը՝՝,
Acts ArmWeste 10:8  եւ ամէն բան պատմելով՝ ղրկեց զանոնք Յոպպէ:
Acts ArmWeste 10:9  Հետեւեալ օրը, մինչ անոնք կը ճամբորդէին ու կը մօտենային քաղաքին, Պետրոս՝ վեցերորդ ժամու՝՝ ատենները՝ տանիքը բարձրացաւ աղօթելու:
Acts ArmWeste 10:10  Շատ անօթեցած ըլլալով՝ կ՚ուզէր ճաշակել. մինչ ճաշը կը պատրաստուէր, վերացում ունեցաւ:
Acts ArmWeste 10:11  Տեսաւ երկինքը բացուած, ու չորս ծայրերէն կապուած անօթ մը՝ մեծ լաթի մը պէս՝ որ իջաւ երկրի վրայ.
Acts ArmWeste 10:12  անոր մէջ կային երկրի ամէն տեսակ չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
Acts ArmWeste 10:13  Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ ու կե՛ր»:
Acts ArmWeste 10:14  Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ ես բնա՛ւ չեմ կերեր պիղծ կամ անմաքուր բան»:
Acts ArmWeste 10:15  Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»:
Acts ArmWeste 10:16  Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, յետոյ անօթը դարձեալ վերացաւ երկինք:
Acts ArmWeste 10:17  Մինչ Պետրոս ինքնիրեն կը տարակուսէր թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա՛ Կոռնելիոսէ ղրկուած մարդիկը՝ հարցնելով Սիմոնի տան մասին՝ կայնեցան դրան առջեւ,
Acts ArmWeste 10:18  եւ կանչելով հարցափորձեցին. «Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է, հո՞ս հիւրընկալուած է»:
Acts ArmWeste 10:19  Մինչ Պետրոս կը մտածէր տեսիլքին մասին, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա՛ երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն:
Acts ArmWeste 10:20  Հետեւաբար կանգնէ՛, իջի՛ր, ու գնա՛ անոնց հետ՝ առանց տատամսելու, որովհետեւ ե՛ս ղրկեցի զանոնք»:
Acts ArmWeste 10:21  Պետրոս ալ իջաւ այդ մարդոց քով՝ եւ ըսաւ. «Ահա՛ ես եմ ա՛ն՝ որ կը փնտռէք. ինչո՞ւ եկած էք»:
Acts ArmWeste 10:22  Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար ու աստուածավախ մարդ մը՝ բարի վկայուած ամբողջ Հրեաներու ազգէն, պատգամ ստացաւ սուրբ հրեշտակէ մը՝ որ կանչէ քեզ իր տունը եւ լսէ քու խօսքերդ»:
Acts ArmWeste 10:23  Ուստի ներս կանչեց զանոնք ու հիւրընկալեց: Հետեւեալ օրը՝ Պետրոս ելաւ եւ մեկնեցաւ անոնց հետ. իրեն հետ գացին նաեւ Յոպպէէն եղող քանի մը եղբայրներ:
Acts ArmWeste 10:24  Յաջորդ օրը մտան Կեսարիա. Կոռնելիոս ալ կը սպասէր անոնց՝ հրաւիրած ըլլալով իր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները:
Acts ArmWeste 10:25  Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս դիմաւորեց զայն, եւ անոր ոտքը իյնալով կ՚երկրպագէր:
Acts ArmWeste 10:26  Բայց Պետրոս ոտքի հանեց զայն՝ ըսելով. «Կանգնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»:
Acts ArmWeste 10:27  Ու անոր հետ խօսակցելով՝ ներս մտաւ, շատեր գտաւ՝ համախմբուած,
Acts ArmWeste 10:28  եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ օրինաւոր չէ հրեայ մարդու մը՝ հաղորդակցիլ օտարազգիի մը հետ կամ մօտենալ անոր. բայց Աստուած ցոյց տուաւ ինծի որ մարդոցմէ ո՛չ մէկը պիղծ կամ անմաքուր կոչեմ:
Acts ArmWeste 10:29  Ուստի երբ կանչուեցայ՝ եկայ առանց հակաճառութեան. ուրեմն կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս»:
Acts ArmWeste 10:30  Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ՝ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի, ու իններորդ ժամուն տանս մէջ կ՚աղօթէի. եւ ահա՛ փայլուն տարազով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ.
Acts ArmWeste 10:31  “Կոռնելիո՛ս, քու աղօթքդ ընդունուեցաւ, եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան:
Acts ArmWeste 10:32  Ուրեմն մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է. ան ծովուն մօտ՝ Սիմոն անունով կաշեգործի մը տան մէջ հիւրընկալուած է. երբ գայ՝ պիտի խօսի քեզի”:
Acts ArmWeste 10:33  Ուստի անյապաղ մարդ ղրկեցի քեզի, եւ գոհ եմ՝՝ որ եկար: Ուրեմն հիմա մենք բոլորս ներկայ ենք Աստուծոյ առջեւ՝ լսելու ամէն ինչ որ Աստուծմէ հրամայուած է քեզի»:
Acts ArmWeste 10:34  Պետրոս բացաւ իր բերանը ու ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ՚ըմբռնեմ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ,
Acts ArmWeste 10:35  հապա ամէն ազգի մէջ իրեն ընդունելի է ա՛ն՝ որ իրմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ:
Acts ArmWeste 10:36  Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, (ա՛ն է բոլորին Տէրը,)
Acts ArmWeste 10:37  դուք լաւ գիտէք այդ խօսքը, որ եղաւ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսելով, այն մկրտութենէն ետք՝ որ Յովհաննէս քարոզեց:
Acts ArmWeste 10:38  Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.
Acts ArmWeste 10:39  եւ մենք վկայ ենք այն բոլոր բաներուն՝ որ ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ: Զայն սպաննեցին՝ փայտէն կախելով:
Acts ArmWeste 10:40  Աստուած յարուցանեց զայն երրորդ օրը, եւ բացայայտեց զայն
Acts ArmWeste 10:41  ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, հապա՝ մեզի - նախապէս Աստուծմէ ընտրուածներուս՝ վկայ ըլլալու -, որ կերանք ու խմեցինք իրեն հետ՝ իր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք:
Acts ArmWeste 10:42  Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:
Acts ArmWeste 10:43  Բոլոր մարգարէները կը վկայեն անոր մասին թէ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ պիտի ստանայ մեղքերու ներում անոր անունով»:
Acts ArmWeste 10:44  Մինչ Պետրոս կ՚ըսէր այս խօսքերը, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլոր անոնց վրայ՝ որ կը լսէին խօսքը:
Acts ArmWeste 10:45  Թլփատուածներէն եղող բոլոր հաւատացեալները, որ եկած էին Պետրոսի հետ, զմայլեցան որ հեթանոսներուն վրայ ալ թափուեցաւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը.
Acts ArmWeste 10:46  որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին ուրիշ լեզուներով եւ կը մեծարէին Աստուած:
Acts ArmWeste 10:47  Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել, որ ջուրով մկրտուին ասոնք՝ որոնք ստացան Սուրբ Հոգին մեզի պէս»:
Acts ArmWeste 10:48  Ու հրամայեց որ մկրտուին Տէրոջ անունով: Այն ատեն խնդրեցին իրմէ՝ որ հոն մնայ քանի մը օր:
Chapter 11
Acts ArmWeste 11:1  Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ ընդունած են Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 11:2  Երբ Պետրոս Երուսաղէմ բարձրացաւ, թլփատուածները կը վիճէին անոր հետ
Acts ArmWeste 11:3  ու կ՚ըսէին. «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»:
Acts ArmWeste 11:4  Պետրոս ալ սկսաւ դէպքը կարգով բացատրել անոնց՝ ըսելով.
Acts ArmWeste 11:5  «Ես կ՚աղօթէի Յոպպէ քաղաքը, երբ՝ վերացումի մէջ՝ տեսայ տեսիլք մը. անօթ մը՝ մեծ լաթի պէս, չորս ծայրերէն կախուած, իջաւ երկինքէն ու հասաւ մինչեւ ինծի:
Acts ArmWeste 11:6  Մինչ կը դիտէի՝ աչքերս սեւեռած անոր վրայ, տեսայ երկրի չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
Acts ArmWeste 11:7  Ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. “Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ եւ կե՛ր”:
Acts ArmWeste 11:8  Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”:
Acts ArmWeste 11:9  Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”:
Acts ArmWeste 11:10  Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, ու ամէն ինչ դարձեալ վեր քաշուեցաւ՝ դէպի երկինք:
Acts ArmWeste 11:11  Եւ ահա՛ անյապաղ երեք մարդիկ՝ Կեսարիայէն ղրկուած ինծի՝ եկան ու կեցան այն տան առջեւ, ուր հիւրընկալուած էի:
Acts ArmWeste 11:12  Հոգին ալ ըսաւ ինծի՝ որ երթամ անոնց հետ առանց տատամսելու: Այս վեց եղբայրներն ալ գացին ինծի հետ, ու մտանք այդ մարդուն տունը:
Acts ArmWeste 11:13  Ան ալ պատմեց մեզի թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ կայնած էր եւ կ՚ըսէր իրեն. “Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է:
Acts ArmWeste 11:14  Ան խօսքեր պիտի ըսէ քեզի, որպէսզի փրկուիք՝ դուն եւ ամբողջ տունդ”:
Acts ArmWeste 11:15  Երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ:
Acts ArmWeste 11:16  Եւ յիշեցի Տէրոջ ըսած խօսքը. “Արդարեւ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով”:
Acts ArmWeste 11:17  Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»:
Acts ArmWeste 11:18  Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»:
Acts ArmWeste 11:19  Ստեփանոսի մահէն ետք եղած հալածանքէն ցրուածները՝ հասան նաեւ մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, քարոզելով Աստուծոյ խօսքը ո՛չ մէկուն՝ բայց միայն Հրեաներուն:
Acts ArmWeste 11:20  Անոնցմէ ոմանք կիպրացի ու կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ մտան Անտիոք՝ կը խօսէին Հելլենացիներուն հետ, աւետելով Տէր Յիսուսը:
Acts ArmWeste 11:21  Տէրոջ ձեռքը անոնց հետ էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին ու դարձան Տէրոջ:
Acts ArmWeste 11:22  Այս բաներուն լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը, եւ ճամբեցին Բառնաբասը՝ որ երթայ մինչեւ Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:23  Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝.
Acts ArmWeste 11:24  (քանի որ ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով ու հաւատքով լեցուն.) եւ մեծ բազմութիւն մը աւելցաւ Տէրոջ եկեղեցիին թիւին վրայ:
Acts ArmWeste 11:25  Յետոյ Բառնաբաս մեկնեցաւ Տարսոն՝ փնտռելու Սօղոսը, ու գտնելով զայն՝ բերաւ Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:26  Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ հաւաքուելով՝ մեծ բազմութեան մը սորվեցուցին, եւ Անտիոքի՛ մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ կոչուեցան առաջին անգամ:
Acts ArmWeste 11:27  Այդ օրերը՝ Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք:
Acts ArmWeste 11:28  Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, կանգնեցաւ եւ մատնանշեց Հոգիին զօրութեամբ՝ թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ ամբողջ երկրագունդին մէջ. ան ի՛րապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը:
Acts ArmWeste 11:29  Ուստի աշակերտները որոշեցին օգնութիւն ղրկել Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն, իւրաքանչիւրը իր եկամուտին համեմատ:
Acts ArmWeste 11:30  Այդպէս ալ ըրին, ղրկելով զայն երէցներուն՝ Բառնաբասի ու Սօղոսի ձեռքով:
Chapter 12
Acts ArmWeste 12:1  Այդ ատենները Հերովդէս թագաւորը ձեռք դրաւ եկեղեցիէն ոմանց վրայ՝ չարչարելու համար:
Acts ArmWeste 12:2  Սուրով սպաննեց Յովհաննէսի եղբայրը՝ Յակոբոսը,
Acts ArmWeste 12:3  եւ տեսնելով թէ հաճելի է Հրեաներուն, շարունակելով բռնեց նաեւ Պետրոսը: (Բաղարջակերքի օրերն էին:)
Acts ArmWeste 12:4  Երբ ձերբակալեց զայն՝ բանտը դրաւ, ու յանձնեց չորսական զինուորէ բաղկացած չորս ջոկատի՝ որպէսզի պահեն. եւ կը փափաքէր ներկայացնել զայն ժողովուրդին՝ Զատիկէն ետք:
Acts ArmWeste 12:5  Ուստի Պետրոս պահուած էր բանտին մէջ, բայց եկեղեցին ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր Աստուծոյ՝ անոր համար:
Acts ArmWeste 12:6  Երբ Հերովդէս պիտի ներկայացնէր զայն դատարանին, այդ օրուան նախորդ գիշերը՝ Պետրոս կը քնանար երկու զինուորներու մէջտեղ՝ կրկին շղթաներով կապուած. իսկ պահապանները կը պահէին բանտը՝ դրան առջեւ:
Acts ArmWeste 12:7  Յանկարծ Տէրոջ հրեշտակը անոր վրայ հասաւ, ու լոյս մը փայլեցաւ տան մէջ: Ապա Պետրոսի կողը խթելով՝ արթնցուց զայն եւ ըսաւ. «Կանգնէ՛ շուտով»: Շղթաները վար ինկան անոր ձեռքերէն,
Acts ArmWeste 12:8  ու հրեշտակը ըսաւ անոր. «Կապէ՛ գօտիդ ու հագի՛ր հողաթափներդ»: Ան ալ ըրաւ այնպէս: Յետոյ ըսաւ անոր. «Վրա՛դ առ հանդերձդ ու հետեւէ՛ ինծի»:
Acts ArmWeste 12:9  Ան ալ դուրս ելլելով՝ հետեւեցաւ անոր. բայց չէր գիտեր թէ հրեշտակին կատարածը իրակա՛ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ:
Acts ArmWeste 12:10  Երբ անոնք անցան առաջին ու երկրորդ պահապաններէն, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքը կը տանէր եւ ինքնիրեն բացուեցաւ անոնց առջեւ: Անկէ դուրս ելլելով՝ փողոց մը անցան, ու հրեշտակը իսկոյն հեռացաւ անկէ:
Acts ArmWeste 12:11  Պետրոս ինքնիրեն գալով՝ ըսաւ. «Հի՛մա ճշմա՛րտապէս գիտեմ թէ Տէրը ղրկեց իր հրեշտակը եւ ազատեց զիս Հերովդէսի ձեռքէն ու Հրեաներու ժողովուրդին ամբողջ ակնկալութենէն»:
Acts ArmWeste 12:12  Եւ գիտակից ըլլալով՝ գնաց Մարկոս մականուանեալ Յովհաննէսի մօր Մարիամի տունը, ուր շատեր համախմբուած կ՚աղօթէին:
Acts ArmWeste 12:13  Երբ բախեց տան դուրսի դուռը, Հռովդէ անունով աղախին մը մօտեցաւ՝ մտիկ ընելու:
Acts ArmWeste 12:14  Ճանչնալով Պետրոսի ձայնը՝ ուրախութենէն չբացաւ դուռը, հապա ներս վազելով՝ լուր տուաւ թէ Պետրոս կայնած է դրան առջեւ:
Acts ArmWeste 12:15  Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խելագարա՛ծ ես»: Բայց ինք կը պնդէր թէ այդպէ՛ս է: Անոնք ալ կ՚ըսէին. «Անոր հրեշտա՛կն է»:
Acts ArmWeste 12:16  Սակայն Պետրոս կը շարունակէր բախել, ու երբ բացին՝ շշմեցան զինք տեսնելով:
Acts ArmWeste 12:17  Իսկ ան ձեռքը շարժեց՝ որ անոնք լռեն, ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը հանեց զինք բանտէն, եւ ըսաւ. «Պատմեցէ՛ք այս բաները Յակոբոսի ու եղբայրներուն»: Յետոյ մեկնեցաւ եւ գնաց ուրիշ տեղ մը:
Acts ArmWeste 12:18  Երբ առտու եղաւ, մեծ խլրտում կար զինուորներուն մէջ, թէ արդեօք Պետրոս ի՛նչ եղած էր:
Acts ArmWeste 12:19  Իսկ Հերովդէս, երբ փնտռեց զայն ու չգտաւ, հարցաքննեց պահապանները եւ հրամայեց որ մեռցուին: Ապա Հրէաստանէն իջաւ Կեսարիա, ու հոն կը կենար:
Acts ArmWeste 12:20  Հերովդէս չափազանց զայրացած էր Տիւրացիներուն եւ Սիդոնացիներուն դէմ: Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան իրեն, ու հաշտութիւն խնդրեցին՝ համոզելով թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը. որովհետեւ իրենց երկիրը կը կերակրուէր թագաւորին երկրէն:
Acts ArmWeste 12:21  Որոշուած օր մը, Հերովդէս՝ հագած թագաւորական տարազը եւ բազմած դատարանը՝ կը ճառախօսէր անոնց:
Acts ArmWeste 12:22  Ամբոխն ալ կ՚աղաղակէր. “Ատիկա Աստուծո՛յ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու”:
Acts ArmWeste 12:23  Անմի՛ջապէս Տէրոջ հրեշտակը զարկաւ զայն՝ փառքը Աստուծոյ չտալուն համար. ու որդնալից ըլլալով՝ շունչը փչեց:
Acts ArmWeste 12:24  Իսկ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր ու կը բազմանար:
Acts ArmWeste 12:25  Բառնաբաս եւ Սօղոս՝ երբ գործադրեցին իրենց յանձնուած սպասարկութիւնը՝ վերադարձան Երուսաղէմէն, իրենց հետ առնելով նաեւ Յովհաննէսը՝ որ Մարկոս մականուանեալ էր:
Chapter 13
Acts ArmWeste 13:1  Քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային Անտիոք եղող եկեղեցիին մէջ.- Բառնաբաս, Շմաւոն՝ որ Նիգեր կը կոչուէր, Ղուկիոս Կիւրենացին, Մանայէն՝ Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը, եւ Սօղոս:
Acts ArmWeste 13:2  Մինչ անոնք Տէրոջ պաշտօն կը կատարէին ու ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը՝ այն գործին համար, որուն ես կանչած եմ զանոնք»:
Acts ArmWeste 13:3  Ուստի՝ ծոմ պահելով ու աղօթելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ուղարկեցին:
Acts ArmWeste 13:4  Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան, եւ անկէ նաւարկեցին դէպի Կիպրոս:
Acts ArmWeste 13:5  Հասնելով Սաղամինա՝ կը հռչակէին Աստուծոյ խօսքը Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ. Յովհաննէս ալ կը սպասաւորէր իրենց:
Acts ArmWeste 13:6  Շրջելով այդ (ամբողջ) կղզին մինչեւ Պափոս՝ գտան մոգ մը, Հրեայ սուտ մարգարէ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր.
Acts ArmWeste 13:7  ան փոխ-հիւպատոսին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը: Ասիկա՝ կանչելով Բառնաբասը եւ Սօղոսը՝ ուզեց լսել Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 13:8  Սակայն անոնց ընդդիմացաւ Եղիմաս մոգը (որովհետեւ ա՛յսպէս կը թարգմանուի անոր անունը), որ կը ջանար խոտորեցնել փոխ-հիւպատոսը հաւատքէն:
Acts ArmWeste 13:9  Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ակնապիշ նայեցաւ անոր
Acts ArmWeste 13:10  ու ըսաւ. «Ո՛վ ամէն նենգութեամբ եւ ամէն չարագործութեամբ լեցուն Չարախօսի՛ որդի, թշնամի ամբողջ արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս խեղաթիւրելէ Տէրոջ ուղիղ ճամբաները:
Acts ArmWeste 13:11  Ահա՛ հիմա Տէրոջ ձեռքը քու վրադ է. կոյր պիտի ըլլաս եւ ատեն մը պիտի չտեսնես արեւը»: Անմի՛ջապէս մթութիւն ու խաւար իջաւ անոր վրայ, եւ շրջելով մէկը կը փնտռէր՝ որ ձեռքէն բռնելով տանէր զինք:
Acts ArmWeste 13:12  Այն ատեն փոխ-հիւպատոսը հաւատաց՝ երբ տեսաւ կատարուածը, մեծապէս ապշելով Տէրոջ ուսուցումին վրայ:
Acts ArmWeste 13:13  Պօղոս եւ իր ընկերակիցները նաւարկեցին Պափոսէն, ու գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս՝ զատուելով անոնցմէ՝ վերադարձաւ Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 13:14  Անոնք ալ գացին Պերգէէն եւ հասան Պիսիդիայի Անտիոքը, ու Շաբաթ օրը մտնելով ժողովարանը՝ նստան:
Acts ArmWeste 13:15  Օրէնքին եւ Մարգարէներուն կարդացուելէն ետք՝ ժողովարանին պետերը մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք յորդորական խօսք մը ունիք ժողովուրդին՝ ըսէ՛ք»:
Acts ArmWeste 13:16  Ուստի Պօղոս կանգնեցաւ, եւ շարժելով ձեռքը՝ ըսաւ. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, ու դո՛ւք՝ որ կը վախնաք Աստուծմէ, մտի՛կ ըրէք:
Acts ArmWeste 13:17  Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց ժողովուրդը՝ երբ անոնք պանդխտացած էին Եգիպտոսի երկրին մէջ, եւ զօրաւոր բազուկով դուրս հանեց զանոնք:
Acts ArmWeste 13:18  Գրեթէ քառասուն տարի կերակրեց զանոնք անապատին մէջ:
Acts ArmWeste 13:19  Քանանի երկրին մէջ, բնաջնջելով եօթը ազգ, անոնց երկիրը տուաւ իրենց՝ որ ժառանգեն:
Acts ArmWeste 13:20  Անկէ ետք՝ գրեթէ չորս հարիւր յիսուն տարի՝ դատաւորներ տուաւ իրենց, մինչեւ Սամուէլ մարգարէն:
Acts ArmWeste 13:21  Յետոյ թագաւոր ուզեցին, եւ Աստուած տուաւ իրենց Կիսի որդին՝ Սաւուղը, Բենիամինի տոհմէն մարդ մը, քառասուն տարի:
Acts ArmWeste 13:22  Երբ պաշտօնէ հեռացուց զայն, Դաւիթը նշանակեց իրենց վրայ իբր թագաւոր, որուն մասին վկայելով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին՝ Դաւիթը գտայ, իմ սիրտիս համաձայն մարդ մը, որ պիտի գործադրէ իմ ամբողջ կամքս»:
Acts ArmWeste 13:23  Ասո՛ր զարմէն Աստուած՝ իր խոստումին համաձայն՝ հանեց Իսրայէլի Փրկիչ մը, Յիսուսը:
Acts ArmWeste 13:24  Դեռ ան չեկած, Յովհաննէս նախապէս քարոզեց ապաշխարութեան մկրտութիւնը՝ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին:
Acts ArmWeste 13:25  Երբ Յովհաննէս կը լրացնէր իր ընթացքը՝ ըսաւ. “Ո՞վ կը կարծէք՝ թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ մէկը՝ որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ”:
Acts ArmWeste 13:26  Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամի ցեղին որդինե՛ր, այս փրկութեան խօսքը ղրկուեցաւ ձեզի՛, եւ անոնց՝ որ ձեր մէջ աստուածավախ են:
Acts ArmWeste 13:27  Քանի որ Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց պետերը՝ ո՛չ զայն ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք կը կարդացուին ամէն Շաբաթ օր. բայց իրագործեցին գրուածները՝ դատելով զայն:
Acts ArmWeste 13:28  Թէպէտ չգտան մահուան արժանի պատճառ մը, խնդրեցին Պիղատոսէն՝ որ ան սպաննուի:
Acts ArmWeste 13:29  Երբ գործադրեցին ամէն ինչ որ գրուած էր անոր մասին, վար իջեցնելով փայտէն՝ դրին գերեզմանի մը մէջ:
Acts ArmWeste 13:30  Բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն:
Acts ArmWeste 13:31  Ան շատ օրեր երեւցաւ անոնց՝ որ Գալիլեայէն Երուսաղէմ ելեր էին իրեն հետ. անոնք են հիմա իր վկաները ժողովուրդին առջեւ:
Acts ArmWeste 13:32  Մե՛նք ալ կ՚աւետենք ձեզի այն խոստումը՝ որ եղած էր հայրերուն.
Acts ArmWeste 13:33  Աստուած իրագործեց զայն մեզի համար՝ որ անոնց զաւակներն ենք, յարուցանելով Յիսուսը՝ ինչպէս գրուած ալ է երկրորդ Սաղմոսին մէջ. “Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ”:
Acts ArmWeste 13:34  Ան սա՛ կ՚ըսէ զինք մեռելներէն յարուցանելու մասին՝ որ անգա՛մ մըն ալ ապականութեան չվերադառնայ. “Ձեզի պիտի տամ Դաւիթի մնայուն կարեկցութիւնները”:
Acts ArmWeste 13:35  Այս մասին ուրիշ Սաղմոսի մը մէջ ալ կ՚ըսէ. “Պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ”:
Acts ArmWeste 13:36  Որովհետեւ Դաւիթ ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին, դրուեցաւ իր հայրերուն քով եւ ապականութիւն տեսաւ:
Acts ArmWeste 13:37  Բայց ա՛ն՝ որ Աստուած յարուցանեց, ապականութիւն չտեսաւ:
Acts ArmWeste 13:38  Ուրեմն գիտցէ՛ք, մարդի՛կ եղբայրներ, թէ ասո՛ր միջոցով մեղքերու ներում կը հռչակուի ձեզի,
Acts ArmWeste 13:39  եւ թէ իրմո՛վ ամէն հաւատացեալ կ՚արդարանայ այն բոլոր բաներէն՝ որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքով:
Acts ArmWeste 13:40  Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որպէսզի ձեզի չպատահի՝՝ ի՛նչ որ ըսուած է Մարգարէներուն մէջ.
Acts ArmWeste 13:41  “Տեսէ՛ք, արհամարհողներ, եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. որովհետեւ պիտի կատարեմ արարք մը՝ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի արարք մը, որ եթէ մէկը պատմէ ձեզի՝ պիտի չհաւատաք”»:
Acts ArmWeste 13:42  Երբ անկէ դուրս ելան՝ կ՚աղաչէին, որ հետեւեալ Շաբաթ ալ քարոզեն իրենց նոյն խօսքերը:
Acts ArmWeste 13:43  Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն եւ բարեպաշտ նորահաւատներէն շատեր հետեւեցան Պօղոսի ու Բառնաբասի, որոնք կը խօսէին անոնց հետ եւ կը յորդորէին զանոնք, որ յարատեւեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ:
Acts ArmWeste 13:44  Հետեւեալ Շաբաթ օրը, գրեթէ ամբողջ քաղաքը հաւաքուեցաւ՝ լսելու Աստուծոյ խօսքը:
Acts ArmWeste 13:45  Իսկ Հրեաները՝ երբ տեսան բազմութիւնները՝ լեցուեցան նախանձով, ու դէմ կը խօսէին Պօղոսի ըսածներուն՝ հակաճառելով եւ հայհոյելով:
Acts ArmWeste 13:46  Ուստի Պօղոս ու Բառնաբաս համարձակելով ըսին. «Հարկ էր որ Աստուծոյ խօսքը քարոզուէր նախ ձեզի՛. բայց քանի որ կը վանէք զայն ձեզմէ, եւ դուք ձեզ արժանի չէք սեպեր յաւիտենական կեանքի, ահա՛ մենք կը դառնանք հեթանոսներուն:
Acts ArmWeste 13:47  Որովհետեւ Տէրը սա՛ պատուիրած է մեզի. “Քեզ իբր լոյս դրի հեթանոսներուն, որպէսզի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս՝ մինչեւ երկրի ծայրերը”»:
Acts ArmWeste 13:48  Լսելով ասիկա՝ հեթանոսները կ՚ուրախանային ու կը փառաւորէին Աստուծոյ խօսքը, եւ անոնք որ սահմանուած էին յաւիտենական կեանքին՝ հաւատացին:
Acts ArmWeste 13:49  Տէրոջ խօսքը կը տարածուէր ամբողջ երկրամասին մէջ:
Acts ArmWeste 13:50  Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ մեծայարգ կիներն ու քաղաքին գլխաւորները, եւ Պօղոսի ու Բառնաբասի դէմ հալածանք հանելով՝ իրենց հողամասէն դուրս դրին զանոնք:
Acts ArmWeste 13:51  Անոնք ալ՝ իրենց ոտքերուն փոշին թօթուելով անոնց դէմ՝ գացին Իկոնիոն.
Acts ArmWeste 13:52  իսկ աշակերտները լեցուած էին ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով՝՝:
Chapter 14
Acts ArmWeste 14:1  Իկոնիոնի մէջ՝ անոնք միասին մտան Հրեաներուն ժողովարանը, ու ա՛յնպէս խօսեցան՝ որ Հրեաներու եւ Յոյներու մեծ բազմութիւն մը հաւատաց:
Acts ArmWeste 14:2  Բայց չհնազանդող Հրեաները՝ դրդեցին հեթանոսները, եւ անոնց անձերը չարութեան գրգռեցին եղբայրներուն դէմ:
Acts ArmWeste 14:3  Իսկ անոնք երկար ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակութեամբ կը քարոզէին Տէրոջմով, որ իր շնորհքի խօսքին վկայութիւն կու տար՝ թոյլատրելով որ նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին անոնց ձեռքով:
Acts ArmWeste 14:4  Քաղաքին բազմութիւնը բաժնուեցաւ. մաս մը բռնեց Հրեաներուն կողմը, մաս մըն ալ՝ առաքեալներուն:
Acts ArmWeste 14:5  Երբ հեթանոսներն ու Հրեաները՝ իրենց պետերով՝ յարձակեցան, որ նախատեն եւ քարկոծեն զանոնք,
Acts ArmWeste 14:6  իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին: իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին:
Acts ArmWeste 14:7  Մարդ մը նստած էր Լիւստրայի մէջ՝ անզօր ոտքերով, իր մօր որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր:
Acts ArmWeste 14:8  Ասիկա մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի խօսքերը, որ ակնապիշ նայելով անոր ու նշմարելով թէ բուժուելու հաւատք ունի՝
Acts ArmWeste 14:9  բարձրաձայն ըսաւ. «Ուղի՛ղ կանգնէ ոտքերուդ վրայ»: Ան ալ ցատկեց եւ քալեց:
Acts ArmWeste 14:10  Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»:
Acts ArmWeste 14:11  Բառնաբասը կը կոչէին Դիոս, ու Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ան էր գլխաւոր խօսողը:
Acts ArmWeste 14:12  Իսկ Դիոսի քուրմը՝ որ քաղաքին առջեւ էր, ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերելով դռներուն քով՝ կ՚ուզէր զոհ մատուցանել բազմութեան հետ:
Acts ArmWeste 14:13  Բայց երբ առաքեալները՝ Բառնաբաս ու Պօղոս՝ լսեցին, պատռեցին իրենց հանդերձները եւ դուրս ցատկեցին բազմութեան մէջ՝ աղաղակելով.
Acts ArmWeste 14:14  «Մարդի՛կ, ինչո՞ւ այդ բաները կ՚ընէք: Մե՛նք ալ մարդիկ ենք՝ կիրքերու ենթակայ ձեզի նման, ու կ՚աւետարանենք ձեզի՝ որպէսզի այդ ունայն բաներէն դառնաք ապրող Աստուծոյ, որ ստեղծեց երկինքը, երկիրը, ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները:
Acts ArmWeste 14:15  Անցեալ սերունդներուն մէջ ան թոյլատրեց բոլոր ազգերուն՝ որ երթան իրենց ճամբաներէն:
Acts ArmWeste 14:16  Սակայն ինքզինք չթողուց առանց վկայութեան, բարիք ընելով, անձրեւ տալով մեզի երկինքէն, նաեւ պտղաբեր եղանակներ, ու մեր սիրտերը լեցնելով կերակուրներով եւ ուրախութեամբ»:
Acts ArmWeste 14:17  Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան հանգստացնել բազմութիւնը, որ զոհ չմատուցանէ իրենց:
Acts ArmWeste 14:18  Սակայն Հրեաներ հասան Անտիոքէն եւ Իկոնիոնէն, համոզեցին բազմութիւնը, քարկոծեցին Պօղոսը ու քաղաքէն դուրս քաշկռտեցին՝ կարծելով թէ մեռած է:
Acts ArmWeste 14:19  Բայց երբ աշակերտները շրջապատեցին զինք՝ կանգնեցաւ, մտաւ քաղաքը, ու հետեւեալ օրը մեկնեցաւ Դերբէ՝ Բառնաբասի հետ:
Acts ArmWeste 14:20  Այդ քաղաքին մէջ աւետարանելէ ու շատերը աշակերտելէ ետք՝ անոնք վերադարձան Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք,
Acts ArmWeste 14:21  ամրացնելով աշակերտներուն անձերը եւ յորդորելով՝ որ յարատեւեն հաւատքին մէջ, ըսելով. «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:
Acts ArmWeste 14:22  Երբ երէցներ ձեռնադրեցին անոնց՝ ամէն եկեղեցիի մէջ, ծոմապահութեամբ աղօթելով յանձնեցին զանոնք Տէրոջ՝ որուն հաւատացած էին:
Acts ArmWeste 14:23  Եւ անցնելով Պիսիդիայի մէջէն՝ գացին Պամփիւլիա:
Acts ArmWeste 14:24  Պերգէի մէջ ալ Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ իջան Ատալիա,
Acts ArmWeste 14:25  անկէ ալ նաւարկեցին դէպի Անտիոք, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնարարուած էին այն գործին համար՝ որ կատարեցին:
Acts ArmWeste 14:26  Երբ եկան, հաւաքելով եկեղեցին՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ, եւ թէ հաւատքի դուռը բացեր էր հեթանոսներուն:
Acts ArmWeste 14:27  Ու հոն երկար ժամանակ կեցան աշակերտներուն հետ:
Chapter 15
Acts ArmWeste 15:1  Ոմանք՝ իջնելով Հրէաստանէն՝ կը սորվեցնէին եղբայրներուն ու կ՚ըսէին. «Եթէ Մովսէսի աւանդած սովորութեան համաձայն չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»:
Acts ArmWeste 15:2  Ուստի, երբ Պօղոս ու Բառնաբաս սաստիկ ընդվզեցան եւ վիճաբանեցան անոնց հետ, վճռեցին որ Պօղոս ու Բառնաբաս, նաեւ անոնցմէ քանի մը ուրիշներ, բարձրանան Երուսաղէմ՝ առաքեալներուն ու երէցներուն քով՝ այս հարցին համար:
Acts ArmWeste 15:3  Անոնք ալ՝ եկեղեցիէն ուղարկուած՝ անցան Փիւնիկէէն եւ Սամարիայէն, ու պատմելով հեթանոսներուն դարձի գալը՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները:
Acts ArmWeste 15:4  Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներէն ու երէցներէն, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ:
Acts ArmWeste 15:5  Բայց Փարիսեցիներու աղանդէն քանի մը հաւատացեալներ կայնեցան եւ ըսին. «Պէտք է թլփատել զանոնք, ու պատուիրել՝ որ պահեն Մովսէսի Օրէնքը»:
Acts ArmWeste 15:6  Ուստի առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան՝ նկատի առնելու համար այս բանը:
Acts ArmWeste 15:7  Շատ վիճաբանութիւն ըլլալէ ետք, Պետրոս կանգնեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն ի վեր Աստուած ընտրեց զիս մեր մէջէն, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսները լսեն աւետարանին խօսքը, ու հաւատան:
Acts ArmWeste 15:8  Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ,
Acts ArmWeste 15:9  ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով:
Acts ArmWeste 15:10  Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել:
Acts ArmWeste 15:11  Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսի շնորհքո՛վ կը փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք»:
Acts ArmWeste 15:12  Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, ու մտիկ կ՚ընէր Բառնաբասի եւ Պօղոսի, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ եւ սքանչելիքներ գործած էր հեթանոսներուն մէջ՝ իրենց միջոցով:
Acts ArmWeste 15:13  Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք.
Acts ArmWeste 15:14  Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը:
Acts ArmWeste 15:15  Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է.
Acts ArmWeste 15:16  “Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցանեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցանեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն,
Acts ArmWeste 15:17  որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝,- կ՚ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ընէ այս բոլոր բաները”:
Acts ArmWeste 15:18  Աստուած գիտէ իր բոլոր գործերը՝ դարերու սկիզբէն ի վեր:
Acts ArmWeste 15:19  Ուստի ես յարմար կը դատեմ չնեղել անոնք՝ որ հեթանոսներէն կը դառնան Աստուծոյ.
Acts ArmWeste 15:20  հապա նամակ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն, պոռնկութենէ, խեղդուածէ եւ արիւնէ:
Acts ArmWeste 15:21  Որովհետեւ Մովսէս նախկին սերունդներէն ի վեր ունի զինք քարոզողներ ամէն քաղաքի մէջ, ու կը կարդացուի ժողովարաններու մէջ ամէն Շաբաթ օր»:
Acts ArmWeste 15:22  Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ ամբողջ եկեղեցիին հետ՝ հաճելի թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրեն իրենցմէ եւ Անտիոք ղրկեն՝ Պօղոսի ու Բառնաբասի հետ.- Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք կառավարող մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ:
Acts ArmWeste 15:23  Անոնց միջոցով ղրկեցին նամակ մը՝ սա՛պէս գրուած. «Առաքեալներէն, երէցներէն ու եղբայրներէն՝ ողջո՜յն Անտիոքի, Սուրիայի եւ Կիլիկիայի մէջ եղող եղբայրներուն, որոնք հեթանոսներէն դարձած են:
Acts ArmWeste 15:24  Քանի լսեցինք թէ մեր մէջէն ելած ոմանք՝ վրդոված են ձեզ խօսքերով, ու ցնցած ձեր անձերը՝ ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ եւ Օրէնքը պահել,- որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք,-
Acts ArmWeste 15:25  մեզի՝ միաբանութեամբ հաւաքուածներուս՝ յարմար թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ղրկենք ձեզի, մեր սիրելիներուն՝ Բառնաբասի ու Պօղոսի հետ,
Acts ArmWeste 15:26  որոնք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին համար իրենց անձերը ընծայած մարդիկ են:
Acts ArmWeste 15:27  Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէսզի իրենք ալ բերանով նոյն բաները պատմեն ձեզի:
Acts ArmWeste 15:28  Որովհետեւ յարմար թուեցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ՝ աւելի ծանրութիւն չդնել ձեր վրայ, սա՛ հարկաւոր բաներէն զատ.-
Acts ArmWeste 15:29  ետ կենալ կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ: Գոհ կ՚ըլլաք՝՝ եթէ հեռու մնաք՝՝ ատոնցմէ: Ո՛ղջ եղէք»:
Acts ArmWeste 15:30  Անոնք ալ՝ բաժնուելով՝ գացին Անտիոք, ու հաւաքելով բազմութիւնը՝ տուին նամակը:
Acts ArmWeste 15:31  Երբ կարդացին՝ ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար:
Acts ArmWeste 15:32  Իսկ Յուդա եւ Շիղա, իրենք ալ մարգարէ ըլլալով, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները, ու ամրացուցին:
Acts ArmWeste 15:33  Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ եղբայրներէն խաղաղութեամբ ուղարկուեցան, եւ առաքեալներուն դարձան:
Acts ArmWeste 15:34  Բայց Շիղայի հաճելի թուեցաւ հոն մնալ:
Acts ArmWeste 15:35  Պօղոս ու Բառնաբաս ալ Անտիոքի մէջ կը կենային, եւ ուրիշ շատերու հետ կը սորվեցնէին ու կ՚աւետէին Տէրոջ խօսքը:
Acts ArmWeste 15:36  Քանի մը օր ետք՝ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասի. «Վերադառնա՛նք եւ այցելե՛նք եղբայրներուն՝ այն բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր Տէրոջ խօսքը հռչակեցինք, ու տեսնենք թէ ի՛նչպէս են:
Acts ArmWeste 15:37  Բառնաբաս կ՚ուզէր առնել Յովհաննէսն ալ, որ Մարկոս կը կոչուէր.
Acts ArmWeste 15:38  բայց Պօղոս մտածեց թէ լաւ չէ իրենց հետ առնել Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ հեռացողը եւ իրենց հետ գործի չգացողը:
Acts ArmWeste 15:39  Այսպէս՝ տարակարծութիւն եղաւ անոնց միջեւ, այն աստիճան՝ որ զատուեցան իրարմէ: Բառնաբաս առաւ Մարկոսը եւ նաւարկեց դէպի Կիպրոս:
Acts ArmWeste 15:40  Պօղոս ալ ընտրեց Շիղան ու մեկնեցաւ, եղբայրներէն յանձնարարուած ըլլալով Աստուծոյ շնորհքին,
Acts ArmWeste 15:41  եւ կը շրջէր Սուրիայի ու Կիլիկիայի մէջ՝ ամրացնելով եկեղեցիները:
Chapter 16
Acts ArmWeste 16:1  Յետոյ հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա: Եւ ահա՛ աշակերտ մը կար հոն՝ Տիմոթէոս անունով, որ որդին էր հաւատացեալ հրեայ կնոջ մը, իսկ հայրը Յոյն էր:
Acts ArmWeste 16:2  Ան բարի վկայուած էր նաեւ Լիւստրայի եւ Իկոնիայի եղբայրներէն:
Acts ArmWeste 16:3  Պօղոս ուզեց որ ան երթայ իրեն հետ. ուստի առաւ ու թլփատեց զայն՝ այնտեղ եղող Հրեաներուն պատճառով, որովհետեւ բոլորն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր:
Acts ArmWeste 16:4  Երբ կ՚անցնէին քաղաքներէն, կ՚աւանդէին անոնց Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն պատուիրուած հրամանները, որպէսզի պահեն:
Acts ArmWeste 16:5  Եկեղեցիներն ալ կ՚ամրանային հաւատքի մէջ, եւ անոնց թիւը կը բազմանար օրէ օր:
Acts ArmWeste 16:6  Երբ շրջեցան Փռիւգիա ու Գաղատիայի երկիրը, Սուրբ Հոգին արգիլեց քարոզել Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ:
Acts ArmWeste 16:7  Հասնելով Միւսիայի կողմերը՝ կը փորձէին երթալ դէպի Բիւթանիա. բայց (Յիսուսի) Հոգին չթոյլատրեց անոնց:
Acts ArmWeste 16:8  Ուստի՝ անցնելով Միւսիայի քովէն՝ իջան Տրովադա:
Acts ArmWeste 16:9  Հոն՝ գիշերը տեսիլք մը երեւցաւ Պօղոսի. Մակեդոնացի մը կայնած էր ու կ՚աղաչէր իրեն՝ ըսելով. «Անցի՛ր Մակեդոնիա եւ օգնէ՛ մեզի»:
Acts ArmWeste 16:10  Երբ տեսաւ այդ տեսիլքը՝ իսկոյն ջանացինք մեկնիլ Մակեդոնիա, եզրակացնելով թէ Տէրը կը կանչէ մեզ անոնց աւետարանելու:
Acts ArmWeste 16:11  Ուստի Տրովադայէն նաւարկելով՝ ուղիղ ընթացքով գացինք Սամոթրակէ, ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս.
Acts ArmWeste 16:12  անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ Մակեդոնիայի մէկ մասին գլխաւոր քաղաքն է, նաեւ՝ գաղութ: Քանի մը օր կեցանք այդ քաղաքին մէջ:
Acts ArmWeste 16:13  Շաբաթ օրը դուրս ելանք քաղաքէն՝ գետեզերքը, ուր սովորութիւն ունէին աղօթելու. նստանք եւ խօսեցանք համախմբուած կիներուն:
Acts ArmWeste 16:14  Աստուածապաշտ կին մը՝ Լիդիա անունով, որ ծիրանավաճառ էր՝ Թիւատիր քաղաքէն, մտիկ կ՚ընէր. Տէրը բացաւ անոր սիրտը՝ որ ուշադիր ըլլայ Պօղոսի ըսածներուն:
Acts ArmWeste 16:15  Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ Տէրոջ հաւատարիմ կը սեպէք զիս, իմ տո՛ւնս մտէք ու հո՛ն մնացէք»: Եւ ստիպելով՝ տարաւ մեզ:
Acts ArmWeste 16:16  Մինչ աղօթքի կ՚երթայինք, մեզի հանդիպեցաւ աղախին մը՝ որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութեամբ շատ վաստակ կը բերէր իր տէրերուն:
Acts ArmWeste 16:17  Ասիկա կը հետեւէր Պօղոսի ու մեզի, եւ կ՚աղաղակէր. «Այս մարդիկը Ամենաբարձր Աստուծոյ ծառաներն են, ու կը քարոզեն մեզի փրկութեան ճամբան»:
Acts ArmWeste 16:18  Շատ օրեր կ՚ընէր այս բանը. Պօղոս ալ՝ նեղանալով՝ դարձաւ եւ ըսաւ այդ ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ»: Ու նոյն ժամուն ելաւ:
Acts ArmWeste 16:19  Երբ անոր տէրերը տեսան թէ իրենց վաստակին յոյսը գնաց, բռնեցին Պօղոսը եւ Շիղան, ու քաշեցին հրապարակը՝ պետերուն առջեւ:
Acts ArmWeste 16:20  Ապա տարին զանոնք մեծաւորներուն քով եւ ըսին. «Այս մարդիկը՝ որ Հրեայ են, իրար կ՚անցընեն մեր քաղաքը,
Acts ArmWeste 16:21  ու կը քարոզեն այնպիսի սովորութիւններ՝ որ արտօնուած չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ գործադրել, որովհետեւ Հռոմայեցի ենք»:
Acts ArmWeste 16:22  Բազմութիւնը խռնուեցաւ անոնց շուրջ. մեծաւորներն ալ բռնութեամբ հանեցին անոնց հանդերձները, եւ հրամայեցին խարազանել զանոնք:
Acts ArmWeste 16:23  Շատ հարուածներ տալէ ետք անոնց՝ բանտը նետեցին զանոնք, պատուիրելով բանտապահին՝ որ ապահովութեամբ պահէ զանոնք:
Acts ArmWeste 16:24  Ան ալ՝ այսպիսի պատուէր ստանալով՝ ներսի բանտը նետեց զանոնք, ու կոճղի մէջ ամրացուց անոնց ոտքերը:
Acts ArmWeste 16:25  Կէս գիշերին՝ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին ու կ՚օրհներգէին Աստուծոյ. բանտարկեալներն ալ մտիկ կ՚ընէին անոնց:
Acts ArmWeste 16:26  Յանկարծ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սարսեցան. անմի՛ջապէս բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան:
Acts ArmWeste 16:27  Բանտապահը, երբ արթնցաւ ու բացուած տեսաւ բանտին դռները, քաշեց սուրը եւ պիտի սպաննէր ինքզինք, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են:
Acts ArmWeste 16:28  Բայց Պօղոս բարձրաձայն գոչեց. «Մի՛ վնասեր դուն քեզի, որովհետեւ բոլորս ալ հոս ենք»:
Acts ArmWeste 16:29  Ան ալ՝ ճրագ մը ուզելով՝ վազեց ներս, դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ,
Acts ArmWeste 16:30  ու դուրս բերելով զանոնք՝ ըսաւ. «Տէրե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ՝ որ փրկուիմ»:
Acts ArmWeste 16:31  Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրկուիս, դուն եւ տունդ»:
Acts ArmWeste 16:32  Ու Տէրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ բոլոր անոնց՝ որ անոր տան մէջ էին:
Acts ArmWeste 16:33  Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները:
Acts ArmWeste 16:34  Ապա իր տունը տանելով զանոնք՝ սեղան դրաւ անոնց առջեւ, եւ ցնծաց ամբողջ ընտանիքով՝ հաւատալով Աստուծոյ:
Acts ArmWeste 16:35  Երբ առտու եղաւ, մեծաւորները յիսնապետներ ղրկեցին եւ ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»:
Acts ArmWeste 16:36  Բանտապահն ալ հաղորդեց Պօղոսի այդ խօսքերը՝ ըսելով. «Մեծաւորները մարդ ղրկեցին՝ որ արձակուիք. ուստի հիմա դո՛ւրս ելէք ու մեկնեցէ՛ք խաղաղութեամբ»:
Acts ArmWeste 16:37  Բայց Պօղոս ըսաւ անոնց. «Թէպէտ չդատապարտուած Հռոմայեցիներ ենք, հրապարակաւ ծեծելով մեզ՝ բանտը նետեցին, եւ հիմա ծածկաբա՞ր կը հանեն մեզ: Ո՛չ այդպէս, հապա իրե՛նք թող գան ու դուրս տանին մեզ»:
Acts ArmWeste 16:38  Յիսնապետները մեծաւորներուն հաղորդեցին այս խօսքերը: Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռոմայեցի են՝ վախցան, ու եկան, աղաչեցին անոնց,
Acts ArmWeste 16:39  եւ դուրս հանելով՝ կը թախանձէին որ մեկնին այդ քաղաքէն:
Acts ArmWeste 16:40  Անոնք ալ ելան բանտէն ու մտան Լիդիայի տունը, եւ տեսնելով եղբայրները՝ յորդորեցին զանոնք ու մեկնեցան:
Chapter 17
Acts ArmWeste 17:1  Ամփիպոլիսէն եւ Ապողոնիայէն անցնելով՝ Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներուն ժողովարանը կար:
Acts ArmWeste 17:2  Պօղոս ալ՝ իր սովորութեան համաձայն՝ մտաւ անոնց մէջ, ու երեք Շաբաթ օրեր խօսեցաւ անոնց հետ Գիրքերուն մասին,
Acts ArmWeste 17:3  բացատրելով եւ փաստարկելով անոնց թէ Քրիստոս պէ՛տք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր. եւ ըսաւ. “Այս Յիսուսը՝ որ ես կը հռչակեմ ձեզի, Քրիստո՛սն է”:
Acts ArmWeste 17:4  Անոնցմէ ոմանք անսացին ու միացան Պօղոսի եւ Շիղայի, նաեւ՝ բարեպաշտ Յոյներէն մեծ բազմութիւն մը. առաջնակարգ կիներէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:
Acts ArmWeste 17:5  Բայց չանսացող Հրեաները նախանձեցան, եւ քանի մը դատարկապորտ, գռեհիկ մարդիկ առնելով՝ բազմութիւն ժողվեցին, ամբողջ քաղաքին մէջ աղմուկ հանեցին, ու Յասոնի տան վրայ յարձակելով կը փնտռէին զանոնք՝ որ ամբոխին տանին:
Acts ArmWeste 17:6  Երբ չգտան զանոնք, Յասոնը եւ քանի մը եղբայրներ քաշկռտելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ՝ գոռալով. «Անոնք որ երկրագունդը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասած են,
Acts ArmWeste 17:7  ու Յասոն ընդունած է զանոնք: Ասոնք բոլորը կը գործեն կայսրին հրամաններուն դէմ, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս անունով»:
Acts ArmWeste 17:8  Բազմութիւնն ու քաղաքապետները վրդովեցան՝ լսելով այս բաները:
Acts ArmWeste 17:9  Բայց երբ երաշխիք առին Յասոնէն եւ միւսներէն՝ արձակեցին զանոնք:
Acts ArmWeste 17:10  Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը:
Acts ArmWeste 17:11  Ասոնք աւելի ազնիւ էին՝ քան Թեսաղոնիկէի մէջ եղողները. Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին լման յօժարութեամբ, եւ ամէն օր կը զննէին Գիրքերը, տեսնելու թէ այդպէ՛ս են այդ բաները:
Acts ArmWeste 17:12  Ուստի անոնցմէ շատերը հաւատացին, ու մեծայարգ յոյն կիներէն եւ այր մարդոցմէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:
Acts ArmWeste 17:13  Բայց երբ թեսաղոնիկեցի Հրեաները գիտցան թէ Բերիայի մէջ ալ Պօղոս հռչակեց Աստուծոյ խօսքը, հո՛ն ալ եկան ու գրգռեցին բազմութիւնը:
Acts ArmWeste 17:14  Այն ատեն եղբայրները իսկոյն Պօղոսը ճամբեցին՝ որ երթայ մինչեւ ծովեզերքը, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս մնացին հոն:
Acts ArmWeste 17:15  Անոնք որ կը տանէին Պօղոսը՝ հասցուցին զայն մինչեւ Աթէնք, ապա մեկնեցան՝ պատուէր ստանալով Շիղայի ու Տիմոթէոսի համար, որ շուտով գան իրեն:
Acts ArmWeste 17:16  Մինչ Աթէնքի մէջ Պօղոս կը սպասէր անոնց, իր հոգին գրգռուած էր իր մէջ, տեսնելով քաղաքը՝ լեցուած կուռքերով:
Acts ArmWeste 17:17  Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց, նաեւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ անոնց որ հանդիպէր:
Acts ArmWeste 17:18  Քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներ ալ կը խորհրդակցէին իրեն հետ: Ոմանք կ՚ըսէին. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս սերմնաքաղը»: Ուրիշներ ալ կ՛ըսէին. «Կը թուի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». որովհետեւ կ՚աւետէր անոնց Յիսուսը եւ յարութիւնը:
Acts ArmWeste 17:19  Ուստի առնելով զայն՝ տարին Արիսպագոս ու կ՚ըսէին. «Կրնա՞նք գիտնալ թէ ի՛նչ է այդ նոր ուսուցումը՝ որ դուն կը քարոզես,
Acts ArmWeste 17:20  որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:
Acts ArmWeste 17:21  (Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել:)
Acts ArmWeste 17:22  Հետեւաբար Պօղոս կայնեցաւ Արիսպագոսի մէջ եւ ըսաւ. «Աթենացի՛ մարդիկ, կը նշմարեմ թէ ամէն ինչով չափազանց կրօնասէր էք:
Acts ArmWeste 17:23  Քանի որ ես շրջելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ գտայ զոհասեղան մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյն»: Ուստի ա՛ն՝ որմէ դուք կ՚ակնածիք առանց ճանչնալու, ես զա՛յն կը հռչակեմ ձեզի:
Acts ArmWeste 17:24  Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,
Acts ArmWeste 17:25  ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ:
Acts ArmWeste 17:26  Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ, ու սահմանեց նախապէս որոշուած ժամանակները եւ անոնց բնակարանի սահմանները՝ որ փնտռեն Տէրը,
Acts ArmWeste 17:27  ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ:
Acts ArmWeste 17:28  Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:
Acts ArmWeste 17:29  Ուրեմն՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ կարծենք՝՝ թէ աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, քանդակուած մարդկային արուեստով ու երեւակայութեամբ՝՝:
Acts ArmWeste 17:30  Եւ հիմա Աստուած, անտեսելով այս անգիտութեան ժամանակները, ամէնուրեք կը պատուիրէ բոլոր մարդոց՝ որ ապաշխարեն:
Acts ArmWeste 17:31  Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:
Acts ArmWeste 17:32  Երբ լսեցին մեռելներու յարութեան մասին՝ ոմանք ծաղրեցին, իսկ ուրիշներ ըսին. «Այս մասին դարձեալ մտիկ պիտի ընենք քեզի»:
Acts ArmWeste 17:33  Այսպէս Պօղոս մեկնեցաւ անոնց մէջէն:
Acts ArmWeste 17:34  Սակայն քանի մը մարդիկ յարեցան իրեն, ու հաւատացին. անոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը, եւ իրենց հետ ուրիշներ:
Chapter 18
Acts ArmWeste 18:1  Ասկէ ետք Պօղոս՝ հեռանալով Աթէնքէն՝ եկաւ Կորնթոս,
Acts ArmWeste 18:2  գտաւ Հրեայ մը՝ Ակիւղաս անունով, ծնունդով՝ Պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկած էր Իտալիայէն (քանի որ Կղօդիոս պատուիրած էր բոլոր Հրեաներուն՝ հեռանալ Հռոմէն), եւ գնաց անոնց քով:
Acts ArmWeste 18:3  Քանի ինք արհեստակից էր, անոնց քով բնակեցաւ եւ աշխատեցաւ, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին:
Acts ArmWeste 18:4  Իսկ ամէն Շաբաթ օր կը խօսէր ժողովարանին մէջ, եւ կը համոզէր Հրեաներն ու Յոյները:
Acts ArmWeste 18:5  Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս իջան Մակեդոնիայէն, Պօղոս հոգիի կսկիծով կը վկայէր Հրեաներուն թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է:
Acts ArmWeste 18:6  Բայց երբ անոնք ընդդիմացան ու կը հայհոյէին, իր հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը ձեր գլո՛ւխը ըլլայ, ես անպարտ եմ. ասկէ ետք՝ հեթանոսներո՛ւն պիտի երթամ»:
Acts ArmWeste 18:7  Եւ մեկնելով անկէ՝ մտաւ Յուստոս անունով մէկու մը տունը, որ աստուածապաշտ էր. անոր տունը ժողովարանին կից էր:
Acts ArmWeste 18:8  Ժողովարանին պետը՝ Կրիսպոս՝ հաւատաց Տէրոջ իր ամբողջ ընտանիքով: Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով՝ հաւատացին ու մկրտուեցան:
Acts ArmWeste 18:9  Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսի. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար.
Acts ArmWeste 18:10  որովհետեւ ես քեզի հետ եմ, ու ո՛չ մէկը ձեռքը վրադ պիտի դնէ՝ քեզի վնասելու համար. քանի որ ես շատ ժողովուրդ ունիմ այս քաղաքին մէջ»:
Acts ArmWeste 18:11  Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ, եւ Աստուծոյ խօսքը կը սորվեցնէր անոնց մէջ:
Acts ArmWeste 18:12  Աքայիայի փոխ-հիւպատոսին՝ Գաղիոնի օրերը, Հրեաները միաբանելով՝ ըմբոստացան Պօղոսի դէմ, եւ դատարանը տարին զայն՝
Acts ArmWeste 18:13  ըսելով. «Ասիկա կը համոզէ մարդիկը՝ որ պաշտեն Աստուած Օրէնքին հակառակ կերպով»:
Acts ArmWeste 18:14  Երբ Պօղոս պիտի բանար իր բերանը, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար լրբութեան մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ՚արժէր որ հանդուրժէի ձեզի.
Acts ArmWeste 18:15  բայց եթէ հարցը՝ խօսքի, անուններու եւ ձեր Օրէնքին մասին է, դուք ձեզմէ՛ տեսէք դատը. որովհետեւ ես չեմ փափաքիր այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ».
Acts ArmWeste 18:16  ու զանոնք վռնտեց դատարանէն:
Acts ArmWeste 18:17  Ուստի բոլոր Յոյները բռնեցին Սոսթենէսը, ժողովարանին պետը, եւ ծեծեցին դատարանին առջեւ: Բայց Գաղիոն բնա՛ւ հոգ չէր ըներ այս մասին:
Acts ArmWeste 18:18  Իսկ Պօղոս, տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետք, հրաժեշտ առաւ եղբայրներէն ու նաւարկեց դէպի Սուրիա - Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս ալ իրեն հետ -, նախապէս իր գլուխը խուզած ըլլալով Կենքրեայի մէջ, որովհետեւ ուխտ ըրած էր:
Acts ArmWeste 18:19  Երբ հասաւ Եփեսոս՝ հոն ձգեց զանոնք, իսկ ինք մտնելով ժողովարանը՝ կը խօսէր Հրեաներուն հետ:
Acts ArmWeste 18:20  Իրեն թախանձեցին որ աւելի՛ երկար ժամանակ մնայ իրենց քով. բայց չհաւանեցաւ,
Acts ArmWeste 18:21  հապա հրաժեշտ առաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է որ անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը կատարեմ Երուսաղէմի մէջ, բայց՝՝ Աստուծոյ կամքով դարձեալ պիտի վերադառնամ ձեզի»: Ու Եփեսոսէն նաւարկեց
Acts ArmWeste 18:22  եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ բարձրացաւ, բարեւեց եկեղեցին, ու յետոյ իջաւ Անտիոք:
Acts ArmWeste 18:23  Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ մեկնեցաւ, եւ կարգով Գաղատացիներուն երկիրն ու Փռիւգիա կը շրջէր՝ բոլոր աշակերտները ամրացնելով:
Acts ArmWeste 18:24  Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով՝ Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը՝ որ հմուտ էր Սուրբ Գիրքերուն, եկաւ հասաւ Եփեսոս:
Acts ArmWeste 18:25  Ան կրթուած էր Տէրոջ ճամբային մէջ, ու եռանդուն հոգիով՝ կը խօսէր եւ ճշգրտութեամբ կը սորվեցնէր Տէրոջ մասին. բայց ինք գիտէր միայն Յովհաննէսի մկրտութիւնը:
Acts ArmWeste 18:26  Ան սկսաւ ժողովարանին մէջ քարոզել համարձակութեամբ: Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին զայն՝ իրենց քով առին զինք, եւ աւելի ճշգրտութեամբ բացատրեցին իրեն Աստուծոյ ճամբան:
Acts ArmWeste 18:27  Երբ ան փափաքեցաւ երթալ Աքայիա, եղբայրները նամակ գրեցին ու խրախուսեցին այնտեղի աշակերտները՝ որ ընդունին զինք: Եւ հոն հասնելով՝ Աստուծոյ շնորհքով շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն.
Acts ArmWeste 18:28  քանի որ հրապարակաւ ուժգնօրէն կը համոզէր Հրեաները, Սուրբ Գիրքերէն ցոյց տալով թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է:
Chapter 19
Acts ArmWeste 19:1  Մինչ Ապողոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս՝ վերի երկրամասերը շրջելէ ետք՝ հասաւ Եփեսոս, եւ գտնելով քանի մը աշակերտներ՝
Acts ArmWeste 19:2  ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, արդեօք ստացա՞ք Սուրբ Հոգին»: Անոնք պատասխանեցին իրեն. «Բայց մենք լսած իսկ չենք՝ թէ Սուրբ Հոգի մը կայ»:
Acts ArmWeste 19:3  Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»: Անոնք պատասխանեցին. «Յովհաննէսի մկրտութեամբ»:
Acts ArmWeste 19:4  Պօղոս ալ ըսաւ. «Յովհաննէս մկրտեց ապաշխարութեա՛ն մկրտութեամբ, ըսելով ժողովուրդին որ հաւատան անոր՝ որ պիտի գար իրմէ ետք, այսինքն՝ Քրիստոս Յիսուսի»:
Acts ArmWeste 19:5  Երբ ասիկա լսեցին՝ մկրտուեցան Տէր Յիսուսի անունով.
Acts ArmWeste 19:6  ու երբ Պօղոս ձեռք դրաւ անոնց վրայ՝ Սուրբ Հոգին եկաւ անոնց վրայ, եւ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային:
Acts ArmWeste 19:7  Բոլորը գրեթէ տասներկու մարդ էին:
Acts ArmWeste 19:8  Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ կը խօսէր Աստուծոյ թագաւորութեան մասին, եւ կը համոզէր:
Acts ArmWeste 19:9  Բայց երբ ոմանք կը յամառէին ու չէին անսար՝ անիծելով այդ ճամբան բազմութեան առջեւ, հեռացաւ անոնցմէ, զատեց աշակերտները, եւ ամէն օր կը խօսէր Տիւրան անունով մէկու մը դպրանոցին մէջ:
Acts ArmWeste 19:10  Ասիկա տեւեց երկու տարի, այնպէս որ ամբողջ Ասիայի մէջ բնակող Հրեաներն ու Յոյները լսեցին Տէրոջ խօսքը:
Acts ArmWeste 19:11  Աստուած արտասովոր հրաշքներ կը գործէր Պօղոսի ձեռքով.
Acts ArmWeste 19:12  մինչեւ իսկ անոր մարմինէն թաշկինակներ ու գոգնոցներ կը տարուէին հիւանդներուն, որոնք կ՚ազատէին իրենց ախտերէն ու չար ոգիները դուրս կ՚ելլէին:
Acts ArmWeste 19:13  Ուստի թափառաշրջիկ Հրեաներէն ոմանք, որոնք ոգիներ կը հանէին՝՝, փորձեցին Տէր Յիսուսի անունը կանչել չար ոգիներ ունեցողներուն վրայ՝ ըսելով. «Կ՚երդմնեցնենք ձեզ Յիսուսով՝ որ Պօղոս կը քարոզէ»:
Acts ArmWeste 19:14  Այս բանը ընողները՝ Սկեւա կոչուած հրեայ քահանայապետի մը եօթը որդիներն էին:
Acts ArmWeste 19:15  Չար ոգին պատասխանեց անոնց. «Կը ճանչնամ Յիսուսը ու գիտեմ Պօղոսը, բայց դուք ո՞վ էք»:
Acts ArmWeste 19:16  Եւ այդ մարդը՝ որուն մէջ էր չար ոգին, ցատկեց անոնց վրայ, տիրապետեց ու յաղթեց անոնց, այնպէս որ դուրս փախան այդ տունէն՝ մերկ եւ վիրաւոր:
Acts ArmWeste 19:17  Եփեսոս բնակող բոլոր Հրեաներն ու Յոյները գիտցան այս բանը. վախը համակեց զանոնք բոլորը՝՝, եւ Տէր Յիսուսի անունը կը մեծարուէր:
Acts ArmWeste 19:18  Հաւատացեալներէն շատեր կու գային, կը խոստովանէին ու կը յայտարարէին իրենց արարքները:
Acts ArmWeste 19:19  Դիւթութիւն կիրարկողներէն շատեր՝ միասին կը բերէին իրենց գիրքերը, ու կ՚այրէին բոլորին առջեւ: Երբ հաշուեցին անոնց գինը, գտան թէ յիսուն հազար կտոր արծաթ կ՚արժէր:
Acts ArmWeste 19:20  Այսպէս՝ Տէրոջ խօսքը մեծապէս կ՚աճէր ու կը զօրանար:
Acts ArmWeste 19:21  Երբ այս բաները կատարուեցան, Պօղոս հոգիին մէջ որոշեց Երուսաղէմ երթալ՝ Մակեդոնիայէն եւ Աքայիայէն անցնելով, ու կ՚ըսէր. «Հոն ըլլալէս ետք՝ պէտք է Հռոմն ալ տեսնեմ»:
Acts ArmWeste 19:22  Իրեն սպասարկողներէն երկուքը, Տիմոթէոսն ու Երաստոսը, ղրկեց Մակեդոնիա, եւ ինք ժամանակ մըն ալ Ասիա մնաց:
Acts ArmWeste 19:23  Այդ ատեն մեծ խլրտում եղաւ՝ Տէրոջ ճամբային համար:
Acts ArmWeste 19:24  Որովհետեւ Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը, որ կը շինէր Արտեմիսի փոքրիկ արծաթէ տաճարներ ու մեծ վաստակ կը բերէր արհեստաւորներուն,
Acts ArmWeste 19:25  համախմբեց զանոնք՝ նոյն արհեստին գործաւորներուն հետ, եւ ըսաւ. «Մարդի՛կ, դուք գիտէք թէ այս գործէ՛ն է մեր եկամուտը.
Acts ArmWeste 19:26  ու կը տեսնէք եւ կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսոսի մէջ, այլ նաեւ գրեթէ ամբողջ Ասիայի մէջ մեծ բազմութիւն մը համոզեց ու մոլորեցուց, ըսելով թէ “ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն”:
Acts ArmWeste 19:27  Ուստի վտանգ կայ, որ ո՛չ միայն այս մեր կողմը անարգուի, այլ մեծ աստուածուհիին՝ Արտեմիսի տաճա՛րն ալ ոչինչ սեպուի, եւ խորտակուի մեծափառութիւնը անո՛ր՝ որ ամբողջ Ասիան ու երկրագունդը կը պաշտեն»:
Acts ArmWeste 19:28  Երբ լսեցին ասիկա, զայրոյթով լեցուած կ՚աղաղակէին. «Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»:
Acts ArmWeste 19:29  Ամբողջ քաղաքը լեցուեցաւ խառնաշփոթութեամբ, ու յափշտակելով Գայիոս եւ Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսի ճամբորդակիցները՝ բոլորը միաբանութեամբ վազեցին թատրոնը:
Acts ArmWeste 19:30  Իսկ երբ Պօղոս ուզեց մտնել ամբոխին մէջ, աշակերտները չթոյլատրեցին իրեն:
Acts ArmWeste 19:31  Ասիապետներէն ոմանք ալ, որ իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկելով իրեն՝ կ՚աղաչէին որ չյանդգնի երթալ թատրոնը:
Acts ArmWeste 19:32  Ուստի ոմանք բան մը կ՚աղաղակէին, ուրիշներ՝ ուրիշ բան, որովհետեւ համախմբումը շփոթած էր. շատեր ալ չէին գիտեր թէ ինչո՛ւ համախմբուած են:
Acts ArmWeste 19:33  Ապա բազմութեան մէջէն դուրս քաշեցին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաները յառաջ քշեցին. Աղեքսանդրոս ալ՝ ձեռքը շարժելով՝ կ՚ուզէր ջատագովել ինքզինք ամբոխին առջեւ:
Acts ArmWeste 19:34  Երբ գիտցան թէ ան Հրեայ է, բոլորը միաբերան՝ գրեթէ երկու ժամ աղաղակեցին. «Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»:
Acts ArmWeste 19:35  Սակայն ատենադպիրը՝ հանդարտեցնելով բազմութիւնը՝ ըսաւ. «Եփեսացի՛ մարդիկ, ո՞վ է այն մարդը որ չի գիտեր թէ Եփեսացիներուն քաղաքը՝ պահապանն է մեծ Արտեմիսի ու Դիոսէ ինկած կուռքին տաճարին:
Acts ArmWeste 19:36  Ուրեմն, նկատելով որ այս բաները անվիճելի են, դուք պէտք է հանդարտ կենաք եւ յանդգնութեամբ ոչի՛նչ ընէք:
Acts ArmWeste 19:37  Քանի որ դուք հոս բերիք այդ մարդիկը, որոնք ո՛չ տաճար կողոպտողներ են, ո՛չ ալ ձեր աստուածուհիին հայհոյողներ:
Acts ArmWeste 19:38  Ուրեմն, եթէ Դեմետրիոս եւ իրեն հետ եղող արհեստաւորները բան մը ունին ոեւէ մէկուն դէմ, դատի օրեր կան ու փոխ-հիւպատոսներ. թող ամբաստանեն զիրար:
Acts ArmWeste 19:39  Իսկ եթէ ձեր պահանջը ուրիշ բանի մը մասին է, թող բացատրուի օրինաւոր համախմբումի մէջ:
Acts ArmWeste 19:40  Որովհետեւ մենք ալ այսօրուան եղածին համար՝ իբր ապստամբ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանի որ պատճառ մը չկայ՝ որով կարենանք հաշիւ տալ այս խառնիճաղանճին համար»: Ու երբ այսպէս խօսեցաւ՝ արձակեց համախմբումը: Որովհետեւ մենք ալ այսօրուան եղածին համար՝ իբր ապստամբ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանի որ պատճառ մը չկայ՝ որով կարենանք հաշիւ տալ այս խառնիճաղանճին համար»: Ու երբ այսպէս խօսեցաւ՝ արձակեց համախմբումը:
Chapter 20
Acts ArmWeste 20:1  Աղմուկին դադրելէն ետք՝ Պօղոս իրեն կանչեց աշակերտները, ու բարեւելով զանոնք՝ մեկնեցաւ որ Մակեդոնիա երթայ:
Acts ArmWeste 20:2  Այդ վայրերը շրջելէ եւ շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետք՝ Յունաստան գնաց,
Acts ArmWeste 20:3  ու երեք ամիս հոն կեցաւ: Երբ պիտի նաւարկէր դէպի Սուրիա՝ Հրեաները դաւադրեցին իրեն դէմ. ուստի որոշեց վերադառնալ՝ Մակեդոնիայէն անցնելով:
Acts ArmWeste 20:4  Բերիացի (Պիռոսի որդին) Սոպատրոս՝ մինչեւ Ասիա իրեն հետ գնաց, նաեւ Թեսաղոնիկեցիներէն՝ Արիստարքոս ու Սեկունդոս, Գայիոս Դերբացին, Տիմոթէոս, իսկ Ասիայէն՝ Տիւքիկոս եւ Տրոփիմոս:
Acts ArmWeste 20:5  Ասոնք նախապէս գացին ու Տրովադայի մէջ սպասեցին մեզի:
Acts ArmWeste 20:6  Մենք ալ՝ Բաղարջակերքի օրերէն ետք՝ Փիլիպպէէն նաւարկեցինք, հինգ օրուան մէջ հասանք Տրովադա՝ անոնց քով, ու հոն կեցանք եօթը օր:
Acts ArmWeste 20:7  Մէկշաբթի օրը, երբ հաւաքուած էինք՝՝ հաց կտրելու, Պօղոս կը քարոզէր անոնց, որովհետեւ հետեւեալ օրը պիտի մեկնէր. ու խօսքը երկարեց մինչեւ կէս գիշեր:
Acts ArmWeste 20:8  Շատ լապտերներ կային այն վերնատունը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք:
Acts ArmWeste 20:9  Երիտասարդ մը՝ Եւտիքոս անունով, որ պատուհանին մէջ նստած էր, մտաւ խորունկ քունի մէջ: Երբ Պօղոս երկարեց քարոզը, ան՝ տարուած քունէն՝ ինկաւ երրորդ յարկէն վար, ու մեռած վերցուցին զայն:
Acts ArmWeste 20:10  Պօղոս վար իջաւ, ինկաւ անոր վրայ, գրկեց զայն եւ ըսաւ. «Մի՛ վրդովիք, որովհետեւ անոր հոգին իր մէջն է»:
Acts ArmWeste 20:11  Ուստի՝ երբ վեր ելաւ՝ կտրեց հացը, ճաշակեց, ու երկար խօսեցաւ՝ մինչեւ առտու. յետոյ մեկնեցաւ:
Acts ArmWeste 20:12  Իսկ այդ պատանին ողջ բերին, եւ չափազանց մխիթարուեցան:
Acts ArmWeste 20:13  Իսկ մենք՝ նախապէս նաւ մտնելով՝ մեկնեցանք դէպի Ասոս, ուրկէ պիտի առնէինք Պօղոսը, որովհետեւ ա՛յդպէս պատուիրած էր. քանի որ ինք պիտի երթար ցամաքով:
Acts ArmWeste 20:14  Երբ Ասոսի մէջ միացաւ մեզի, առինք զինք եւ գացինք Միտիլինէ:
Acts ArmWeste 20:15  Անկէ ալ նաւարկելով՝ հետեւեալ օրը հասանք Քիոսի դիմաց. միւս օրը հասանք Սամոս, ու գիշերը մնալով Տրոգիլիոն՝ յաջորդ օրը գացինք Միլետոս:
Acts ArmWeste 20:16  Արդարեւ Պօղոս որոշած էր նաւարկել Եփեսոսի քովէն, որովհետեւ չէր ուզեր ժամանակ անցընել Ասիայի մէջ, քանի որ կ՚աճապարէր Երուսաղէմ ըլլալ Պենտեկոստէի օրը՝ եթէ կարելի ըլլար իրեն:
Acts ArmWeste 20:17  Ուստի Միլետոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս, ու կանչեց եկեղեցիին երէցները:
Acts ArmWeste 20:18  Երբ եկան իր քով, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ ամբողջ ժամանակը, առաջին օրէն ի վեր երբ Ասիա եկայ,
Acts ArmWeste 20:19  ծառայելով Տէրոջ լման խոնարհութեամբ, եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով՝ որոնք պատահեցան ինծի Հրեաներուն դաւադրութիւններով.
Acts ArmWeste 20:20  ի՛նչպէս չընկրկեցայ օգտակար բաներէն որեւէ մէկը հաղորդելէ եւ սորվեցնելէ ձեզի՝ հրապարակաւ ու տուներու մէջ,
Acts ArmWeste 20:21  վկայելով թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքին մասին:
Acts ArmWeste 20:22  Եւ հիմա ահա՛ կ՚երթամ Երուսաղէմ՝ հոգիով կապուած, ու չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի.
Acts ArmWeste 20:23  սակայն Սուրբ Հոգին կը վկայէ ամէն քաղաքի մէջ, եւ կ՚ըսէ թէ կապեր ու տառապանքներ կը սպասեն ինծի:
Acts ArmWeste 20:24  Բայց ես ո՛չ մէկ բան կը հաշուեմ, ո՛չ ալ ինծի համար պատուական կը նկատեմ՝՝ իմ անձս, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեմ ընթացքս, նաեւ այն սպասարկութիւնը որ ստացայ Տէր Յիսուսէն՝ վկայ ըլլալու Աստուծոյ շնորհքի աւետարանին:
Acts ArmWeste 20:25  Ու հիմա ահա՛ ես գիտեմ թէ դուք բոլորդ՝ որոնց մէջ շրջեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով, ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք:
Acts ArmWeste 20:26  Ուստի այսօր կը վկայեմ ձեզի թէ ես անպարտ եմ բոլորին արիւնէն.
Acts ArmWeste 20:27  որովհետեւ չընկրկեցայ Աստուծոյ ամբողջ ծրագիրը հաղորդելէ ձեզի:
Acts ArmWeste 20:28  Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:
Acts ArmWeste 20:29  Քանի որ գիտեմ թէ իմ մեկնումէս ետք՝ ձեր մէջ պիտի մտնեն յափշտակող գայլեր, որոնք պիտի չխնայեն հօտին:
Acts ArmWeste 20:30  Ու ձեզմէ ալ պիտի ելլեն այնպիսի՛ մարդիկ, որոնք պիտի խօսին խոտոր բաներ՝ քաշելու համար աշակերտները իրենց ետեւէն:
Acts ArmWeste 20:31  Ուստի արթո՛ւն կեցէք, եւ յիշեցէ՛ք թէ երեք տարի, գիշեր ու ցերեկ, չդադրեցայ ձեզմէ իւրաքանչիւրը արցունքով խրատելէ:
Acts ArmWeste 20:32  Եւ հիմա, եղբայրնե՛ր, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքի խօսքին, որ կարող է շինել եւ ձեզի ժառանգութիւն տալ՝ բոլոր սրբացածներուն հետ:
Acts ArmWeste 20:33  Ո՛չ մէկուն արծաթին, կամ ոսկիին, կամ պատմուճանին ցանկացի:
Acts ArmWeste 20:34  Դուք ձեզմէ գիտէք թէ այս ձեռքե՛րս հոգացին իմ ու ինծի հետ եղողներուն կարիքները:
Acts ArmWeste 20:35  Ամէն բան ցոյց տուի ձեզի, թէ ա՛յսպէս պէտք է աշխատիլ եւ օգնել տկարներուն, ու յիշել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ի՛նք ըսաւ. “Աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան ստանալը”»:
Acts ArmWeste 20:36  Երբ այսպէս խօսեցաւ, ծնրադրեց եւ բոլորին հետ աղօթեց:
Acts ArmWeste 20:37  Բոլորն ալ շատ լացին, ու Պօղոսի վիզին վրայ իյնալով՝ համբուրեցին զայն:
Acts ArmWeste 20:38  Կը մորմոքէին մա՛նաւանդ այն խօսքին համար, որ ըսաւ թէ ա՛լ պիտի չտեսնէին իր երեսը: Եւ ուղեկցեցան անոր մինչեւ նաւը:
Chapter 21
Acts ArmWeste 21:1  Երբ անջատուեցանք անոնցմէ ու մեկնեցանք, ուղիղ ընթացքով գացինք Կով, ու միւս օրը՝ Հռոդոն, անկէ ալ՝ Պատարա:
Acts ArmWeste 21:2  Եւ գտնելով նաւ մը՝ որ կ՚երթար Փիւնիկէ, մտանք անոր մէջ ու մեկնեցանք:
Acts ArmWeste 21:3  Երբ Կիպրոս երեւցաւ, թողուցինք զայն ձախ կողմը, նաւարկեցինք դէպի Սուրիա ու հասանք Տիւրոս, որովհետեւ նաւը հո՛ն պիտի պարպէր իր ապրանքը:
Acts ArmWeste 21:4  Գտնելով աշակերտները՝ եօթը օր մնացինք հոն. անոնք Սուրբ Հոգիով կ՚ըսէին Պօղոսի՝ որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 21:5  Բայց երբ այդ օրերը լրացան, մեկնեցանք. երբ կ՚երթայինք՝ բոլորն ալ, կիներով ու զաւակներով, ուղեկցեցան մեզի մինչեւ քաղաքէն դուրս, եւ ծնրադրելով ծովեզերքը՝ աղօթեցինք:
Acts ArmWeste 21:6  Ապա հրաժեշտ առնելով իրարմէ՝ մենք նաւ ելանք, անոնք ալ վերադարձան իրենց տուները:
Acts ArmWeste 21:7  Իսկ մենք՝ աւարտելով Տիւրոսէն սկսած նաւարկութիւնը՝ հասանք Պտողեմայիս, բարեւեցինք եղբայրները, եւ օր մը մնացինք անոնց քով:
Acts ArmWeste 21:8  Հետեւեալ օրը՝ մեկնեցանք ու եկանք Կեսարիա, եւ մտնելով Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը՝ որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր՝ մնացինք անոր քով:
Acts ArmWeste 21:9  Ան ունէր չորս կոյս աղջիկներ, որոնք կը մարգարէանային:
Acts ArmWeste 21:10  Քանի որ շատ օրեր մնացինք հոն, Հրէաստանէն մարգարէ մը իջաւ՝ Ագաբոս անունով.
Acts ArmWeste 21:11  երբ եկաւ մեզի, առաւ Պօղոսի գօտին, կապեց իր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ըսաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Սուրբ Հոգին. “Երուսաղէմի մէջ, Հրեաները ա՛յսպէս պիտի կապեն այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, ու պիտի մատնեն հեթանոսներուն ձեռքը”»:
Acts ArmWeste 21:12  Երբ լսեցինք այս բաները, աղաչեցինք՝ մե՛նք ալ, տեղացինե՛րն ալ, որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 21:13  Իսկ Պօղոս պատասխանեց. «Ի՞նչ կ՚ընէք. ինչո՞ւ կու լաք ու կը ճմլէք իմ սիրտս. քանի որ ես պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ ո՛չ միայն կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու՝ Տէր Յիսուսի անունին համար»:
Acts ArmWeste 21:14  Երբ ինք չհամոզուեցաւ, հանդարտ կեցանք եւ ըսինք. «Տէրոջ կամքը թող ըլլայ»:
Acts ArmWeste 21:15  Այդ օրերէն ետք՝ պատրաստուեցանք ու բարձրացանք Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 21:16  Կեսարացի աշակերտներէն ալ ոմանք եկան մեզի հետ, ու տարին մեզ առաջին օրերէն աշակերտ եղած՝՝ Կիպրացի Մնասոնի, որուն քով պիտի հիւրընկալուէինք:
Acts ArmWeste 21:17  Երբ մտանք Երուսաղէմ, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ:
Acts ArmWeste 21:18  Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ գնաց Յակոբոսի քով, ու բոլոր երէցներն ալ եկան:
Acts ArmWeste 21:19  Բարեւելէ ետք զանոնք՝ մէկ առ մէկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած ըրաւ հեթանոսներուն մէջ՝ իր սպասարկութեամբ:
Acts ArmWeste 21:20  Անոնք ալ լսելով՝ փառաւորեցին Տէրը, եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, եղբա՛յր, քանի՜ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան: Բոլորն ալ Օրէնքին նախանձախնդիր են,
Acts ArmWeste 21:21  բայց տեղեկացան քու մասիդ՝ թէ հեթանոսներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես հրաժարիլ Մովսէսէն, ըսելով որ չթլփատեն իրենց զաւակները եւ չընթանան սովորութիւններուն համաձայն:
Acts ArmWeste 21:22  Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն պիտի համախմբուի, որովհետեւ պիտի լսեն թէ եկած ես:
Acts ArmWeste 21:23  Ուստի ըրէ՛ ինչ որ կ՚ըսենք քեզի: Մեր քով չորս մարդիկ կան՝ որոնք ուխտ ըրած են.
Acts ArmWeste 21:24  ա՛ռ զանոնք, մաքրագործէ՛ դուն քեզ՝ իրենց հետ, եւ վճարէ՛ անոնց ծախսը՝ որ ածիլեն իրենց գլուխը. որպէսզի բոլորն ալ գիտնան թէ սխալ են քու մասիդ իրենց ստացած տեղեկութիւնները, հապա դո՛ւն ալ մեզի հետ կ՚ընթանաս՝ պահելով Օրէնքը:
Acts ArmWeste 21:25  Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն մասին՝ մենք գրեցինք, եզրակացնելով որ անոնք բնա՛ւ չպահեն այսպիսի բաներ, բայց միայն զգուշանան կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»:
Acts ArmWeste 21:26  Այն ատեն Պօղոս առաւ այդ մարդիկը, եւ հետեւեալ օրը՝ անոնց հետ մաքրագործուելէ ետք՝ մտաւ տաճարը իրենց մաքրագործումի օրերուն ամբողջացումը յայտարարելու համար, թէ ե՛րբ ընծայ պիտի մատուցանուէր իրենցմէ իւրաքանչիւրին համար:
Acts ArmWeste 21:27  Եօթը օրերը լրանալու մօտ էին, երբ ասիացի Հրեաները՝ տեսնելով զայն տաճարին մէջ՝ խառնակեցին ամբողջ բազմութիւնը, եւ անոր վրայ ձեռք բարձրացնելով՝ կ՚աղաղակէին.
Acts ArmWeste 21:28  «Իսրայելացի՛ մարդիկ, օգնութեա՛ն հասէք: Ա՛յս է այն մարդը, որ ամէնուրեք կը սորվեցնէ բոլորին՝ ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս տեղին դէմ. նոյնիսկ Յոյներ ալ մտցուց տաճարին մէջ ու պղծեց այս սուրբ տեղը»
Acts ArmWeste 21:29  (որովհետեւ նախապէս տեսեր էին Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ՝ քաղաքին մէջ, ու կը կարծէին թէ Պօղոս տաճարը մտցուցած էր զայն):
Acts ArmWeste 21:30  Ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ ու ժողովուրդը խռնուեցաւ. Պօղոսը բռնելով՝ քաշեցին տաճարէն դուրս, եւ իսկոյն դռները գոցուեցան:
Acts ArmWeste 21:31  Երբ անոնք կը ջանային սպաննել զայն, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ ամբողջ Երուսաղէմը խառնաշփոթութեան մէջ է:
Acts ArmWeste 21:32  Ան ալ անյապաղ զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած՝ վազեց անոնց քով: Անոնք ալ տեսնելով հազարապետն ու զինուորները՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ:
Acts ArmWeste 21:33  Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն, ու հրամայեց որ կապեն կրկին շղթայով. ապա հարցափորձեց թէ ո՛վ էր ան եւ ի՛նչ ըրած էր:
Acts ArmWeste 21:34  Սակայն բազմութեան մէջէն՝ մէկը բա՛ն մը կը գոռար, միւսը՝ ուրի՛շ բան: Երբ չկրցաւ գիտնալ ստոյգը աղմուկին մասին, հրամայեց որ բերդը տանին զայն:
Acts ArmWeste 21:35  Երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները կրեցին զայն՝ բազմութեան բռնութեան համար.
Acts ArmWeste 21:36  որովհետեւ ժողովուրդին բազմութիւնը կը հետեւէր՝ աղաղակելով. «Վերցո՛ւր զայն»:
Acts ArmWeste 21:37  Երբ Պօղոս կը մտնէր բերդը՝ ըսաւ հազարապետին. «Արդեօք արտօնուա՞ծ է որ բան մը ըսեմ քեզի»: Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս:
Acts ArmWeste 21:38  Դուն չե՞ս այն Եգիպտացին, որ ասկէ օրեր առաջ չորս հազար սրիկայ մարդիկ ապստամբեցուց եւ դուրս տարաւ՝ անապատը»:
Acts ArmWeste 21:39  Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոնէն, ոչ աննշան քաղաքի մը քաղաքացի. կ՚աղերսե՛մ քեզի, արտօնէ՛ ինծի՝ որ խօսիմ ժողովուրդին»:
Acts ArmWeste 21:40  Երբ ան արտօնեց, Պօղոս՝ սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին: Երբ խոր լռութիւն եղաւ, եբրայական բարբառով խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ.
Chapter 22
Acts ArmWeste 22:1  «Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հայրե՛ր, լսեցէ՛ք հիմա իմ ջատագովականս՝ ուղղուած ձեզի»:
Acts ArmWeste 22:2  (Երբ լսեցին թէ եբրայական բարբառով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի հանդարտ կեցան:)
Acts ArmWeste 22:3  Եւ ան ըսաւ. «Ես հրեայ մարդ մըն եմ՝ ծնած Կիլիկիայի Տարսոնին մէջ, բայց մեծցած հոս՝ այս քաղաքին մէջ՝ Գամաղիէլի ոտքը, եւ ճշգրտապէս կրթուած մեր հայրերու Օրէնքին համաձայն: Նախանձախնդիր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք բոլորդ:
Acts ArmWeste 22:4  Այր մարդիկ ու կիներ կապելով եւ բանտերու մատնելով՝ այս ճամբան հալածեցի մինչեւ մահ,
Acts ArmWeste 22:5  ինչպէս քահանայապետն ալ կը վկայէ իմ մասիս, եւ ամբողջ երէցներու ժողովը. նաեւ անոնցմէ նամակներ ընդունելով՝ Դամասկոս կ՚երթայի, որպէսզի հոն եղածներն ալ կապուած բերեմ Երուսաղէմ՝ որ պատժուին»:
Acts ArmWeste 22:6  «Մինչ կ՚երթայի ու մօտեցայ Դամասկոսի, կէսօրուան ատենները յանկարծ երկինքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ շուրջս,
Acts ArmWeste 22:7  եւ գետին ինկայ ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»:
Acts ArmWeste 22:8  Ես ալ պատասխանեցի. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ, որ դուն կը հալածես»:
Acts ArmWeste 22:9  Անոնք որ ինծի հետ էին՝ արդարեւ տեսան լոյսը ու վախցան, սակայն չլսեցին ինծի խօսողին ձայնը:
Acts ArmWeste 22:10  Իսկ ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»: Տէրը ըսաւ ինծի. «Կանգնէ՛, գնա՛ Դամասկոս, ու հոն պիտի խօսուի քեզի այն բոլոր բաներուն մասին, որոնք որոշուած են քեզի համար՝ որպէսզի ընես»:
Acts ArmWeste 22:11  Քանի չէի տեսներ՝ այդ լոյսին փառաւորութեան պատճառով, ինծի հետ եղողներուն ձեռքէն բռնելով՝ մտայ Դամասկոս:
Acts ArmWeste 22:12  Անանիա անունով մարդ մը, Օրէնքին համեմատ բարեպաշտ, եւ բարի վկայուած Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն,
Acts ArmWeste 22:13  եկաւ ինծի ու կայնելով քովս՝ ըսաւ ինծի. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վերստացի՛ր տեսողութիւնդ»:
Acts ArmWeste 22:14  Նոյն ժամուն վերստացայ տեսողութիւնս եւ նայեցայ իրեն. ինք ալ ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը նախապէս սահմանեց քեզ որ գիտնաս իր կամքը, տեսնես այն Արդարը եւ լսես անոր ձայնը՝ իր բերանէն.
Acts ArmWeste 22:15  քանի որ բոլոր մարդոց առջեւ պիտի ըլլաս իր վկան այն բաներուն մասին՝ որ տեսար ու լսեցիր:
Acts ArmWeste 22:16  Եւ հիմա ա՛լ ինչո՞ւ կը յամենաս. կանգնէ՛, մկրտուէ՛ ու լուա՛ մեղքերդ՝ կանչելով իր անունը»:
Acts ArmWeste 22:17  Երբ վերադարձայ Երուսաղէմ, մինչ կ՚աղօթէի տաճարին մէջ՝ վերացում ունեցայ
Acts ArmWeste 22:18  ու տեսայ զինք՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Աճապարէ՛, շուտո՛վ դուրս ելիր Երուսաղէմէն, որովհետեւ պիտի չընդունին քու վկայութիւնդ՝ իմ մասիս»:
Acts ArmWeste 22:19  Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն թէ ե՛ս էի՝ որ կը բանտարկէի քեզի հաւատացողները եւ կը ծեծէի ժողովարաններուն մէջ.
Acts ArmWeste 22:20  երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի, կամակից ըլլալով անոր սպաննուելուն՝՝, ու ե՛ս կը պահէի զայն սպաննողներուն հանդերձները»:
Acts ArmWeste 22:21  Բայց ըսաւ ինծի. «Գնա՛, որովհետեւ ես պիտի ղրկեմ քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն»:
Acts ArmWeste 22:22  Անոնք մտիկ ըրին իրեն մինչեւ այս խօսքը, յետոյ բարձրացուցին իրենց ձայները եւ ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդպիսի մարդ մը, քանի որ չի պատշաճիր անոր ապրիլ»:
Acts ArmWeste 22:23  Մինչ կը պոռային, իրենց հանդերձները կը նետէին ու փոշի կը ցանէին օդին մէջ,
Acts ArmWeste 22:24  հազարապետը հրամայեց որ բերդը մտցնեն զայն, եւ ըսաւ որ խարազանելով հարցաքննեն զայն, որպէսզի գիտնայ թէ ինչո՛ւ ա՛յդպէս կը գոչէին անոր դէմ:
Acts ArmWeste 22:25  Երբ կապեցին զինք փոկերով, Պօղոս ըսաւ վերակացու հարիւրապետին. «Արտօնուա՞ծ է ձեզի՝ խարազանել մարդ մը, որ Հռոմայեցի է ու դատապարտուած ալ չէ»:
Acts ArmWeste 22:26  Երբ հարիւրապետը լսեց ասիկա, մօտեցաւ ու պատմեց հազարապետին՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ընես, որովհետեւ այս մարդը Հռոմայեցի է»:
Acts ArmWeste 22:27  Ուստի հազարապետը գնաց անոր քով եւ ըսաւ. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռոմայեցի՞ ես»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»:
Acts ArmWeste 22:28  Հազարապետը պատասխանեց. «Ես մեծ գումարով տիրացայ այս քաղաքացիութեան»: Պօղոս ըսաւ. «Իսկ ես ծնունդո՛վ եմ»:
Acts ArmWeste 22:29  Ուստի անոնք որ պիտի հարցաքննէին զինք՝ իսկոյն հեռացան իրմէ. հազարապետն ալ վախցաւ՝ երբ գիտցաւ թէ Հռոմայեցի է, որովհետեւ կապած էր զայն:
Acts ArmWeste 22:30  Հետեւեալ օրը, ուզելով գիտնալ ստոյգը՝ թէ ինչո՛ւ ան ամբաստանուած էր Հրեաներէն, արձակեց զայն եւ հրամայեց որ քահանայապետներն ու ամբողջ ատեանը գան. եւ իջեցնելով Պօղոսը՝ ներկայացուց անոնց:
Chapter 23
Acts ArmWeste 23:1  Պօղոս՝ ակնապիշ նայելով ատեանին՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես մինչեւ այսօր բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ»:
Acts ArmWeste 23:2  Անանիա քահանայապետն ալ հրամայեց իր քով կայնողներուն՝ որ զարնեն անոր բերանին:
Acts ArmWeste 23:3  Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուա՛ծ պիտի զարնէ քեզի, ծեփուա՛ծ պատ: Դուն բազմած ես՝ դատելու զիս Օրէնքին համաձայն, եւ կը հրամայե՞ս Օրէնքին հակառակ՝ որ զարնեն ինծի»:
Acts ArmWeste 23:4  Շուրջը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը հեգնես»:
Acts ArmWeste 23:5  Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբայրնե՛ր, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է, որովհետեւ գրուած է. “Քու ժողովուրդիդ պետին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ”»:
Acts ArmWeste 23:6  Երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մէկ մասը Սադուկեցիներ էին, ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, աղաղակեց ատեանին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. կը դատուիմ մեռելներու յարութեան յոյսի՛ն համար»:
Acts ArmWeste 23:7  Երբ ըսաւ ասիկա, ընդվզում մը ծագեցաւ Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն միջեւ, ու բազմութիւնը բաժնուեցաւ.
Acts ArmWeste 23:8  քանի որ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ ո՛չ յարութիւն կայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի, իսկ Փարիսեցիները կը դաւանին երկուքն ալ:
Acts ArmWeste 23:9  Հզօր գոչիւն մը բարձրացաւ, եւ Փարիսեցիներու կողմէն եղող դպիրները կանգնեցան ու մաքառեցան՝ ըսելով. «Մենք ո՛չ մէկ չարութիւն կը գտնենք այս մարդուն վրայ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը խօսած է անոր, ի՞նչ կրնանք ընել՝՝»:
Acts ArmWeste 23:10  Երբ աղմուկը սաստկացաւ՝՝, հազարապետը՝ վախնալով որ Պօղոս բզքտուի անոնցմէ՝ հրամայեց զօրքերուն որ իջնեն, յափշտակեն զայն անոնց մէջէն ու բերեն բերդը:
Acts ArmWeste 23:11  Հետեւեալ գիշերը Տէրը կայնեցաւ անոր քով եւ ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, Պօղո՛ս, որովհետեւ ի՛նչպէս վկայեցիր ինծի համար Երուսաղէմի մէջ, ա՛յնպէս ալ պէտք է վկայես Հռոմի մէջ»:
Acts ArmWeste 23:12  Երբ առտու եղաւ, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան եւ նզովեցին իրենք զիրենք, ըսելով թէ ո՛չ պիտի ուտեն, ո՛չ ալ խմեն՝ մինչեւ որ սպաննեն Պօղոսը:
Acts ArmWeste 23:13  Այս երդումը ընողները՝ քառասունէ աւելի էին:
Acts ArmWeste 23:14  Անոնք գացին քահանայապետներուն ու երէցներուն, եւ ըսին. «Սաստիկ նզովեցինք մենք մեզ, որ ո՛չ մէկ բան ճաշակենք՝ մինչեւ որ սպաննենք Պօղոսը:
Acts ArmWeste 23:15  Ուստի դուք հիմա՝ ատեանին հետ՝ խնդրա՛նք յայտնեցէք հազարապետին, որ վաղը իջեցնէ զայն ձեզի, իբր թէ կ՚ուզէք աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենալ անոր մասին. իսկ մենք՝ անոր մօտենալէն առաջ՝ պատրաստ ենք սպաննել զայն»:
Acts ArmWeste 23:16  Բայց Պօղոսի քրոջ որդին՝ լսելով այս դարանակալութիւնը՝ գնաց, մտաւ բերդը, ու պատմեց Պօղոսի:
Acts ArmWeste 23:17  Պօղոս ալ կանչեց հարիւրապետներէն մէկը եւ ըսաւ. «Տա՛ր այս երիտասարդը հազարապետին, որովհետեւ լուր մը ունի՝ տալու անոր»:
Acts ArmWeste 23:18  Ան ալ առաւ զայն, տարաւ հազարապետին եւ ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը կանչեց զիս ու խնդրեց՝ որ բերեմ քեզի այս երիտասարդը, քանի որ ըսելիք ունի քեզի»:
Acts ArmWeste 23:19  Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի քաշուեցաւ եւ հարցուց. «Ի՞նչ լուր ունիս՝ տալու ինծի»:
Acts ArmWeste 23:20  Ան ալ ըսաւ. «Հրեաները միաձայնեցան թախանձել քեզի՝ որ վաղը ատեանին առջեւ իջեցնես Պօղոսը, որպէս թէ կ՚ուզեն աւելի ճշգրտութեամբ հարցաքննել զայն:
Acts ArmWeste 23:21  Բայց դուն մտիկ մի՛ ըներ անոնց, որովհետեւ անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարան մտած են անոր համար, եւ իրենք զիրենք նզոված՝ որ ո՛չ ուտեն, ո՛չ ալ խմեն, մինչեւ որ սպաննեն զայն. ու հիմա պատրաստ են, եւ կը սպասեն քու խոստումիդ»:
Acts ArmWeste 23:22  Հետեւաբար հազարապետը արձակեց երիտասարդը՝ պատուիրելով անոր. «Ո՛չ մէկուն ըսէ թէ այս բաները յայտնեցիր ինծի»:
Acts ArmWeste 23:23  Ապա կանչելով հարիւրապետներէն երկուքը՝ ըսաւ. «Պատրաստեցէ՛ք երկու հարիւր զինուոր, եօթանասուն ձիաւոր ու երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէսզի երթան մինչեւ Կեսարիա՝ գիշերուան երրորդ ժամուն՝՝.
Acts ArmWeste 23:24  նաեւ հայթայթեցէ՛ք գրաստներ, որպէսզի հեծցնեն Պօղոսը եւ ապահովութեամբ տանին Փելիքս կառավարիչին»:
Acts ArmWeste 23:25  Նամակ մըն ալ գրեց՝ սա՛ տիպարին համաձայն.
Acts ArmWeste 23:26  «Կղօդիոս Լիւսիաս՝ պատուական Փելիքս կառավարիչին. ողջո՜յն:
Acts ArmWeste 23:27  Այս մարդը բռնուած էր Հրեաներէն եւ պիտի սպաննուէր անոնցմէ. իսկ ես վրայ հասայ զօրքերով եւ ազատեցի զայն, հասկնալով որ Հռոմայեցի է:
Acts ArmWeste 23:28  Ուզելով գիտնալ պատճառը՝ որուն համար կ՚ամբաստանէին զինք, տարի զինք անոնց ատեանին առջեւ,
Acts ArmWeste 23:29  եւ գտայ թէ ամբաստանուած էր իրենց Օրէնքին վերաբերեալ հարցերու համար, բայց մահուան կամ կապերու արժանի ո՛չ մէկ յանցանք ունէր:
Acts ArmWeste 23:30  Երբ տեղեկացայ թէ Հրեաները կը դաւադրեն այդ մարդուն դէմ, անյապաղ ղրկեցի քեզի, պատուիրելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ խօսին քու առջեւդ անոր դէմ: Ո՛ղջ եղիր»:
Acts ArmWeste 23:31  Զինուորներն ալ առին Պօղոսը եւ գիշերուան մէջ տարին Անտիպատրոս, իրենց հրամայուածին համաձայն:
Acts ArmWeste 23:32  Հետեւեալ օրը՝ թողուցին ձիաւորները որ երթան անոր հետ, իսկ իրենք վերադարձան բերդը:
Acts ArmWeste 23:33  Անոնք ալ մտան Կեսարիա, տուին նամակը կառավարիչին ու ներկայացուցին Պօղոսը անոր:
Acts ArmWeste 23:34  Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՛ր գաւառէն է, եւ հասկնալով թէ Կիլիկիայէն է՝
Acts ArmWeste 23:35  ըսաւ. «Մտիկ պիտի ընեմ քեզի՝ երբ գան քեզ ամբաստանողներն ալ»: Ու հրամայեց որ պահեն զայն Հերովդէսի պալատին մէջ:
Chapter 24
Acts ArmWeste 24:1  Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետը՝ երէցներուն եւ Տերտիւղոս անունով ճարտասանի մը հետ իջաւ, ու յայտնեցին կառավարիչին իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ:
Acts ArmWeste 24:2  Երբ կանչեցին զայն, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել եւ ըսել. «Որովհետեւ խոր խաղաղութիւն կը վայելենք քու միջոցովդ, ու բարեբաստիկ կարգադրութիւններ եղած են այս ազգին՝ քու կանխամտածութեամբդ,
Acts ArmWeste 24:3  ամէն ատեն եւ ամէն տեղ կ՚ընդունինք զանոնք ամբողջ շնորհակալութեամբ, պատուակա՛ն Փելիքս:
Acts ArmWeste 24:4  Բայց որպէսզի ա՛լ աւելի չձանձրացնեմ քեզ, կ՚աղաչե՛մ, քու ներողամտութեամբդ մտի՛կ ըրէ մեզի. համառօտաբար պիտի խօսինք:
Acts ArmWeste 24:5  Մենք գտանք թէ այս մարդը ժանտախտ մըն է. ապստամբութեան կը մղէ ամբողջ երկրագունդին բոլոր Հրեաները, ու պարագլուխն է Նազովրեցիներու աղանդին:
Acts ArmWeste 24:6  Ան նոյնիսկ փորձեց տաճարը սրբապղծել. ուստի բռնեցինք զայն եւ ուզեցինք դատել մեր Օրէնքին համաձայն:
Acts ArmWeste 24:7  Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ, մեծ բռնութեամբ առաւ զայն մեր ձեռքէն,
Acts ArmWeste 24:8  ու հրամայեց զայն ամբաստանողներուն որ գան քեզի: Դուն ինքդ հարցաքննելով զինք՝ պիտի կարենաս գիտնալ այն բոլոր բաները, որոնց համար մենք կ՚ամբաստանենք զայն»:
Acts ArmWeste 24:9  Հրեաներն ալ միաձայնեցան, հաւաստելով թէ այդ բաները ա՛յդպէս են:
Acts ArmWeste 24:10  Երբ կառավարիչը նշան ըրաւ իրեն՝ որ խօսի, Պօղոս պատասխանեց. «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի սիրայօժարութեամբ կը ջատագովեմ զիս.
Acts ArmWeste 24:11  որովհետեւ կրնա՛ս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէն աւելի չէ որ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ երկրպագելու:
Acts ArmWeste 24:12  Զիս երբե՛ք չգտան՝ ոեւէ մէկուն հետ վիճաբանելու կամ բազմութիւն մէկտեղելու ատեն, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ժողովարաններուն,
Acts ArmWeste 24:13  ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա կ՚ամբաստանեն զիս:
Acts ArmWeste 24:14  Բայց սա՛ կը դաւանիմ քու առջեւդ՝՝, թէ կը պաշտեմ իմ հայրերուս Աստուածը այն ճամբային համաձայն՝ որ իրենք կը կոչեն հերձուած, հաւատալով Օրէնքին ու Մարգարէներուն մէջ գրուած բոլոր բաներուն:
Acts ArmWeste 24:15  Յոյս ունիմ Աստուծոյ վրայ, ինչպէս ասո՛նք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն:
Acts ArmWeste 24:16  Ուստի այս բանին համար ես ճիգ կը թափեմ, որ ամէն ատեն ունենամ անսայթաք խղճմտանք մը՝ Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ:
Acts ArmWeste 24:17  Ուրեմն ես՝ շատ տարիներ ետք՝ եկայ ողորմութիւններ բերելու իմ ազգիս, նաեւ ընծաներ:
Acts ArmWeste 24:18  Այսպէս՝ քանի մը ասիացի Հրեաներ գտան զիս տաճարին մէջ՝ մաքրագործուած, առանց բազմութեան կամ աղմուկի.
Acts ArmWeste 24:19  պէտք էր որ անո՛նք գային առջեւդ եւ ամբաստանէին, եթէ ունէին ինծի դէմ ըսելիք բան մը:
Acts ArmWeste 24:20  Կամ թէ ասոնք՝ իրե՛նք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս՝ երբ կայնած էի ատեանին առջեւ:
Acts ArmWeste 24:21  Թերեւս միայն սա՛ մէկ աղաղակս, որ բարձրացուցի երբ իրենց մէջ կայնած էի. «Մեռելներու յարութեա՛ն համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»:
Acts ArmWeste 24:22  Փելիքս յետաձգեց անոնց հարցը, որովհետեւ ճշգրիտ տեղեկութիւն ունէր այդ ճամբային մասին, եւ ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս իջնէ, պիտի քննեմ ձեր գործը»:
Acts ArmWeste 24:23  Ու հրամայեց հարիւրապետին որ պահէ զայն, բայց անդորրութիւն տայ եւ իրեններէն ո՛չ մէկը արգիլէ՝ սպասաւորելու անոր կամ երթալու անոր քով:
Acts ArmWeste 24:24  Քանի մը օր ետք, Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ՝ որ Հրեայ էր, կանչեց Պօղոսը, եւ լսեց անկէ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքի մասին:
Acts ArmWeste 24:25  Երբ ան կը խօսէր արդարութեան, ժուժկալութեան ու գալիք դատաստանին մասին, Փելիքս՝ ահաբեկած՝ պատասխանեց. «Գնա՛ հիմա, ու երբ ատեն ունենամ՝ կը կանչեմ քեզ»:
Acts ArmWeste 24:26  Նաեւ յոյս ունէր որ Պօղոս իրեն դրամ տայ. ուստի յաճախ կը կանչէր զայն եւ կը խօսակցէր անոր հետ:
Acts ArmWeste 24:27  Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Փեստոս. Փելիքս ալ՝ ուզելով շնորհք ընել Հրեաներուն՝ կապուած ձգեց Պօղոսը:
Chapter 25
Acts ArmWeste 25:1  Երբ Փեստոս հասաւ իր իշխանութեան գաւառը, երեք օր ետք բարձրացաւ Կեսարիայէն Երուսաղէմ:
Acts ArmWeste 25:2  Քահանայապետն ու Հրեաներուն գլխաւորներն ալ յայտնեցին անոր իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ,
Acts ArmWeste 25:3  եւ աղաչեցին իրեն ու շնորհք խնդրեցին անոր դէմ՝ որ Երուսաղէմ կանչէ զայն. մինչ իրենք դարան կը պատրաստէին՝ ճամբան սպաննելու համար զայն:
Acts ArmWeste 25:4  Սակայն Փեստոս պատասխանեց թէ Պօղոս պահուելու էր Կեսարիա, եւ թէ ինք շուտով պիտի մեկնէր հոն:
Acts ArmWeste 25:5  Ուստի ըսաւ. «Ձեզմէ անոնք որ կարող են՝ թող իջնեն ինծի հետ, ու եթէ յանցանք մը կայ այդ մարդուն վրայ՝ թող ամբաստանեն զինք»:
Acts ArmWeste 25:6  Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկեցաւ՝՝, յետոյ իջաւ Կեսարիա. հետեւեալ օրը դատարանը բազմեցաւ եւ հրամայեց որ բերեն Պօղոսը:
Acts ArmWeste 25:7  Երբ ան եկաւ, Երուսաղէմէն իջնող Հրեաները անոր շուրջը կայնեցան ու Պօղոսի վրայ բարդեցին բազմաթիւ եւ ծանր ամբաստանութիւններ, որ չէին կրնար ապացուցանել:
Acts ArmWeste 25:8  Արդարեւ Պօղոս կը ջատագովէր ինքզինք՝ ըսելով. «Ես ո՛չ Հրեաներու Օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ կայսրին դէմ մեղանչած եմ»:
Acts ArmWeste 25:9  Բայց Փեստոս, ուզելով Հրեաներուն շնորհք ընել, պատասխանեց Պօղոսի. «Կ՚ուզե՞ս բարձրանալ Երուսաղէմ ու հոն դատուիլ իմ առջեւս՝ այդ բաներուն համար»:
Acts ArmWeste 25:10  Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին դատարանը կայնած եմ, ուր պէտք է դատուիմ: Հրեաները անիրաւած չեմ, ինչպէս դուն ալ լաւ գիտես:
Acts ArmWeste 25:11  Արդարեւ եթէ անիրաւած եմ կամ ըրած եմ մահուան արժանի բան մը, չեմ մերժեր մեռնիլ: Բայց եթէ իմ վրաս ո՛չ մէկը կայ այն բաներէն՝ որոնց համար ասոնք կ՚ամբաստանեն զիս, ո՛չ մէկը կրնայ յանձնել զիս ատոնց: Կայսրի՛ն կը բողոքեմ»:
Acts ArmWeste 25:12  Այն ատեն Փեստոս՝ խօսակցելէ ետք խորհրդականներուն հետ՝ պատասխանեց. «Կայսրի՛ն բողոքեցիր. կայսրի՛ն պիտի երթաս»:
Acts ArmWeste 25:13  Քանի մը օր անցնելէ ետք, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէ եկան Կեսարիա՝ բարեւելու Փեստոսը:
Acts ArmWeste 25:14  Երբ շատ օրեր մնացին հոն, Փեստոս ներկայացուց թագաւորին Պօղոսի պարագան՝ ըսելով. «Հոս մարդ մը կայ՝ որ Փելիքս բանտարկուած ձգած է:
Acts ArmWeste 25:15  Երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն երէցները յայտնեցին ինծի իրենց ամբաստանութիւնը, դատապարտութեան վճիռ խնդրելով անոր դէմ:
Acts ArmWeste 25:16  Անոնց պատասխանեցի թէ Հռոմայեցիներուն սովորութիւնը չէ մահուան մատնել մարդ մը, մինչեւ որ ամբաստանեալը իր դիմաց չունենայ ամբաստանողները, եւ պատեհութիւն չտրուի իրեն՝ ջատագովելու ինքզինք այդ յանցանքին դէմ:
Acts ArmWeste 25:17  Ուստի երբ անոնք համախմբուեցան հոս, առանց որեւէ յետաձգումի՝ հետեւեալ օրը դատարանը բազմելով հրամայեցի որ բերեն մարդը:
Acts ArmWeste 25:18  Անոր ամբաստանողներն ալ ներկայանալով՝ իմ ենթադրած ամբաստանութիւններէս ո՛չ մէկը յառաջ բերին.
Acts ArmWeste 25:19  Հապա անոր հետ ունէին քանի մը հարցեր՝ իրենց կրօնին վերաբերեալ, ու Յիսուս անունով մեռածի մը մասին, որուն համար Պօղոս կը հաւաստէր թէ ողջ է:
Acts ArmWeste 25:20  Մինչ կը վարանէի այսպիսի հարցերու քննութեան համար, ըսի իրեն թէ կ՚ուզէ՛ր երթալ Երուսաղէմ եւ հո՛ն դատուիլ այս բաներուն համար:
Acts ArmWeste 25:21  Բայց երբ Պօղոս բողոքեց որ վերապահուի՝ Օգոստափառ կայսրին դիմաց ելլելու, հրամայեցի որ պահեն զինք՝ մինչեւ որ ղրկեմ կայսրին»:
Acts ArmWeste 25:22  Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսի. «Ե՛ս ալ կ՚ուզէի մտիկ ընել այդ մարդուն»: Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ՚ընես»:
Acts ArmWeste 25:23  Հետեւեալ օրը, երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ եկան մեծ հանդէսով եւ մտան ունկնդրութեան տեղը՝ հազարապետներուն ու քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս հրամայեց որ Պօղոսը բերուի:
Acts ArmWeste 25:24  Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս թագաւոր, եւ դո՛ւք ալ՝ բոլոր մարդիկ՝ որ մեզի հետ ներկայ էք, կը տեսնէ՛ք ասիկա՝ որուն մասին Հրեաներուն ամբողջ բազմութիւնը գանգատեցաւ ինծի Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ, ու կը գոռային թէ “ա՛լ պէտք չէ որ ան ապրի”:
Acts ArmWeste 25:25  Բայց ես ըմբռնեցի թէ ան մահուան արժանի ոչինչ ըրած է. եւ քանի որ ինք բողոքեց Օգոստափառ կայսր ին, որոշեցի որ ղրկեմ զայն:
Acts ArmWeste 25:26  Անոր մասին ստոյգ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ներկայացուցի զայն ձեզի, եւ մա՛նաւանդ քեզի՛, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, որպէսզի ունենամ գրելիք բան մը՝ հարցաքննելէ ետք.
Acts ArmWeste 25:27  որովհետեւ ինծի անտրամաբանական կը թուի ղրկել բանտարկեալ մը՝ առանց նաեւ մատնանշելու անոր վրայ բարդուած յանցանքները»:
Chapter 26
Acts ArmWeste 26:1  Այն ատեն Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Արտօնուած է քեզի՝ խօսիլ դուն քեզի համար»: Պօղոս ալ՝ երկարելով ձեռքը՝ ջատագովեց ինքզինք.
Acts ArmWeste 26:2  «Ագրիպպա՛ս թագաւոր, ես երանելի կը համարեմ զիս, որ այսօր քու առջեւդ պիտի ջատագովեմ զիս՝ Հրեաներուն ինծի դէմ ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար.
Acts ArmWeste 26:3  մա՛նաւանդ որ դուն լաւ գիտես Հրեաներուն բոլոր սովորութիւններն ու հարցերը: Ուստի կ՚աղերսե՛մ որ համբերատարութեամբ մտիկ ընես ինծի:
Acts ArmWeste 26:4  Բոլոր Հրեաները տեղեակ են իմ կենցաղիս՝ պատանութենէս ի վեր, սկիզբէն Երուսաղէմ՝ իմ ազգիս մէջ ըլլալուս համար.
Acts ArmWeste 26:5  անոնք սկիզբէն ի վեր կը ճանչնան զիս, (եթէ ուզեն վկայել,) գիտնալով թէ ապրած եմ մեր կրօնին ամենէն խիստ աղանդին համաձայն՝ իբր Փարիսեցի:
Acts ArmWeste 26:6  Եւ հիմա դատարան ներկայացած եմ ու կը դատուիմ՝ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումի յոյսին համար,
Acts ArmWeste 26:7  որուն կը յուսան հասնիլ մեր տասներկու տոհմերը՝ ջերմեռանդութեամբ պաշտելով Աստուած գիշեր ու ցերեկ: Ես կ՚ամբաստանուիմ Հրեաներէն այս յոյսին համար, Ագրիպպա՛ս թագաւոր:
Acts ArmWeste 26:8  Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի՝ թէ Աստուած կը յարուցանէ մեռելները:
Acts ArmWeste 26:9  Ես ինքս ալ կը կարծէի թէ շատ բաներ պէտք էր ընել Յիսուս Նազովրեցիի անունին դէմ.
Acts ArmWeste 26:10  եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ, ու քահանայապետներէն իրաւասութիւն ստացած՝ բանտարկեցի սուրբերէն շատերը, եւ հաւանութիւն տուի անոնց մեռցուած ատենը:
Acts ArmWeste 26:11  Բոլոր ժողովարաններուն մէջ յաճախ պատժելով զանոնք՝ կը հարկադրէի որ հայհոյեն, եւ սաստիկ խելագարած անոնց դէմ՝ կը հալածէի զանոնք մինչեւ անգամ օտար քաղաքներու մէջ»:
Acts ArmWeste 26:12  «Այսպէս, երբ Դամասկոս ալ կ՚երթայի՝ քահանայապետներուն իրաւասութեամբ ու հրահանգով,
Acts ArmWeste 26:13  կէսօրին, ո՛վ թագաւոր, ճամբան տեսայ արեւէն աւելի պայծառ լոյս մը՝ որ երկինքէն փայլեցաւ իմ շուրջս, նաեւ ինծի հետ գացողներուն շուրջը:
Acts ArmWeste 26:14  Երբ մենք բոլորս գետին ինկանք, լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի եբրայական բարբառով. “Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս. տաժանելի է քեզի՝ աքացել խթանի դէմ”:
Acts ArmWeste 26:15  Ես ալ ըսի. “Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր”: Եւ ան ըսաւ. “Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես:
Acts ArmWeste 26:16  Բայց կանգնէ՛ ու կեցի՛ր ոտքերուդ վրայ. որովհետեւ երեւցայ քեզի՝ որպէսզի կարգեմ քեզ սպասաւոր եւ վկայ թէ՛ այն բաներուն՝ որ տեսար, թէ՛ ալ այն բաներուն՝ որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի:
Acts ArmWeste 26:17  Պիտի ազատեմ քեզ այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա կը ղրկեմ քեզ՝
Acts ArmWeste 26:18  անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ դարձնելու, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով ինծի”»:
Acts ArmWeste 26:19  «Ուստի, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, ես անհնազանդ չեղայ այդ երկնային տեսիլքին:
Acts ArmWeste 26:20  Հապա՝ նախ Դամասկոս եղողներուն, յետոյ Երուսաղէմ, ամբողջ Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի որ ապաշխարեն, դառնան Աստուծոյ, եւ ապաշխարութեան արժանավայել գործեր կատարեն:
Acts ArmWeste 26:21  Այս պատճառով Հրեաները բռնեցին զիս տաճարին մէջ, ու կը ձգտէին սպաննել:
Acts ArmWeste 26:22  Սակայն Աստուծմէ հասած օգնութեամբ՝ մինչեւ այսօր ողջ մնացի, պզտիկին թէ մեծին վկայելով, ոչինչ ըսելով այն բաներէն դուրս՝ որ մարգարէները եւ Մովսէս խօսեցան թէ պիտի ըլլային.
Acts ArmWeste 26:23  թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, ի՛նք պիտի ըլլար առաջինը՝ որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր, ու լոյս պիտի քարոզէր ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»:
Acts ArmWeste 26:24  Մինչ ան այսպէս կը ջատագովէր ինքզինք, Փեստոս բարձրաձայն ըսաւ. «Կը ցնորի՛ս, Պօղո՛ս. շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը խելագարեցնէ»:
Acts ArmWeste 26:25  Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, պատուակա՛ն Փեստոս, հապա կ՚ըսեմ ճշմարտութեան ու խոհեմութեան խօսքեր.
Acts ArmWeste 26:26  քանի որ թագաւորը գիտէ այս բաները, եւ անոր առջեւ ալ համարձակութեամբ կը խօսիմ: Արդարեւ համոզուած եմ թէ ասոնցմէ ոչինչ թաքուն մնացած է իրմէ, որովհետեւ այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ:
Acts ArmWeste 26:27  Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս թագաւոր: Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»:
Acts ArmWeste 26:28  Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Քիչ մնաց որ համոզես զիս քրիստոնեայ ըլլալու»:
Acts ArmWeste 26:29  Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ պիտի խնդրէի որ ո՛չ միայն դուն, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ այսօր կը լսեն զիս, բոլորովին ինծի պէս ըլլան, այս կապերէն զատ»:
Acts ArmWeste 26:30  Թագաւորը, կառավարիչը, Բերինիկէ, եւ անոնք՝ որ բազմած էին իրենց հետ՝ կանգնեցան.
Acts ArmWeste 26:31  ու երբ առանձնացան՝ իրարու հետ խօսակցեցան եւ ըսին. «Այս մարդը մահուան կամ կապերու արժանի ոչինչ կ՚ընէ»:
Acts ArmWeste 26:32  Ագրիպպաս ալ ըսաւ Փեստոսի. «Կարելի էր արձակել այս մարդը, եթէ բողոքած չըլլար կայսրին»:
Chapter 27
Acts ArmWeste 27:1  Երբ որոշուեցաւ նաւարկել դէպի Իտալիա, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը բանտարկեալներ յանձնեցին հարիւրապետի մը՝ որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն:
Acts ArmWeste 27:2  Մտնելով ադրամինտական նաւ մը՝ մեկնեցանք, եւ պիտի նաւարկէինք Ասիայի ծովեզերքէն. մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին՝ Թեսաղոնիկէէն:
Acts ArmWeste 27:3  Հետեւեալ օրը իջանք Սիդոն. Յուլիոս՝ մարդասիրութեամբ վարուելով Պօղոսի հետ՝ արտօնեց որ երթայ բարեկամներուն եւ վայելէ անոնց խնամքը:
Acts ArmWeste 27:4  Մեկնելով անկէ՝ նաւարկեցինք Կիպրոսի վարի կողմէն, քանի որ հովերը հակառակ էին:
Acts ArmWeste 27:5  Յետոյ՝ նաւարկելով Կիլիկիայի ու Պամփիւլիայի ծովուն մէջէն՝ իջանք Լիկիայի Միւռա քաղաքը:
Acts ArmWeste 27:6  Հարիւրապետը գտաւ հոն աղեքսանդրիական նաւ մը՝ որ կ՚երթար Իտալիա, ու մեզ մտցուց անոր մէջ:
Acts ArmWeste 27:7  Շատ օրեր դանդաղօրէն նաւարկելէ ետք՝ հազիւ հասանք Կնիդոսի դիմաց. քանի հովը չէր թոյլատրեր, Կրետէի վարի կողմէն՝ Սաղմոնայի դիմացէն նաւարկեցինք,
Acts ArmWeste 27:8  եւ դժուարութեամբ անկէ անցնելով՝ եկանք տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեղեցիկ նաւահանգիստ. անոր մօտ էր Ղասեա քաղաքը:
Acts ArmWeste 27:9  Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, ու նաւարկութիւնը արդէն վտանգաւոր էր՝ քանի որ ծոմին ատենն ալ արդէն անցած էր, Պօղոս յորդորեց զանոնք՝
Acts ArmWeste 27:10  ըսելով. «Մարդի՛կ, ես կը նշմարեմ թէ այս նաւարկութիւնը պիտի ըլլայ վնասով ու կորուստով, ո՛չ միայն բեռին եւ նաւուն՝ հապա մեր անձերուն ալ»:
Acts ArmWeste 27:11  Բայց հարիւրապետը կ՚անսար աւելի նաւավարին ու նաւատիրոջ՝ քան Պօղոսի խօսքերուն:
Acts ArmWeste 27:12  Եւ քանի որ այդ նաւահանգիստը անյարմար էր ձմերելու, շատեր կը թելադրէին մեկնիլ անկէ, որպէսզի ջանային հասնիլ Փիւնիկէ, որ Կրետէի մէկ նաւահանգիստն է ու կը նայի դէպի հարաւ-արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք, ու հոն ձմերել:
Acts ArmWeste 27:13  Երբ հարաւային հովը մեղմութեամբ փչեց, կարծելով թէ հասած են իրենց առաջադրութեան՝ թուլցուցին խարիսխը ու նաւարկեցին Կրետէի քովէն:
Acts ArmWeste 27:14  Բայց քիչ ետք՝ անոր դէմ ելաւ մրրկալից հով մը, որ կը կոչուէր Եւրակիկլոն:
Acts ArmWeste 27:15  Երբ նաւը յափշտակուեցաւ եւ չկրցաւ դիմադրել հովին, թողուցինք որ քշուի:
Acts ArmWeste 27:16  Սուրալով Կղօդա կոչուող փոքր կղզիի մը վարի կողմէն՝ հազիւ կրցանք բռնել մակոյկը:
Acts ArmWeste 27:17  Երբ վերցուցին զայն, օգնութեան միջոցներ գործածելով՝ տակէն կապեցին նաւը: Վախնալով որ իյնան յորձանուտը՝ իջեցուցին առագաստը, եւ ա՛յդպէս կը քշուէին:
Acts ArmWeste 27:18  Քանի սաստիկ մրրիկի մէջ էինք, յաջորդ օրը դուրս նետեցին բեռները:
Acts ArmWeste 27:19  Իսկ երրորդ օրը՝ մենք մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք նաւուն գործիքները:
Acts ArmWeste 27:20  Երբ շատ օրեր՝ ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր երեւցան, ու սաստիկ մրրիկ կար մեզի դէմ, ա՛լ փրկուելու ամէն յոյս կտրուեցաւ մեզմէ:
Acts ArmWeste 27:21  Քանի որ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս՝ կայնելով անոնց մէջ՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ, պէտք էր որ մտիկ ընէիք ինծի ու չնաւարկէիք Կրետէէն, եւ չկրէիք այս վնասն ու կորուստը:
Acts ArmWeste 27:22  Իսկ հիմա կը յորդորեմ ձեզ որ ոգեւորուիք, քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն անձը պիտի կորսուի, բայց միայն նաւը:
Acts ArmWeste 27:23  Արդարեւ այս գիշեր քովս կայնեցաւ հրեշտակը այն Աստուծոյն, որուն կը պատկանիմ եւ որ կը պաշտեմ,
Acts ArmWeste 27:24  ու ըսաւ. “Մի՛ վախնար, Պօղո՛ս. դուն պէտք է որ կայսրին ներկայանաս. եւ ահա՛ Աստուած շնորհեց քեզի բոլոր անոնք՝ որ կը նաւարկեն քեզի հետ”:
Acts ArmWeste 27:25  Ուստի, մարդի՛կ, ոգեւորուեցէ՛ք, որովհետեւ ես կը հաւատամ Աստուծոյ. պիտի ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս ըսուեցաւ ինծի:
Acts ArmWeste 27:26  Սակայն պէտք է որ նաւը կղզիի մը առջեւ խրի՝՝»:
Acts ArmWeste 27:27  Երբ տասնչորրորդ գիշերն էր՝ որ կը տարուբերուէինք Ադրիական ծովուն մէջ, կէս գիշերին նաւաստիները ենթադրեցին թէ մօտեցած են ցամաքի մը:
Acts ArmWeste 27:28  Ձգելով խորաչափը՝ գտան քսան գրկաչափ. քիչ մը յառաջ երթալով՝ դարձեալ ձգեցին, ու գտան տասնհինգ գրկաչափ:
Acts ArmWeste 27:29  Վախնալով որ գուցէ զարնուինք խարակներու՝՝, ետեւի կողմէն ձգեցին չորս խարիսխ, եւ կ՚ըղձային որ առտու ըլլայ:
Acts ArmWeste 27:30  Իսկ նաւաստիները կը ջանային փախչիլ նաւէն, ու ծովը իջեցուցին մակոյկը՝ պատրուակելով թէ առջեւի կողմէն ալ պիտի ձգեն խարիսխներ:
Acts ArmWeste 27:31  Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ասոնք չմնան նաւուն մէջ՝ դուք չէք կրնար փրկուիլ»:
Acts ArmWeste 27:32  Այն ատեն զինուորները կտրեցին մակոյկին չուանները, եւ թողուցին որ դուրս իյնայ:
Acts ArmWeste 27:33  Մինչ առտուն կը մօտենար, Պօղոս կ՚աղաչէր բոլորին որ կերակուր ուտեն՝ ըսելով. «Այսօր տասնչորս օր է՝ որ դուք սպասելով անօթի մնացած էք, ու ոչինչ կերած էք:
Acts ArmWeste 27:34  Ուստի կ՚աղաչեմ ձեզի՝ որ կերակուր ուտէք, որովհետեւ ասիկա՛ ալ ձեր փրկութեան համար է. քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն գլուխէն մա՛զ մը պիտի իյնայ»:
Acts ArmWeste 27:35  Այսպէս խօսելէ ետք՝ հաց առաւ, բոլորին առջեւ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ, ու կտրելով սկսաւ ուտել:
Acts ArmWeste 27:36  Բոլորն ալ ոգեւորուեցան, եւ իրենք ալ կերակուր կերան:
Acts ArmWeste 27:37  Նաւուն մէջ՝ բոլորս երկու հարիւր եօթանասունվեց անձ էինք:
Acts ArmWeste 27:38  Երբ կշտացան կերակուրով, թեթեւցուցին նաւը՝ ծովը թափելով ցորենը:
Acts ArmWeste 27:39  Երբ առտու եղաւ՝ չէին ճանչնար ցամաքը. բայց նշմարելով ծոց մը՝ որ ծովեզերք ունէր, ծրագրեցին նաւը խրել անոր մէջ՝ եթէ կարելի ըլլար:
Acts ArmWeste 27:40  Ուստի ծովը թողուցին խարիսխները՝ կտրելով պարանները, թուլցուցին ղեկերուն պարանները, եւ հովին բանալով առագաստը՝ ուղղուեցան դէպի այդ ծովեզերքը:
Acts ArmWeste 27:41  Զարնուելով աւազակոյտի մը՝՝, խրեցին նաւը. առջեւի կողմը մխրճուելով՝ մնաց անշարժ, իսկ ետեւի կողմը կը քակուէր ալիքներուն սաստկութենէն:
Acts ArmWeste 27:42  Զինուորներն ալ ծրագրեցին սպաննել բանտարկեալները, որպէսզի անոնցմէ ո՛չ մէկը լողալով փախչի:
Acts ArmWeste 27:43  Բայց հարիւրապետը, որ կը փափաքէր փրկել Պօղոսը, արգելք եղաւ անոնց ծրագիրին: Հրամայեց որ լողալ գիտցողնե՛րը նախ ծով նետուին ու ցամաք ելլեն.
Acts ArmWeste 27:44  իսկ միւսները հետեւին՝ ոմանք տախտակներով, եւ ոմանք՝ նաւուն ուրիշ բաներով: Այսպէս՝ բոլորը ազատելով ցամաք հասան:
Chapter 28
Acts ArmWeste 28:1  Երբ փրկուեցան, գիտցան թէ այդ կղզիին անունը Մելիտէ էր: Բնիկ ժողովուրդը արտասովոր մարդասիրութիւն ցոյց տուաւ մեզի.
Acts ArmWeste 28:2  որովհետեւ կրակ վառեցին եւ մեզ բոլորս ալ ընդունեցին՝ եկած անձրեւին ու ցուրտին պատճառով:
Acts ArmWeste 28:3  Երբ Պօղոս առատ խռիւ ժողվեց եւ դրաւ կրակին վրայ, ջերմութենէն իժ մը ելաւ ու կառչեցաւ անոր ձեռքին:
Acts ArmWeste 28:4  Երբ բնիկները տեսան այդ անասունը՝ կախուած անոր ձեռքէն, ըսին իրարու. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է. թէպէտ փրկուեցաւ ծովէն, արդարութիւնը չթոյլատրեց որ ան ապրի»:
Acts ArmWeste 28:5  Իսկ ինք թօթուեց անասունը կրակին մէջ, եւ ո՛չ մէկ վնաս կրեց:
Acts ArmWeste 28:6  Անոնք ալ կը սպասէին որ ան ուռի, կամ յանկարծ մեռած իյնայ. բայց երբ շատ սպասեցին ու տեսան թէ ո՛չ մէկ անտեղի բան եղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխելով ըսին թէ “աստուած մըն է”:
Acts ArmWeste 28:7  Այդ տեղին շրջակայքը կը գտնուէին ագարակները կղզիին գլխաւոր մարդուն, որուն անունը Պոպղիոս էր: Ան ընդունեց մեզ, եւ բարեսրտութեամբ հիւրընկալեց մեզ երեք օր:
Acts ArmWeste 28:8  Պոպղիոսի հայրը կը պառկէր՝ տենդով ու թանչքով հիւանդացած: Պօղոս մտաւ անոր քով, եւ աղօթելով՝ ձեռքերը դրաւ անոր վրայ ու բժշկեց զայն:
Acts ArmWeste 28:9  Երբ ասիկա պատահեցաւ, ուրիշ հիւանդներ ալ՝ որ այդ կղզիին մէջ կը գտնուէին՝ եկան եւ բուժուեցան:
Acts ArmWeste 28:10  Ասոնք ալ մեծապէս պատուեցին մեզ, ու երբ կը մեկնէինք՝ հայթայթեցին մեզի պէտք եղած բաները:
Acts ArmWeste 28:11  Երեք ամիս ետք՝ մեկնեցանք աղեքսանդրիական նաւով մը, որ ձմերած էր այդ կղզին եւ ունէր Դիոսկուրացիներուն զինանշանը:
Acts ArmWeste 28:12  Սիրակուսա իջնելով՝ երեք օր մնացինք հոն.
Acts ArmWeste 28:13  անկէ ալ շրջագայելով՝ հասանք Հռեգիոն: Մէկ օր ետք, երբ հարաւային հովը փչեց, երկրորդ օրը հասանք Պատեողոս:
Acts ArmWeste 28:14  Հոն գտանք եղբայրներ, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր մնանք իրենց քով. եւ այսպէս գացինք Հռոմ:
Acts ArmWeste 28:15  Երբ եղբայրները լսեցին մեր մասին, անկէ եկան մինչեւ Ապփիոսի Հրապարակը ու Երեք Պանդոկները՝ դիմաւորելու մեզ: Պօղոս ալ տեսնելով զանոնք՝ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ եւ քաջալերուեցաւ:
Acts ArmWeste 28:16  Երբ մտանք Հռոմ, հարիւրապետը յանձնեց բանտարկեալները զօրագլուխին. իսկ Պօղոսի արտօնուեցաւ որ առանձին բնակի՝ զինք պահող զինուորի մը հետ:
Acts ArmWeste 28:17  Երեք օր ետք ան հրաւիրեց Հրեաներուն գլխաւորները, ու երբ համախմբուեցան՝ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, թէպէտ ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններուն դէմ ոչինչ ըրեր էի, Երուսաղէմի մէջ Հռոմայեցիներուն ձեռքը մատնուեցայ իբր բանտարկեալ:
Acts ArmWeste 28:18  Երբ անոնք հարցաքննեցին զիս՝ ուզեցին արձակել, որովհետեւ իմ վրաս մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ կար:
Acts ArmWeste 28:19  Բայց երբ Հրեաները հակաճառեցին, հարկադրուեցայ բողոքել կայսրին, սակայն առանց որեւէ ամբաստանութիւն ունենալու ազգիս դէմ:
Acts ArmWeste 28:20  Ուրեմն ասոր համար կանչեցի ձեզ՝ որպէսզի տեսնեմ ձեզ եւ խօսիմ ձեզի. որովհետեւ Իսրայէլի յոյսին համար կը կրեմ այս շղթան»:
Acts ArmWeste 28:21  Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու մասիդ Հրէաստանէն ո՛չ գրութիւն ընդունեցինք, ո՛չ ալ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ քու մասիդ:
Acts ArmWeste 28:22  Բայց արժանավայել է լսել քեզմէ թէ դուն ի՛նչ կը մտածես. որովհետեւ մենք տեղեկացած ենք այդ աղանդին մասին՝ թէ ամէնուրեք ատոր դէմ կը խօսին»:
Acts ArmWeste 28:23  Երբ որոշեցին օր մը անոր հետ, շատեր գացին անոր քով՝ իր հիւրանոցը: Անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն:
Acts ArmWeste 28:24  Ոմանք անսացին ըսածներուն, ոմանք ալ չհաւատացին:
Acts ArmWeste 28:25  Իրարու հետ չհամաձայնած՝ բաժնուեցան, երբ Պօղոս խօսք մըն ալ ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ճիշդ խօսեցաւ մեր հայրերուն՝ Եսայի մարգարէին միջոցով,
Acts ArmWeste 28:26  ըսելով. “Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՛. «Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:
Acts ArmWeste 28:27  Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»”:
Acts ArmWeste 28:28  Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»:
Acts ArmWeste 28:29  Ու երբ ըսաւ ասիկա, Հրեաները մեկնեցան՝ սաստիկ վիճաբանելով իրարու հետ:
Acts ArmWeste 28:30  Պօղոս լման երկու տարի բնակեցաւ իր վարձած տունը,
Acts ArmWeste 28:31  ու կ՚ընդունէր բոլոր իրեն եկողները՝ քարոզելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ սորվեցնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին՝ ամբողջ համարձակութեամբ, առանց արգելքի: